Մեր թշնամիները պիտի շարունակեն իրենց դաւադրութիւնները իրագործել, իսկ մեր այսպէս կոչուած դաշնակիցները գործնական քայլերու պիտի դիմեն, միայն երբ իրենց շահերը այդ կը պահանջեն։
Հայկական հողեր բռնագրաւելու նպատակով Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ Ատրպէյճանի յարձակումները դարձեալ կը հաստատեն, թէ մեր թշնամիները ամէն առիթ կը շահագործեն՝ իրագործելու համար հայութեան եւ մեր հայրենիքի դէմ իրենց յարձակողապաշտ օրակարգը։
Գեղարքունիքի, Սիւնիքի եւ Վայոց Ձորի ռազմական ու քաղաքացիական դիրքերու վրայ այս շաբթուան յարձակումը դարձեալ մարդկային ծանր վնասներ պատճառեց՝ խլելով առնուազն 135 զինուորներու կեանքերը եւ վիրաւորելով տասնեակներով ուրիշներ, հազարաւոր քաղաքացիներու տեղահանութեան պատճառ դառնալու կողքին։
Կը խոնարհինք հայրենիքի պաշտպանութեան ընթացքին զոհուած մեր հերոս զինուորներուն առջեւ եւ կը խոստանանք ամբողջական նեցուկ տրամադրել միջազգային օրէնքներու այս նորագոյն խախտումէն վնաս ստացած անձերուն։ Պիտի շարունակենք պաշտպանել Հայաստանի եւ Արցախի ինքնիշխանութեան իրաւունքը եւ անոնց սահմաններու անխախտելիութիւնը։
Նորագոյն բռնարարքներէն ետք, ականատես դարձանք միջազգային համայնքէն եւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդէն առաւել ընդունելի հակադարձութիւններու, ուր յաւելեալ զգօնութիւնը բացայայտ էր, յատկապէս նախորդ յարձակումներուն յաջորդած կրաւորական կեցուածքներուն հետ բաղդատած։
Իբրեւ ամերիկացիներ՝ մենք Ուաշինկթընէն կ՛ակնկալենք աւելի խիստ եւ կտրուկ քայլեր՝ կասեցնելու համար Ատրպէյճանի վայրագ եւ յարձակողապաշտ մօտեցումները՝ առնուազն դադրեցնելով տասնամեակներէ ի վեր Պաքուի ոճրագործ վարչակազմին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնները։ Այս նպատակով, Պայտընի վարչակազմին նաեւ կոչ կ՛ընենք, որ գործադրէ դէպի Ատրպէյճան ռազմական արտածումները արգիլող թիւ 907 յաւելուածին պայմանները, որպէսզի ամերիկեան օժանդակութիւնները Արցախի եւ Հայաստանի դէմ չգործածուին։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ռազմական եւ տնտեսական աղբիւրներուն միջեւ ակնառու անհաւասարութիւնը բացայայտ իրականութիւն է։ Նաեւ, վերջին 30 տարիներուն եւ յատկապէս 44օրեայ պատերազմէն ետք յստակ դարձաւ, որ մեր թշնամիներուն՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ, համար անիմաստ են զինադադարի համաձայնութիւնները։
Անցեալին մեր խիստ բողոքը եւ զայրոյթը յայտնած ու դատապարտած ենք Հայաստանի կառավարութեան քայլերը եւ նոյնիսկ պահանջած ենք անոր հրաժարականը։ Ժամանակը հասած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը դադրի երկիրը ղեկավարելէ կուսակցական շահերէ մղուած եւ վարուի իբրեւ պատերազմ դիմագրաւող կառավարութիւն մը, որպէսզի կարենայ ընդարձակել իր կարողականութիւնները եւ համայն հայութեան ջանքերը, յատկապէս Սփիւռքինը, եւ զանոնք ի սպաս դնէ թշնամին զսպելու նպատակին։
Կոչ ըրած ենք, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր քաղաքական ուժերը պէտք է համախմբումին՝ իրականացնելու համար մեր հայրենիքը պահպանելու, պաշտպանելու եւ զօրացնելու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդի ապահովութիւնը երաշխաւորելու մեր սուրբ առաքելութիւնը։
Մեր թշնամիները պիտի շարունակեն իրենց դաւադրութիւնները իրագործել, իսկ մեր այսպէս կոչուած դաշնակիցները գործնական քայլերու պիտի դիմեն, միայն երբ իրենց շահերը այդ կը պահանջեն։
Մենք՝ իբրեւ ազգ, պարտաւոր ենք կռուելու եւ պաշտպանելու մեր հայրենիքը։ Այս դժուար մարտահրաւէրներուն եւ խոչընդոտներուն դիմաց, հաւատարիմ կը մնանք հայրենիքի պաշտպանութեան մեր նուիրուածութեան եւ այդ նպատակով առաւելագոյն ներդրումը տրամադրելու մեր խոստումին։
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
16 Սեպտեմբեր 2022