20 C
Yerevan

Սփիւռքը‘ Մնայո՞ւն, Թէ՞ Անցո­ղա­կի Ներկա­յութիւն

Հայկա­կան սփիւռքի գլխաւոր մտա­հո­գութիւնը, եթէ մէկ կողմէ իւրա­քանչիւր անհա­տի եւ ընտա­նի­քի բարե­կե­ցիկ կեանք մը ապա­հո­վելն է, նոյնքան նաեւ հաւա­քա­կան իմաստով ազգա­յին եւ մշա­կութա­յին ինքնութեան պահպա­նումն է, ինչպէս որ յաճախ կը բնութագրուի որպէս ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒՄ:

Հրայր Ճէպէ­ճեան

Հայկա­կան սփիւռքը, գէթ‘ դասա­կա­նը, Ցեղասպա­նութեան հետեւանք է: Այդ պարտադրուած իրա­կա­նութիւն մըն է, երբ ազգո­վին տեղա­հան եղանք մեր  պապե­նա­կան հողէն եւ կազմե­ցինք փոքրիկ հայաստաններ: Դասա­կան սփիւռքին վրայ եկան աւելնա­լու Հայաստա­նէն դուրս ելլող հայորդի­նե­րը‘ վերջին երե­սուն տարի­նե­րուն: Այս բոլո­րէն առաջ կարգ մը երկիրնե­րու մէջ կային նաեւ հայկա­կան գաղութներ, որոնք արմատ նետած են միջին դարե­րէն սկսեալ, եւ որոնց մէկ կարեւոր մասը ներկա­յիս ձուլուած է տեղա­ցի ժողո­վուրդնե­րուն հետ: Պարսկա­հայ գաղութը կը կազմէ յիշա­տա­կե­լի բացա­ռութիւն մը, որ մինչեւ այսօր պահած է հայկա­կան ամուր պատուանդան: Հայաստա­նը, միջազգա­յին դիտարկումնե­րէ մեկնե­լով, կը դասուի այն քիչ երկիրնե­րու շարքին, որոնց սփիւռքի մէջ ապրող քաղա­քա­ցի­նե­րու թիւը շատ աւե­լի մեծ է, քան‘ հայրե­նի­քին մէջ:

Հայկա­կան սփիւռքի գլխաւոր մտա­հո­գութիւնը, եթէ մէկ կողմէ իւրա­քանչիւր անհա­տի եւ ընտա­նի­քի բարե­կե­ցիկ կեանք մը ապա­հո­վելն է, նոյնքան նաեւ հաւա­քա­կան իմաստով ազգա­յին եւ մշա­կութա­յին ինքնութեան պահպա­նումն է, ինչպէս որ յաճախ կը բնութագրուի որպէս ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒՄ: Հայա­պահպա­նումը ունե­ցած է եւ, երեւի, պիտի ունե­նայ իր տարբեր դրսեւո­րումնե­րը‘ մեկնե­լով իւրա­քանչիւր գաղութի պայմաննե­րէն եւ անոր պարունա­կէն:

Նախ արժէ խօսիլ հայկա­կան սփիւռքի կազմութեան եւ նկա­րա­գի­րին մասին:

Եթէ սփիւռքը հայկա­կան է եւ մէկ ամբողջութիւն, բայց կան նաեւ տարբե­րութիւններ: Կարե­լի չէ ըսել, որ հայկա­կան սփիւռքնե­րը աշխարհի տարածքին նոյնանման են: Եթէ մեզ բոլորս միացնող օղա­կը հայոց լեզուն է, անկախ թէ որքան մայրե­նի լեզուն պահպա­նուած է եւ կը գործա­ծուի իւրա­քանչիւր գաղութին մէջ, բայց նաեւ կան ազգա­յին մշա­կոյթը, քրիստո­նէա­կան ժառանգը եւ պատմա­կան աւանդը: Ասոր կողքին կան զուգա­հեռ ընթա­ցող իւրա­քանչիւր երկրի դրոշմած նկա­րա­գի­րը եւ մշա­կոյթը: Ահա թէ ինչո՛ւ պիտի ըսենք, որ լիբա­նա­նա­հայ ենք եւ ոչ անպայմա­նօ­րէն կը նմա­նինք ֆրանսա­հա­յուն, պրա­զի­լա­հա­յուն ու տակաւին: Իւրա­քանչիւր երկրի մէջ ծնած հայ նաեւ կը ստա­նայ այդ երկրին մշա­կոյթը եւ կենցա­ղը: Հայկա­կա­նին վրայ կու գայ աւելնա­լու իւրա­քանչիւր երկրի  նկա­րա­գի­րը: Այս իրա­կա­նութիւնը կը նմա­նի «երկսայրի սուրի», որ կրնայ իր վնասնե­րը գործել, բայց նոյնքան նաեւ‘ օգտա­կա­րութիւններ ունե­նալ, եթէ լաւա­պէս համադրուի եւ դրոշմուի:

Հիմնա­կան կը մնայ այն, թէ սփիւռքեան պայմաննե­րուն մէջ որքա՞ն կարե­լի եղած է հաւա­սա­րակշռութիւն ստեղծել հայկա­կան եւ սփիւռքի մէջ ստեղծուած նկա­րա­գիրնե­րուն միջեւ: Ո՞րքան հայկա­կա­նը եւ տեղա­կա­նը կրցած ենք կամրջել իրա­րու, որպէսզի ունե­նանք  հաւա­սա­րակշռուած սփիւռք-հայ‘ իմա սփիւռքա­հայ: Եթէ այս հաւա­սա­րակշռութեան գործօ­նը կրցած ենք յաջողցնել պատմութեան ընթացքին, գէթ‘ որոշ համե­մա­տութեամբ, բայց պէտք է նայիլ ներկայ օրե­րուն եւ ապա­գա­յին‘ տեսնե­լու, թէ որքա՞ն պիտի կարե­նանք ընել այդ մէկը:

Հայկա­կան սփիւռքը կը տարբե­րի այլ ազգե­րու սփիւռքնե­րէն, որովհե­տեւ հայը ունի պահանջա­տի­րութեան իրո­ղա­կա­նութիւնը: Հայը իրաւազրկուած ժողո­վուրդ է, եւ սփիւռքը մինչեւ այսօր կը տքնի, որպէսզի տիրա­նայ իր արդար իրաւունքին: Այս ընե­լու համար անհրա­ժեշտ է, որ սփիւռքա­հա­յը պահէ իր ազգա­յին ու մշա­կութա­յին ինքնա­գի­տակցութիւնը  եւ հաւա­սա­րակշռէ իր հայկա­կան ու տեղա­կան ինքնութիւննե­րը:  Դժուար առա­քե­լութիւն մը, բայց‘ ոչ անկա­րե­լի: Անհրա­ժեշտ է որո­նել նոր միջոցներ‘ մեկնե­լով կեանքի ստեղծած աշխարհա­քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան եւ կենցա­ղա­յին նոր իրա­վի­ճակնե­րէն եւ տեղե­կա­տուութեան շնորհած մեծ նուա­ճումնե­րէն:

Կայ միացնող օղակ մը, այսպէս ըսած, «հին» թէ «նոր» օրե­րու եւ անոնց հայա­պահպա­նումի գործընթա­ցին մէջ: Այս ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ եւ ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ գործօնն է եւ‘ անոր անփո­խա­րի­նե­լի դերը մեր ինքնութեան ու պատմութեան շարունա­կա­կա­նութեան մէջ:

Քաղա­քա­ցիա­կան եւ ազգա­յին դաստիա­րա­կութիւնը պիտի կերտէ մեր  կեանքե­րը իր մշա­կութա­յին, քրիստո­նէա­կան եւ պահանջա­տի­րութեան ինքնութիւննե­րով: Այս դաստիա­րա­կութիւնը նոյնքան անհրա­ժեշտ գրաւա­կան է‘ կերտե­լու մեր հայրե­նի­քը եւ ապա­հո­վե­լու անոր  անվտանգութիւնը: Այս դաստիա­րա­կութիւնը հայուն համար համա­պարփակ գործընթաց է: Հայրե­նա­սի­րութիւնը, ազգա­սի­րութիւնը, մշա­կութա­յին աւանդը, քրիստո­նէա­կան կեանքի դաստիա­րա­կութիւնը եւ անոր իմաստը հայը կը պահեն ու կը զօրացնեն: Սփիւռքեան պայմաննե­րու մէջ պատմութեան փորձը ցոյց տուած է, որ դաստիա­րա­կութիւնը եղած է մեր գոյա­տեւման հիմքը: Այս նոյն դաստիա­րա­կութիւնը ջամբե­լու համար հայը հիմնեց  եկե­ղե­ցի, դպրոց, մամուլ, նաեւ‘ ազգա­յին, կուսակցա­կան ու բարե­սի­րա­կան կազմա­կերպութիւններ: Այս բոլո­րը իրենց կարո­ղա­կա­նութիւննե­րը մէկտե­ղե­ցին, որպէսզի հայուն ջամբեն դաստիա­րա­կութիւն եւ սորվեցնեն, որ սփիւռքա­հա­յը պիտի ապրի իր երկու ինքնութիւննե­րով եւ անոնց հաւա­սա­րակշռութեամբ, եւ կարե­լի չէ սակարկել ու զիջիլ հայկա­կա­նը‘ տեղա­կա­նին դիմաց:

Հայը, որ կը մեծնայ եւ կ՛ապրի սփիւռքեան իրա­կա­նութեան մէջ, եթէ մէկ կողմէ պիտի գիտակցի, սորվի եւ կոփուի իր հայկա­կան, ազգա­յին եւ քրիստո­նէա­կան ինքնութեամբ, նոյնքան նաեւ‘ տեղա­կան իր պատկա­նե­լիութեամբ: Եթէ Ցեղասպա­նութե­նէն  ետք հայը ամփո­փեց իր կեանքը ինքն իր մէջ, բայց այդ մէկը այլեւս կարե­լի չէ եւ առողջ չէ: Հայը պիտի ապրի ու ընդունի իր տեղա­կան ինքնութիւնը եւ համընկնի անոր հետ: Այս ունի իր դրա­կան անդրա­դարձը եւ ներդրումը, եթէ լաւա­պէս հաւա­սա­րակշռուի եւ ազգա­յին ու մտաւոր դրա­մագլուխի վերա­ծուի:

Այս սփիւռքեան եւ սփիւռքա­հայ հայկա­կան-տեղա­կան դրա­մագլուխնե­րը ունին իրենց ազգա­յին ու համա­հայկա­կան օգտա­կա­րութիւննե­րը, եթէ լաւա­պէս ներմուծուին մարդկա­յին եւ մտաւոր ներուժով: Տարբեր երկիրնե­րու մէջ ծնած եւ դաստիա­րա­կուած հայը իրեն հետ կը բերէ այդ երկրին փորձն ու գիտե­լի­քը: Եթէ այս բոլոր փորձե­րը իրա­րու գումա­րենք, կ՛ունենանք համա­հայկա­կան դրա­մագլուխ մը‘ միջազգա­յին տարբեր երանգնե­րով, փորձա­ռութիւննե­րով եւ կարո­ղութիւննե­րով: Այս, եթէ լաւա­պէս համադրուի, կրնայ նոյնքան իր ներդրումը ունե­նալ հայրե­նի­քի հիմնա­հարցե­րուն եւ անոնց կարգաւո­րումին մէջ:

Ժամա­նա­կը եւ պայմաննե­րը սկսած են ցոյց տալ, որ սփիւռքը անցո­ղա­կի չէ, եւ ա՛լ պէտք է նկա­տել զայն որպէս մնա­յուն ներկա­յութիւն: Պիտի փորձենք տեսնել եւ գործել, թէ ինչպէ՛ս այս մնա­յուն կարգա­վի­ճակ ունե­ցող իրա­կա­նութիւնը պիտի վերա­ծենք ամուր, տոկուն եւ համա­հայկա­կան մեծ մարդուժ-ներուժի: Այս պիտի նշա­նա­կէ, որ արժէ հոգալ եւ զարգացնել սփիւռքը: Ինչպէս Արամ Ա. վեհա­փառ հայրա­պե­տը իր «Սփիւռքի տարի»-ի հռչա­կա­կա­գի­րին մէջ կը յստա­կացնէ. «Հզօր Հայաստան-հզօր սփիւռք»: Սփիւռքի վերա­կազմա­կերպումը, աւե­լի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել‘ ուժե­ղա­ցումը, կրնայ ընթա­նալ երկու փուլե­րով:

Առա­ջի­նը‘ ներքին, ուր իւրա­քանչիւր գաղութ կը ձեւաւո­րէ եւ կ՛աշխուժացնէ իր ընթացքը‘ զարկ տալով կրօ­նա­կան, ազգա­յին, մշա­կութա­յին, եւ պահանջա­տի­րութեան դաստիա­րա­կութեան: Նոր ժամա­նակնե­րը կը պահանջեն նոր մտայղա­ցումներ, մօտե­ցումներ եւ կեցուածքներ: Առկայ են նաեւ ներկայ օրե­րու այլ պարա­գա­նե­րը: Հայեր, որոնք հայե­րէն կը խօսին կամ ոչ: Անոնք, որոնք լման հայեր են իրենց ծնո­ղա­կան արմատնե­րով, եւ անոնք, որոնց մէկ ծնո­ղը հայ է: Այս բոլոր իրա­կա­նութիւննե­րը կարե­լի չէ անտե­սել եւ ստո­րա­դա­սել:

Երկրորդ փուլը պիտի ըլլայ համասփիւռքեան եւ հայաստա­նեան-արցա­խեան իրա­կա­նութիւննե­րուն մէջէն: Սփիւռքեան իրա­կա­նութիւննե­րը նոյնանման չեն: Հայ ենք, բայց ունինք տարբե­րութիւններ: Գործնա­կան տուեալնե­րէ մեկնե­լով‘ համա­հայկա­կան սփիւռքեան կազմա­կերպչա­կան խորհուրդ-կարգա­վի­ճակ ստեղծե­լը բաւա­կան դժուար գործընթաց մըն է: Ասոր կողքին անհրա­ժեշտ է, որ մտա­ծուի համա­հայկա­կան-հայաստա­նեան համադրո­ղա­կան միջո­ցա­ռումի մը ստեղծման մասին, որ կարե­նայ համադրել համասփիւռքեան տուեալներն ու կարո­ղա­կա­նութիւննե­րը եւ կամրջել զանոնք հայրե­նի­քի իրա­կա­նութեան հետ:

Հոս ունինք փորձը եւ փորձա­ռութիւնը:

Խորհրդա­յին համա­կարգի ժամա­նակ կար սփիւռքա­հա­յութեան հետ մշա­կութա­յին կապի կոմի­տէն, որ իր օրե­րուն լաւ գործունէութիւն ունե­ցաւ Հայաստան-սփիւռք յարա­բե­րութիւննե­րու ամրապնդման մէջ: Անկա­խութե­նէն ետք ստեղծուե­ցաւ սփիւռքի նախա­րա­րութիւնը, որ իր տասնա­մեայ գործունէութեան մէջէն ցոյց տուաւ, որ իրա­գործե­լիք շատ բան կայ: Հայաստան-սփիւռք համա­ժո­ղովնե­րը մէկ լաւ ազդանշաննե­րը տուին այդ ուղղութեամբ: Սփիւռքի նախա­րա­րութեան գործունէութիւնը ցոյց տուաւ, որ կար հնա­րաւո­րութիւնը, տրա­մադրութիւնը եւ խանդա­վա­ռութիւնը‘ ի մի հաւա­քե­լու  հայկա­կան մարդուժը: Անհրա­ժեշտ է, որ հայրե­նի պետա­կա­նութիւնը համո­զուի ու վերստեղծէ սփիւռքի նախա­րա­րութիւնը եւ սփիւռքա­հայ իրա­կա­նութիւննե­րու հետ կազմա­կերպէ աշխա­տանքա­յին կառոյց‘ համադրե­լու համար գաղութնե­րու կարո­ղա­կա­նութիւնը մէկ կողմէ, բայց նաեւ‘ առնչե­լու զանոնք հայրե­նի­քին հետ:

Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք ապրե­լու կարո­ղա­կա­նութիւնը եւ յենա­րա­նը մեր «փափուկ ուժին» մէջ է: Իսկ փափուկ ուժին հիմքը հայուն մշա­կութա­յին հսկա­յա­կան ժառանգն է եւ իր մտաւոր ու ազգա­յին տարբեր ոլորտնե­րու մէջ իր մասնա­գի­տա­կան մարդուժը: Հայուն պատմութեան շարունա­կա­կա­նութիւնը պիտի ապա­հո­վուի, եթէ կարե­նանք այս փափուկ ուժը լաւա­պէս պահել եւ ներմուծել մեր համա­հայկա­կան ազգա­յին կեանքին մէջ: Այս փափուկ ուժը լաւա­պէս կը կազմա­կերպուի, երբ առկայ է համա­հայկա­կան օրա­կարգը եւ անոր գործընթա­ցը:

Սփիւռքը‘ մնայո՞ւն, թէ՞ անցո­ղա­կի իրա­կա­նութիւն: Ի՛նչ որ ալ ըլլայ պարա­գան, կայ մէկ կարեւոր առա­քե­լութիւն‘ հայկա­կան-սփիւռքեան կեանքի վերա­կազմա­կերպումը եւ վերաշխուժա­ցումը: Հայուն գոյութիւնը իր ազգա­յին կեանքին շարունա­կա­կա­նութիւնը ապա­հո­վե­լուն մէջ է: Իսկ այդ ընե­լու համար պիտի հաւա­տանք, որ սփիւռքը պիտի պահենք եւ պիտի վերա­կազմա­կերպենք‘ քաջ գիտնա­լով տարբե­րութիւննե­րը, որոնք առկայ են իւրա­քանչիւր գաղութի մէջ: Բայց նոյնքան նաեւ պիտի համո­զուինք, որ այս տարբե­րութիւննե­րը եթէ լաւա­պէս համադրուին, կրնան վերա­ծուիլ ուժի մը, որ կրնայ ամրապնդել մեր ընդհանրա­կան կեանքե­րը: Արժէ, որ հայրե­նիքն ալ տեսնէ, թէ իր ուժը սփիւռքին ուժե­ղա­ցումին մէջ է:

Սփիւռքը‘ մշտակա՞ն, թէ՞ անցո­ղա­կի իրա­կա­նութիւն: Ինչ եւ ինչպէս որ ալ  ըլլան պարա­գա­նե­րը եւ պայմաննե­րը, պիտի հաւա­տանք հայուն կեանքը ապրե­լու գրաւա­կա­նին: Իսկ ապրե­լու համար անհրա­ժեշտ է քաղա­քա­ցիա­կան եւ ազգա­յին դաստիա­րա­կութիւնը: Սփիւռք-հայ կեանքի դաստիա­րա­կութիւնը հայը պիտի վերա­ծէ զօրաւոր սփիւռքա­հա­յու: Հայուն այս սփիւռքա­հայ կեանքը պիտի ապա­հո­վէ նոյնինքն իր պատմութեան շարունա­կա­կա­նութեան գործընթա­ցը:

Յուլիս, 2022

Հոդվա­ծը՝ aztagdaily.com կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ