25.1 C
Yerevan

Շատ Երկար Ժամա­նակ Պիտի Փնտռենք Քեզ

Բարի լոյս՝ հայոց ցանուցրիւ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԵՍե­րէն վեր կանգնող, ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԿԱՄՔ եւ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺ կռա­նող, ՀՈՒԺԿՈՒ ԲԱԶՈՒԿ եւ ԱՆՔԱԿՏԵԼԻ ԲՌՈՒՆՑՔ մարմնաւո­րող բոլոր ՔԱՋԱՐԻ հայորդի­նե­րուն, որոնք Միհրա­նի ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ ԿՈՐՈՒՍՏին առի­թով ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵՑԻՆ Հայաստա­նի եւ Հայութեան ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ պայքա­րին արիւնոտ ԵՐԹը շարունա­կե­լու, միեւնոյն ՀԱՍՏԱՏԱԿԱՄՈՒԹԵԱՄԲ ու ԱՆՄՆԱՑՈՐԴ ՆՈՒԻՐՈՒՄԻ ՈՒՂԻով յառաջ մղե­լու, այլեւ ԹԷԺԱՑՆԵԼՈՒ Գաղա­փա­րա­կան ՈՒԽՏը։

Նազա­րեթ Պէրպէ­րեան

(ՄԻՀՐԱՆ ԱՍԱՏՐԵԱ­Նի անմեռ յիշա­տա­կին)

Նազա­րէթ Պէրպէ­րեան
20 Սեպտեմբեր 2022

Բարի լոյս՝ այն բոլոր, բոլո՜ր գաղա­փա­րի մարտիկնե­րուն, որոնք մօտէն ճանչցան եւ խրամնե­րու մէջ թէ խրամնե­րէ անդին ընկե­րա­ցան, գործակցե­ցան, ճամբայ կտրե­ցին եւ միասնա­բար ՈՒՂԻ ՀԱՐԹԵՑԻՆ հայ ժողո­վուրդի արժա­նաւոր, հերո­սա­կան այս ԾՆՈՒՆԴին հետ, որ օրեր առաջ, Հայաստան Աշխարհի սահմա­նա­գի­ծին, անհե­թեթ ինքնա­շարժի արկա­ծի հետեւանքով՝ հայոց մերօ­րեայ պատմութեան անցաւ ՄԻՀՐԱՆ ԱՍԱՏՐԵԱՆ անուն-ազգա­նունով։
Բարի լոյս՝ Նախկին ՆԱՈՒՄա­կա­նի մարտունակ, այլեւ Գաղա­փա­րի Զինուո­րի մարտա­կան ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ ստա­ցած հայոց նորօ­րեայ քաջորդի­նե­րուն ու ազա­տա­մարտիկնե­րուն, որոնք Ազգի եւ Հայրե­նի­քի ազատ ու անկախ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ամրապնդման ու պաշտպա­նութեան սիրոյն՝ Անձնդիր Ներկա­յութեան, Ամբողջա­կան Նուի­րա­բե­րումի եւ Գերա­գոյն Զոհո­ղութեան հայ յեղա­փո­խա­կան աւանդը ՆՈՐՈՎԻ ԿԵՆՍԱՒՈՐԵՑԻՆ՝ անմո­ռա­նա­լի Միհրա­նի հետ կողք-կողքի մղե­լով ՀԱՅՈՑ ՎԵՐԱՊՐՈՒՄԻ նորօ­րեայ մարտե­րը, անխտի՛ր բոլոր ճակատնե­րու վրայ։
Բարի լոյս՝ հայոց ցանուցրիւ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԵՍե­րէն վեր կանգնող, ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԿԱՄՔ եւ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺ կռա­նող, ՀՈՒԺԿՈՒ ԲԱԶՈՒԿ եւ ԱՆՔԱԿՏԵԼԻ ԲՌՈՒՆՑՔ մարմնաւո­րող բոլոր ՔԱՋԱՐԻ հայորդի­նե­րուն, որոնք Միհրա­նի ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ ԿՈՐՈՒՍՏին առի­թով ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵՑԻՆ Հայաստա­նի եւ Հայութեան ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ պայքա­րին արիւնոտ ԵՐԹը շարունա­կե­լու, միեւնոյն ՀԱՍՏԱՏԱԿԱՄՈՒԹԵԱՄԲ ու ԱՆՄՆԱՑՈՐԴ ՆՈՒԻՐՈՒՄԻ ՈՒՂԻով յառաջ մղե­լու, այլեւ ԹԷԺԱՑՆԵԼՈՒ Գաղա­փա­րա­կան ՈՒԽՏը։
Բարի լոյս եւ բիւր օրհնանք ԱՆՄԵՌ ՅԻՇԱ­ՏԱ­Կին Հայոց բոլոր, բոլո՜ր Հերոսնե­րուն, որոնք ՎԱՀԱՆՈՎ ԹԷ ՎԱՀԱՆԻ ՎՐԱՅ նոր կեանք տուին եւ անմահ վկա­նե­րը դարձան ՄԵԾՆ ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱ­Նի յաւերժա­ցուցած անկրկնե­լի ՄԱՀԵՐԳին․

ԱՌԿԱՅԾ ՃՐԱԳ

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ

Յաղթա­նա­կի գիշերն է այս տօնա­կան.

Հա՛րս, եղ լեցո՛ւր ճրա­գին։
Պիտի դառնայ կռիւէն տղաս յաղթա­կան.

Հա՛րս, քիթը ա՛ռ պատրոյգին․

Սայլ մը կեցաւ դրան առջեւ, հորին քով.

Հա՛րս, վառէ՛ լոյսը ճրա­գին։
Տղաս կու գայ ճակատն հպարտ դափնիով.

Հա՛րս, բեր ճրա­գը շեմին։

Բայց․․․ սայլին վրայ արի՞ւն եւ սո՞ւգ բեռցեր են․․․
Հա՛րս, ճրա­գը ասդի՛ն երկա­րէ։
Հերոս տղաս հոն զարնուա՜ծ է սրտէն․

Ա՜խ, հա՛րս, ճրա­գըդ մարէ՜․․․։

Գրա­ռումը Նազա­րեթ Պէրպէ­րեանի ֆեյսբւքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ