Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը ճանչնալ՝ չի կրնար նշանակել ընդունիլ Արցախի Հանրապետութիւնը իբրեւ Ատրպէյճանի մաս՝ ինչ ալ թելադրեն ժամանակաւոր, անցողիկ, կամ մարտավարական տարազները։
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՝ ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ
Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին, Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններուն հանդէպ Ատրպէյճանա-թրքական թշնամական քայլերը եւ վայրագութիւնները հասցուցին Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային գործընթացներու, որոնք այս օրերուն կ՛ընթանան միջազգային զանազան ձեւաչափներով։
Հետեւելով բանակցութիւններու այս հանգրուանի մանրամասնութիւններուն եւ անոնցմէ բխող համաձայնութիւններու հաւանական տարբերակներուն՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը անգամ մը եւս կը հաստատէ, թէ՝
Հայաստանի Հանրապետութեան հողային ամբողջականութիւնը եւ անկախութիւնը հայ ազգին համար գերագոյն արժէքներ ըլլալէ բացի, միջազգային օրէնքներով ամրագրուած անվիճելի իրականութիւններ են։ Անոնք սակարկելի չեն եւ չեն կրնար ըլլալ որեւէ տեսակի տրամաբանութեամբ։
Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը ճանչնալ՝ չի կրնար նշանակել ընդունիլ Արցախի Հանրապետութիւնը իբրեւ Ատրպէյճանի մաս՝ ինչ ալ թելադրեն ժամանակաւոր, անցողիկ, կամ մարտավարական տարազները։ Իրականութիւնը այն է, որ Արցախը հայկական է եւ պիտի մնայ այդպիսին։ Հայ ազգը իր ամբողջ կարողականութեամբ կը զօրակցի արցախահայութեան ինքնորոշման եւ մարդկային այլ իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ անոր ազգային ու հոգեմտաւոր կեանքի անխափան զարգացումին։
Իբրեւ հայ ազգի գործօն մէկ մասնիկը՝ մեր կազմակերպութիւնը իր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ՝ իր ամբողջ քաղաքական ուժը եւ տնտեսական միջոցները ի սպաս դնելով արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին եւ անոր ընկերային-տնտեսական բարօրութեան։
Մեր յանձնառութիւնը ամբողջական է, եւ այսուհետեւ՝ առաւել համապարփակ։ Առ այս, Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններէն կը պահանջենք յատուկ կեդրոնացումով եւ տրամադրելի բոլոր միջոցներով հասնիլ արցախահայութեան ապահովութեան եւ բարօրութեան՝ զարկ տալով անոր շուրջ աւելի մեծ միջազգային հետաքրքրութիւն եւ զօրակցութիւն ներգրաւելու աշխատանքին, ինչը նաեւ կ՛ենթադրէ վերցնել պատասխանատուութիւն՝ յանուն արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի ամբողջական իրականացման։ Այս իմաստով, յոյս ունինք, որ ռազմավարական առաջադրանքները կ՛առաջնորդուին ապագայի համար կազմաւորուող վճռակամութեամբ, ինչ ալ ըլլան այսօրուան միջազգային հանրութեան ճաշակները կամ ներկայ պահու մարտավարական պատշաճեցումները։
Վերջապէս, կոչ կ՛ընենք հայ իրականութեան մէջ գործող բոլոր ուժերուն եւ անձնաւորութիւններուն՝ ի Հայաստան մէջ թէ ի սփիւռս աշխարհի, ոչ միայն զօրակցական խօսքերով, այլ կենդանի գործով եւ ծրագիրներով նպաստելու Արցախի անկախութեան հզօրացման՝ Արցախը պահելու համար անառիկ եւ բացարձակապէս հայկական։
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
08 Հոկտեմբեր, 2022
Հոդվածը՝ asbarez.am կայքից։