ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Խաղաղութեան Պատերազմը

Ամենա-աններելին այն է, որ 3 նախագահներն ալ 1994- ի մեր փառապանծ յաղթանակը վերածեցին ԱՆԿԱՅՈՒՆ ԶԻՆԱԴՈՒԼ-ի եւ աւելի քան 20 տարի՝ ԾՈՅԼ, ԿՈՂՈՊՏԻՉ եւ ՉԵԿԻՍՏԱԿԱՆ STATUS QUO-ի։

Յարութ Գալայճեան

Ամեն ժամանակէ աւելի՝ այսօր, Հայաստանը իբրեւ պետութիւն ապրելու եւ արարելու համար թթուածնային կարիքը ունի խաղաղութեան։

Դարերու ընթացքին, մեր բոլոր թշնամիները ոգի ի բռին արգելք հանդիսացած են մեր ժողովուրդի ինքնուրոյնութեան պահպաման եւ ինքնիշխանութեան ձգտումներուն պարզ այն պատճառով, որ բոլորն ալ գիտակցած են, որ հայը ինքզինք գերազանցելու genetics-ն(կենսուժ) ու կրակը ունի։

Սակայն դժբախտաբար, մեր ժողովուրդը միայն վերջերս սկսած է անդրադառնալ, որ պետութիւն դառնալու իր երկար ճանապարհին՝ հարկաւոր է ներքին ԱՆՔԱԿՏԵԼԻ միասնականութիւն, հայկականացուած դիւանագիտութիւն եւ իր պատմական իրաւունքներներու ձեռքբերման համար՝ հանգրուանային երկարաշունչ քաղաքականութիւն։

Մեր Առաջին Անկախութեան մենք ունեցանք ներքին դաւաճանութիւններ, նոր աշխարհակարգ ստեղծող արտաքին ճարտարապետութիւններ եւ անբաւարար ժամանակ՝ ինքնուրոյն դիւանագիտութիւն որդեգրելու պատեհութիւն։

Մեր երկրի կարճատեւ անկախութեան յաջորդող 70 տարիները սովետականացուցին նորածին հայ քաղաքական միտքը եւ հարցականի տակ բերին մեր ինքնութեան գաղափարը։

Սովետական փլուզումով մեզի բախտով հրամցուած վերանկախացման առիթը չկարողացանք պետականացման եւ իսկական անկախացման ճանապարհին վրայ տեղադրել, ոչ իսկ՝ մէկ հանգրուանով, ոչ իսկ՝ համակարգային մէկ փոփոխութեամբ։ Որովհետեւ, իրարահաջորդ 3 նախագահներն ալ ՈՉ ՄԻԱՅՆ զուրկ էին ժողովուրդը պետութեան գաղափարին շուրջ համախմբելու թէ’ կարողութենէն եւ թէ’ գիտակցութենէն, ազգային բնածին մտածողութենէն եւ քաղաքական զէնքի իմացութենէնԷՆ, ԱՅԼ ՆԱՅԵՒ՝ իրենց սովետասովոր խառնուածքով աշխատատեղերը քանդեցին եւ օտարին վաճառեցին մեր երկրի սեփական հարստութիւնները։ Եւ ամեն-աններելին այն է, որ 3 նախագահներն ալ 1994- ի մեր փառապանծ յաղթանակը վերածեցին ԱՆԿԱՅՈՒՆ ԶԻՆԱԴՈՒԼ-ի եւ աւելի քան 20 տարի՝ ԾՈՅԼ, ԿՈՂՈՊՏԻՉ եւ ՉԵԿԻՍՏԱԿԱՆ STATUS QUO-ի:

Եւ ի վերջոյ, մեր յղփացած «հերոս»- գեներալներու անկուշտ կենացներէն եւ մեր տքնաջան գիւղացիներու երկարամեայ զրկանքներէն ետք՝ 2018-ին յորդեցաւ ժողովրդային ցասումի բաժակը եւ մեր ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐՄԱՏՆԵՐԸ գտան իրենց բարեբեր հողը։

2019-ը եղաւ յարաբերաբար յուսալից տարի մը եւ միաժամանակ ի յայտ եկաւ, որ նախորդ 3 տասնամեակներու ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՂԲԻ մաքրագործումը եւ մեր ժողովրդավարութեան ամրապնման աշխատանքները պիտի բախէին արտաքին (յատկապէս ռուսական) եւ ներքին ԳՈՐԾԱԿԱԼԱԿԱՆ ՃՆՇՈՒՄՆԵՐՈՒ, որոնք միտուած էին երթալու 3 նախագահներու ձեռնարկած ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՎԱՃԱՌՔԸ Նիկոլով նուիրականացնելու ուխտագնացութեան եւ այն սպասումով, որ այդ վաճառքը միանգամընդմիշտ կը լուծէր Ալիեւին քանիցս հրամցուած-մերժուած Արցախեան մեր «գխու ցաւ»ը, մեծ կորուստներով պարտուած Նիկոլի եւ անոր ժողովրդավարութեան հարցը, Փոքր Արցախյան օղակով մը կ՚ամրացնէր ռուսական ներկայութիւնը եւ վերջապէս՝ կ՚ապահովէր իրենց պետական թալանը փրկած ՆԱԽԿԻՆՆԵՐՈՒ վերադարձը։

2020-ը սաստկացաւ համաշխարհային Համավարակով եւ ներքին փողոցային քոչարեանական ցնցումներով եւ պայթեցաւ Արցախեան ռուս-թրքական գործակցութեամբ եւ Trump-ի(Դոնալդ Թրամփ) արտաքին աշխարհին աչք փակելու քաղաքականութեան խաղարկութեամբ։

Արցախեան մեր մարդկային ու հողային ԱՀԱՒՈՐ կորուստներէն ետք, 2021- Յունիսին տեղի ունեցան Արտահերթ Ընտրութիւններ, ուր մեր ժողովուրդը խուսափելով ՆԱԽԿԻՆՆԵՐԷՆ նախընտրեց իշխանութեան վրայ պահել «պարտուած» վարչապետը։

2022-ի Փետրուարի ռուս-ուքրաինական մինչեւ այս պահը շարունակուող պատերազմը խաղաղութեան պատուհան մը բացաւ Հայաստանի համար։ Ռուսական կայսերապաշտական եւ լայնածաւալ պատերազմներ հրահրող քաղաքականութիւնը այլեւս դարձած էր ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՎՏԱՆԳ, որուն դէմ զինուորագրուեցաւ գրեթէ ամբողջ Արեւմուտքը եւ բնականաբար Հայաստանը իր Ժողովրդավարական Հաւատամքով եւ խաչմերուկային աշխարհագրութեամբ շահագրգռեց Արեւմուտքը ու կարճ ժամանակի մէջ դիւանագիտական բազմաշերտ սերտակցութեամբ Հայաստանին ընձեռեց Հնդկաստանէն եւ այլ երկիրներէ իր ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ ամրապնդող միջոցներ ստանալու կարելիութիւնը ու միաժամանակ՝ Ալիեւին մեր գերիները վերադարձնելու եւ անոր թնդանօթները լռեցնելու իրողութիւնը։

Այո, այսօր Հայաստանը կը մղէ իր ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՔԱՐԸ։ Որովհետեւ, թէկուզ ժամանակաւոր, մենք պատմական կարիքը ունինք խաղաղութեան, որպէսզի՝

1- Համակարգային միջոցներով զօրացնենք մեր կրթութիւնը,տնտեսութիւնը, դատաիրաւական անկախութիւնը եւ բանակը։
2- Վերակազմակերպենք Սփիւռքը եւ գօտեպնդենք Հայրենադարձութիւնը։
3- Կարենանք արարել եւ հետաքրքրենք աշխարհը մեր երկրով։
4- Մեր ներքին քաղաքական դաշտը դառնայ կառուցողական։
5- Մեր երկիրը ըլլայ իսկապէս ինքնիշխան եւ անոր սահմաններուն հսկեն ՄԻԱՅՆ մեր քաջարի զինուորները։

Վերջին հաշուով, խաղաղութիւնը մերժողները մեր դարաւոր «դաշնակից»-ն ու անոր Հայաստանի Գործակալներն են եւ խաղաղութիւնը ինքնաբերաբար՝ զանոնք կը դատապարտէ մնայուն գործազրկութեան։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *