18.3 C
Yerevan

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ատրպէյճա­նի հողա­յին ամբողջա­կա­նութիւնը ճանչնալ՝ չի կրնար նշա­նա­կել ընդունիլ Արցա­խի Հանրա­պե­տութիւնը իբրեւ Ատրպէյճա­նի մաս՝ ինչ ալ թելադրեն ժամա­նա­կաւոր, անցո­ղիկ, կամ մարտա­վա­րա­կան տարազնե­րը։

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՝ ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ

Վերջին երկու տարի­նե­րուն ընթացքին, Արցա­խի եւ Հայաստա­նի հանրա­պե­տութիւննե­րուն հանդէպ Ատրպէյճա­նա-թրքա­կան թշնա­մա­կան քայլե­րը եւ վայրա­գութիւննե­րը հասցուցին Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցա­յին գործընթացնե­րու, որոնք այս օրե­րուն կ՛ընթանան միջազգա­յին զանա­զան ձեւա­չափնե­րով։

Հետեւե­լով բանակցութիւննե­րու այս հանգրուա­նի մանրա­մասնութիւննե­րուն եւ անոնցմէ բխող համա­ձայնութիւննե­րու հաւա­նա­կան տարբե­րակնե­րուն՝ Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի Հայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութիւնը անգամ մը եւս կը հաստա­տէ, թէ՝

Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան հողա­յին ամբողջա­կա­նութիւնը եւ անկա­խութիւնը հայ ազգին համար գերա­գոյն արժէքներ ըլլա­լէ բացի, միջազգա­յին օրէնքնե­րով ամրագրուած անվի­ճե­լի իրա­կա­նութիւններ են։ Անոնք սակարկե­լի չեն եւ չեն կրնար ըլլալ որեւէ տեսա­կի տրա­մա­բա­նութեամբ։

Ատրպէյճա­նի հողա­յին ամբողջա­կա­նութիւնը ճանչնալ՝ չի կրնար նշա­նա­կել ընդունիլ Արցա­խի Հանրա­պե­տութիւնը իբրեւ Ատրպէյճա­նի մաս՝ ինչ ալ թելադրեն ժամա­նա­կաւոր, անցո­ղիկ, կամ մարտա­վա­րա­կան տարազնե­րը։ Իրա­կա­նութիւնը այն է, որ Արցա­խը հայկա­կան է եւ պիտի մնայ այդպի­սին։ Հայ ազգը իր ամբողջ կարո­ղա­կա­նութեամբ կը զօրակցի արցա­խա­հա­յութեան ինքնո­րոշման եւ մարդկա­յին այլ իրաւունքնե­րուն, ինչպէս նաեւ անոր ազգա­յին ու հոգեմտաւոր կեանքի անխա­փան զարգա­ցումին։

Իբրեւ հայ ազգի գործօն մէկ մասնի­կը՝ մեր կազմա­կերպութիւնը իր անվե­րա­պահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ՝ իր ամբողջ քաղա­քա­կան ուժը եւ տնտե­սա­կան միջոցնե­րը ի սպաս դնե­լով արցա­խա­հա­յութեան իրաւունքնե­րու պաշտպա­նութեան գործին եւ անոր ընկե­րա­յին-տնտե­սա­կան բարօ­րութեան։
Մեր յանձնա­ռութիւնը ամբողջա­կան է, եւ այսուհե­տեւ՝ առաւել համա­պարփակ։ Առ այս, Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան իշխա­նութիւննե­րէն կը պահանջենք յատուկ կեդրո­նա­ցումով եւ տրա­մադրե­լի բոլոր միջոցնե­րով հասնիլ արցա­խա­հա­յութեան ապա­հո­վութեան եւ բարօ­րութեան՝ զարկ տալով անոր շուրջ աւե­լի մեծ միջազգա­յին հետաքրքրութիւն եւ զօրակցութիւն ներգրաւե­լու աշխա­տանքին, ինչը նաեւ կ՛ենթադրէ վերցնել պատասխա­նա­տուութիւն՝ յանուն արցա­խա­հա­յութեան ինքնո­րոշման իրաւունքի ամբողջա­կան իրա­կա­նացման։ Այս իմաստով, յոյս ունինք, որ ռազմա­վա­րա­կան առա­ջադրանքնե­րը կ՛առաջնորդուին ապա­գա­յի համար կազմաւո­րուող վճռա­կա­մութեամբ, ինչ ալ ըլլան այսօ­րուան միջազգա­յին հանրութեան ճաշակնե­րը կամ ներկայ պահու մարտա­վա­րա­կան պատշա­ճե­ցումնե­րը։

Վերջա­պէս, կոչ կ՛ընենք հայ իրա­կա­նութեան մէջ գործող բոլոր ուժե­րուն եւ անձնաւո­րութիւննե­րուն՝ ի Հայաստան մէջ թէ ի սփիւռս աշխարհի, ոչ միայն զօրակցա­կան խօսքե­րով, այլ կենդա­նի գործով եւ ծրա­գիրնե­րով նպաստե­լու Արցա­խի անկա­խութեան հզօ­րացման՝ Արցա­խը պահե­լու համար անա­ռիկ եւ բացարձա­կա­պէս հայկա­կան։

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
08 Հոկտեմբեր, 2022

Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ