16.3 C
Yerevan

Հաւա­քա­կան Ղեկա­վա­րութիւն

Դաշնակցութեան ծոցին մէջ ծնունդ առած են անհա­տա­կա­նութիւններ, որոնք հաւա­քա­կան ղեկա­վա­րութեան հասկա­ցո­ղութեան մէջ գործե­լով լաւա­գոյնս կրցած են դրսեւո­րել իրենց անհա­տա­կա­նութիւնը եւ անջնջե­լի հետք ձգած են թէ՛ ՀՅԴի եւ թէ հայոց պատմութեան մէջ:

Գէորգ Թորո­յեան

ՀՅԴի հիմնադրութեան պատմութիւնը գրողնե­րը կամ անդրա­դարձողնե­րը միշտ կը շեշտեն, որ Դաշնակցութեան ծնունդը բազմա­թիւ տարբեր կազմա­կերպութիւննե­րու եւ միութիւննե­րու միա­ձուլումն էր մէկ նպա­տա­կի շուրջ եւ այդ ծնունդը կատա­րուած է երկա­րա­տեւ բանակցութիւննե­րէ եւ խորհրդակցութիւննե­րէ ետք, որու արդիւնքով հաւա­քա­կան ճիգե­րով հնա­րաւոր եղած է հիմնել Հայ Յեղա­փո­խա­կաննե­րի Դաշնակցութիւնը: Այդ պատճա­ռով ալ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ՍԵՐՈՒՆԴ եզրոյթը կը գործա­ծուի Դաշնակցութեան հիմնադրութեան պատմութեան մէջ: Թէեւ բոլորն ալ անխտիր կը շեշտեն Քրիստա­փոր Միքա­յէ­լեա­նի առանցքա­յին եւ հիմնա­կան դերա­կա­տա­րութիւնը Դաշնակցութեան ծնունդին մէջ:

ՀՅԴի հիմնադրութեան հաւա­քա­կան ճիգի եւ կամքի դրսեւորման այդ բացատրութիւնը պատա­հա­կա­նութիւն չէ: Իր հիմնադրութեան առա­ջին իսկ օրէն, Դաշնակցութիւնը ներկա­յա­ցած է իբրեւ հաւա­քա­կան կամքի արտա­յայտութիւն եւ առանց ժխտե­լու անհա­տին դերա­կա­տա­րութիւնը, հիմք դրած է հաւա­քա­կան ղեկա­վա­րութիւն հասկա­ցո­ղութեան վրայ: Այդ պատճա­ռով ալ առա­ջին Ընդհա­նուր ժողո­վի իսկ կազմուած Կանո­նա­գի­րով, Դաշնակցութիւնը իր կազմա­կերպա­կան կառոյցին շարժիչ մեքե­նան համա­րած է Դաշնակցա­կան մարմիննե­րը, որոնք հաւա­քա­բար որո­շումներ կը կայացնեն, հաւա­քա­բար կը գործեն եւ հաւա­քա­բար կը կրեն պատասխա­նա­տուութիւնը: Այս պարունա­կին մէջ նաեւ պէտք է հասկնալ, որ Դաշնակցութեան կառոյցին մէջ ժողովնե­րը աւե­լի գերա­դաս համա­րուած են, որովհե­տեւ անոնք ունին աւե­լի ներկա­յա­ցուցչա­կան բնոյթ եւ հետեւա­բար կուսակցութեան ընկերնե­րու հաւա­քա­կան կամքի եւ մտա­ծո­ղութեան արտա­յայտի­չը կը հանդի­սա­նան:

Ինչպէս նշե­ցինք, հակա­ռակ այն իրո­ղութեան, որ Քրիստա­փոր Միքա­յէ­լեան ինք հանդի­սա­ցած է Դաշնակցութեան հիմնադրութեան գաղա­փա­րա­խօ­սը, կազմա­կերպո­ղը եւ համադրո­ղը, սակայն ան կուսակցա­պետ չդարձաւ, ինչպէս պարա­գան է անցեա­լի եւ ներկա­յի բազմա­թիւ հայկա­կան եւ օտար կուսակցութիւննե­րուն։ Նոյնիսկ հիմնա­դիր սերունդին մէջ անոր դերա­կա­տա­րութիւնը կը շաղկա­պուի Սիմոն Զաւա­րեա­նին եւ Ռոստոմ Զօրեա­նին հետ եւ հաւա­քա­բար կը ճանչցուին իբրեւ հիմնա­դիր երրորդութիւն:

Հաւա­քա­կան ղեկա­վա­րութիւն հասկա­ցո­ղութիւնը Դաշնակցութեան մէջ ծնունդ առած է քանի մը պատճառնե­րով եւ նոյնպէս ալ կը շարունա­կէ մնալ մինչեւ այսօր:

Դաշնակցութիւնը անհատնե­րու կուսակցութիւն չէր եւ չէ: Ան հիմնադրուած էր ժողո­վուրդին համար եւ նպա­տակ ունի ծառա­յե­լու նոյն այդ ժողո­վուրդին: Յեղա­փո­խա­կան սկզբունքնե­րով առաջնորդուող կուսակցութիւն մը չէր կրնար անհա­տը գերա­կայ համա­րել, երբ ինք ստեղծուած էր հայ հաւա­քա­կա­նութեան շահե­րուն ծառա­յե­լու: Եւ իբրեւ հաւա­քա­կա­նութեան շահե­րուն ծառա­յող կազմա­կերպութիւն, ան հաւա­քա­կա­նութեան տարբեր շերտե­րու եւ մտա­ծո­ղութիւննե­րու հանգա­նա­կը պիտի հանդի­սա­նայ:

Դաշնակցութեան գործունէութիւնը առա­ջին իսկ օրէն բազմաբնոյթ ըլլա­լով, անհատի(ներու) ղեկա­վա­րութեան վրայ հիմնուած կուսակցութիւն մը ի վիճա­կի պիտի չըլլար (եւ չըլլայ) արդիւնաւէտ գործունէութիւն ծաւա­լե­լու, եւ Դաշնակցութեան պարա­գա­յին, յեղա­փո­խա­կան գործունէութիւնն ու կռիւը պիտի վիժէին առա­ջին իսկ օրէն:

Ճիշդ է որ Դաշնակցութիւնը միայն 1907ին, 4րդ Ընդհա­նուր ժողո­վին պաշտօ­նա­պէս որդեգրեց ընկերվա­րութիւնը, բայց հիմնա­դիր սերունդը իր աշխարհա­հա­յեացքով առա­ջին իսկ օրէն կը թեքէր այդ ուղղութեամբ, եւ «Մշակ, Բանուոր»ներու կուսակցութիւնը իր դրօ­շին տակ միացնե­լով հայութեան տարբեր շերտե­րը՝ գիւղա­ցին-բանուո­րը, մտաւո­րա­կա­նը եւ ռազմի­կը (լաւա­գոյն ձեւով պատկե­րուած ՀՅԴ զինանշա­նին վրայ), այդ շերտե­րուն կամքի արտա­յայտութիւնը դարձաւ եւ հաւա­քա­կա­նօ­րէն դրսեւո­րեց այն թէ՛ կուսակցութեան ժողովնե­րու-մարմիննե­րու եւ թէ աշխա­տանքնե­րու ընթացքին:

Վերջա­պէս Դաշնակցութիւնը տարբեր հոսանքնե­րու եւ կազմա­կերպութիւննե­րու, այլ խօսքով, տարբեր մտա­ծո­ղութիւննե­րու եւ աշխա­տանքի հաւա­տա­ցողնե­րու միա­ձուլումը ըլլա­լով, այդ բոլո­րին արտա­յայտի­չը դարձաւ իր հաւա­քա­կան ղեկա­վա­րութեան շնորհիւ, ինչ որ նպաստեց եւ կը նպաստէ տարբեր կարծիքնե­րու, տեսա­կէտնե­րու, գաղա­փարնե­րու հանդիպմամբ բիւրե­ղա­ցումին, նոր  գաղա­փարնե­րով հարստացնե­լով զայն: Այս է նաեւ պատճառնե­րէն մէկը, որ Դաշնակցութեան ծոցին մէջ ծնունդ առած են անհա­տա­կա­նութիւններ, որոնք հաւա­քա­կան ղեկա­վա­րութեան հասկա­ցո­ղութեան մէջ գործե­լով լաւա­գոյնս կրցած են դրսեւո­րել իրենց անհա­տա­կա­նութիւնը եւ անջնջե­լի հետք ձգած են թէ՛ ՀՅԴի եւ թէ հայոց պատմութեան մէջ:

Դաշնակցութեան երկար տարի­նե­րու Բիւրո­յի անդամ Բաբգէն Փափա­զեան կը գրէ. «Դաշնակցութեան մէջ անձե­րու պաշտա­մունք չկայ եւ չի կրնար ըլլալ: Դաշնակցութիւնը «շէֆ»եր չունի: Ունի ծառա­յողներ միմիայն. հաւա­քա­կան կամք ունի, հետեւա­բար՝ դաշնակցա­կա­նը չի կրնար ասոր կամ անոր դաշնակցա­կա­նը ըլլալ»:

Այս խօսքը պատգամն է դաշնակցա­կաննե­րուն եւ բոլո­րին, որ Դաշնակցութիւնը անհատ-ղեկա­վարնե­րու կուսակցութիւն չէ եւ թէ անոր շարքա­յիննե­րը ՀՅԴ Ծրա­գի­րին հաւա­տա­լով մուտք գործած են այնտեղ եւ կոչուած են Դաշնակցութեան ճամբով ծառա­յե­լու Հայաստա­նին եւ հայ ժողո­վուրդին։ Անհա­տա­պաշտութիւնը, ըստ էութեան, տեղ չունի Դաշնակցութեան մէջ եւ խոտոր կը համե­մա­տի անոր ընկա­լումնե­րուն: Դաշնակցութեան մէջ ոչ «շէֆ»եր կան ոչ ալ ստրուկներ, այլ նոյն եւ միեւնոյն գաղա­փարնե­րուն եւ նպա­տակնե­րուն ծառա­յող համա­հաւա­սար ընկերներ:

Որովհե­տեւ, ի՛նքը՝ Դաշնակցութիւնը, հայ ժողո­վուրդի հաւա­քա­կան կամքի խտացման արտա­յայտութիւնն է:


Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից:

Առնչվող Հոդվածներ