Իսկ եթէ պարզուի, որ Արցախի եօթը շրջանները կը պատկանին հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին, ապա պրն. Լաւրովը ի՞նչ պատասխան ունի տալիք մեր 4000 նահատակներու ծնողներուն եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին։ Պրն. Լաւրովին պէտք է հարցնել նաեւ, թէ ինչպէս ընդունած են Հայաստանի անդամակցութիւնը ՀԱՊԿին երբ անոր սահմանները անորոշ են։
Գէորգ Թորոեան
Նոյեմբեր 23ին, Երեւանի մէջ գումարուեցաւ ՀԱՊԿի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւն) վեհաժողովը։ Հայաստանը 2018էն ի վեր կը նախագահէր այս կառոյցը եւ այս ժողովի աւարտին իր լիազօրութիւնները փոխանցեց նոր նախագահութեան՝ Պելոռուսի։
ՀԱՊԿը հիմնուած է 1992 Մայիս 15ին։ Անոր հիմնադրման մասնակցած են Ռուսիան, Ղազախստանը, Տաճիկիստանը, Իւզպէքիստանը, Ղրխզստանը եւ Հայաստանը։ Աւելի ուշ, նոյն տարուան Դեկտեմբերին, Պելոռուսը եւս միացաւ այս կազմակերպութեան իսկ Իւզպէքիստանը դուրս եկաւ անկէ։
ՀԱՊԿի հիմնական առաքելութիւնը ամփոփուած է պայմանագիրի 4րդ յօդուածին մէջ, ուր կ՛ըսուի. «Եթէ անդամ պետութիւններէն որեւէ մէկը ենթարկուի յարձակման որեւէ պետութեան կամ պետութիւններու կողմէ, ապա այդ յարձակումը անդամ պետութիւններու կողմէ կը համարուի որպէս յարձակում սոյն պայմանագիրի մասնակից բոլոր պետութիւններուն դէմ»:
Թէ՛ անցնող Սեպտեմբերին ատրպէյճանական յարձակումէն ետք եւ թէ այս վեհաժողովի նախօրէին, Հայաստանի քաղաքական բազմաթիւ ուժեր եւ գործիչներ ինչպէս նաեւ հանրութեան կողմէ արդարօրէն բարձրաձայնուեցաւ եւ Հայաստանի իշխանութիւններէն պահանջուեցաւ՝ ՀԱՊԿէն դուրս գալ։
2021 թուականի Մայիսին, ապա Նոյեմբերին եւ վերջապէս այս տարուան Սեպտեմբերին տեղի ունեցած ատրպէյճանական յարձակումներուն դիմաց ՀԱՊԿը ոչ միայն չարձագանքեց իր հիմնարար սկզբունքներուն հիման վրայ, այլ նոյնիսկ չդատապարտեց ատրպէյճանական յարձակումները, իսկ այս վեհաժողովը նոյնիսկ քաղաքական գնահատական չկատարեց, որուն պատճառով Հայաստանի վարչապետ Ն. Փաշինեան մերժեց ստորագրել վեհաժողովին յայտարարութիւնը։
Դէպքերու ընթացքին հետեւողներու համար անակնկալ չէր Հայաստանի հանդէպ ՀԱՊԿի ցուցաբերած անգործութիւնը։ Ատրպէյճանական իւրաքանչիւր յարձակումէ յետոյ ռուսական կողմը պատրուակներ հնարեց ՀԱՊԿի չմիջամտելը արդարացնելու համար։ Ամէնէն վառ օրինակը կը հանդիսանայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութիւնը։ Սեպտեմբեր 13ի ատրպէյճանական յարձակումէն ետք ան յայտարարեց, թէ ՀԱՊԿը չի կրնար միջամտել որովհետեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծում չէ կատարուած… Պէտք է հարց տալ պրն. Լաւրովին. եթէ սահմանագծում եւ սահմանազատում չէ կատարուած ի՞նչ հիման վրայ կազմուեցաւ այն, որ կը կոչուի «Լաւրովեան փլան» (ծրագիր)։ Իսկ եթէ պարզուի, որ Արցախի եօթը շրջանները կը պատկանին հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին, ապա պրն. Լաւրովը ի՞նչ պատասխան ունի տալիք մեր 4000 նահատակներու ծնողներուն եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին։ Պրն. Լաւրովին պէտք է հարցնել նաեւ, թէ ինչպէս ընդունած են Հայաստանի անդամակցութիւնը ՀԱՊԿին երբ անոր սահմանները անորոշ են։ Թէեւ կազմակերպութեան կանոնադրութեան մէջ սահմաններու մասին խօսք չկայ այլ սեւով սպիտակի վրայ գրուած է. «Եթէ անդամ պետութիւններէն որեւէ մէկը ենթարկուի յարձակման որեւէ պետութեան կամ պետութիւններու կողմէ»։ Հետեւաբար հարց կը ծագի, արդեօ՞ք Լաւրով (իմա Ռուսիա) Հայաստանը չի ճանչնար իբրեւ պետութիւն։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ աւելի անկեղծ գտնուեցաւ քան Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը։ Երեւանի մէջ կայացած վեհաժողովի նախօրեակին, Ալիեւ յայտարարեց, թէ Ատրպէյճանը ՀԱՊԿի մէջ աւելի շատ բարեկամներ ունի քան Հայաստանը։ Սա պատգամն էր Հայաստանին, թէ մեծ ակնկալութիւններ չունենայ այդ վեհաժողովէն։ Աւելին. ՀԱՊԿը, լռութիւն պահելով ատրպէյճանական պատերազմական գործողութիւններուն նկատմամբ, անուղղակիօրէն կը քաջալերէ անոր սանձարձակ գործողութիւնները։ Եթէ ՀԱՊԿը, թէկուզ քաղաքական գնահատական տուած ըլլար անցնող Մայիսին կատարուած ատրպէյճանական յարձակումին, յաջորդ երկու պատերազմները (2021 Նոյեմբեր եւ 2022 Սեպտեմբեր) կրնային տեղի չունենալ։
Արդ, հարց կը ծագի. ՀԱՊԿը Հայաստանի անվտանգութեան երաշխաւո՞րն է։
Անցնող մէկուկէս տարուան դէպքերը եւ մանաւանդ 2021 Յունուարին Ղազախստանի մէջ պատահած դէպքերը եւ ՀԱՊԿի արագ արձագանքը կը վկայեն, որ անիկա ռուսական կայսրութեան (եւ ոչ թէ պետութեան) շահերուն սպասարկող եւ ծառայող կազմակերպութիւն է եւ Լաւրովի տխրահռչակ յայտարարութիւնը պէտք է հասկնալ այս պարունակին մէջ։
Հայաստան պէ՞տք է շարունակէ անդամակցիլ ՀԱՊԿին թէ՞ պէտք է դուրս գայ այդ կազմակերպութենէն։
Պատմականօրէն հայութիւնը եղած է արեւմտեան քաղաքակրթութիւններու կրողը։ ՀԱՊԿի անդամներէն երեքը ցեղակից են մեր թշնամիներուն՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի։ Ոչ քաղաքակրթական, ոչ մշակութային ոչ ցեղային-կրօնական եւ վերջին մէկուկէս տարուան իրադարձութիւններն ալ հաստատեցին նաեւ, որ ոչ ալ քաղաքական-ապահովական կապ կայ այս երկիրներուն հետ։ ՀԱՊԿը շինծու կառոյց մըն է, ռուսական ազդեցութիւնը պահելու եւ հզօրացնելու նախկին Խորհրդային Միութեան անդամ երկիրներուն վրայ։ Ահա այս տեսանկիւնէն կ՛արդարանայ Լաւրովի չքմեղանքը, երբ կը յայտարարէր, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատում եւ սահմանագծում չէ կատարուած։
Հայաստանի իշխանութիւնները պարտաւոր են հաշուի առնել ամէն նրբութիւն այդ կազմակերպութեան հետ կապուած։ Հայաստան պետութեան գոյութիւնը ինքնանպատակ չէ։ Անիկա հայութեան մշակութային ինքնուրոյնութեան պահպանման եւ զարգացման գրաւականն է եւ այս իմաստով անոր անդամակցութիւնը ՀԱՊԿի նման կառոյցի արհեստական է եւ մեր ժողովուրդի արժեհամակարգին հետ խոտոր համեմատող։ Այդ կառոյցը, թէեւ անգործունեայ է, բայց անոր անդամակցութիւնը կրնայ աղիտաբեր դառնալ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին համար։
Հոդվածը՝ asbarez.am կայքից։