Հայաստան

Սիւնիքը Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Կեդրոն

Դժբախտաբար միջանցքի այս գաղափարին կողմնակից է նաեւ Ռուսիան։ Ճիշդ է, որ անիկա բացայայտօրէն նման յայտարարութիւններ չէ կատարած, բայց նաեւ հակառակին ապացոյցն ալ չէ տուած։ Այս իմաստով, 2020-ին 44-օրեայ պատերազմին վերջնական նպատակը Սիւնիքով ցամաքային ճամբայ բանալ էր դէպի Նախիջեւան եւ Թուրքիա։

Գէորգ Թորոյեան

Սիւնիքը պատմական Հայաստանի կամ Մեծ Հայքի 15 նահանգներէն է եւ միշտ ալ եղած է հայկական թագաւորութիւններու սահմաններուն մէջ։ Արտաշէսեան եւ մանաւանդ Արշակունիներու ժամանակաշրջանին եւ անոր յաջորդած պարսկական տիրապետութեան շրջանին այդ տարածքին տանուտէրերը եղած են Սիւնի իշխանները։ Աւելի ուշ, 1700ական թուականներուն Սիւնիքը դարձաւ Հայ ազատագրական շարժումի կեդրոնը՝ Դաւիթ Բէկի առաջնորդած շարժումի օրրանը։ 1918-1920 թուականներուն, Արցախի հետ միասին, Ատրպէյճանը Հայաստանի առաջին Հանրապետութենէն միշտ ալ պահանջեց այս երկրամասը։ 1920ին, Ազգերու Լիկային, իսկ աւելի ուշ՝ Ուիլսընեան իրաւարար վճիռով, անիկա Արցախի եւ Նախիջեւանի հետ միասին ճանչցուեցաւ Հայաստանի մաս։ Հակառակ այս իրողութեան, համայնավարները փորձեցին զէնքով խլել Սիւնիքը եւ կցել Ատրպէյճանին։ Բարեբախտաբար Նժդեհի հրամանատարութեամբ ուժերուն դէմ անոնք պարտութիւններ կրեցին եւ Սիւնիքը մնաց Հայաստանի սահմաններուն մէջ։ Ներկայիս անոր բնակչութիւնը կը հաշուէ շուրջ 135,000։ Կարեւոր քաղաքներն են՝ Կապանը, Գորիսը, Սիսիանը, Մեղրին, Քաջարանը։

2020ին, 44օրեայ պատերազմի աւարտէն եւ Նոյեմբեր 9ի յայտարարագիրէն ետք, Ատրպէյճանը սկսաւ պահանջել Սիւնիքով միջանցք դէպի Նախիջեւան։ Ըստ էութեան սա նոյն այդ հին քաղաքականութիւնն է որ կը վարէ մեր թշնամին, բնականաբար համախորհուրդ իր մեծ եղբօր՝ Թուրքիոյ, այս երկու երկիրներուն մէջ ցամաքային կապ հաստատելու եւ այդ ձեւով իրագործելու Մեծն Թուրանիոյ ծրագիրը, որուն հետամուտ են մեր արեւելքի եւ արեւմուտքի դրացի-թշնամիները։

Դժբախտաբար միջանցքի այս գաղափարին կողմնակից է նաեւ Ռուսիան։ Ճիշդ է, որ անիկա բացայայտօրէն նման յայտարարութիւններ չէ կատարած, բայց նաեւ հակառակին ապացոյցն ալ չէ տուած։ Այս իմաստով, 2020ին 44օրեայ պատերազմին վերջնական նպատակը Սիւնիքով ցամաքային ճամբայ բանալ էր դէպի Նախիջեւան եւ Թուրքիա։

Ռուս-թրքական այս ծրագիրին կը հակադրուին առաջին հերթին Իրանը, ապա Արեւմուտքը եւ մասնաւորաբար՝ Միացեալ Նահանգները, իւրաքանչիւրը աշխարհաքաղաքական իր շահերէն մեկնած։ Իրանի համար Հայաստանի սահմանը իր անցքն է դէպի Եւրոպա, ինչպէս նաեւ Սիւնիքի միջանցքի իրականացման պարագային Իրանը պատմութեան մէջ էջ մը վերջնականապէս կը փակէ՝ միանգամընդմիշտ դուրս մնալով Կովկասէն։ Առաւել, պէտք  է նշել, որ Իրանի համար Հայաստանի սահմանը իր միակ «խաղաղ» սահմանն է եւ այնտեղ հարեւանին հետ խնդիրներ չունի։ Իրան նաեւ վերջերս հիւպատոսարան բացաւ Կապանի մէջ, հասկցնելով, թէ համամիտ չէ միջանցքի գաղափարին։

Միացեալ Նահանգները բազմաթիւ անգամներ պատգամ ուղղեց միջանցքով շահագրգիռ կողմերուն, թէ Սիւնիքը Հայաստանի անձեռնմխելի տարածքն է։ Անցնող մէկուկէս տարուան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու դեսպանին յաճախակի այցերը դէպի Սիւնիք, քօղարկուած պատգամ էին թուրքերուն եւ ռուսերուն այդ անցքին անոր ընդդիմութեան։ Միացեալ Նահանգներու այս քաղաքականութիւնը պէտք է հասկնալ անոր աշխարհաքաղաքական հաշիւներուն ընդմէջէն։ Ռուս-ուքրանական պատերազմով, ամերիկացիք նպատակադրած են քանդել ռուսական կայսերական նկրտումները եւ հետեւաբար Սիւնիքի միջանցքով առիթ չեն ուզեր տալ թրքական կայսրութեան մը ստեղծումին, որ շատ աւելի վտանգաւոր է եւ նուազ վերահսկելի՝ քան ռուսականը։ Նաեւ, երբ Ռուսիան պաշարելու ձեռնարկած են, անոնք առիթ պիտի չտան Սիւնիքի միջոցով «զարկերակ» մը տալ մահացող ռուսական պետութեան։

Սիւնիքը, իր աշխարհագրական դիրքին առթած կարեւորութենէն բացի, հետաքրքրութիւնը կը շարժէ բոլոր պետութիւններուն, մասնաւորաբար Արեւմուտքին եւ մանաւանդ Միացեալ Նահանգներուն։

Հակառակ աշխարհագրական իր փոքր տարածքին, Սիւնիք հարուստ ընդերքով տարածք է։ Անոր ոսկիի, իւրանիումի, պղինձի եւ այլ մետաղներու քանակը կը քրքրէ ախորժակը բոլոր մեծ տէրութիւններուն։ Սիւնիքը ունի նաեւ ստորգետնեայ ջուրի հսկայ շտեմարաններ։ 2001ին կատարուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, եթէ ջուրի խողովակներ հասցուին մինչեւ Ծոցի արաբական երկիրները, ապա տարեկան 1․5-2 միլիառ տոլարի շահ կարելի է  ապահովել Հայաստանին։ Իսկ հանածոները, որոնց գիները անընդհատ կը բարձրանան, կը գնահատուին 980 միլիառ տոլարով․․․ Նման հարստութիւն մը «ախորժաբեր» է բոլորին համար։

Դժբախտաբար, մեր ապիկար ղեկավարութիւնը երեսուն տարի շարունակ մեր ուղեղներուն մէջ փորձած է մեխել այն կեղծիքը, թէ մեր թշնամին՝ Ատրպէյճանը, նաւթ ունի եւ հետեւաբար հարուստ երկիր է, կարծէք աշխարհի երեսին միակ հարստութիւնը նաւթն է։ Եւ այս կեղծիքին հիման վրայ չէ գնահատած մեր երկիրի հարստութիւնները եւ ըստ այդմ տնտեսական ուժի վերածուելու եւ բոլորին համար քաղաքականօրէն շահագրգիռ երկիր դառնալու կարելիութիւնները, որոնց շնորհիւ կարելի էր զիջումներ պարտադրել Ատրպէյճանին։

Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները Սիւնիքի այս հարստութիւնները ոչ թէ խաղաթուղթի այլ յաղթաթուղթի կրնան վերածել եւ ըստ այնմ բանակցիլ Արեւմուտքին հետ առաւելագոյն նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելով Հայաստանի եւ Արցախի համար եւ Հայաստանը դարձնել այս տարածաշրջանի կարեւորագոյն երկիրը։

Սիւնիքը կրնայ փրկել Հայաստանը։

Հոդվածը՝ asbarez.am կայքից:

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *