Արցախի իշխանութիւնները իրենք իրենց շատ ճիշդ կը դրսեւորեն, երբ կը յայտարարեն, թէ տեղի պիտի չի տան Ատրպէյճանի ճնշումներուն: Իսկ ներքին միասնութեան եւ Հայաստանի իշխանութեան հետ գործակցելու գծով նոյնպէս դրական է անոնց աշխատանքը։
Արմէն Վարդանեան
Այլեւս Միջազգային Հանրութիւնը Չի Հաւատար Ատրպէյճանի Սահմաններուն Մէջ Արցախի Հայութեան Խաղաղ Ապրելուն
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄԵԿՆԱԲԱՆ ԱՐՄԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ ՀԵՏ
Վարեց՝ ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.-Ատրպէյճանը Լաչինի (Բերձոր) անցքը հերթական անգամ փակելով, հարցականի տակ չ’առնե՞ր ռուսական խաղաղապահներու դերակատարութիւնը։
ԱՐՄԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ.- Ի հարկէ, Լաչինի միջանցքը փակելով Ատրպէյճանը նաեւ կը վարկաբեկէ ռուս խաղաղապահները, որովհետեւ միջանցքի վերահսկողութիւնը եւ անոր անխափան աշխատանքը ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան տակ է: Սակայն, պէտք է նշել նաեւ, որ Պաքու վաղուց արշաւ կը տանի ռուս խաղաղապահներուն վարկաբեկելու համար եւ այս երեւոյթը նորութիւն չէ Ատրպէյճանի վարքագիծին մէջ:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Արեւմուտքը ունի՞ լծակներ Ատրպէյճանին պարտադրելու անցք առանց նախապայմաններու վերաբանալու եւ առհասարակ յաւելեալ լարուածութիւն չհրահրելու։
ԱՐՄԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ.- Այո՛, Արեւմուտքը ունի լծակներ Ատրպէյճանի վրայ ճնշումներ գործադրելու համար եւ Հայաստանի մէջ շատերը ճիշդ այդ պատճառով Արեւմուտքի վրայ յոյսեր դրած են այս ճգնաժամը յաղթահարելու հարցով: Վերջին 2 տարիներուն, Արեւմուտքը արդէն քանի մը անգամ նպաստած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան մեղմացման, ինչպէս օրինակ Սեպտեմբերին, երբ Ատրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած պատերազմը սանձուեցաւ Արեւմուտքին կողմէ։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Արցախի իշխանութիւններուն քաղաքական կեցուածքը Լաչինի անցքին փակման գծով։ Նաեւ Արցախի նախագահը Փարիզի մէջ ռուսական խաղաղապահներուն համար միջազգային լիազօրութիւն ակնկալեց միջազգային ընտանիքէն։ Այս կոչը Հայաստանի եւ Արցախի շահերէն կը բխի՞։
ԱՐՄԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ.- Արցախի իշխանութիւնները իրենք իրենց շատ ճիշդ կը դրսեւորեն, երբ կը յայտարարեն, թէ տեղի պիտի չի տան Ատրպէյճանի ճնշումներուն: Իսկ ներքին միասնութեան եւ Հայաստանի իշխանութեան հետ գործակցելու գծով նոյնպէս դրական է անոնց աշխատանքը։ Ինչ կը վերաբերի Փարիզի մէջ ռուս խաղաղապահներուն համար միջազգային լիազօրութիւն խնդրելու անոնց կոչին, ապա այդ մէկը միամտութիւն է: Արեւմուտքը պիտի չուզէ, որ Ռուսաստանի դիրքերը մեր տարածաշրջանին մէջ ուժեղանայ եւ հետեւաբար չի փափաքիր նաեւ, որ ռուս խաղաղապահները միջազգային լիազօրութիւններով օժտուին:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Վերջին օրերուն Հայաստանի ընդդիմութիւնը յստակ կերպով կեցուածք չճշդեց Լաչինի անցքի փակման մասին։ Ինչո՞վ կը բացատրուի ընդդիմութեան այս անյստակ քաղաքական վարքագիծը։
ԱՐՄԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ.- Լաչինի միջանցքի փակումը ընդդիմութիւնը դատապարտեց, բայց միւս կողմէ ալ ընդդիմութեան մէկ հատուածը կառավարութեան շէնքի դիմաց բողոքի ցոյց կատարեց: Սա քիչ մը զարմանալի էր, քանի որ կառավարութիւնը չէ, որ փակած է Լաչինի միջանցքը, այլ Ատրպէյճանը: Իրենք կառավարութենէն կը պահանջեն քայլեր ձեռնարկել Արցախի հայութեան շրջափակումը կասեցնելու համար: Կառավարութիւնն ալ կ՛աշխատի քայլեր ձեռնարկել այս ուղղութեամբ եւ ես յոյսով եմ բոլորի ջանքերը շուտով արդիւնք կու տան:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Լաչինի անցքի փակման լոյսին տակ, Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած արտաքին քաղաքականութիւնը եւ դիւանագիտական աշխատանքը համարժէք կը նկատէ՞ք, թէ՞ կան այլ միջոցներ, որոնց կարելի է դիմել Ատրպէյճանի վրայ յաւելեալ ճնշում գործադրելու։
ԱՐՄԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ.- Հայաստանի իշխանութիւնը մեծ ջանքեր կը գործադրէ, որպէսզի խնդիրը շատ արագ լուծուի: Սակայն գործադրուող ջանքերուն մէկ մասը տեսանելի են, միւս մասը՝ ոչ: Այնպէս որ այս գծով դժուար է միանշանակ հաստատել թէ ինչ արդիւնաւէտութեամբ կ՛աշխատի կառավարութիւնը։ Փաստն այն է, որ միջանցքի փակումը սպասուածէն աւելի երկար տեւեց:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Կը կարծէ՞ք որ Լաչինի անցքի փակումով Ատրպէյճանը անուղղակիօրէն միջազգայնացուց Արցախի հարցը։
ԱՐՄԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ.- Արցախի հարցը շատոնց միջազգայնացուած է: Սակայն Ատրպէյճանը, հերթական անգամ միջազգային հանրութիւնը տրամադրեց իր դէմ: Այլեւս, կը կարծեմ որ միջազգային հանրութիւնը չի հաւատար Ատրպէյճանի սահմաններուն մէջ Արցախի հայութեան խաղաղ ապրելուն:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Հայաստանի վարչապետը մէկ առ մէկ նշեց այն կէտերը, որոնք Ատրպէյճանի կողմէ խախտումներ են Նոյեմբեր 9ի յայտարարութեան։ Արդեօ՞ք այդ յայտարարութիւնը վերջնականապէս տապալուած է, մանաւանդ որ ռուսական կողմը իր երաշխաւորութեան տէր չի կանգնիր։
ԱՐՄԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ.- Այո՛, Նոյեմբերի 9ի բոլոր կէտերը Ատրպէյճանի կողմէ խախտուած են։ Ի սկզբանէ ալ պարզ էր, որ այդ յայտարարութիւնը խախուտ է եւ ամէն պահ կրնայ խախտուիլ: Սակայն, հակառակ այդ իրողութեան, այդ յայտարարութիւնը տակաւին կը գործէ, քանի դեռ նոր պատերազմ չկայ:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Կը կարծէ՞ք, որ Ատրպէյճանի կողմէ նման խախտումները կը յանգեցնեն միջազգային խաղաղապահներու կամ առնուազն դիտորդներու տեղակայումին Լաչինի անցքի երկայնքով, հետագային նաեւ ամբողջ Արցախի տարածքին։
ԱՐՄԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ.- Առայժմ Արեւմուտքը զբաղած է Ուկրանիոյ խնդիրով եւ Արցախի մէջ միջազգային խաղաղապահներ տեղակայելու ապագան մշուշոտ է: Սակայն, կը կարծեմ, որ այդ թեման պէտք է աւելի շատ քննարկել արեւմտեան մայրաքաղաքներու մէջ հանդիպումներու ընթացքին: Որովհետեւ որեւէ մէկը չի գիտեր, թէ ինչ պիտի ըլլայ ռուս խաղաղապահներու ապագան: Ռուսիա շատ լուրջ խնդիրներ ունի Ուքրանիոյ մէջ, անոր դիրքերը օր օրի աւելի կը թուլանան եւ չի բացառուիր, որ այլեւս ընդհանրապէս ի վիճակի չըլլայ իր առաքելութիւնը կատարել Արցախի մէջ: Այնպէս որ պէտք է մտածենք նաեւ այլընտրանքային տարբերակներու մասին, պէտք է ունենանք «փլան» Ա, Բ եւայլն: Բայց եթէ Ատրպէյճանի կողմէ նման խախտումները աւելի պարբերական եւ աւելի սուր բնոյթ կրեն, շատ հնարաւոր է, որ ապագային միջազգային դիտորդներ յայտնուին Արցախի մէջ:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւնները տարբեր միջնորդներով կը կատարուին, սակայն ակնյայտ է, որ տարբեր օրակարգեր ունին կողմերը։ Այն տարբերութիւնները, որոնք դժուար համատեղելի են, հնարաւոր կը դարձնե՞ն խաղաղութեան համաձայնագիրի մը ստորագրումը։
ԱՐՄԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ.- Ես գրեթէ անհաւանական կը համարեմ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը, որովհետեւ կողմերու դիրքորոշումները շատ հակադիր են եւ անոնք շատ լուրջ տարակարծութիւններ ունին։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ուքրանական պատերազմին հետեւանքով ռուսական ազդեցութիւնը հետզհետէ տեղի կու տայ արեւմտեան ազդեցութեան։ Իսկ Արեւմուտքը ի՞նչ կառաջարկէ Արցախի հարցի լուծման համար։
ԱՐՄԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ.- Արեւմուտքը Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կ՛առաջարկէ խաղաղութեան պայմանագիր կնքել, իրականացնել սահմանագծում եւ սահմանազատում եւայլն: Արցախի հարցով յստակ առաջարկներ չկան, սակայն Արեւմուտքը կը փորձէ մօտեցնել կողմերու դիրքորոշումները: Ան նաեւ հարթակ տրամադրած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն՝ խնդիրի լուծման հասնելու համար:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Շնորհակալութիւն հարցազրոյցին համար։ Ի՞նչ ըսելիքներ ունիք «Ասպարէզ»ի ընթերցողներուն։
ԱՐՄԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ.- Կը շնորհաւորեմ «Ասպարէզ»ի ընթերցողներուն գալիք Նոր Տարին եւ բոլորին կը մաղթեմ խաղաղութիւն եւ ուրախ օրեր, լաւ նորութիւններ «Ասպարէզ»ի էջերուն վրայ եւ ամէնուր:
Հոդվածը՝ asbarez.am կայքից։