17.1 C
Yerevan

Ադրբե­ջա­նը Միջազգայնացրեց Արցա­խի Հարց

Արցա­խի իշխա­նութիւննե­րը իրենք իրենց շատ ճիշդ կը դրսեւո­րեն, երբ կը յայտա­րա­րեն, թէ տեղի պիտի չի տան Ատրպէյճա­նի ճնշումնե­րուն: Իսկ ներքին միասնութեան եւ Հայաստա­նի իշխա­նութեան հետ գործակցե­լու գծով նոյնպէս դրա­կան է անոնց աշխա­տանքը։

Արմէն Վարդա­նեան

Այլեւս Միջազգա­յին Հանրութիւնը Չի Հաւա­տար Ատրպէյճա­նի Սահմաննե­րուն Մէջ Արցա­խի Հայութեան Խաղաղ Ապրե­լուն

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄԵԿՆԱԲԱՆ ԱՐՄԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ ՀԵՏ

Վարեց՝ ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.-Ատրպէյճա­նը Լաչի­նի (Բերձոր) անցքը հերթա­կան անգամ փակե­լով, հարցա­կա­նի տակ չ’առնե՞ր ռուսա­կան խաղա­ղա­պահնե­րու դերա­կա­տա­րութիւնը։

ԱՐՄԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ.- Ի հարկէ, Լաչի­նի միջանցքը փակե­լով Ատրպէյճա­նը նաեւ կը վարկա­բե­կէ ռուս խաղա­ղա­պահնե­րը, որովհե­տեւ միջանցքի վերահսկո­ղութիւնը եւ անոր անխա­փան աշխա­տանքը ռուս խաղա­ղա­պահնե­րու պատասխա­նա­տուութեան տակ է: Սակայն, պէտք է նշել նաեւ, որ Պաքու վաղուց արշաւ կը տանի ռուս խաղա­ղա­պահնե­րուն վարկա­բե­կե­լու համար եւ այս երեւոյթը նորութիւն չէ Ատրպէյճա­նի վարքա­գի­ծին մէջ:

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Արեւմուտքը ունի՞ լծակներ Ատրպէյճա­նին պարտադրե­լու անցք առանց նախա­պայմաննե­րու վերա­բա­նա­լու եւ առհա­սա­րակ յաւե­լեալ լարուա­ծութիւն չհրահրե­լու։

ԱՐՄԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ.- Այո՛, Արեւմուտքը ունի լծակներ Ատրպէյճա­նի վրայ ճնշումներ գործադրե­լու համար եւ Հայաստա­նի մէջ շատե­րը ճիշդ այդ պատճա­ռով Արեւմուտքի վրայ յոյսեր դրած են այս ճգնա­ժա­մը յաղթա­հա­րե­լու հարցով: Վերջին 2 տարի­նե­րուն, Արեւմուտքը արդէն քանի մը անգամ նպաստած է Հայաստա­նի եւ Ատրպէյճա­նի միջեւ լարուա­ծութեան մեղմացման, ինչպէս օրի­նակ Սեպտեմբե­րին, երբ Ատրպէյճա­նի կողմէ ձեռնարկուած պատե­րազմը սանձուե­ցաւ Արեւմուտքին կողմէ։

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս կը գնա­հա­տէք Արցա­խի իշխա­նութիւննե­րուն քաղա­քա­կան կեցուածքը Լաչի­նի անցքին փակման գծով։ Նաեւ Արցա­խի նախա­գա­հը Փարի­զի մէջ ռուսա­կան խաղա­ղա­պահնե­րուն համար միջազգա­յին լիա­զօ­րութիւն ակնկա­լեց միջազգա­յին ընտա­նի­քէն։ Այս կոչը Հայաստա­նի եւ Արցա­խի շահե­րէն կը բխի՞։

ԱՐՄԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ.- Արցա­խի իշխա­նութիւննե­րը իրենք իրենց շատ ճիշդ կը դրսեւո­րեն, երբ կը յայտա­րա­րեն, թէ տեղի պիտի չի տան Ատրպէյճա­նի ճնշումնե­րուն: Իսկ ներքին միասնութեան եւ Հայաստա­նի իշխա­նութեան հետ գործակցե­լու գծով նոյնպէս դրա­կան է անոնց աշխա­տանքը։ Ինչ կը վերա­բե­րի Փարի­զի մէջ ռուս խաղա­ղա­պահնե­րուն համար միջազգա­յին լիա­զօ­րութիւն խնդրե­լու անոնց կոչին, ապա այդ մէկը միամտութիւն է: Արեւմուտքը պիտի չուզէ, որ Ռուսաստա­նի դիրքե­րը մեր տարա­ծաշրջա­նին մէջ ուժե­ղա­նայ եւ հետեւա­բար չի փափա­քիր նաեւ, որ ռուս խաղա­ղա­պահնե­րը միջազգա­յին լիա­զօ­րութիւննե­րով օժտուին:

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Վերջին օրե­րուն Հայաստա­նի ընդդի­մութիւնը յստակ կերպով կեցուածք չճշդեց Լաչի­նի անցքի փակման մասին։ Ինչո՞վ կը բացատրուի ընդդի­մութեան այս անյստակ քաղա­քա­կան վարքա­գի­ծը։

ԱՐՄԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ.- Լաչի­նի միջանցքի փակումը ընդդի­մութիւնը դատա­պարտեց, բայց միւս կողմէ ալ ընդդի­մութեան մէկ հատուա­ծը կառա­վա­րութեան շէնքի դիմաց բողո­քի ցոյց կատա­րեց: Սա քիչ մը զարմա­նա­լի էր, քանի որ կառա­վա­րութիւնը չէ, որ փակած է Լաչի­նի միջանցքը, այլ Ատրպէյճա­նը: Իրենք կառա­վա­րութե­նէն կը պահանջեն քայլեր ձեռնարկել Արցա­խի հայութեան շրջա­փա­կումը կասեցնե­լու համար: Կառա­վա­րութիւնն ալ կ՛աշխատի քայլեր ձեռնարկել այս ուղղութեամբ եւ ես յոյսով եմ բոլո­րի ջանքե­րը շուտով արդիւնք կու տան:

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Լաչի­նի անցքի փակման լոյսին տակ, Հայաստա­նի իշխա­նութիւննե­րուն վարած արտա­քին քաղա­քա­կա­նութիւնը եւ դիւա­նա­գի­տա­կան աշխա­տանքը համարժէք կը նկատէ՞ք, թէ՞ կան այլ միջոցներ, որոնց կարե­լի է դիմել Ատրպէյճա­նի վրայ յաւե­լեալ ճնշում գործադրե­լու։

ԱՐՄԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ.- Հայաստա­նի իշխա­նութիւնը մեծ ջանքեր կը գործադրէ, որպէսզի խնդի­րը շատ արագ լուծուի: Սակայն գործադրուող ջանքե­րուն մէկ մասը տեսա­նե­լի են, միւս մասը՝ ոչ: Այնպէս որ այս գծով դժուար է միանշա­նակ հաստա­տել թէ ինչ արդիւնաւէ­տութեամբ կ՛աշխատի կառա­վա­րութիւնը։ Փաստն այն է, որ միջանցքի փակումը սպա­սուա­ծէն աւե­լի երկար տեւեց:

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Կը կարծէ՞ք որ Լաչի­նի անցքի փակումով Ատրպէյճա­նը անուղղա­կիօ­րէն միջազգայնա­ցուց Արցա­խի հարցը։

ԱՐՄԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ.- Արցա­խի հարցը շատոնց միջազգայնա­ցուած է: Սակայն Ատրպէյճա­նը, հերթա­կան անգամ միջազգա­յին հանրութիւնը տրա­մադրեց իր դէմ: Այլեւս, կը կարծեմ որ միջազգա­յին հանրութիւնը չի հաւա­տար Ատրպէյճա­նի սահմաննե­րուն մէջ Արցա­խի հայութեան խաղաղ ապրե­լուն:

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Հայաստա­նի վարչա­պե­տը մէկ առ մէկ նշեց այն կէտե­րը, որոնք Ատրպէյճա­նի կողմէ խախտումներ են Նոյեմբեր 9ի յայտա­րա­րութեան։ Արդեօ՞ք այդ յայտա­րա­րութիւնը վերջնա­կա­նա­պէս տապա­լուած է, մանաւանդ որ ռուսա­կան կողմը իր երաշխաւո­րութեան տէր չի կանգնիր։

ԱՐՄԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ.- Այո՛, Նոյեմբե­րի 9ի բոլոր կէտե­րը Ատրպէյճա­նի կողմէ խախտուած են։ Ի սկզբա­նէ ալ պարզ էր, որ այդ յայտա­րա­րութիւնը խախուտ է եւ ամէն պահ կրնայ խախտուիլ: Սակայն, հակա­ռակ այդ իրո­ղութեան, այդ յայտա­րա­րութիւնը տակաւին կը գործէ, քանի դեռ նոր պատե­րազմ չկայ:

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Կը կարծէ՞ք, որ Ատրպէյճա­նի կողմէ նման խախտումնե­րը կը յանգեցնեն միջազգա­յին խաղա­ղա­պահնե­րու կամ առնուազն դիտորդնե­րու տեղա­կա­յումին Լաչի­նի անցքի երկայնքով, հետա­գա­յին նաեւ ամբողջ Արցա­խի տարածքին։

ԱՐՄԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ.- Առայժմ Արեւմուտքը զբա­ղած է Ուկրա­նիոյ խնդի­րով եւ Արցա­խի մէջ միջազգա­յին խաղա­ղա­պահներ տեղա­կա­յե­լու ապա­գան մշուշոտ է: Սակայն, կը կարծեմ, որ այդ թեման պէտք է աւե­լի շատ քննարկել արեւմտեան մայրա­քա­ղաքնե­րու մէջ հանդի­պումնե­րու ընթացքին: Որովհե­տեւ որեւէ մէկը չի գիտեր, թէ ինչ պիտի ըլլայ ռուս խաղա­ղա­պահնե­րու ապա­գան: Ռուսիա շատ լուրջ խնդիրներ ունի Ուքրա­նիոյ մէջ, անոր դիրքե­րը օր օրի աւե­լի կը թուլա­նան եւ չի բացա­ռուիր, որ այլեւս ընդհանրա­պէս ի վիճա­կի չըլլայ իր առա­քե­լութիւնը կատա­րել Արցա­խի մէջ: Այնպէս որ պէտք է մտա­ծենք նաեւ այլընտրանքա­յին տարբե­րակնե­րու մասին, պէտք է ունե­նանք «փլան» Ա, Բ եւայլն: Բայց եթէ Ատրպէյճա­նի կողմէ նման խախտումնե­րը աւե­լի պարբե­րա­կան եւ աւե­լի սուր բնոյթ կրեն, շատ հնա­րաւոր է, որ ապա­գա­յին միջազգա­յին դիտորդներ յայտնուին Արցա­խի մէջ:

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւննե­րը տարբեր միջնորդնե­րով կը կատա­րուին, սակայն ակնյայտ է, որ տարբեր օրա­կարգեր ունին կողմե­րը։ Այն տարբե­րութիւննե­րը, որոնք դժուար համա­տե­ղե­լի են, հնա­րաւոր կը դարձնե՞ն խաղա­ղութեան համա­ձայնա­գի­րի մը ստո­րագրումը։

ԱՐՄԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ.- Ես գրե­թէ անհաւա­նա­կան կը համա­րեմ Հայաստա­նի եւ Ատրպէյճա­նի միջեւ խաղա­ղութեան պայմա­նագրի ստո­րագրումը, որովհե­տեւ կողմե­րու դիրքո­րո­շումնե­րը շատ հակա­դիր են եւ անոնք շատ լուրջ տարա­կարծութիւններ ունին։

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ուքրա­նա­կան պատե­րազմին հետեւանքով ռուսա­կան ազդե­ցութիւնը հետզհե­տէ տեղի կու տայ արեւմտեան ազդե­ցութեան։ Իսկ Արեւմուտքը ի՞նչ կառա­ջարկէ Արցա­խի հարցի լուծման համար։

ԱՐՄԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ.- Արեւմուտքը Հայաստա­նին եւ Ատրպէյճա­նին կ՛առաջարկէ խաղա­ղութեան պայմա­նա­գիր կնքել, իրա­կա­նացնել սահմա­նագծում եւ սահմա­նա­զա­տում եւայլն: Արցա­խի հարցով յստակ առա­ջարկներ չկան, սակայն Արեւմուտքը կը փորձէ մօտեցնել կողմե­րու դիրքո­րո­շումնե­րը: Ան նաեւ հարթակ տրա­մադրած է Հայաստա­նի եւ Ատրպէյճա­նի ղեկա­վարնե­րուն՝ խնդի­րի լուծման հասնե­լու համար:

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Շնորհա­կա­լութիւն հարցազրոյցին համար։ Ի՞նչ ըսե­լիքներ ունիք «Ասպարէզ»ի ընթերցողնե­րուն։

ԱՐՄԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ.- Կը շնորհաւո­րեմ «Ասպարէզ»ի ընթերցողնե­րուն գալիք Նոր Տարին եւ բոլո­րին կը մաղթեմ խաղա­ղութիւն եւ ուրախ օրեր, լաւ նորութիւններ «Ասպարէզ»ի էջե­րուն վրայ եւ ամէ­նուր:

Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ