ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Դերգեվանքցի Բենոյին Օրինակով

Դերգեվանքցի Բենոյի այս դրուագը նաեւ լաւագոյն ապացոյցն է այն իրողութեան, որ դաշնակցական ֆետայիներն ու գործիչները անընդհատ ժողովուրդին հետ էին, կը լսէին անոնց մտահոգութիւնները, կ՛ապրէին անոնց հետ ժողովուրդին տառապանքներն ու դժուարութիւնները եւ կ՛անսային անոնց խորհուրդներուն։ Գործելու այս եղանակին շնորհիւ է, որ անոնք շահեցան ժողովուրդին վստահութիւնը եւ Դաշնակցութիւնը դարձուցին ժողովրդական կուսակցութիւն։

Գէորգ Թորոյեան

Դաշնակցութեան յեղափոխական գործունէութեան ժամանակաշրջանը (1890-1908) միմիայն հերոսական սխրանքներու, անհաւասար մաքառումներու եւ յեղափոխական գործիչ-առաքեալներու անմնացորդ զոհողութիւններու պատմութիւնը չէ։ Անիկա նաեւ պատմութիւնն է հայ ժողովուրդի, տառապող եւ դիմադրող հայ մարդուն եւ գիտակից, յանձնառու եւ չընկրկող հայու տեսակին։ Անկախ հերոսական կռիւներու դրուագներէն, յեղափոխական մեր գրականութեան մէջ կը հանդիպինք դրուագներու, որոնց հերոսները մեզի ծանօթ կամ անծանօթ յեղափոխականներն ու ֆետայիները չեն անպայման, այլ համեստ հայ գիւղացիներ, որոնք երբեմն նոյնքան նշանակալի դերակատարութիւն ունեցած են յեղափոխական գործին մէջ եւ ուսանելի պատգամներ կը փոխանցեն մեզի։

Ռուբէն Տէր Մինասեան իր յուշերուն 4րդ հատորին մէջ կը պատմէ ուշագրաւ դրուագ մը։ 1906ին, թրքական կառավարութեան ի գործ դրած ճնշումներուն եւ բռնամիջոցներուն հետեւանքով յուսահատութիւն կը տիրէր Տարօնի աշխարհի հայութեան մէջ։ Յեղափոխական գործիչներն ու ֆետայիները անճրկած ի տես այս վիճակին, ելքեր չէին գտներ ժողովուրդը յուսադրելու եւ յեղափոխութենէն երես չդարձնելու համար։ Այս անելանելի կացութեան լուծում կ՛առաջարկէ Մշոյ Դերգեվանք գիւղի բնակիչ Բենոն։

Բենօ կ՛առաջարկէ սուտ լուր տարածել, թէ Ռուսաստանը սկսած է ընդունիլ գաղթականներ, անոնց տրամադրելով բնակարաններ եւ վարելահողեր։ Օսմանեան կառավարութիւնը դէմ ըլլալով արտագաղթին պիտի պայքարի անոր դէմ եւ օգտուողը կրնայ ըլլալ հայ գիւղացիութիւնը։ Ռուբէնի եւ Գէորգ Չաւուշի գլխաւորութեամբ արկածախնդրութիւն նկատելով հանդերձ այս առաջարկը, համամիտ կը գտնուին եւ կ՛որոշեն լեռները քաշուիլ եւ լուռ մնալ։ Գործի կը լծուին որոշ դաշնակցական գործիչներ եւ ֆետայիներու յարող կղերականներ։ Կարճ ժամանակ մը ետք ամբողջ Տարօնի աշխարհի հայութիւնը արդէն կը թափի Մուշ քաղաք գաղթի դիմում ներկայացնելու։ Ռուսիոյ հիւպատոսը, գիտնալով հանդերձ, որ տարաձայնուած լուրը սուտ է, կը քաջալերէ հոսանքը եւ մինչեւ անգամ կը սկսի դիմումներ ընդունիլ։ Թուրք կառավարութիւնը կը փորձէ առաջքը առնել։ Կը պաշտօնազրկուին բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, հարկային քաղաքականութիւնը կը փոխուի, ֆետայիները, որոնց մինչ այդ կառավարութիւնը աւազակներ կը համարէր, հայրենասէրներ կը հռչակուին։ Արդիւնքը այն կ՛ըլլայ, որ տուրքերու գանձումի քաղաքականութիւնը փոխելով եւ ֆետայիներու դէմ հալածանքը դադրեցնելով, Տարօնի հայութիւնը շունչ կը քաշէ եւ 1906ի աշունն ու 1907ի ձմեռը հանգիստ կ՛անցնի։ Իսկ կարճ ժամանակ մը ետք ժողովուրդը կը հասկնայ, որ ոչ գաղթի ծրագիր կայ, ոչ պատրաստի տուներ եւ վարելահողեր։ Այս շարժումին արդիւնքով յառաջացած քանի մը ամսուան խաղաղ կեանքը, Տարօնի հայութիւնը կը պարտէր Դերգեվանքցի Բենոյին։

Այսօրինակ դրուագներու շատ կը հանդիպինք Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ։ Տարօնի դաշնակցական ղեկավարները՝ Ռուբէն, Գէորգ Չաւուշ, Մուշի առաջնորդ Վարդան վարդապետ եւ Դուրան Բարձրավանդակի Կեդրոնական կոմիտէն մեծամտութիւն չունեցան անտեսելու հասարակ գիւղացի Բենոյի առաջարկը։ Անոնց գլխաւոր մտահոգութիւնը ժողովուրդին անվտանգութիւնն ու բարեկեցութիւնն էր։ Այս մտահոգութենէն մեկնած անոնք պատրաստ էին ամէն արկածախնդրութեան դիմելու։ Ահա անոնց ղեկավարի գլխաւոր յատկանիշը՝ ականջալուր ըլլալ ամէնէն համեստ գիւղացիին անգամ, ով նոյնիսկ գրել-կարդալ չէր գիտեր։ Որովհետեւ Ռուբէնն ու ընկերները զոհողութեան կեանքը ընտրած էին, անոնք դարձած էին ոչ թէ իշխանաւորներ, որոնց յատուկ է որոշումներ եւ հրահանգներ տալ, այլ՝ ղեկավարներ։ Անոնք հասկցած էին որ ժողովուրդը աւելի իմաստուն է քան իրենք։

Դերգեվանքցի Բենոյի այս դրուագը նաեւ լաւագոյն ապացոյցն է այն իրողութեան, որ դաշնակցական ֆետայիներն ու գործիչները անընդհատ ժողովուրդին հետ էին, կը լսէին անոնց մտահոգութիւնները, կ՛ապրէին անոնց հետ ժողովուրդին տառապանքներն ու դժուարութիւնները եւ կ՛անսային անոնց խորհուրդներուն։ Գործելու այս եղանակին շնորհիւ է, որ անոնք շահեցան ժողովուրդին վստահութիւնը եւ Դաշնակցութիւնը դարձուցին ժողովրդական կուսակցութիւն։

Այսօր երբ հայ կեանքը բաւական մռայլ կը թուի թէ՛ հայրենիքի եւ թէ Սփիւռքի մէջ, պէտք է գործել ժողովուրդին հետ։ Վստահաբար թէ Դաշնակցութեան մէջ եւ թէ իր համակիր շրջապատին մէջ կան Բենոներ, որոնք իրենց «խենթ» եւ «արկածախնդրական» առաջարկներով կրնան լուծումներ տալ հայ կեանքի տարբեր խնդիրներուն եւ ինչու չէ բեկում մտցնել մեր կեանքին մէջ։ Հարկ է գտնել զանոնք։

Կը մնայ որ Դաշնակցական ղեկավարութիւնը Ռուբէնի, Գէորգի, Վարդան վարդապետի եւ այդ սերունդի ղեկավարներու խոհեմութիւնն ու դաշնակցականի համեստութեամբ յատկանշուող մեծութիւնը ունենայ լսելու մերօրեայ Բենոներուն, հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծումներ բերելու։

Ու այս պատգամը ոչ միայն յատուկ է ղեկավարութեան, այլեւ համեստ եւ հասարակ համարուող խաւին։ Իւրաքանչիւրս՝ ամէնէն բանիմաց կարծուած ղեկավարէն կամ իշխանաւորէն մինչեւ ամէնէն հասարակ հայ մարդը, բանուոր թէ գիւղացի, պարտաւոր ենք ելքեր գտնելու, ուղիներ որոնելու եւ զանոնք բարձրաձայնելու։

Հայաստանն ու Արցախը կ՛ապրին դժուար օրեր եւ կարելի է ըսել, թէ նոյնիսկ գոյութենական վտանգ կը դիմագրաւեն, հետեւաբար բոլորիս պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնն է մեր խնդիրներուն ունենալ լուծման մեր պատկերացումները։

Դաշնակցութեան յեղափոխական գործունէութեան պատմութիւնը ուսանելի է այս իմաստով եւ անիկա ուղեցոյց պէտք է դառնայ բոլոր առումներով եւ բոլոր մակարդակներու վրայ։

Հոդվածը՝ asbarez.am կայքից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *