21.8 C
Yerevan

Ինքնաի­մաստաւորման Գործո­ղութիւնը

Չափա­զանց ցաւոտ է այն երեւոյթը, որ Սփիւռքի Ազատ Աշխարհին մէջ վաստա­կած եօթա­նա­սունա­մեայ փորձն ու ներուժը ոչ մէկ ներդրում ունե­ցան ՀՀ Պետա­կան Գործընթա­ցին մէջ եւ մնա­ցին անկա­րող՝ նոր շունչ եւ պինդ աղիւս ներմուծե­լու պետա­կան տատա­նուող շէնքին մէջ։

Յարութ Գալայճեան

Սփիւռքի Նոր Դիմագծի Կազմաւո­րում

Անցեալ տարին Կիլի­կիոյ Հայրա­պե­տին կողմէ հռչա­կուե­ցաւ Սփիւռքի Տարի։ Կասկա­ծէ վեր է, որ Վեհա­փա­ռը այդ հռչա­կումով լռե­լեայն կ՚ահազանգէր հայկա­կան սփիւռքին առջեւ երկար տարի­նե­րու ընթացքին կուտա­կուած մաշեցնող սովո­րա­կա­նութիւննե­րու վտանգը եւ 21-րդ դարու պահանջնե­րուն հետ ամէ­նօ­րեայ քայլ պահե­լու հրա­մա­յա­կա­նը։

Արդա­րեւ, Հայաստա­նի Վերանկա­խա­ցումէն ետք, Սփիւռքը շարունա­կեց business as usual գործընթա­ցը եւ մնաց գաղութայնա­ցած հոգե­վի­ճա­կին մէջ• ՀՀ Սփիւռքի Նախա­րա­րութեան հետ ալ որդեգրեց ֆոլքլո­րա­յին գործունէութիւն եւ այդպէս՝ աւե­լի քան 3 տասնա­մեակ սփիւռքը չընկա­լեց Պետութեան Գաղա­փա­րը եւ ըստ այնմ՝ մտա­հան ըրաւ իր հսկայ ներուժի հաւա­քագրումն ու կազմա­կերպումը ի խնդիր անինքնուրոյն ու սովե­տա­համ պետա­կա­նա­շի­նութեան շրջա­դարձա­յին վերափոխման/քաղաքակրթականացման նուի­րա­կան առա­քե­լութեան։

Յետա­դարձ ակնարկով չափա­զանց ցաւոտ է այն երեւոյթը, որ Սփիւռքի Ազատ Աշխարհին մէջ վաստա­կած եօթա­նա­սունա­մեայ փորձն ու ներուժը ոչ մէկ ներդրում ունե­ցան ՀՀ Պետա­կան Գործընթա­ցին մէջ եւ մնա­ցին անկա­րող՝ նոր շունչ եւ պինդ աղիւս ներմուծե­լու պետա­կան տատա­նուող շէնքին մէջ։ Պարզա­պէս, Սփիւռքը բաւա­րա­րուե­ցաւ գաղութա­յին ժանգո­տած սովո­րութիւննե­րով
օգնութեան ձեռք երկա­րել Հայաստա­նին, այսինքն՝ տարեկան/պարագայական հանգա­նա­կութիւննե­րով եւ զբո­սաշրջի­կա­յին երթուդարձե­րով։

Եւ այդպէս 2022‑ն ալ անցաւ պատմութեան գիրկը եւ ոչ մէկ սփիւռքա­հայ հարց տուաւ թէ ԻՆՉՈՒ՜ չկա­յա­ցաւ Սփիւռքի Տարին։
Այդ հարցումի բացա­կա­յութիւնը ինքնին ցնցող փաստ է, որ Սփիւռքը ԻՆՔՆԱԻՄԱՍՏԱՒՈՐՄԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ բանա­ձեւե­լու հանգրուան թեւա­կո­խած է եւ այդ կապակցութեամբ՝ հայրե­նի եւ արտերկրի Մտաւոր Մարդուժը ըսե­լիք ունի։
Միասնա­բար։

Այդ ըսե­լի­քի նախանշաննե­րը կան• ոտնա­ձայնե­րը կը լսենք 2023-ին։

03 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2023
ՄՈՒՂՆԻ

Գրա­ռումը՝ Յարութ Գալայճեանի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ