21.8 C
Yerevan

Դերգե­վանքցի Բենո­յին Օրի­նա­կով

Դերգե­վանքցի Բենո­յի այս դրուա­գը նաեւ լաւա­գոյն ապա­ցոյցն է այն իրո­ղութեան, որ դաշնակցա­կան ֆետա­յի­ներն ու գործիչնե­րը անընդհատ ժողո­վուրդին հետ էին, կը լսէին անոնց մտա­հո­գութիւննե­րը, կ՛ապրէին անոնց հետ ժողո­վուրդին տառա­պանքներն ու դժուա­րութիւննե­րը եւ կ՛անսային անոնց խորհուրդնե­րուն։ Գործե­լու այս եղա­նա­կին շնորհիւ է, որ անոնք շահե­ցան ժողո­վուրդին վստա­հութիւնը եւ Դաշնակցութիւնը դարձուցին ժողովրդա­կան կուսակցութիւն։

Գէորգ Թորո­յեան

Դաշնակցութեան յեղա­փո­խա­կան գործունէութեան ժամա­նա­կաշրջա­նը (1890–1908) միմիայն հերո­սա­կան սխրանքնե­րու, անհաւա­սար մաքա­ռումնե­րու եւ յեղա­փո­խա­կան գործիչ-առա­քեալնե­րու անմնա­ցորդ զոհո­ղութիւննե­րու պատմութիւնը չէ։ Անի­կա նաեւ պատմութիւնն է հայ ժողո­վուրդի, տառա­պող եւ դիմադրող հայ մարդուն եւ գիտա­կից, յանձնա­ռու եւ չընկրկող հայու տեսա­կին։ Անկախ հերո­սա­կան կռիւնե­րու դրուագնե­րէն, յեղա­փո­խա­կան մեր գրա­կա­նութեան մէջ կը հանդի­պինք դրուագնե­րու, որոնց հերոսնե­րը մեզի ծանօթ կամ անծա­նօթ յեղա­փո­խա­կաններն ու ֆետա­յի­նե­րը չեն անպայման, այլ համեստ հայ գիւղա­ցի­ներ, որոնք երբեմն նոյնքան նշա­նա­կա­լի դերա­կա­տա­րութիւն ունե­ցած են յեղա­փո­խա­կան գործին մէջ եւ ուսա­նե­լի պատգամներ կը փոխանցեն մեզի։

Ռուբէն Տէր Մինա­սեան իր յուշե­րուն 4րդ հատո­րին մէջ կը պատմէ ուշագրաւ դրուագ մը։ 1906ին, թրքա­կան կառա­վա­րութեան ի գործ դրած ճնշումնե­րուն եւ բռնա­մի­ջոցնե­րուն հետեւանքով յուսա­հա­տութիւն կը տիրէր Տարօ­նի աշխարհի հայութեան մէջ։ Յեղա­փո­խա­կան գործիչներն ու ֆետա­յի­նե­րը անճրկած ի տես այս վիճա­կին, ելքեր չէին գտներ ժողո­վուրդը յուսադրե­լու եւ յեղա­փո­խութե­նէն երես չդարձնե­լու համար։ Այս անե­լա­նե­լի կացութեան լուծում կ՛առաջարկէ Մշոյ Դերգե­վանք գիւղի բնա­կիչ Բենոն։

Բենօ կ՛առաջարկէ սուտ լուր տարա­ծել, թէ Ռուսաստա­նը սկսած է ընդունիլ գաղթա­կաններ, անոնց տրա­մադրե­լով բնա­կա­րաններ եւ վարե­լա­հո­ղեր։ Օսմա­նեան կառա­վա­րութիւնը դէմ ըլլա­լով արտա­գաղթին պիտի պայքա­րի անոր դէմ եւ օգտուո­ղը կրնայ ըլլալ հայ գիւղա­ցիութիւնը։ Ռուբէ­նի եւ Գէորգ Չաւուշի գլխաւո­րութեամբ արկա­ծախնդրութիւն նկա­տե­լով հանդերձ այս առա­ջարկը, համա­միտ կը գտնուին եւ կ՛որոշեն լեռնե­րը քաշուիլ եւ լուռ մնալ։ Գործի կը լծուին որոշ դաշնակցա­կան գործիչներ եւ ֆետա­յի­նե­րու յարող կղե­րա­կաններ։ Կարճ ժամա­նակ մը ետք ամբողջ Տարօ­նի աշխարհի հայութիւնը արդէն կը թափի Մուշ քաղաք գաղթի դիմում ներկա­յացնե­լու։ Ռուսիոյ հիւպա­տո­սը, գիտնա­լով հանդերձ, որ տարա­ձայնուած լուրը սուտ է, կը քաջա­լե­րէ հոսանքը եւ մինչեւ անգամ կը սկսի դիմումներ ընդունիլ։ Թուրք կառա­վա­րութիւնը կը փորձէ առաջքը առնել։ Կը պաշտօ­նազրկուին բարձրաստի­ճան պաշտօ­նեա­ներ, հարկա­յին քաղա­քա­կա­նութիւնը կը փոխուի, ֆետա­յի­նե­րը, որոնց մինչ այդ կառա­վա­րութիւնը աւա­զակներ կը համա­րէր, հայրե­նա­սէրներ կը հռչա­կուին։ Արդիւնքը այն կ՛ըլլայ, որ տուրքե­րու գանձումի քաղա­քա­կա­նութիւնը փոխե­լով եւ ֆետա­յի­նե­րու դէմ հալա­ծանքը դադրեցնե­լով, Տարօ­նի հայութիւնը շունչ կը քաշէ եւ 1906ի աշունն ու 1907ի ձմե­ռը հանգիստ կ՛անցնի։ Իսկ կարճ ժամա­նակ մը ետք ժողո­վուրդը կը հասկնայ, որ ոչ գաղթի ծրա­գիր կայ, ոչ պատրաստի տուներ եւ վարե­լա­հո­ղեր։ Այս շարժումին արդիւնքով յառա­ջա­ցած քանի մը ամսուան խաղաղ կեանքը, Տարօ­նի հայութիւնը կը պարտէր Դերգե­վանքցի Բենո­յին։

Այսօ­րի­նակ դրուագնե­րու շատ կը հանդի­պինք Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ։ Տարօ­նի դաշնակցա­կան ղեկա­վարնե­րը՝ Ռուբէն, Գէորգ Չաւուշ, Մուշի առաջնորդ Վարդան վարդա­պետ եւ Դուրան Բարձրա­վանդա­կի Կեդրո­նա­կան կոմի­տէն մեծամտութիւն չունե­ցան անտե­սե­լու հասա­րակ գիւղա­ցի Բենո­յի առա­ջարկը։ Անոնց գլխաւոր մտա­հո­գութիւնը ժողո­վուրդին անվտանգութիւնն ու բարե­կե­ցութիւնն էր։ Այս մտա­հո­գութե­նէն մեկնած անոնք պատրաստ էին ամէն արկա­ծախնդրութեան դիմե­լու։ Ահա անոնց ղեկա­վա­րի գլխաւոր յատկա­նի­շը՝ ականջա­լուր ըլլալ ամէ­նէն համեստ գիւղա­ցիին անգամ, ով նոյնիսկ գրել-կարդալ չէր գիտեր։ Որովհե­տեւ Ռուբէնն ու ընկերնե­րը զոհո­ղութեան կեանքը ընտրած էին, անոնք դարձած էին ոչ թէ իշխա­նաւորներ, որոնց յատուկ է որո­շումներ եւ հրա­հանգներ տալ, այլ՝ ղեկա­վարներ։ Անոնք հասկցած էին որ ժողո­վուրդը աւե­լի իմաստուն է քան իրենք։

Դերգե­վանքցի Բենո­յի այս դրուա­գը նաեւ լաւա­գոյն ապա­ցոյցն է այն իրո­ղութեան, որ դաշնակցա­կան ֆետա­յի­ներն ու գործիչնե­րը անընդհատ ժողո­վուրդին հետ էին, կը լսէին անոնց մտա­հո­գութիւննե­րը, կ՛ապրէին անոնց հետ ժողո­վուրդին տառա­պանքներն ու դժուա­րութիւննե­րը եւ կ՛անսային անոնց խորհուրդնե­րուն։ Գործե­լու այս եղա­նա­կին շնորհիւ է, որ անոնք շահե­ցան ժողո­վուրդին վստա­հութիւնը եւ Դաշնակցութիւնը դարձուցին ժողովրդա­կան կուսակցութիւն։

Այսօր երբ հայ կեանքը բաւա­կան մռայլ կը թուի թէ՛ հայրե­նի­քի եւ թէ Սփիւռքի մէջ, պէտք է գործել ժողո­վուրդին հետ։ Վստա­հա­բար թէ Դաշնակցութեան մէջ եւ թէ իր համա­կիր շրջա­պա­տին մէջ կան Բենո­ներ, որոնք իրենց «խենթ» եւ «արկա­ծախնդրա­կան» առա­ջարկնե­րով կրնան լուծումներ տալ հայ կեանքի տարբեր խնդիրնե­րուն եւ ինչու չէ բեկում մտցնել մեր կեանքին մէջ։ Հարկ է գտնել զանոնք։

Կը մնայ որ Դաշնակցա­կան ղեկա­վա­րութիւնը Ռուբէ­նի, Գէորգի, Վարդան վարդա­պե­տի եւ այդ սերունդի ղեկա­վարնե­րու խոհե­մութիւնն ու դաշնակցա­կա­նի համեստութեամբ յատկանշուող մեծութիւնը ունե­նայ լսե­լու մերօ­րեայ Բենո­նե­րուն, հայ ժողո­վուրդի առջեւ ծառա­ցած խնդիրնե­րու լուծումներ բերե­լու։

Ու այս պատգա­մը ոչ միայն յատուկ է ղեկա­վա­րութեան, այլեւ համեստ եւ հասա­րակ համա­րուող խաւին։ Իւրա­քանչիւրս՝ ամէ­նէն բանի­մաց կարծուած ղեկա­վա­րէն կամ իշխա­նաւո­րէն մինչեւ ամէ­նէն հասա­րակ հայ մարդը, բանուոր թէ գիւղա­ցի, պարտաւոր ենք ելքեր գտնե­լու, ուղի­ներ որո­նե­լու եւ զանոնք բարձրա­ձայնե­լու։

Հայաստանն ու Արցա­խը կ՛ապրին դժուար օրեր եւ կարե­լի է ըսել, թէ նոյնիսկ գոյութե­նա­կան վտանգ կը դիմագրաւեն, հետեւա­բար բոլո­րիս պարտա­կա­նութիւնն ու պարտաւո­րութիւնն է մեր խնդիրնե­րուն ունե­նալ լուծման մեր պատկե­րա­ցումնե­րը։

Դաշնակցութեան յեղա­փո­խա­կան գործունէութեան պատմութիւնը ուսա­նե­լի է այս իմաստով եւ անի­կա ուղե­ցոյց պէտք է դառնայ բոլոր առումնե­րով եւ բոլոր մակարդակնե­րու վրայ։

Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ