ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

ՀՅԴ-ն՝ Ալեկոծ Ծովուն Վրայ

33-րդ ԸԺ ը ողբեգականօրէն յատկանշական էր այն երեւոյթով, որ Բիւրոյի շրջանաւարտ ներկայացուցիչը, շուրջ 20 տարիներու ընթացքին ամբարած իր ստրկացուցած քուէներով կարողացաւ բացման ՄԻ՜ խօսքով՝ ԸԺ ը վերածել դատական (հավանական մրցակցի գլուխը ջարդող) հաշուեյարդարի եւ ճշդորոշել՝ յաջորդ Բիւրոյի կեանքի տեւողութիւնն ու ուղեգիծը:

Յարութ Գալայճեան

Դաշնակցութեան 34-րդ Ընդհանուր Ժողովի Որշումներու հրապարակումէն ետք, շարքերու քուլիսներուն ետին՝ սկսաւ հետզհետէ լայն տեղ գտնել ունայնութեամբ թաթախուած յուսախաբութիւնը։ Շատերուն մօտ արդէն տեսանելի էր, որ Պատմական Նաւը այլեւս անճանաչելիօրէն  կերպարանափոխուած է՝ փոթորկալից ալիքներու վրայ սայթաքած ու անկողմնացոյց Մակոյկի։ 

Մեր Ժողովուրդին համար ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութիւնը իր իմացած ՀՅԴ-ն չէ այլեւս, անիկա իր մորթին վրայ զգաց, որ դաշնակցական կրթական, ընկերային եւ գիւղատնտեսական նախարարներն ու փոխ-նախարարները ոչինչով կը տարբերէին Սէյրան Օհանեաններէն եւ անոր նմանակներու  դղեակամետ «հայրենասիրութենէն»… աւելի՜ն, ժողովուրդը իր աչքերով տեսաւ այդ նախարարներու եւ իրենց շեֆերու դիտորդական աջակցութիւնը շարքային ընտիր դաշնակցականներու՝ Պողոս Պողոսյանի եւ Հրաչ Մուրատյանի մաֆիայական սպաննութիւններու ոճրագործները արդարութեան հպատակեցնելու հրամայականին։ Եւ այդ բոլորը զզուելի տեսարաններ էին Հայաստանի հասարակութեան ջախջախիչ մեծամասնութեան համար։ Ու ճիշդ այդ բոլորին պատճառով, Քոչարյանի կողոպուտներէն սնանող փողոցային առաջնորդներու դատարկախոս ցոյցերը արժանացան ժողովրդային բազմաթիւ մերժումներուն։ 

Ներկուսակցական առումով, 1998-էն սկսեալ, դաշնակցական պարագլուխային ղեկավարութիւնը գործեց առավելապաշտական մօտեցումներով, շարքերուն անյայտ քաղաքական գործարքներով եւ կարճ ժամանակի մէջ պատճառ հանդիսացաւ, որ կազմակերպութիւնը ամբողջովին դատապարտուի ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆՈՒԹԵԱՆ ԲՌՆԱԲԱՐՄԱՆ։ Պատճառ դարձաւ նաեւ, որ Սփիւռքի շարքերուն մեծ մասը՝ կտրուած Հայաստանի իրողական կացութենէն եւ ազդուած ղեկավարներու ապատեկատուական արշաւէն վերածուեցաւ հականիկոլական ամբոխի, իսկ միւս մասը՝ ընկալելով հանդերձ բոլոր ճշմարտութիւնները, նախընտրեց համբերել, քիչ մըն ալ սպասել ու առ այդ՝ մնալ գոնէ ՀՅԴ Կանոնագրին հետ:

33-րդ ԸԺ-ը ողբերգականօրէն յատկանշական էր այն երեւոյթով, որ Բիւրոյի շրջանաւարտ ներկայացուցիչը, շուրջ 20 տարիներու ընթացքին ամբարած իր ստրկացուցած քուէներով կարողացաւ բացման ՄԻ՜ խօսքով՝ ԸԺ-ը վերածել դատական (հաւանական մրցակցի գլուխը ջարդող) հաշուեյարդարի եւ ճշդորոշել՝ յաջորդ Բիւրոյի կեանքի տեւողութիւնն ու ուղեգիծը:

34-րդ ԸԺ-ը պարզապէս բնական արդիւնքն էր իր նախորդի խամաճիկային մթնոլորտին, դարձեալ՝ ձախողած հին դէմքերով, քաղաքական հանդիսատեսազուրկ բեմադրութիւնը կրկնօրինակելու յոխորտանքով եւ քարոզչական այլամերժ/դատարկ երկու լոզունքնեներով՝ Արցախի Հայաթափում/Հայաստանի Թուրքացում, որոնք շուտով զոհ պիտի երթային փողոցային կերակրադաշտի պոռչտուքներուն, խորհրդարանական շիշակռիւներուն եւ մանաւանդ՝ եղնիկանման մի տխրահռչակ փախուստի:

Եւ ահա այդպէս է, որ տարիներ անընդհատ պատմութիւն փառաբանելով/շահագործելով եւ ժողովուրդ/պետութիւն ստորադասելով՝ ԱԼԵՀԵՐ ՆԱՒԸ ծնաւ մի Մակոյկ։ 

Կը խորտակուի՞՞՞ այդ Մակոյկը,  շարքերը կը ստանձնե՞՞ն անոր թիավարումը: 

Շուտով ԺԱՄԱՆԱԿԸ կու տայ ճի’շդ պատասխանը։ 

07 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2023 ՄՈՒՂՆԻ

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *