Հայաստան

Ռուս-Թրքական Նոր Դաւադրութիւ՞ն

Ռուսիա եւ Թուրքիա առանձին չեն սուրիական բեմին վրայ եւ բնականաբար միւս կողմերն ալ պիտի փորձեն առաւելագոյն բաժին պոկել եւ աւելի զօրացնել իրենց դիրքերը։

Գէորգ Թորոյեան

Վերջին օրերուն լրատուամիջոցներու կարեւորագոյն լուրերէն է Սուրիոյ մէջ արձանագրուող դէպքերու հոլովոյթը եւ հաւանական կը նկատուի Ասատ-էրտողան հանդիպում մը։

2011ին ժողովրդային սովորական ցոյցերով սկսած եւ ապա ամբողջական պատերազմի վերածուած սուրիական տագնապը նոր հանգրուանի մը նախաշեմին կը գտնուի։ Այս նոր հանգրուանի ազդանշանը՝ Դեկտեմբերի սկիզբին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութիւնն էր, թէ իրենք նախանձախնդիր են Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանութեամբ։ Այս յայտարարութեան յաջորդեցին տարբեր մակարդակի հանդիպումներ սուրիական եւ թրքական կառավարութիւններու պաշտօնեաներու միջեւ։

Ի՞նչ փոխուեցաւ, որ թուրքերը կը փորձեն իրենց յարաբերութիւնները բարելաւել Սուրիոյ վարչակարգին հետ։

Անցեալ Փետրուարին սկիզբ առած ռուս-ուքրանական պատերազմը, որ մաշեցնող է Ռուսիոյ համար, իր քաղաքական եւ զինուորական պարտադրանքները սկսած է դրսեւորել։ Ռուսիա, որ 2015էն ի վեր զինուորական մեծ ներկայութիւն է Սուրիոյ մէջ եւ ստեղծուած «խաղաղութեան» գլխաւոր երաշխաւորը, ըստ լաւատեղեակ աղբիւրներու, Սուրիայէն մեծ քանակութեամբ զէնք եւ զինամթերք փոխադրած է Ուքրանիոյ ճակատ եւ կը պատրաստուի իր զօրքերուն մեծ մասը եւս Սուրիայէն տեղափոխել Ուքրանիա։ Սուրիայէն զինուորապէս հեռանալով, Ռուսիա քաղաքական, զինուորական-ապահովական բաց մը կրնայ ձգել եւ Սուրիոյ ոչ նախանձելի վիճակը յաւելեալ վատթարացումի կրնայ երթալ։

Ռուսական այս քայլը կը համակարգուի Թուրքիոյ հետ, որ Ռուսիայէն ետք ամենամեծ խաղաքարտեր ունեցող կողմն է շրջանին։ Սուրիական զինեալ ընդդիմութիւնը կը գտնուի եւ կը գործէ թրքական հովանիին տակ եւ անոր հաստատած զինուորական գօտիներէն ներս։ Ռուսիա, մխրճուած ըլլալով պատերազմի մէջ, կը փորձէ սուրիական ճակատին վրայ եւս թրքական կողմին հետ համակարգում մը իրականացնել։

Ռուսիա եւ Թուրքիա առանձին չեն սուրիական բեմին վրայ եւ բնականաբար միւս կողմերն ալ պիտի փորձեն առաւելագոյն բաժին պոկել եւ աւելի զօրացնել իրենց դիրքերը։ Այս ծիրէն ներս պէտք է դիտարկել Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարին այցելութիւնը Դամասկոս։ Էմիրութիւններու այս քայլը, վստահաբար կը վայելէ Ծոցի բոլոր երկիրներուն եւ մասնաւորաբար Սէուտական Արաբիոյ աջակցութիւնն ու հովանաւորութիւնը։ Ամբողջ տասնամեակ մը Սուրիա տնտեսապէս, քաղաքականապէս, նիւթապէս մեկուսացուցած, անոր դէմ անուղղակի պատերազմ հռչակած Ծոցի երկիրներուն այս դիմափոխութիւնը կարելի է բացատրել անով, որ անոնք չեն փափաքիր, որ Սուրիա ամբողջութեամբ ենթարկուի իրանեան եւ թրքական ազդեցութեան, ռուսերու մեկնումին պատճառով։ Ծոցի արաբական երկիրներու համար Իրանը բացարձակ թշնամի է եւ Սուրիոյ մէջ անոր դիրքերուն յաւելեալ հզօրացումը կամ տկարացումը անպայմանօրէն իր անդրադարձը պիտի ունենայ շրջակայ երկիրներուն՝ Իրաքի եւ Լիբանանի վրայ։ Սուրիոյ տնտեսական վիճակը, որ զերոյացած է, զօրաւոր խաղաքարտ մըն է Ծոցի երկիրներուն համար, որոշ ներդրումներով եւ քաղաքական «պաշարումը» քակելու խոստումներուն դիմաց, իրանեան «ախորժակները» չափաւորելու կամ նոյնիսկ սանձելու համար։ Ծոցի երկիրները նաեւ պիտի չուզեն, որ Թուրքիա յաւելեալ ազդեցութիւն ձեռք բերէ Սուրիոյ մէջ։ Չմոռնանք, որ քանի մը տարի է, որ որոշ չափով լարուած են յարաբերութիւնները Թուրքիոյ եւ Ծոցի կարգ մը երկիրներուն միջեւ։

Սուրիոյ մէջ զինուորապէս ներկայութիւն է նաեւ Միացեալ Նահանգները, որ պաշտօնապէս դէմ արտայայտուեցաւ Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման։ Ամերիկացիք յստակօրէն քաղաքական եւ տնտեսական պաշարման տակ առած են Սուրիան եւ որեւէ քայլ որ Սուրիան դուրս կը բերէ այդ պաշարումէն, պիտի բախի Ամերիկայի մերժումին։ Ամերիկացիք, որ կը վերահսկեն Սուրիոյ հիւսիսը, հիմնականին մէջ քրտաբնակ շրջաններ, շարունակ կը զինեն քիւրտեր, որոնք իրենց հերթին զինուորապէս եւ քաղաքականապէս սպառնալիք են Թուրքիոյ, որ դէմ կ՛արտայայտուի անոնց որեւէ ձեւի ինքնավարութեան։

Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման ամէնէն մեծ «զոհ»ը պիտի ըլլայ Սուրիոյ զինեալ ընդդիմութիւնը, որ ամբողջ տասնամեակ մը յենելով թուրքերուն վրայ, կը պայքարէր Ասատի վարչակարգը տապալելու համար։ Անոնք արդէն իրենք իրենց դաւաճանուած կը զգան։

Ռուս-թրքական այս համաձայնութիւնը անպայման, որ կրնայ իր արձագանգներ տալ նաեւ Կովկասի, այլ խօսքով Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ։ Յիշեցման համար արձանագրենք երկու փաստեր։

Ռուսական բանակը զինուորապէս Սուրիա մտաւ 2015ին։ Նոյն տարին հրապարակուեցաւ Լաւրովեան ծրագիրը, որ հակահայ ծրագիր մըն էր, որ գործադրուեցաւ 2020ին 44օրեայ պատերազմով։

2020ին, 44օրեայ պատերազմը սկսելէն քանի մը օր ետք, ոուսերու եւ թուրքերու միջեւ նախապէս գոյացած համաձայնութեան մը հիման վրայ, թրքական ուժերը Իտլիպի որոշ շրջաններէն քաշուեցան եւ զանոնք յանձնեցին սուրիական կառավարական ուժերուն։

Ինչպէս վերեւը նշուեցաւ, թուրք-սուրիական յարաբերութիւններու մասին բացայայտ ազդարարողը Լաւրովի յայտարարութիւնն էր անցնող Դեկտեմբերի սկիզբը, որմէ քանի մը օր ետք փակուեցաւ Բերձորի անցքը եւ տակաւին կը մնայ փակ։

Այս բոլորը զուգադիպութիւններ չեն։ Քաղաքականութեան մէջ չկան նման հասկացողութիւններ։ Պարզ է, որ ռուսական կողմը Հայաստանը իբրեւ մանրադրամ կը գործածէ Թուրքիոյ հետ իր գործարքներուն մէջ։ Եւ Բերձորի մէկ ամիսէն աւելի փակ ըլլալու փաստը կը խօսի ռուս-թրքական նոր դաւադրութեան մը մասին։

Հոդվածը՝ asbarez.am կայքից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *