16.1 C
Yerevan

Ռուս-Թրքա­կան Նոր Դաւադրութիւ՞ն

Ռուսիա եւ Թուրքիա առանձին չեն սուրիա­կան բեմին վրայ եւ բնա­կա­նա­բար միւս կողմերն ալ պիտի փորձեն առաւե­լա­գոյն բաժին պոկել եւ աւե­լի զօրացնել իրենց դիրքե­րը։

Գէորգ Թորո­յեան

Վերջին օրե­րուն լրա­տուա­մի­ջոցնե­րու կարեւո­րա­գոյն լուրե­րէն է Սուրիոյ մէջ արձա­նագրուող դէպքե­րու հոլո­վոյթը եւ հաւա­նա­կան կը նկա­տուի Ասատ-էրտո­ղան հանդի­պում մը։

2011ին ժողովրդա­յին սովո­րա­կան ցոյցե­րով սկսած եւ ապա ամբողջա­կան պատե­րազմի վերա­ծուած սուրիա­կան տագնա­պը նոր հանգրուա­նի մը նախա­շե­մին կը գտնուի։ Այս նոր հանգրուա­նի ազդանշա­նը՝ Դեկտեմբե­րի սկիզբին, Ռուսիոյ արտա­քին գործոց նախա­րար Սերկէյ Լաւրո­վի յայտա­րա­րութիւնն էր, թէ իրենք նախանձախնդիր են Սուրիոյ տարածքա­յին ամբողջա­կա­նութեան պահպա­նութեամբ։ Այս յայտա­րա­րութեան յաջորդե­ցին տարբեր մակարդա­կի հանդի­պումներ սուրիա­կան եւ թրքա­կան կառա­վա­րութիւննե­րու պաշտօ­նեա­նե­րու միջեւ։

Ի՞նչ փոխուե­ցաւ, որ թուրքե­րը կը փորձեն իրենց յարա­բե­րութիւննե­րը բարե­լաւել Սուրիոյ վարչա­կարգին հետ։

Անցեալ Փետրուա­րին սկիզբ առած ռուս-ուքրա­նա­կան պատե­րազմը, որ մաշեցնող է Ռուսիոյ համար, իր քաղա­քա­կան եւ զինուո­րա­կան պարտադրանքնե­րը սկսած է դրսեւո­րել։ Ռուսիա, որ 2015էն ի վեր զինուո­րա­կան մեծ ներկա­յութիւն է Սուրիոյ մէջ եւ ստեղծուած «խաղա­ղութեան» գլխաւոր երաշխաւո­րը, ըստ լաւա­տե­ղեակ աղբիւրնե­րու, Սուրիա­յէն մեծ քանա­կութեամբ զէնք եւ զինամթերք փոխադրած է Ուքրա­նիոյ ճակատ եւ կը պատրաստուի իր զօրքե­րուն մեծ մասը եւս Սուրիա­յէն տեղա­փո­խել Ուքրա­նիա։ Սուրիա­յէն զինուո­րա­պէս հեռա­նա­լով, Ռուսիա քաղա­քա­կան, զինուո­րա­կան-ապա­հո­վա­կան բաց մը կրնայ ձգել եւ Սուրիոյ ոչ նախանձե­լի վիճա­կը յաւե­լեալ վատթա­րա­ցումի կրնայ երթալ։

Ռուսա­կան այս քայլը կը համա­կարգուի Թուրքիոյ հետ, որ Ռուսիա­յէն ետք ամե­նա­մեծ խաղա­քարտեր ունե­ցող կողմն է շրջա­նին։ Սուրիա­կան զինեալ ընդդի­մութիւնը կը գտնուի եւ կը գործէ թրքա­կան հովա­նիին տակ եւ անոր հաստա­տած զինուո­րա­կան գօտի­նե­րէն ներս։ Ռուսիա, մխրճուած ըլլա­լով պատե­րազմի մէջ, կը փորձէ սուրիա­կան ճակա­տին վրայ եւս թրքա­կան կողմին հետ համա­կարգում մը իրա­կա­նացնել։

Ռուսիա եւ Թուրքիա առանձին չեն սուրիա­կան բեմին վրայ եւ բնա­կա­նա­բար միւս կողմերն ալ պիտի փորձեն առաւե­լա­գոյն բաժին պոկել եւ աւե­լի զօրացնել իրենց դիրքե­րը։ Այս ծիրէն ներս պէտք է դիտարկել Արա­բա­կան Միա­ցեալ Էմի­րութիւննե­րու արտա­քին գործոց նախա­րա­րին այցե­լութիւնը Դամասկոս։ Էմի­րութիւննե­րու այս քայլը, վստա­հա­բար կը վայե­լէ Ծոցի բոլոր երկիրնե­րուն եւ մասնաւո­րա­բար Սէուտա­կան Արա­բիոյ աջակցութիւնն ու հովա­նաւո­րութիւնը։ Ամբողջ տասնա­մեակ մը Սուրիա տնտե­սա­պէս, քաղա­քա­կա­նա­պէս, նիւթա­պէս մեկուսա­ցուցած, անոր դէմ անուղղա­կի պատե­րազմ հռչա­կած Ծոցի երկիրնե­րուն այս դիմա­փո­խութիւնը կարե­լի է բացատրել անով, որ անոնք չեն փափա­քիր, որ Սուրիա ամբողջութեամբ ենթարկուի իրա­նեան եւ թրքա­կան ազդե­ցութեան, ռուսե­րու մեկնումին պատճա­ռով։ Ծոցի արա­բա­կան երկիրնե­րու համար Իրա­նը բացարձակ թշնա­մի է եւ Սուրիոյ մէջ անոր դիրքե­րուն յաւե­լեալ հզօ­րա­ցումը կամ տկա­րա­ցումը անպայմա­նօ­րէն իր անդրա­դարձը պիտի ունե­նայ շրջա­կայ երկիրնե­րուն՝ Իրա­քի եւ Լիբա­նա­նի վրայ։ Սուրիոյ տնտե­սա­կան վիճա­կը, որ զերո­յա­ցած է, զօրաւոր խաղա­քարտ մըն է Ծոցի երկիրնե­րուն համար, որոշ ներդրումնե­րով եւ քաղա­քա­կան «պաշա­րումը» քակե­լու խոստումնե­րուն դիմաց, իրա­նեան «ախորժակնե­րը» չափաւո­րե­լու կամ նոյնիսկ սանձե­լու համար։ Ծոցի երկիրնե­րը նաեւ պիտի չուզեն, որ Թուրքիա յաւե­լեալ ազդե­ցութիւն ձեռք բերէ Սուրիոյ մէջ։ Չմոռնանք, որ քանի մը տարի է, որ որոշ չափով լարուած են յարա­բե­րութիւննե­րը Թուրքիոյ եւ Ծոցի կարգ մը երկիրնե­րուն միջեւ։

Սուրիոյ մէջ զինուո­րա­պէս ներկա­յութիւն է նաեւ Միա­ցեալ Նահանգնե­րը, որ պաշտօ­նա­պէս դէմ արտա­յայտուե­ցաւ Սուրիա-Թուրքիա յարա­բե­րութիւննե­րու բնա­կա­նո­նացման։ Ամե­րի­կա­ցիք յստա­կօ­րէն քաղա­քա­կան եւ տնտե­սա­կան պաշարման տակ առած են Սուրիան եւ որեւէ քայլ որ Սուրիան դուրս կը բերէ այդ պաշա­րումէն, պիտի բախի Ամե­րի­կա­յի մերժումին։ Ամե­րի­կա­ցիք, որ կը վերահսկեն Սուրիոյ հիւսի­սը, հիմնա­կա­նին մէջ քրտաբնակ շրջաններ, շարունակ կը զինեն քիւրտեր, որոնք իրենց հերթին զինուո­րա­պէս եւ քաղա­քա­կա­նա­պէս սպառնա­լիք են Թուրքիոյ, որ դէմ կ՛արտայայտուի անոնց որեւէ ձեւի ինքնա­վա­րութեան։

Սուրիա-Թուրքիա յարա­բե­րութիւննե­րու բնա­կա­նո­նացման ամէ­նէն մեծ «զոհ»ը պիտի ըլլայ Սուրիոյ զինեալ ընդդի­մութիւնը, որ ամբողջ տասնա­մեակ մը յենե­լով թուրքե­րուն վրայ, կը պայքա­րէր Ասա­տի վարչա­կարգը տապա­լե­լու համար։ Անոնք արդէն իրենք իրենց դաւա­ճա­նուած կը զգան։

Ռուս-թրքա­կան այս համա­ձայնութիւնը անպայման, որ կրնայ իր արձա­գանգներ տալ նաեւ Կովկա­սի, այլ խօսքով Հայաստա­նի քաղա­քա­կան դաշտին մէջ։ Յիշեցման համար արձա­նագրենք երկու փաստեր։

Ռուսա­կան բանա­կը զինուո­րա­պէս Սուրիա մտաւ 2015ին։ Նոյն տարին հրա­պա­րա­կուե­ցաւ Լաւրո­վեան ծրա­գի­րը, որ հակա­հայ ծրա­գիր մըն էր, որ գործադրուե­ցաւ 2020ին 44օրեայ պատե­րազմով։

2020ին, 44օրեայ պատե­րազմը սկսե­լէն քանի մը օր ետք, ոուսե­րու եւ թուրքե­րու միջեւ նախա­պէս գոյա­ցած համա­ձայնութեան մը հիման վրայ, թրքա­կան ուժե­րը Իտլի­պի որոշ շրջաննե­րէն քաշուե­ցան եւ զանոնք յանձնե­ցին սուրիա­կան կառա­վա­րա­կան ուժե­րուն։

Ինչպէս վերեւը նշուե­ցաւ, թուրք-սուրիա­կան յարա­բե­րութիւննե­րու մասին բացա­յայտ ազդա­րա­րո­ղը Լաւրո­վի յայտա­րա­րութիւնն էր անցնող Դեկտեմբե­րի սկիզբը, որմէ քանի մը օր ետք փակուե­ցաւ Բերձո­րի անցքը եւ տակաւին կը մնայ փակ։

Այս բոլո­րը զուգա­դի­պութիւններ չեն։ Քաղա­քա­կա­նութեան մէջ չկան նման հասկա­ցո­ղութիւններ։ Պարզ է, որ ռուսա­կան կողմը Հայաստա­նը իբրեւ մանրադրամ կը գործա­ծէ Թուրքիոյ հետ իր գործարքնե­րուն մէջ։ Եւ Բերձո­րի մէկ ամի­սէն աւե­լի փակ ըլլա­լու փաստը կը խօսի ռուս-թրքա­կան նոր դաւադրութեան մը մասին։

Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ