ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Հայտարարություն

Սփիւռքեան մեր կառոյցները կենսական դեր ունին մեր համազգային հզօրութեան եւ համահայկական իղձերու իրականացման աշխատանքներուն մէջ: Այս տրամաբանութեամբ ալ պէտք է թափ տալ մեծցնելու եւ ընդարձակելու մեր կառոյցներու կարողականութիւնը, միջոցներ տրամադրելով հայկական վարժարաններու վերելքին եւ ընդհանրապէս հայ ուսանողութեան հաւաքագրման աշխատանքներուն մէջ:

ՀՅԴ Արևմտյան Ամերիկայի 56-րդ ժողովի Հայտարարությունը

Հայաստանի եւ Արցախի համար այս խիստ տագնապալի օրերուն, 13էն 15 Յունուար երկարող շաբաթավերջին, ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու կառոյցը գումարեց իր 56րդ Շրջանային ժողովը` մասնակցութեամբ 128 պատգամաւորներու եւ հրաւիրեալներու:

Իբրեւ աշխատանքային օրակարգեր` ժողովը մանրամասնօրէն քննարկեց Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն դիմագրաւած տագնապներուն ծալքերը, Սփիւռքի ոլորտներուն վերաբերող զանազան հարցեր, կազմակերպական կեանքին վերաբերող հարցեր եւ որդեգրեց համապատասխան որոշումներ ու կանոնագրային բարեփոխումներ:

Իբրեւ ընդհանուր ախտաճանաչում ժողովը հաստատեց, որ անցնող երկու տարիները Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանին համար եղան ներկազմակերպական տագնապներով եւ մարտահրաւէրներով բնորոշուող տարիներ: Ասով հանդերձ, մեր շարքերուն եւ ղեկավարութեան ուշադրութեան առարկան տեւաբար մնացին մեր ազգային-պետական մարտահրաւէրները եւ ընդհանրապէս մեր իրականութիւնը յուզող հարցերը, որոնց գծով ամէն ճիգ թափուեցաւ զանոնք մեղմացնելու կամ վերացնելու համար: Միաժամանակ, սակայն, Ժողովը գտաւ, որ իբրեւ համահայկական կառոյց ունեցող կազմակերպութիւն Դաշնակցութիւնը հեռու է իր լրիւ կարողականութիւնը գործի դնելէ, շատ յաճախ մխրճուած ըլլալով երեւանեան ներքին քաղաքական խաղերուն մէջ, որոնք կը ջլատեն կազմակերպութեան երբեմնի ոյժը եւ կը նսեմացնեն գաղափարական իր հենքը:

Ժողովը ցանկութիւն յայտնեց, որ ՀՅԴ Բիւրոյի անտրամաբանական եւ անտեղի միջամտութիւններուն իբրեւ արդիւնք Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանին մէջ ստեղծուած կազմակերպական տագնապին գծով Կեդրոնական կոմիտէի եւ Բիւրոյի միջեւ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն համար սկզբունք որդեգրուի այդ տագնապին տուն տուած կազմակերպական, քաղաքական եւ գաղափարական պատճառներուն եւ ազդակներուն վերացումը ինչը մեծապէս կը նպաստէ նաեւ Դաշնակցութեան համայն ընտանիքը վերանորոգման եւ վերաթարմացման հունին վրայ դնելու ճիգերուն:

Շրջանային ժողովը երկար կանգ առաւ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն այս օրերուն դիմագրաւած ճգնաժամին եւ մարտահրաւէրներուն վրայ, եւ հաստատեց, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը գտնուի իր անկախութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ նոյնիսկ հողային ամբողջականութիւնը կորսնցնելու վտանգներուն առջեւ: Ինքզինք պարտադրող այս վտանգաւոր իրականութեան ի տես մեր պետութեան ամրոցը անխորտակելի դարձնելու հրամայականը մեր բոլորին այսօրուան գերխնդիրը պէտք է ըլլայ:

Ուրեմն, թերի եւ խոցելի պիտի մնայ մեր պետութիւնը առանց պետական հիմնարկութիւններու ամբողջական կայացման, իսկ պետականաշինութեան գործը եւ պետական հիմնարկութիւններու հեղինակութեան իրաւականութիւնը պէտք չէ սակարկութիւններու առարկայ դառնան, ո՛չ գործող իշխանութիւններուն կողմէ ոչ ալ անոնց ընդդիմադիր ոյժերուն կողմէ` ըստ անոնց քաղաքական հայեցողութիւններուն կամ նպատակայարմարութիւններուն:

Կասկածէ վեր է, որ պետական կառոյցներու արժէքին գիտակցումը բարոյական մեծագոյն նպաստն է մեր պետութեան կայացման գործընթացին մէջ: Այս հիմքով ալ, ընդունելով հանդերձ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու արձանագրած թերացումները եւ ցուցաբերած անկարողութիւնները, այս ճգնաժամերը պատշաճօրէն դիմակայելու առաջադրանքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ըմբռնելով նոր իշխանութիւններու ձեւաւորման անհրաժեշտութիւնը, այսօր մեր ճիգերը պէտք է առաւելապէս կեդրոնացնենք մեր պետութեան ամրացման նպատակին շուրջ:

Մեր պետութեան կայացումը թերի պիտի մնայ եւ մեր հողային ամբողջականութիւնը` վտանգուած առանց հզօր եւ արդիական ազգային բանակի մը ստեղծումին: Խօսքերէ եւ հռետորաբանութիւններէ անդին, Ժողովը հաստատեց իր անվերապահ զօրակցութիւնը բանակաշինութեան գործին եւ տուաւ շարք մը որոշումներ:

Թուրք-ատրպէյճանական զինակցութեամբ Հայաստանի հանրապետութեան սպառնացող վտանգը բացայայտ իրականութիւն մըն է, իսկ նման սպառնալիքներու դիմաց Հայաստանի ապահովութիւնը երաշխաւորելու յանձնառութիւնը ստանձնած Ռուսիան իր աշխարհաքաղաքական հաշիւներուն բերումով, առնուազն անկարող կը թուի ըլլալ կատարելու իր ռազմավարական դաշնակիցի պարտաւորութիւնները: Միւս կողմէ, ոչ մէկ երաշխիք կայ որ արեւմտեան պետութիւնները գործնականապէս պատրաստ են կանխելու կամ զսպելու Հայաստանի Հանրապետութեան դիմաց ցցուած վերահաս վտանգը: Հետեւաբար, առաջին հերթին մեր ուժերուն ապաւինելու եւ ազգովին մեր բանակին օժանդակելու գործին լծուելու անհրաժեշտութիւնը հաստատելովիբրեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող կազմակերպութիւն, Ժողովը վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը յաւելեալ ճիգեր գործի դնելու Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն մօտ Հայաստանին եւ Արցախին սպառնացող վտանգները վերացնելու նպատակով:

Արդէն առաւել քան մէկ ամիսէ ի վեր Արցախը պաշարման մէջ պահելու, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ իր կեանքի կապը կտրելուԱտրպէյճանի բռնապետական իշխանութիւններուն անմարդկային արարքը նպատակ ունի Արցախի հայաթափումը: Ահա այս իրադրութեան մէջ, Արցախի հայութեան ֆիզիքական ապահովութիւնը երաշխաւորելու եւ արցախցին իր հողին վրայ պահելու հարցերը անմիջական եւ հրատապ բնոյթ կը ստանան: Ժողովը որոշեց որեւէ բան չխնայել Արցախի հայութիւնը իր հողին վրայ պահելու, անոր ապահովութիւնը երաշխաւորելու եւ ինքնորոշումի իրաւունքին ուղղութեամբ թափուող ճիգերուն մէջ միջազգային բոլոր հարթակներուն վրայ եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններուն մօտ:

Անիրատեսական է մեր պետութեան անկախութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը երաշխաւորել առանց համայն հայ ժողովուրդի ազդու մասնակցութեան` մեր պետական-հասարակական համակարգին մէջ, ուր ամրագրուած պէտք է ըլլան ընկերային արդարութեան սկզբունքները: Հետեւաբար, պէտք է մեծապէս բծախնդիր ըլլալ, որ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրակայման գծով իրենց ստանձնած պատասխանատուութեան տէր մնան հաւասարապէս թէ՛ իշխանութիւնները եւ թէ ընդդիմադիր ուժերը:

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի հայութեան առջեւ ցցուած ճգնաժամերը դիմագրաւելու հարկադրանքին գիտակից` Ժողովը հաստատեց, որ անհրաժեշտ է համախմբել մեր համայնքի բոլոր ուժերը Հայաստանի եւ Արցախի օժանդակութեան գործին շուրջ: Անցեալին, նման ճգնաժամերու մէջ, մեր համայնքը արդէն իսկ ցոյց տուած է միասնական հանդէս գալու եւ գործելու իր վարքագիծը, զայն վերածելով իւրայատուկ աւանդի:

Համայնքային ուժերու համախմբումով գործելու այս աւանդը պէտք է ծառայեցնել նաեւ օրէ օր աճ արձանագրող համայնքի կարիքներուն եւ պահանջներուն հասնելու նպատակներուն:

Սփիւռքեան մեր կառոյցները կենսական դեր ունին մեր համազգային հզօրութեան եւ համահայկական իղձերու իրականացման աշխատանքներուն մէջ: Այս տրամաբանութեամբ ալ պէտք է թափ տալ մեծցնելու եւ ընդարձակելու մեր կառոյցներու կարողականութիւնը, միջոցներ տրամադրելով հայկական վարժարաններու վերելքին եւ ընդհանրապէս հայ ուսանողութեան հաւաքագրման աշխատանքներուն մէջ: Մեր երիտասարդութիւնը պատմական յանձնառութիւն մը ունի կատարելիք մերօրեայ իրականութեան մէջ, եւ այնտեղ նիւթաբարոյական լուրջ ներդրումներ պէտք է կատարուին:

Շրջանային ժողովը անգամ մը եւս հաստատեց, որ ազատ եւ առողջ մտածող Դաշնակցական միտքի ուժականութիւնը կը կայանայ գործին եւ գաղափարին շաղկապումին մէջ, որուն բնորոշ գիծերը կարծիքներու այլազանութիւնը, ինքնաքննադատութիւնը եւ հանդուրժողականութիւնը պէտք է ըլլան: Այս իմաստով, Ժողովը հանգամանօրէն կը դիմէ Դաշնակցութեան գաղափարներուն կառչած մեր ընկերներուն ամէնուր` բոլորուելու ազգին եւ հայրենիքին ծառայելու գերագոյն նպատակին շուրջ:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի 56-րդ Շրջանային ժողով
15 Յունուար, 2023

Աղբյուրը՝

Asbarez.am

ՀՅԴ Արևմտյան Ամերիկայի 56-րդ Շրջանային ժողովի և ԿԿ նոր կազմի ընտրման մասին՝

Հայերեն՝

Asbarez.am

Անգլերեն՝ 

asbarez.am

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *