25 C
Yerevan

Հայտա­րա­րություն

Սփիւռքեան մեր կառոյցնե­րը կենսա­կան դեր ունին մեր համազգա­յին հզօ­րութեան եւ համա­հայկա­կան իղձե­րու իրա­կա­նացման աշխա­տանքնե­րուն մէջ: Այս տրա­մա­բա­նութեամբ ալ պէտք է թափ տալ մեծցնե­լու եւ ընդարձա­կե­լու մեր կառոյցնե­րու կարո­ղա­կա­նութիւնը, միջոցներ տրա­մադրե­լով հայկա­կան վարժա­րաննե­րու վերելքին եւ ընդհանրա­պէս հայ ուսա­նո­ղութեան հաւա­քագրման աշխա­տանքնե­րուն մէջ:

ՀՅԴ Արևմտյան Ամե­րի­կա­յի 56-րդ ժողո­վի Հայտա­րա­րությունը

Հայաստա­նի եւ Արցա­խի համար այս խիստ տագնա­պա­լի օրե­րուն, 13էն 15 Յունուար երկա­րող շաբա­թա­վերջին, ՀՅԴ Արեւմտեան Միա­ցեալ Նահանգնե­րու կառոյցը գումա­րեց իր 56րդ Շրջա­նա­յին ժողո­վը‘ մասնակցութեամբ 128 պատգա­մաւորնե­րու եւ հրաւի­րեալնե­րու:

Իբրեւ աշխա­տանքա­յին օրա­կարգեր‘ ժողո­վը մանրա­մասնօ­րէն քննարկեց Հայաստա­նի եւ Արցա­խի հանրա­պե­տութիւննե­րուն դիմագրաւած տագնապնե­րուն ծալքե­րը, Սփիւռքի ոլորտնե­րուն վերա­բե­րող զանա­զան հարցեր, կազմա­կերպա­կան կեանքին վերա­բե­րող հարցեր եւ որդեգրեց համա­պա­տասխան որո­շումներ ու կանո­նագրա­յին բարե­փո­խումներ:

Իբրեւ ընդհա­նուր ախտա­ճա­նա­չում ժողո­վը հաստա­տեց, որ անցնող երկու տարի­նե­րը Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի շրջա­նին համար եղան ներկազմա­կերպա­կան տագնապնե­րով եւ մարտահրաւէրնե­րով բնո­րո­շուող տարի­ներ: Ասով հանդերձ, մեր շարքե­րուն եւ ղեկա­վա­րութեան ուշադրութեան առարկան տեւա­բար մնա­ցին մեր ազգա­յին-պետա­կան մարտահրաւէրնե­րը եւ ընդհանրա­պէս մեր իրա­կա­նութիւնը յուզող հարցե­րը, որոնց գծով ամէն ճիգ թափուե­ցաւ զանոնք մեղմացնե­լու կամ վերացնե­լու համար: Միա­ժա­մա­նակ, սակայն, Ժողո­վը գտաւ, որ իբրեւ համա­հայկա­կան կառոյց ունե­ցող կազմա­կերպութիւն Դաշնակցութիւնը հեռու է իր լրիւ կարո­ղա­կա­նութիւնը գործի դնե­լէ, շատ յաճախ մխրճուած ըլլա­լով երեւա­նեան ներքին քաղա­քա­կան խաղե­րուն մէջ, որոնք կը ջլա­տեն կազմա­կերպութեան երբեմնի ոյժը եւ կը նսե­մացնեն գաղա­փա­րա­կան իր հենքը:

Ժողո­վը ցանկութիւն յայտնեց, որ ՀՅԴ Բիւրո­յի անտրա­մա­բա­նա­կան եւ անտե­ղի միջամտութիւննե­րուն իբրեւ արդիւնք Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի շրջա­նին մէջ ստեղծուած կազմա­կերպա­կան տագնա­պին գծով Կեդրո­նա­կան կոմի­տէի եւ Բիւրո­յի միջեւ տեղի ունե­ցող բանակցութիւննե­րուն համար սկզբունք որդեգրուի այդ տագնա­պին տուն տուած կազմա­կերպա­կան, քաղա­քա­կան եւ գաղա­փա­րա­կան պատճառնե­րուն եւ ազդակնե­րուն վերա­ցումը ինչը մեծա­պէս կը նպաստէ նաեւ Դաշնակցութեան համայն ընտա­նի­քը վերա­նո­րոգման եւ վերա­թարմացման հունին վրայ դնե­լու ճիգե­րուն:

Շրջա­նա­յին ժողո­վը երկար կանգ առաւ Հայաստա­նի եւ Արցա­խի հանրա­պե­տութիւննե­րուն այս օրե­րուն դիմագրաւած ճգնա­ժա­մին եւ մարտահրաւէրնե­րուն վրայ, եւ հաստա­տեց, թէ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնը կը գտնուի իր անկա­խութիւնը, ինքնիշխա­նութիւնը եւ նոյնիսկ հողա­յին ամբողջա­կա­նութիւնը կորսնցնե­լու վտանգնե­րուն առջեւ: Ինքզինք պարտադրող այս վտանգաւոր իրա­կա­նութեան ի տես մեր պետութեան ամրո­ցը անխորտա­կե­լի դարձնե­լու հրա­մա­յա­կա­նը մեր բոլո­րին այսօ­րուան գերխնդի­րը պէտք է ըլլայ:

Ուրեմն, թերի եւ խոցե­լի պիտի մնայ մեր պետութիւնը առանց պետա­կան հիմնարկութիւննե­րու ամբողջա­կան կայացման, իսկ պետա­կա­նա­շի­նութեան գործը եւ պետա­կան հիմնարկութիւննե­րու հեղի­նա­կութեան իրաւա­կա­նութիւնը պէտք չէ սակարկութիւննե­րու առարկայ դառնան, ո՛չ գործող իշխա­նութիւննե­րուն կողմէ ոչ ալ անոնց ընդդի­մա­դիր ոյժե­րուն կողմէ‘ ըստ անոնց քաղա­քա­կան հայե­ցո­ղութիւննե­րուն կամ նպա­տա­կա­յարմա­րութիւննե­րուն:

Կասկա­ծէ վեր է, որ պետա­կան կառոյցնե­րու արժէ­քին գիտակցումը բարո­յա­կան մեծա­գոյն նպաստն է մեր պետութեան կայացման գործընթա­ցին մէջ: Այս հիմքով ալ, ընդունե­լով հանդերձ Հայաստա­նի ներկայ իշխա­նութիւննե­րու արձա­նագրած թերա­ցումնե­րը եւ ցուցա­բե­րած անկա­րո­ղութիւննե­րը, այս ճգնա­ժա­մե­րը պատշա­ճօ­րէն դիմա­կա­յե­լու առա­ջադրանքնե­րուն մէջ, ինչպէս նաեւ ըմբռնե­լով նոր իշխա­նութիւննե­րու ձեւաւորման անհրա­ժեշտութիւնը, այսօր մեր ճիգե­րը պէտք է առաւե­լա­պէս կեդրո­նացնենք մեր պետութեան ամրացման նպա­տա­կին շուրջ:

Մեր պետութեան կայա­ցումը թերի պիտի մնայ եւ մեր հողա­յին ամբողջա­կա­նութիւնը‘ վտանգուած առանց հզօր եւ արդիա­կան ազգա­յին բանա­կի մը ստեղծումին: Խօսքե­րէ եւ հռե­տո­րա­բա­նութիւննե­րէ անդին, Ժողո­վը հաստա­տեց իր անվե­րա­պահ զօրակցութիւնը բանա­կա­շի­նութեան գործին եւ տուաւ շարք մը որո­շումներ:

Թուրք-ատրպէյճա­նա­կան զինակցութեամբ Հայաստա­նի հանրա­պե­տութեան սպառնա­ցող վտանգը բացա­յայտ իրա­կա­նութիւն մըն է, իսկ նման սպառնա­լիքնե­րու դիմաց Հայաստա­նի ապա­հո­վութիւնը երաշխաւո­րե­լու յանձնա­ռութիւնը ստանձնած Ռուսիան իր աշխարհա­քա­ղա­քա­կան հաշիւնե­րուն բերումով, առնուազն անկա­րող կը թուի ըլլալ կատա­րե­լու իր ռազմա­վա­րա­կան դաշնա­կի­ցի պարտաւո­րութիւննե­րը: Միւս կողմէ, ոչ մէկ երաշխիք կայ որ արեւմտեան պետութիւննե­րը գործնա­կա­նա­պէս պատրաստ են կանխե­լու կամ զսպե­լու Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան դիմաց ցցուած վերա­հաս վտանգը: Հետեւա­բար, առա­ջին հերթին մեր ուժե­րուն ապաւի­նե­լու եւ ազգո­վին մեր բանա­կին օժանդա­կե­լու գործին լծուե­լու անհրա­ժեշտութիւնը հաստա­տե­լո­վիբրեւ Միա­ցեալ Նահանգնե­րու մէջ գործող կազմա­կերպութիւն, Ժողո­վը վերա­հաստա­տեց իր յանձնա­ռութիւնը յաւե­լեալ ճիգեր գործի դնե­լու Միա­ցեալ Նահանգնե­րու իշխա­նութիւննե­րուն մօտ Հայաստա­նին եւ Արցա­խին սպառնա­ցող վտանգնե­րը վերացնե­լու նպա­տա­կով:

Արդէն առաւել քան մէկ ամի­սէ ի վեր Արցա­խը պաշարման մէջ պահե­լու, եւ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան հետ իր կեանքի կապը կտրե­լուԱտրպէյճա­նի բռնա­պե­տա­կան իշխա­նութիւննե­րուն անմարդկա­յին արարքը նպա­տակ ունի Արցա­խի հայա­թա­փումը: Ահա այս իրադրութեան մէջ, Արցա­խի հայութեան ֆիզի­քա­կան ապա­հո­վութիւնը երաշխաւո­րե­լու եւ արցախցին իր հողին վրայ պահե­լու հարցե­րը անմի­ջա­կան եւ հրա­տապ բնոյթ կը ստա­նան: Ժողո­վը որո­շեց որեւէ բան չխնա­յել Արցա­խի հայութիւնը իր հողին վրայ պահե­լու, անոր ապա­հո­վութիւնը երաշխաւո­րե­լու եւ ինքնո­րո­շումի իրաւունքին ուղղութեամբ թափուող ճիգե­րուն մէջ միջազգա­յին բոլոր հարթակնե­րուն վրայ եւ յատկա­պէս Միա­ցեալ Նահանգնե­րու գործա­դիր եւ օրէնսդիր իշխա­նութիւննե­րուն մօտ:

Անի­րա­տե­սա­կան է մեր պետութեան անկա­խութիւնը եւ ինքնիշխա­նութիւնը երաշխաւո­րել առանց համայն հայ ժողո­վուրդի ազդու մասնակցութեան‘ մեր պետա­կան-հասա­րա­կա­կան համա­կարգին մէջ, ուր ամրագրուած պէտք է ըլլան ընկե­րա­յին արդա­րութեան սկզբունքնե­րը: Հետեւա­բար, պէտք է մեծա­պէս բծախնդիր ըլլալ, որ Հայաստա­նի մէջ ժողովրդա­վա­րութեան ամրա­կայման գծով իրենց ստանձնած պատասխա­նա­տուութեան տէր մնան հաւա­սա­րա­պէս թէ՛ իշխա­նութիւննե­րը եւ թէ ընդդի­մա­դիր ուժե­րը:

Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան եւ Արցա­խի հայութեան առջեւ ցցուած ճգնա­ժա­մե­րը դիմագրաւե­լու հարկադրանքին գիտա­կից‘ Ժողո­վը հաստա­տեց, որ անհրա­ժեշտ է համախմբել մեր համայնքի բոլոր ուժե­րը Հայաստա­նի եւ Արցա­խի օժանդա­կութեան գործին շուրջ: Անցեա­լին, նման ճգնա­ժա­մե­րու մէջ, մեր համայնքը արդէն իսկ ցոյց տուած է միասնա­կան հանդէս գալու եւ գործե­լու իր վարքա­գի­ծը, զայն վերա­ծե­լով իւրա­յա­տուկ աւանդի:

Համայնքա­յին ուժե­րու համախմբումով գործե­լու այս աւանդը պէտք է ծառա­յեցնել նաեւ օրէ օր աճ արձա­նագրող համայնքի կարիքնե­րուն եւ պահանջնե­րուն հասնե­լու նպա­տակնե­րուն:

Սփիւռքեան մեր կառոյցնե­րը կենսա­կան դեր ունին մեր համազգա­յին հզօ­րութեան եւ համա­հայկա­կան իղձե­րու իրա­կա­նացման աշխա­տանքնե­րուն մէջ: Այս տրա­մա­բա­նութեամբ ալ պէտք է թափ տալ մեծցնե­լու եւ ընդարձա­կե­լու մեր կառոյցնե­րու կարո­ղա­կա­նութիւնը, միջոցներ տրա­մադրե­լով հայկա­կան վարժա­րաննե­րու վերելքին եւ ընդհանրա­պէս հայ ուսա­նո­ղութեան հաւա­քագրման աշխա­տանքնե­րուն մէջ: Մեր երի­տա­սարդութիւնը պատմա­կան յանձնա­ռութիւն մը ունի կատա­րե­լիք մերօ­րեայ իրա­կա­նութեան մէջ, եւ այնտեղ նիւթա­բա­րո­յա­կան լուրջ ներդրումներ պէտք է կատա­րուին:

Շրջա­նա­յին ժողո­վը անգամ մը եւս հաստա­տեց, որ ազատ եւ առողջ մտա­ծող Դաշնակցա­կան միտքի ուժա­կա­նութիւնը կը կայա­նայ գործին եւ գաղա­փա­րին շաղկա­պումին մէջ, որուն բնո­րոշ գիծե­րը կարծիքնե­րու այլա­զա­նութիւնը, ինքնաքննա­դա­տութիւնը եւ հանդուրժո­ղա­կա­նութիւնը պէտք է ըլլան: Այս իմաստով, Ժողո­վը հանգա­մա­նօ­րէն կը դիմէ Դաշնակցութեան գաղա­փարնե­րուն կառչած մեր ընկերնե­րուն ամէ­նուր‘ բոլո­րուե­լու ազգին եւ հայրե­նի­քին ծառա­յե­լու գերա­գոյն նպա­տա­կին շուրջ:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի 56-րդ Շրջա­նա­յին ժողով
15 Յունուար, 2023

Աղբյուրը՝

Asbarez.am

ՀՅԴ Արևմտյան Ամե­րի­կա­յի 56-րդ Շրջա­նա­յին ժողո­վի և ԿԿ նոր կազմի ընտրման մասին՝

Հայե­րեն՝

Asbarez.am

Անգլե­րեն՝ 

asbarez.am

Առնչվող Հոդվածներ