ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Հայրենադարձման Համակարգման Ուղիով

Մաս 2- րդ Հարցազրույց Ռուբեն Գարագաշյանի հետ

Միջին Արեւելքի գաղութներու քայքայումով եւ տարտղնումով, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութենէն վերապրած առաջին եւ երկրորդ սերունդներու կեանքէն հեռանալով, այլեւս նման կազմակերպուած եւ կեդրոնացած գաղութային կեանքով ապրելու կարելիութիւնները շատ աւելի նուազ են եւ ցուլումի վտանգը շատ աւելի սուր:

Ռուբեն Գարագաշյան

Սփիւռքը ՀՀ Հզօրացման Գործօն

  1. Հայաստանում գոյություն  ունեցող խնդիրներից մեկը երբեք չդադարող արտագաղթն է եղել։ Ինչո՞վ կբացատրեք այդ երևույթը։

Ըստ իս կան արտագաղթը խթանող 3 գլխաւոր պատճառներ`

ա. Անվտանգային – պատերազմական իրավիճակը եւ հետեւաբար անորոշութիւնը եւ վախը ապագայի նկատմամբ։

բ. Տնտեսական – բարեկեցիկ կեանք ապահովող աշխատանքի սահմանափակ կարելիութիւնները։

գ. Հոգեբանական – տեսլական ունեցող, հաւատք ներշնչող եւ հաւաքական պայքարի ոգի կերտող ընտրանիի մը եւ ղեկավարութեան մը բացակայութիւնը։

Կարելի է նաեւ աւելցնել, թէ նկատի ունենալով այն հսկայական զանգուածը որ արդէն իսկ գաղթած է Հայաստանէն, հաստատուած զանազան երկիրներու մէջ եւ մեծ մասամբ յաջողած, անոնց ազգականներու եւ բարեկամներու արտագաղթը կը դառնայ աւելի հեշտ եւ կը դադրի ըլլալէ քայլ մը դէպի անծանօթը եւ անորոշը։

  1. 2020թ պատերազմից հետո ՀՀ-ում շատերի մոտ ուժեղացել է երկրից հեռանալու ձգտումը։ Արդյո՞ք պարտությունը պատերազմում իրոք անվտանգային ծայրահեղ խնդիրներ է առաջացրել ՀՀ բնակիչների համար, թե այդ տրամադրությունները առավելապես հետպատերազմյան բախումներն ուղեկցող ու պարտությունից հետո մնացած ընկճվածություն է։

2020 թուականի պարտութիւնը վստահաբար մեծ դեր ունեցաւ շատերու մօտ կոտրելու հաւատքը դէպի ապագան եւ զարգացնելու արտագաղթի տրամադրութիւն։ Այդ պարտութիւնը նախ եւ առաջ մերկացուց մեր հզօր եւ մարտունակ բանակ, ինչպէս նաեւ վստահելի դաշնակից ունենալու զոյգ սուտերը, առասպելները։ Մենք յանկարծ ինքզինքնիս գտանք միս մինակ, լքուած, եւ չափազանց խոցելի կացութեան մէջ, երբ թշնամին կը գործէ սանձարձակ եւ անպատիժ եւ մենք չունինք կամ չենք գտներ միջոցները զայն զսպելու։ Այդ պարտութիւնը նաեւ շատ սուղ գինն էր մեր 30 տարուայ անհոգութեան, անլրջութեան, մեծամտութեան, ինչպէս նաեւ աւազակապետական այն համակարգին, որ քանդեց երկիրը ներսէն, համայն հայութեան ուղղակի թէ անուղղակի մեղսակցութեամբ։ Ազգային չափազանց բարձր գիտակցութիւն եւ Նժդեհեան ոգի եւ կամք են պէտք այս բոլորով հանդերձ շարունակելու հաւատք փայփայել ապագայի նկատմամբ, չընկճուիլ եւ չհրաժարիլ պայքարելէ։

  1. Մշտապես շեշտվել է, թե ինչ հսկայական վնասներ է հասցրել արտագաղթը հայ ժողովրդին, իսկ ի՞նչ վիճակում է գտնվում ՀՀ Սփյուռքը։ Որո՞նք են Սփյուռքի հիմնական խնդիրները։

Սփիւռքի հիմնական խնդիրները կամ դժուարութինները կը վերաբերին հայկական ինքնութեան եւ գիտակցութեան աստիճանական կորուստին։ Անցեալին, Սփիւռքը կեդրոնացած էր Միջին Արեւելքի մէջ, եւ շնորհիւ իր եկեղեցիներուն, դպրոցներուն, կուսակցութիւններուն եւ բարեգործական, մարզական թէ մշակութային հաստատութիւններուն, կարելի կը դարձնէր հայ անհատին շարունակել ապրիլ իբրեւ “հայ“ թէկուզ “օտար“ միջավայրի մէջ։ Միջին Արեւելքի գաղութներու քայքայումով եւ տարտղնումով, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութենէն վերապրած առաջին եւ երկրորդ սերունդներու կեանքէն հեռանալով, այլեւս նման կազմակերպուած եւ կեդրոնացած գաղութային կեանքով ապրելու կարելիութիւնները շատ աւելի նուազ են եւ ցուլումի վտանգը շատ աւելի սուր։ Հայապահպանման անցեալի մարտավարութինը, որ ազդեցիկ էր Միջին Արեւելքի մէջ, այլեւս չի գործեր Եւրոպաներու եւ Ամէրիկաներու մէջ։ Այն կազմակերպութիւնները եւ հաստատութիւնները որոնք անցեալի կառավարած են Սփիւռքեան գաղութները, այլեւս չեն վայելեր անհրաժեշտ հեղինակութիւնը շարունակելու այդ առաքելութիւնը։ Սփիւռքը դադրած է կազմակերպուած հաւաքականութիւն մը ըլլալէ, եւ հետեւաբար չունի այլեւս իրմէ ակնկալուած ուժականութիւնը։

  1. Արդյո՞ք ՀՀ և Սփյուռքի հայերը լեզվամտածողությամբ արդեն իսկ տարբեր մշակութային խմբեր չեն ներկայացնում իրենցից։ Ինչպե՞ս կարող են տարբեր հոգեբանություն և մտածելակերպ ունեցող մարդիկ մեկ ընդհանուր համաձայնության գալ միմյանց հետ ցանկացած հարցում։

Սփիւռքը միատարր եւ միաձոյլ հաւաքականութիւն մը չէ եւ հետեւաբար կարելի չէ խօսիլ Սփիռքեան լեզուամտածողութեան, մշակոյթի եւ հոգեբանութեան մասին։ Այդ բոլորով իրարմէ շատ կը տարբերին Լիբանահայը, Ամէրիկահայը, Իրանահայը, Ֆրանսահայը, Թրքահայը, Հայաստանէն նոր եկած հայը, եւայլն։ Այս բոլոր հայերուն կարելի է համախմբել միայն ազգային իտէալի մը եւ գերագոյն մէկ նպատակի շուրջ, որն է հզօր հայկական պետականութիւն կերտելու նպատակը, եւ այդ կարելի է ընել միայն տեսլական ունեցող, հաւատք ներշնչող, անհատական վարք ու բարքով օրինակ ծառայող, անշահախնդիր եւ նուիրուած համազգային ղեկավարութեամբ։ Հրեաները անցեալին յաջողեցան այդ մէկը իրագործել։ Շատ դժուար է, բայց յուսամ ոչ անկարելի։ Նման ղեկավարութիւն այսօր գոյութիւն չունի։ Ոչ Եկեղեցին, ոչ կուսակցութիւնները, ոչ ալ զանազան բարեգործական միութիւնները որոնք անցեալին կատարած են այդ դերը, այսօր ունին անհրաժեշտ հեղինակութիւնը եւ կենսունակութիւնը զայն վերստին ստանձնելու, եւ ընդհակառակը, անոնք արգելք կը հանդիսանան նոր եւ առողջ ղեկավարութեան մը ծնունդին։

  1. ՀՀ և Սփյուռքի հայերը շատ հարցերում փոխվստահություն չունեն միմյանց նկատմամբ։ Ո՞րն է հիմնական պատճառը և ինչպե՞ս լուծել այդ հարցը։

Փոխվստահութեան պակասը ունի զանազան առարկայական թէ ենթակայական պատճառներ։ Սփիւռքահայերը ընդհանրապէս վերապահ են Հայաստանցիներու նկատմամբ եւ ունին այն տպաւորութիւնը որ Հայաստանցիներու միակ նպատակը Սփիւռքահային օգտագործել է եւ անոր դրամը շորթել։ Կայ նաեւ որոշ Սփիւռքահայերու մօտ այն համոզումը որ շատ մը Հայաստանցիներ, մանաւանդ կառավարական շրջանակներու պատկանող, աննկարագիր եւ կաշառակերներ մարդիկ են, որոնց կարելի չէ վստահիլ ազգանուէր եւ անշահախնդիր գործ տանելու մէջ։ Անդին, շատ մը Հայաստանցիներու համար, Սփիւռքահայերը խփնուած ազգայնականներ են, որոնք դուրսը նստած, իրենց ապահով եւ բարեկեցիկ պայմաններուն մէջ, մեծ մեծ կը խօսին ու դասեր կու տան, սակայն փոխարէնը շատ քիչ օգտակարութիւն կը ցուցաբերեն։ Կայ նաեւ այս փոխադարձ անվստահութեան  քաղաքական երեսը, երբ որոշ սփիւռքահայեր իրաւունքը կը պահանջեն կարծիք տալու եւ դերակատար ըլլալու Հայաստանի ներքին թէ արտաքին քաղաքական որոշումներուն մէջ, մինչ շատ մը Հայաստանցիներ այդ իրաւունքը կը պայմանաւորեն Հայաստան բնակելով, այն տրամաբանութեամբ, որ այդ քաղաքական որոշումներու հետեւանքները պէտք է անձնական մորթի վրայ զգալ։ Օրինակի համար, դիւրին է Սփիւռքի մէջ նստած ըլլալ առաւելապաշտ եւ դատապարտել որեւէ զիջում երբ քու զաւակդ չէ որուն կեանքը կրնայ զոհուիլ սահմանին։ Այս փոխադարձ անվստահութիւնը բնականաբար խորացած է 30 տարիներու մեր ապաշնորհ ղեկավարներու յանցաւոր գործունէութեան եւ վերաբերման իբրեւ արդիւնք, ներառեալ շատ մը սփիւռքեան ղեկավարներու։ Որպէսզի կարելի ըլլայ փոխադարձ վստահութիւն եւ Սփիւռքի կարողականութիւնը լաւագոյնս օգտագործել, մէկ կողմէն պէտք են վստահելի եւ ազգանուէր իշխանութիւններ Հայաստանի մէջ եւ միւս կողմէն պէտք է Սփիւռքի ուժերը համադրող եւ Սփիռքի անունով խօսելու եւ գործելու իրաւունքը վաստակած նոր կառոյց / կազմակերպութիւն։

  1. ՀՀ-Սփյուռք հարաբերություններում ժամանակ առ ժամանակ առաջացող լարվածությունը ի՞նչ պատճառներով է առաջացել և ի՞նչ հետևանքներ է թողնում ինչպես Հայաստանի, այնպես էլ Սփյուռքի վրա։

Փոխադարձ անվստահութեան ընդհանուր մթնոլորտին արդէն անդրադարձած ենք վերեւ։ Ինչ կը վերաբերի Սփիւռք-Հայաստան քաղաքական լարուածութեանը, ըստ իս ան մեծ մասամբ պայմանաւորուած է ՀՅԴ-Իշխանութիւն յարաբերութիւններու մակընթացութեամբ եւ տեղատուութեամբ։ Երբ այդ յարաբերութիւնները ջերմ են, ինչպէս Քոչարեանի եւ Սարգսեանի իշխանութիւններու օրօք, Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնները կը գտնեն իրենց բնականոն ընթացքը. անհեռասես, կեղծ, եւ յաճախ շահախնդիր ու յանցաւոր գործակցութիւն, համագումարներ, շքանշաններ, կենացներ, անվերջ պոռոտախօսութիւն, եւ փոխարէնը շատ քիչ լուրջ աշխատանք ամուր եւ հզօր պետականութեան մը հիմերը կերտելու։ Երբ այդ յարաբերութիւնները կը սրին, ինչպէս Տէր Պէտրոսեանի եւ Ներկայիս Փաշինեանի իշխանութիւններու օրօք, Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնները կը մտնեն քաղաքական լարուածութեան բուլ. կրքոտ եւ քայքայիչ պայքար, փոխադարձ ամբաստանութիւններ, հայհոյանք եւ համատարած պառակտում։ Թէ ինչով կարելի է բացատրել ՀՅԴ-Իշխանութիւն յարաբերութիւններու այդ ելեւէջները այլ երկար եւ ցաւոտ թեմա է որուն կարելի է անդրադառալ այլ առիթով։

  1. Շատերն այն կարծիքին են, որ արտագաղթն ավերում է Հայաստանը և մեզ հիմա կազմակերպված ու զանգվածային հայրենադարձություն է պետք։ ՀՀ-ը և Սփյուռքը պատրա՞ստ են զանգվածային հայրենադարձության։

ՈՉ։ Զանգուածային հայրենադարձութիւն կազմակերպել անկարելի է։ Այդ մէկը կարելի էր 40-ական թուականներուն, երբ սփիւռքահայութեան մեծամասնութիւնը տակաւին ցեղասպանութիւնը վերապրողներու առաջին սերունդին կը պատկանէր, կ՛ապրէր Միջին Արեւելքեան մերձակայ գաղթօճախներու մէջ, եւ որոնց կարելի էր խաբել երկաթեայ վարագոյրի ետեւ իրենց սպասող դրախտային պայմաններով։ Այսօր, սփիռքահայերը մեծ մասամբ կ՛ապրին հեռաւոր Եւրոպաներու եւ Ամէրիկաներու մէջ, հաստատուած եւ արմատ նետած քաղաքացիներ են այդ երկիրներու, եւ Հայաստանի իրականութիւնը շատ յստակ է բոլորին։ Ոմանք կրնան, հզօր ազգային գիտակցութենէ մղուած, որոշել հաստատուիլ Հայաստան, բայց երազել որ նման որոշում առնողներու թիւը կարող է վերածուիլ զանգուածային հայրենադարձութեան դժբախտաբար պատրանք մըն է։

  1. Որո՞նք են  հայրենադարձությանը խանգարող հիմնական պատճառները։ Սփյուռքը ցանկանո՞ւմ է հայրենադարձություն։

Հայրենադարձութիւնը խանգարող գլխաւոր պատճառը ըստ իս Հայաստանի անվտանգային ճգնաժամը եւ անորոշութիւնն են, ինչպէս նաեւ անվստահութիւնը Հայաստանի իշխանութիւններու եւ մեր ազգը առաջնորդող բոլոր ինքնասպառ կառոյցներու հանդէպ։ Շոշափելի մակարդակով հայրենադարձութիւն որպէսզի սկիզբ առնէ, անհրաժեշտ է նուազագոյնը փայլուն ապագայի մը հաւանական հեռանկար, եւ այդ ապագայի հանդէպ հաւատք ներշնչող եւ դէպի այդ ապագան առաջնորդող նոր եւ վստահելի համազգային ղեկավարութիւն։

  1. ՀՀ-ից արտագաղթող և ՀՀ վերադարձող հայերը սովորաբար ի՞նչ հիմնական խնդիրների են բախվում ամեն մեկն իր առումով և ո՞ւմ համար է ավելի բարդ նոր միջավայրին հարմարվելը։

Ըստ իս ՀՀ-էն արտագաղթող հայերը աւելի դիւրութեամբ կը յարմարուին իրենց սփիւռքեան օտար միջավայրին քան հայրենադարձ հայերը իրենց հայրենի միջավայրին։ Նախ եւ առաջ, Հայաստանէն արտագաղթած հայերը այլեւս փոքրամասնութիւն մը չեն Սփիւռքի հայ համայնքներուն մէջ։ Մեծամասնութիւնը արդէն վարժ է սփիւռքեան միջավայրին, նետած է արմատներ, ունի փորձ եւ կարող է օգտակար ըլլալ իր նոր արտագաղթող ազգականներուն եւ բարեկամներուն։ Առաւել, շատ մը երկիրնեորւ մէջ գոյութիւն ունին զանազան կառավարական թէ բարեգործական ծրագիրներ, որոնք օգտակար կ՛ըլլան նոր եկողներու մէջ կարիքաւորներուն։ Հայրենարդարձներուն օգտակար եղող լուրջ ծրագիրներ եւ համակարգ գոյութիւն չունին։ Եթէ եկողները ունեւոր եւ ձեռներէց մարդիկ են, յաճախ դիւրութեամբ կը յարմարուին նոր միջավայրին եւ կը ծաղկին ու կը ծաղկեցնեն։ Անոնք որոնք աւելի համեստ պայմաններ ունին եւ լաւ վարձատրուուղ գիտելիքներու չեն տիրապէտեր, կը բախին մեծ դժուարութիւններու, եւ Հայաստանը իրենց համար կը դառնայ ժամանկաւոր կանգառ, ուրկէ կը պատրաստուի գաղթը դէպի Եւրոպա կան Ամէրիկաներ։ Վերադառնալով անոնց, որոնք կը յաջողին յարմարուիլ եւ բարգաւաճիլ, շատ յատկանշական է այն երեւոյթը, որ անոնցմէ շատերը կը խուսափին դիմել հպատակութեան իրենց տղայ զաւակներուն համար, զանոնք զինուորական ծառայութենէ խնայելու մտահոգութեամբ, եւ անոնց համար շատ դիւրին է վերադառնալ Սփիւռքեան իրենց երկիրները անհրաժեշտութեան պարագային։

  1. Եթե զանգվածային հայրենադարձություն տեղի ունենա, դա նշանակո՞ւմ է, որ Սփյուռքը նվազելու է ինչպես մարդկային ռեսուրսի, այնպես էլ ֆինանսական և նյութական առումով։ Եվ եթե այո, արդյո՞ք դա վտանգներ չի առաջացնի, քանի որ հայկական Սփյուռքը այսօր ոչ միայն օտար երկրներում ապրող հայերի խումբ է, այլև քաղաքական, ֆինանսական, նյութական հզոր խաղաթուղթ։

Կը կարծեմ որ այս մասին խօսիլը անհեթեթութիւն է։ Նախ եւ առաջ, զանգուածային հայրենադարձութիւն տեղի պիտի չունենայ։ Այն հայերը որոնք շատ բարձր ազգային գիտակցութենէ եւ դաստիարակութենէ մղուած կը հաստատուին Հայաստան, շատ փոքր թիւ կը ներկայացնեն։ Անոնք որոնք կը փափաքին Հայաստան հաստատուիլ աւելի բարեկեցիկ կեանքի մը ակնկալումով, կը կասկածիմ որ իրենց հայրենադարձութեամբ զգալիօրէն տկարացնեն Սփիւռքը։  Իսկ այն սփուռքահայերը որոնք իրենց գիտելիքները կամ դրամագլուխը կը ներդրեն Հայաստան, այդ մէկը յաճախ կ՛ընեն առանց լքելու Սփիւռքը եւ առանց իրենց կապերը միանգամ ընդմիշտ խզելու Սփիւռքի հետ։ Եթէ հասնի այն օրը երբ հայրենադարձութիւնը հասնի այն աստիճան զանգուածային մակարդակի որ ստիպուինք մտահոգուիլ Սփիւռքի ապագայով, ես շատ ուրախ պիտի ըլլամ։

  1. Ինչպե՞ս եք գնահատում այս տարվա հոկտեմբերին տեղի ունեցած համահայկական խորհրդաժողովը։

Չեմ կրնար գնահատական տալ որովհետեւ ներկայ չէի եւ չհետեւեցայ։ Սակայն կը կասկածիմ որ նախկին համագումարներուն լրջօրէն գերազանցէ, որովհետեւ հիմնական փոփոխութիւններ տակաւին չեմ տեսներ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու օրինաչափութեան մէջ։

  1. Հայաստան-Սփյուռք հարաբերությունները շատերի համար ամփոփվում են Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին ամեն տարի կատարվող նվիրատվությունների սահմաններում։ Արդյո՞ք միայն ֆինանսական աջակցությունը բավական է, թե իրականում դա էլ իր տեսակի խնդիր է։

Միայն ֆինանսական աջակցութիւնը բնականաբար բաւարար չէ, մանաւանդ երբ չկայ համազգային համաձայնեցուած ռազմավարութիւն այդ գումարներու թիրախաւորուած եւ բարեխիղճ օգտագործման համար, եւ չկայ վստահելի եւ թափանցիկ կառաւարման համակարգով հիմնադրամ, այդ գումարները հաւաքելու ու տնօրինելու համար։ Համահայկական Հիմնադրամը այդ կառոյցը չէ։ Սփիւռքի ֆինանսական կարելիութիւնները առաւելագոյնս զօրաշարժելու համար պէտք է ստեղծել հիմնադրամ որ կառավարուած է միմիայն սփիւռքահայերով, որոնք պարզապէս ներկայացուցիչները չեն մեր դասական կուսակցութիւններու, բարեգործական կազմակերպութիւններու կամ եկեղեցիի, այլ անկախ, անշահախնդիր, կարող եւ նուիրուած հայորդիներ, եւ որոնք կրնան հետզհետէ  սփիւռքահայերու մեծամասնութեան յարգանքը եւ վստահութիւնը վաստակիլ։ Իմ երազս է, որ նման հիմնադրամ մը այնքան յաջողի որ կարողանայ օր մը ազգային տուրք գանձել բոլոր սփիւռքահայերէն, եւ այդ գումարներու առիւծի բաժինը յատկացնելով հանդերձ Հայաստանի պետականութիւնը հզօրացնող ծրագիրներու, բաժին մըն ալ յատկացնէ Սփիւռքի կարիքներուն։

  1. Ի՞նչ կարող են և պիտի անեն ՀՀ-ը և Սփյուռքը միմյանց համար։

Սփիւռքը պէտք է հայկական պետականութեան հզօրացման սատարէ իր ողջ ֆինանսական կարելիութիւններով, գիտելիքներով եւ ցանցով (network), եւ Հայաստանը պէտք է դիւրացնէ հայկական ինքնութեան պահպանումը Սփիւռքի մէջ։

  1. Արդյո՞ք ՀՀ և Սփյուռքը համահայկական մասշտաբով ունեն մեկ ընդհանուր գաղափարախոսություն և նպատակ։

ՀՀ-ն եւ Սփիւռքը չունին նման ընդհանուր գաղափարախօսութիւն եւ նպատակ։ Նման բան գոյութիւն չունի նոյնիսկ ՀՀ-էն ներս կամ Սփիւռքի մէջ։ Ըստ իս այդ համազգային գերագոյն նպատակը կրնայ միայն ըլլալ հայկական պետականութեան հզօրացումը։ Այլ նպատակներու հետապնդումը ինչպէս օրինակ ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հողային պահանջքներ, ըստ իս այլեւս անհեթեթ են։ Եթէ մենք իբրեւ ազգ անկարող էինք պահպանել այն ինչ ազատագրած էինք, եւ անկարող ըլլանք պահպանել եւ հզօրացնել այն անկախ պետականութիւնը որ ունինք, ուրեմն մենք արժանի չենք նոյնիսկ այնինչին որ այսօր ունինք։ Իսկ եթէ յաջողինք ստեղծել հզօր հայկական պետականութիւն, ան կրնայ ըլլալ գրաւականը մեր ազգի գոյատեւման, բարգաւաճման եւ ապագայ նորանոր յաջողութիւններու։

  1. Հայաստան-Սփյուռք հարաբերությունների ձեր իդեալական մոդելը։

Ինչպէս արդէն նախապէս կ՛ըսէի, Սփիւռքը այսօր կարիքը ունի ինքզինք վերակազմակերպելու եւ անցեալի ինքնասպառ եւ յաճախ վարկաբեկուած կառոյցները փոխարինելու նոր, թարմ, առողջ եւ կարող առաջնորդերով, այլապէս անկարելի պիտի ըլլայ զօրաշարժի ենթարկել Սփիւռքի ողջ կարելիութիւնները եւ կարողականութիւնը։ Միաժամանակ, Հայաստանը, որպէսզի կարենայ լաւագոյնս օգտուիլ նման կազմակերպուած Սփիւռքի մը կարողականութենէն, պէտք է իրականացնէ համակարգային լուրջ եւ խորքային բարեփոխումներ, դառնալու համար իրօք ժողովրդավար եւ օրէնքի երկիր։ Պէտք է նաեւ որդեգրէ Սփիւռքի հետ անկեղծ գործակցութեան եւ ոչ զայն օգտագործելու քաղաքականութիւն։ 

Կարելի է որդեգրել ցանկացած Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու մոդել, բայց ոչ մէկ մոդել կրնայ մեզի տալ տարբեր արդիւնք քան անցեալին, եթէ չկան վերոյիշեալ խորքային փոփոխութիւնները թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ։ Չեմ ուզեր նսեմացնել այն բոլոր գործունէութիւնը որ Սփիւռքի զանազան կառոյցներ եւ անհատներ տարած են Հայաստանի մէջ անցեալ 30 տարիներուն եւ կը շարունակեն տանիլ։ Անոնք շատ գնահատելի եւ քաջալերելի ըլլալով հանդերձ, շատ հեռու են բաւարար ըլլալէ, նկատի ունենալով մեր ազգի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները։

Բնական է, որ կարելի չէ ձեռնածալ նստիլ եւ սպասել այս բոլոր փոփոխութիւններուն։ Ընելիք շատ կայ եւ ժամանակ շատ քիչ։ Բացառիկ գործունէութիւն ծաւալած մեծ թուուվ անհատական թէ հաւաքական նախաձեռնութիւններ կան, որոնց որեւէ սփիւռքահայ կրնայ մասնակցիլ եւ օժանդակել։ Պէտք է ձգտիլ խորքային փոփոխութիւններուն, բայց մինչ այդ քիչ խօսիլ եւ շատ գործել։

Ռուբէն Գարագաշեան՝

Economics/MBA, Aviation Consultant    

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *