Հայաստան

Լաւրովի Խոստովանութիւնը

Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան խումբի ժամանումը Հայաստան, վերջին 200 տարիներու ռուսական տիրապետութեան վերջաւորութեան սկզբնաւորութիւնը կրնայ ըլլալ։ Լաւրովի յայտարարութիւնը պարտութիւն դիմագրաւող եւ անզօրութեան մատնուած դիւանագէտի մը տագնապին եւ խուճապին դրսեւորումն է։

Գէորգ Թորոյեան

Ամէնէն խստապահանջ եւ մոլեռանդ կաթողիկէ կղերականը թերեւս չյաջողէր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովէն կորզել այնպիսի խոստովանութիւն, որ ան կատարեց 2 Փետրուար 2023ին, «Ռոսիա 24» ին եւ «ՌԻԱ Նովոսթի»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, երբ ան յայտարարեց, թէ Ատրպէյճան վերադարձուցած է իր տարածքները, որոնք տարիներ շարունակ գրաւուած էին Հայաստանի կողմէ։

Բնականաբար նման յայտարարութիւն մը ընդվզում պիտի առաջացներ հայ հասարակութեան մէջ։ Ի վերջոյ Ռուսիա Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցն է եւ իբրեւ այդպիսին՝ պարտաւորութիւն ունի պաշտպանելու Հայաստանի շահերը եւ տեսակէտները։ Բայց…

44օրեայ պատերազմը եւ անոր յաջորդած քաղաքական եւ ռազմական իրադարձութիւնները եկան յուշելու, որ Ռուսիա այնքան ալ մեր ռազմավարական դաշնակիցը չէ եւ Լաւրովի այս յայտարարութիւնը, ըստ էութեան, նորութիւն մը չէր այլ պարզապէս ինքնաբացայայտման հերթական վառ ապացոյցը։ Արցախեան առաջին պատերազմէն ի վեր, Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն ետք, Ռուսիա միակ երկիր դարձաւ, որ Հայաստան կոչեց բռնագրաւող երկիր եւ արդարացուց Ատրպէյճանի պատերազմի ձեռնարկումը 2020ի Սեպտեմբերին։ Իսկ Նոյեմբեր 9ի յայտարարութենէն ետք, թէ Ռուսիոյ նախագահին այն յայտարարութիւնը, որ Արցախը Ատրպէյճան է եւ թէ այդ երկիրի տարբեր մակարդակի պաշտօնեաներու ատրպէյճանամէտ յայտարարութիւնները բացայայտօրէն կը խօսին այն իրողութեան մասին, որ Ռուսիա այս տարածաշրջանին մէջ Ատրպէյճանի շահերուն պաշտպանը դարձած է։

Առաջին հերթին, պրն. Լաւրովին պէտք է յիշեցնել մօտիկ անցեալի քաղաքական իրադարձութիւնները։ Այսպէս, Արցախեան հարցը ՄԱԿի Մարդկային իրաւունքներու յանձնաժողովին կողմէ քննարկուած է 1991 Մարտ 5ին։ Քննարկումին ընթացքին նշուած է տեղւոյն հայ ազգաբնակչութեան իրաւունքներու եւ ինքնորոշման իրաւունքի ոտնահարումը։ Իսկ աւելի ուշ, 1993ին, երբ հայկական բանակը դուրս գալով Լեռնային Արցախի սահմաններէն սկսաւ ազատագրել պատմական Արցախի շրջանները, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը չորս բանաձեւեր ընդունեց, թիւ 822 (1993 Ապրիլ 30), 853 (1993 Յունիս 29), 874 (1993 Հոկտեմբեր 14) եւ 884 (1993 Նոյեմբերի 12)։

Վերոնշեալ բանաձեւերուն մէջ ոչ մէկ տեղ նշուած է Հայաստանի անունը, այլ կը յիշուի «հայկական զինուած ուժեր» եզրը։ Թէ պրն. Լաւրով ի՞նչ հիման վրայ կ՛ամբաստանէ Հայաստանը, հարցական է։ Աւելին, ՄԱԿի բանաձեւերէն երկուքին (853 եւ 884) մէջ յստակօրէն կը դատապարտուի Ատրպէյճանը՝ զինադադարի խախտելուն եւ հայկական բնակավայրերը ռմբակոծելուն համար, որուն պատճառով հայկական ուժերը գրաւած էին Քարվաճառը, Ակնան (Աղտամ), Ջրականը (Զանգելան) եւ Հորադիզը։ Իսկ պրն. Լաւրով, ի հակառակ այս բանաձեւերուն, կ՛արդարացնէ Ատրպէյճանի շղթայազերծած 44օրեայ պատերազմը։ Պարզապէս պէտք է յիշել, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի այս որոշումներուն տակ ստորագրած է նաեւ Լաւրովի երկիրը՝ Ռուսիան։ Իսկ ամէնէն ցաւալին այն է, որ նոյնինքն Լաւրովը ոչ մէկ ակնարկութիւն կը կատարէ Հադրութի եւ Շուշիի մասին, որոնք մաս կը կազմեն Լեռնային Արցախին։ Նոյնպէս, ան բացարձակ լռութիւն կը պահէ Բերձորի անցքի փակման մասին եւ 120,000 հայերու ցեղասպանուելու վտանգին վրայէն կ՛անցնի, առանց ոչ մէկ խօսք արտասանելու, երբ Հայաստան Ռուսիոյ ռազմավարական դաշնակիցն է։

Պրն. Լաւրովին պէտք է յուշել, որ ոչ Հայաստանի եւ ոչ ալ աշխարհի պատմութիւնը չէ սկսած Խորհրդային Միութեան ստեղծումով եւ առ այդ, անոր պարտադրած սահմանագծումները չեմ համարուիր սրբութիւն եւ անփոփոխելի։ Այդ պարտադրուած սահմանագծումներուն հիման վրայ է, որ Հայաստան կը մեղադրուի իբրեւ բռնագրաւող։

Ռուսիոյ արտաքին նախարարին պէ՞տք է յիշեցնել, որ Ռուսիա բռնագրաւած էր Հայաստանը 1920էն մինչեւ 1991 եւ ստալինեան բռնաճնշումով Արցախը կցուած է Ատրպէյճանին։ Պէտք է յիշեցնե՞նք պրն Լաւրովին 1937-38 թուականներուն Ռուսիոյ, իբրեւ բռնագրաւող երկիր, կատարած ոճիրները հայ ժողովուրդին նկատմամբ։

Պատմութիւնը Ռուսիոյ դիմագիծը առաւել եւս կրնայ մրոտել։ Բայց Լաւրովի ի բերանոյ քումէ այս խոստովանութիւնը դիւանագիտական հասկացութեամբ ընդունուած բառամթերքէն դուրս է եւ պատճառը այն է, որ ռուսական դիւանագիտութեան պետը կը գիտակցի, որ ուքրանական ճակատին վրայ զինուորական ձախողութիւններու կողքին, Կովկասեան ճակատի վրայ Հայաստանի վարած հաւասարակշիռ քաղաքականութեան պատճառով, ռուսական դիրքերը արդէն վտանգուած են։ Ռուսերու նման, Լաւրովն ալ չհասկցաւ, որ Կովկասի մէջ ռուսերու վստահելի միակ դաշնակիցը Հայաստանն է, որուն միշտ ալ դաւաճանած են։ Չհասկցան, որ Կովկասի մէջ իրենց դիրքերն ու ազդեցութիւնը պահելու համար, անհրաժեշտ էր ուժեղ Հայաստան։

Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան խումբի ժամանումը Հայաստան, վերջին 200 տարիներու ռուսական տիրապետութեան վերջաւորութեան սկզբնաւորութիւնը կրնայ ըլլալ։ Լաւրովի յայտարարութիւնը պարտութիւն դիմագրաւող եւ անզօրութեան մատնուած դիւանագէտի մը տագնապին եւ խուճապին դրսեւորումն է։
 Այլապէս ալ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը կը հնչեցնէ նոյն այն թէզերը կամ տեսակէտները, որոնք վերջին 30 տարիներուն, մենք վարժուած էինք լսել միմիայն Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն։ Այս տեսակէտներու նոյնացումը ապացոյց է, որ ռուսական քաղաքականութիւնը կը հակասէ Հայաստանի պետականութեան շահերուն եւ բացայայտ համակարգում կայ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ, ի հեճուկս Հայաստանի։

Դժբախտաբար, մենք միշտ ալ անտես ըրած ենք մեր մեծերու մտածումները եւ անոնց պատգամը, որոնք պէտք է ուղեցոյց ծառայեն մեզի մեր հայրենիքին շուրջ կատարուող իրադարձութիւնները լաւապէս ըմբռնելու եւ քաղաքականօրէն ճիշդ կողմնորոշուելու համար։ Իբրեւ վերջաբան յիշեցնենք Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Քրիստափոր Միքայէլեանի խօսքը, որ մարգարէութիւն չէ, այլ իրերու ճիշդ գնահատում․ «Յայտնի է նոյնպէս, որ նոյն ռուս կառավարութիւնը կովկասեան ազգերից թաթարներին նախընտրում է բոլորից աւելին»։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *