14.7 C
Yerevan

Բաց Նամակ Կայծ Մինա­սեա­նին

Հեղի­նա­կը լռութեամբ կ՛անցնի հիմնա­դիր սերունդի կարգ մը դէմքե­րուն վրա­յէն, իսկ ուրիշնե­րուն հազիւ կը յիշա­տա­կէ։ Մարտին Շաթի­րեան, Լորիս Մելի­քով, Արամ Արա­մեան չեն յիշուիր եւ մենք այդպէս ալ չենք իմա­նար, թէ ինչ եղած է անոնց դիրքո­րո­շումը։ Նաեւ չի յիշուիր, թէ Քրիստա­փո­րը ունեցա՞ծ է գաղա­փա­րա­կիցներ թէ՞ իր գաղա­փարնե­րը մահա­ցած են իր հետ։

Գէորգ Թորո­յեան

«Դաշնակցութիւնը Պէտք Է Հայե­րին…» վերնա­գի­րով յօդուա­ծա­շարք մը լոյս տեսաւ «Մեր Ուղին» կայքին վրայ, 11 Նոյեմբեր 2022էն 26 Յունուար 2023ի միջեւ։ Յօդուա­ծա­շարքը ստո­րագրուած է Կայծ Մինա­սեա­նի կողմէ։ Ինը մասե­րու վրայ բաժնուած յօդուածնե­րով, հեղի­նա­կը լուսարձա­կի տակ կ՛առնէ ՀՅԴի կազմա­կերպա­կան եւ քաղա­քա­կան կեանքի հոլո­վոյթը, հիմնադրութե­նէն մինչեւ մեր օրե­րը։

Զանց կ՛առնեմ ՀՅԴի հայաստա­նեան գործունէութիւնը, նկա­տի ունե­նա­լով, որ անոր դերա­կա­տարնե­րը տակաւին քաղա­քա­կան բեմա­հարթա­կին վրայ են։ Կը բաւա­րա­րուիմ անդրա­դառնա­լու առա­ջին հարիւր տարի­նե­րու (1890–1990) հեղի­նա­կին մատնանշած բազմա­թիւ հարցե­րուն եւ երեւոյթնե­րուն, որոնց հետ համա­միտ չեմ։

Առա­ջին հերթին, յօդուա­ծա­գի­րը ոչ մէկ յղում կը կատա­րէ իր նշած տեղե­կութիւննե­րուն գծով, մանաւանդ, որ յօդուա­ծա­շարքին մէջ կան տեղե­կութիւններ, որոնք մեծ հարցա­կաններ կրնան ստեղծել։ Իսկ եթէ վերլուծումնե­րը կատա­րուած են միմիայն դէպքե­րու տրա­մա­բա­նա­կան յաջորդա­կա­նութեան հիման վրայ, ապա այդ մէկը տեղե­կութիւննե­րու վաւե­րա­կա­նութիւնը չի հաստա­տեր։

Յօդուա­ծա­շարքը ընթերցո­ղին մօտ կը ստեղծէ այն տպաւո­րութիւնը, որ ՀՅԴի առա­ջին հարիւրա­մեայ քաղա­քա­կան եւ կազմա­կերպա­կան պատմութեան հոլո­վոյթի հիմնա­կան դերա­կա­տարնե­րը եղած են Քրիստա­փոր Միքա­յէ­լեան, Յովնան Դաւթեան, Ռուբէն Տէր Մինա­սեան եւ Մարուխեան-Զէյթլեան զոյգը։

Առա­ջին անարդա­րութիւնը գործուած է Սիմոն Զաւա­րեա­նի նկատմամբ, երբ գրե­թէ լուսանցքի վրայ դրուած է անոր դերա­կա­տա­րութիւնը։ Մինչդեռ Զաւա­րեա­նի մասնակցութիւնը չի սահմա­նա­փա­կուիր հիմնադրութեան ժողովնե­րու մասնակցութեամբ։ Ան թէ՛ գաղա­փա­րա­կան-բարո­յա­կան, թէ՛ կազմա­կերպա­կան եւ թէ քաղա­քա­կան առումով մեծ աւանդ ունի Դաշնակցութեան ձեւաւորման մէջ։ Ան եղած է գլխաւոր ջատա­գո­վը ապա­կեդրո­նա­ցեալ դրութեան եւ մեր Կանո­նա­գի­րի նախա­տի­պի կազմութեան գլխաւոր դէմքն է։ Ռուբէ­նի վկա­յութեամբ, 1909ին Վառնա­յի մէջ գումա­րուած 5րդ Ընդհա­նուր ժողո­վին, անոր ճառը ռուսա­կան յեղա­փո­խութեան մասնակցե­լու կամ չմասնակցե­լու գծով, Դաշնակցութիւնը փրկած է արկա­ծախնդրութե­նէ։

Նոյնպէս բաւա­րար չափով չէ գնա­հա­տուած Ռոստո­մի դերա­կա­տա­րութիւնը։ Բոլո­րը կը վկա­յեն, որ 4րդ Ընդհա­նուր ժողո­վին, Դաշնակցութեան միասնութիւնը պահպա­նած դէմքը եղած է ան եւ այդ ժողո­վէն մինչեւ իր մահը (Յունուար 1919) ան եղած է ՀՅԴի միասնութեան խորհրդա­նի­շը։ Պատա­հա­կա­նութիւն չէ, որ Զաւա­րեանն ու Ռոստո­մը, Քրիստա­փո­րի կողքին, հիմնա­դիր սերունդին մէջ կը համա­րուին հիմնա­դիր երրորդութիւնը։

Հեղի­նա­կը լռութեամբ կ՛անցնի հիմնա­դիր սերունդի կարգ մը դէմքե­րուն վրա­յէն, իսկ ուրիշնե­րուն հազիւ կը յիշա­տա­կէ։ Մարտին Շաթի­րեան, Լորիս Մելի­քով, Արամ Արա­մեան չեն յիշուիր եւ մենք այդպէս ալ չենք իմա­նար, թէ ինչ եղած է անոնց դիրքո­րո­շումը։ Նաեւ չի յիշուիր, թէ Քրիստա­փո­րը ունեցա՞ծ է գաղա­փա­րա­կիցներ թէ՞ իր գաղա­փարնե­րը մահա­ցած են իր հետ։ Որովհե­տեւ հիմնադրութե­նէն մինչեւ 1905–1907, Դաշնակցութիւնը գործած է Քրիստա­փո­րի ուղիով որմէ, ըստ հեղի­նա­կին, շեղում կը կատա­րուի անոր ժառանգորդ-զինա­կիցնե­րուն կողմէ 1907ի 4րդ Ընդհա­նուր ժողո­վին, երբ Դաշնակցութեան միասնութիւնը փրկե­լու համար, Դաշնակցութիւնը կը դառնայ դասա­կան կուսակցութիւն։ Այստեղ ի՞նչ կ՛առաջարկէ հեղի­նա­կը։ Դաշնակցութեան տրոհե՞լ, թէ՞ կուսակցութեան անուան տակ աշխա­տանքը շարունա­կել։

Նոյնպէս հարեւանցի ակնարկութիւն կայ Դաշնակցութեան առա­ջին սերունդի կարեւոր դէմքե­րուն։ Նիկոլ Դուման կը նկա­տուի առաւե­լա­պաշտ, մինչդեռ Դումա­նը աւե­լի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել արմա­տա­կան էր եւ անոր բարո­յա­կան ըմբռնումնե­րը ուղե­ցոյց հանդի­սա­ցած են յեղա­փո­խա­կաննե­րուն համար։ Հպանցիկ ակնարկ կը կատա­րուի Արմէն Գարո­յի մասին, որ տարբեր ժամա­նակնե­րու եւ տարբեր գործե­րով մեծ աւանդ ունի Դաշնակցութեան մէջ։ Իսկ ամէ­նէն տարօ­րի­նա­կը այն է, որ 1907–1920 թուա­կաննե­րու մասին գրե­թէ ոչինչ կ՛ըսուի յօդուա­ծին մէջ։

Պարոն Մինա­սեան յօդուա­ծա­շարքին մէջ շատ մեծ տեղ կը յատկացնէ Ռուբէն Տէր Մինա­սեա­նին, զայն մեղադրե­լով կուսակցութեան ներկայ «չարիքնե­րուն» սկիզբը, պնդե­լով, որ ան իբրեւ առաւե­լա­պաշտ եւ բռնա­տէր անջնջե­լի դրոշմը ձգած է կուսակցութեան վրայ, թէ՛ իր գործե­լաո­ճով եւ թէ իր յուշե­րով։ Միա­ժա­մա­նակ ան կը մեղադրէ նաեւ առաւե­լա­պաշտնե­րը, որոնք Ռուբէ­նը կը նկա­տեն դաշնակցա­կա­նի բացարձակ դրա­կան մարմնաւո­րում։ Այս պարա­գա­յին հեղի­նա­կը ինկած է միւս ծայրա­յե­ղութեան գիրկը, երբ Ռուբէ­նը կը ներկա­յա­ցուի իբրեւ բացարձակ ժխտա­կան կերպար։

Հեղի­նա­կը շատ լաւ ծանօթ է Դաշնակցութեան եւ հայոց պատմութեան։ Նոյնիսկ Ռուբէ­նի գաղա­փա­րա­կան ընդդի­մա­դիրնե­րը կը հաստա­տեն անոր ամէ­նէն մեծ իրա­գործումը՝ Հայաստա­նի Ա․ Հանրա­պե­տութեան ժամա­նա­կաշրջա­նին Հայաստա­նի հայա­ցումը, որ այսօ­րուան Հայաստա­նի անվտանգութեան եւ գոյութեան երաշխիքն է։ Այլ խօսքով, այսօ­րուան Հայաստա­նի գոյութիւնը, իր միա­տարր հայութեամբ, կը պարտինք Ռուբէ­նին։

Ռուբէն նաեւ հեղի­նակն է «Հայ Յեղա­փո­խա­կա­նի Մը Յիշա­տակնե­րը» յուշագրութեան, որ ՀՅԴ պատմութեան մէջ իր իւրա­յա­տուկ տեղը ունի։ Նոյնիսկ եթէ գրուած է որոշ վիպա­կա­նութեամբ, անի­կա հում ատաղձ է ապա­գայ պատմա­բա­նին, աշխարհագրա­գէ­տին, ազգագրա­գէ­տին եւայլն։ Այս յուշագրութիւնը նաեւ դաստիա­րակչա­կան ուղե­ցոյց եղած է եւ է նորա­հաս սերունդնե­րուն համար, ուր «բռնա­տէր» Ռուբէ­նը յաճախ կը քննա­դա­տէ Դաշնակցութեան եւ այդ քննա­դա­տութիւննե­րուն ամէ­նէն շատ կը հանդի­պինք Առա­ջին Հանրա­պե­տութեան ժամա­նակ, երբ ան Բիւրո­յի հերթա­պահն էր։

Ըստ յօդուա­ծա­շարքի հեղի­նա­կին, Ռուբէ­նի «բռնա­տի­րութիւնը» կը սկսի Արմէն Գարո­յի մահէն (1923) ետք եւ մասնաւո­րա­բար կ՛ամրապնդուի 1927ին, 11րդ Ընդհա­նուր ժողո­վով եւ կը տեւէ մինչեւ 1947, այսինքն քսա­նա­մեակ մը։ Փորձենք դիտել այս օրե­րու Սփիւռքի հայութեան եւ Դաշնակցութեան քարտէ­զը։

Միջին Արեւելքը, ուր գաղութնե­րը նոր կազմաւորման փուլի մէջ են, կը գտնուի Ֆրանսա­յի եւ Անգլիոյ տիրա­պե­տութեան տակ։ Եւրո­պա­յի մէջ հայութիւնը կեդրո­նա­ցած է հիմնա­կա­նօ­րէն Ֆրանսա­յի եւ Յունաստա­նի մէջ։ Ռուբէն կ՛ապրէր Ֆրանսա։ Իսկ ի՞նչ պատկեր ունէր Եւրո­պա­յի քաղա­քա­կան քարտէ­զը։ Անգլիան հեռու է։ Մէկ կողմը կայ Խ. Միութիւնը՝ իշխող Համայնա­վար կուսակցութեամբ եւ իր բոնա­տէր Ստա­լի­նով։ Գերմա­նիոյ մէջ նացի­ներն են, իշխո­ղը բռնա­տէր Հիթլերն է։ Նոյնն է պարա­գան նաեւ Իտա­լիոյ եւ Սպա­նիոյ։ Այլ խօսքով բռնա­տի­րութիւնը այդ ժամա­նա­կա­հա­տուա­ծի տարա­ծուած եւ ընդունուած «մոտէլ»ն է։ Թերեւս միայն Ֆրանսան է, որ ժողովրդա­վա­րութիւն կը շնչէ, բայց հոն եւս ծայրա­յեղ ազգայնա­կա­նութիւնը նոյնպէս բաւա­կան զօրաւոր է։ Հեղի­նա­կը յօդուա­ծա­շարքի երրորդ մասին մէջ կ՛արդարացնէ 1960–70ականներու արա­բա­կան ազգայնա­կան «Պաաս» կուսակցութեան ազդե­ցութիւնը Դաշնակցութեան վրայ, սակայն կ՛անգիտանայ 1930–40ականներու եւրո­պա­կան երկիրնե­րու «մոտէլ»ին ազդե­ցութիւնը։

Արդ հարց կը ծագի. եթէ չըլլար Ռուբէ­նի «բռնա­տի­րութիւնը» Դաշնակցութիւնը պիտի դիմանա՞ր այդ տարի­նե­րու արտա­քին ճնշումին եւ ապա­հով հասնիլ մեր օրե­րը։       

(Շար.1)

Հոդվա­ծը՝ Asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ