Անկախութենէն ետք իշխանութիւնները կամովին ձեռնարկեցին համընդհանուր թալանի եւ բոլոր տնտեսական ենթակառոյցները սիստեմաթիկ կերպով կողոպտուեցան եւ սեփականաշնորհուեցան, անգործութեան մատնելով ազգաբնակչութիւնը, որ պատճառ պիտի դառնար հարիւր հազարաւորներու երկրէն փախուստին:
Ավետիս Պողոսյան
Մաս 7-րդ «Մեր Ուղինի» հարցազրույցը Asbarez.am-ի թղթակից Ավետիս Պողոսյանի հետ
ՀՀ-ն ևՍփյուռքը պատրաստ չեն զանգվածային հայրենադարձության
1. Հայաստանում գոյություն ունեցող խնդիրներից մեկը երբեք չդադարող արտագաղթն է եղել։ Ինչո՞վ կբացատրեք այդ երևույթը։
Նախ պէտք է ընդունինք որ մարդ արարածը բոլոր դարերու ընթացքին միտում ունեցած է իր կենսամակարդակը բարելաւելու համար աւելի յարմար եւ հարուստ երկիր գաղթել: Սովը, երաշտը, բնական աղէտները եւ պատերազմները առաւել պատճառներ են: Իսկ մեր ներկայ ժամանակներուն՝ քսաներրորդ դարուն Սովետական Միութեան փլուզումէն ետք այդ ընդհանուր երեւոյթ էր բոլոր նախկին այդ Միութեան երկիրներուն եւ անոր արբանեակ, արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ: Պատճառը նոյն այդ աւելի լաւ ապրելու հեռանկարն էր: Նոյնիսկ Գերմանիոյ մէջ Պերլինի պատի քանդումէն ետք, այդ օրէն մինչեւ 2017 թուականը, հակառակ որ երկրի երկու հատուածները միացած էին, արեւելեան Գերմանիայէն դէպի արեւմտեան Գերմանիա գաղթը կանգ չառաւ, որովհետեւ արեւմտեան մասը շատ աւելի զարգացած էր եւ կենսամակարդակը անհամեմատ աւելի բարձր: Միայն 2017 էն այս կողմ, նախկին արեւելեան Գերմանիոյ մասը սկսաւ դրական ժողովրդագրական ցուցանիշներ ունենալ, մարդիկ սկսած էին դէպի իրենց նախկին ծննդավայր տեղափոխուիլ, որովհետեւ արդէն մեծ տարբերութիւն չկար կենսամակարդակներու միչեւ: Գալով մեր պարագային, այդ արտագաղթը պէտք է բաժնել չորս մասի:
Ա- Անկախութեան հռչակումէն առաջ, եօթանասունականներուն սկսած արտագաղթը, երբ առաւելաբար առաջին՝ 1948 ի եւ վաթսունականներուն հայրենադարձած ընտանիքներ արտագաղթելու սկսան: Այդ արտագաղթի պատճառները, հիմնականին մէջ յուսախափութիւնն էր: Մարդիկ ներգաղթած էին երկիր հայրենասիրութեան մղումով, սակայն խաբուած սուտ քարոզչութեան, իբր մեղր ու կարագի երկիր, եւ ներգաղթելէն ետք տեսած անարդարութիւն, աղքատութիւն, կաշառակերութիւն, աքսոր եւ միւս բոլոր թերութիւնները:
Բ- Անկախութենէն անմիչապէս ետք ժամանակաշրջանը: Ազատութիւն արտագաղթելու եւ ոչ մէկ արգելք եթէ կարողացար վիզա ճարել: Անշուշտ մարդիկ պիտի արտագաղթէին, չէ՞ որ տարիներէ ի վեր լսած էին արտասահմանի բարիքներուն մասին եւ տեսած թէ ինչպէս արտասահմանցի հայ ուսանողները մի քանի ճինզ տափատներ բերելով իրենց հետ ու վաճառելով բոլոր տարեկան իրենց կեցութեան ծախսը կը հանէին… Այսինքն արտասահմանի հմայքը գրաւիչ էր:
Գ-Հայաստանի եւ Արցախի առաջին պատերազմը եւ մութ ու ցուրտ տարիները: Անկախութենէն ետք իշխանութիւնները կամովին ձեռնարկեցին համընդհանուր թալանի եւ բոլոր տնտեսական ենթակառոյցները սիստեմաթիկ կերպով կողոպտուեցան եւ սեփականաշնորհուեցան, անգործութեան մատնելով ազգաբնակջութիւնը, որ պատճառ պիտի դառնար հարիւր հազարաւորներու երկրէն փախուստին:
2. 2020թ․ պատերազմից հետո ՀՀ-ում շատերի մոտ ուժեղացել է երկրից հեռանալու ձգտումը։ Արդյո՞ք պարտությունը պատերազմում իրոք անվտանգային ծայրահեղ խնդիրներ է առաջացրել ՀՀ բնակիչների համար, թե այդ տրամադրությունները առավելապես հետպատերազմյան բախումներն ուղեկցող ու պարտությունից հետո մնացած ընկճվածություն է։
Ներկայիս շարունակուող արտագաղթը, հետեւանք է Արցախեան վերջի պատերազմին ընթացքին մեր պարտութեան եւ անոր պատճառած ընկճուածութեան: Նաեւ պէտք չէ զանց առնենք մարդոց իրենց զաւակներուն զինուորական ծառայութենէն ազատելու ձգտումը, երբ կը տեսնեն որ մեր զինուորները պարզապէս անհրաժեշտ սպառազինութիւնը չունին դէմ դնելու եւ չեզոքացնելու մեր թշնամու անհամեմատ աւելի սպառազինուած բանակը:
3. Մշտապես շեշտվել է, թե ինչ հսկայական վնասներ է հասցրել արտագաղթը հայ ժողովրդին, իսկ ի՞նչ վիճակում է գտնվում ՀՀ Սփյուռքը։ Որո՞նք են Սփյուռքի հիմնական խնդիրները։
Սփիւռքը մէջ մինչեւ եօթանասունականներու սկիզբը, Միջին արեւելեան գաղութները կէթոյական կեանքով կ՛ապրէին, հետեւաբար ձուլումը շատ թոյլ էր, ունէինք մեր հայապահպանման կառոյցները, կազմակերպութիւնները Եկեղեցին: Արեւմուտքի մէջ այլ էր պատկերը, այնտեղ ձուլումը ընթացք առած էր: Կային կազմակերպութիւնները եւ կուսակցութիւնները սակայն անոնց ազդեցութիւնը գաղութային կեանքին վրայ քիչ էր եւ թոյլ: Ինչ կը վերաբերի նախկին Սովետական երկիրներու գաղութներուն, պէտք է ըսել որ անոնք բոլորովին անտէր վիճակի մէջ էին ու են մինչեւ այսօր: Սփիւռքի դիմագրաւած Խնդիրները ընդհանրապէս շատ են եւ բարդ: Ներկայիս քաոսային վիճակ կը տիրէ այնտեղ: Միջին Արեւելեան գաղութները կամ անոնց մնացորդը մեծ դժուարութիւններ ունին: Այնտեղ տիրող եւ՛ պատերազմները եւ՛ տնտեսական ճգնաժամերը մեծապէս վնասած են ժողովրդագրական պատկերին եւ կը սպառնայ բոլորովին փլուզման ենթարկելու զանոնք: Արեւմուտքի գաղութներու պարագային այլ է պատկերը, հոն տեւաբար աճող բազմութիւնները, Հայաստանէն եւ միջին արեւելքէն արտագաղթողներու հետեւանքով, խախտած են նախկին քիչ թէ շատ կազմակերպուած համայնքները, ուստի ներկայիս աւելի անկազմակերպ բազմութիւններ են, պարզապէս միայն իրենց նիւթական վիճակը ապահովելու ձգտումով: Այդ պատճառով եղած կազմակերպութիւններուն շուրջ եղողները անհամեմատ քիչ են քան անտարբերները եւ անոնցմէ հեռու գտնուողները, մինչ առաջ համախումբ կ՛ապրէին մի քանի մեծ քաղաքներու մէջ, այսօր ամենահեռաւոր քաղաքներու մէջ անգամ տարածուած են: Ձուլումը եւ այլասերումը շատ արագ քայլերով տեղի կ՛ունենայ: Կարելի է այլեւս ըսել, որ անտէր բազմութիւններ են:
4. Արդյո՞ք ՀՀ և Սփյուռքի հայերը լեզվամտածողությամբ արդեն իսկ տարբեր մշակութային խմբեր չեն ներկայացնում իրենցից։ Ինչպե՞ս կարող են տարբեր հոգեբանություն և մտածելակերպ ունեցող մարդիկ մեկ ընդհանուր համաձայնության գալ միմյանց հետ ցանկացած հարցում։
Ձեր հարցումին ես ալ հարցումով պատասխանեմ: Ինչպէս՞ սփիւռքի հրեայ զանգուածները իրենց կարգին տարբեր լեզուամտածողութիւննր ունենալով հանդերձ ընդհանուր համաձայնութեան եկած են թէ՛ իրար միչեւ եւ թէ՛ իրենց հայրենիքին՝ Իսրայէլի հետ: Մեր պարագային հասարակած մտահոգութիւնը եւ կարգախօսը պէտք է դադրի նախկին կուսակացական գաղափարախօսութիւնները ըլլալէ: Առաջ մենք ձգտում էինք անկախ հայրենիք ունենալու, իսկ այսօր այդ կայ՛ որքան ալ որ ծանր վիճակի մէջ ըլլայ ան: Մեր նոր գաղափարախօսութիւնը պէտք է ըլլայ ներկայ Հայաստանի պահպանումը, հզորացումը եւ բարգաւաճումը: Այդ միակ գաղափարախօսութիւնն է որ կրն՛այ միացնել զանգուածները, եւ մի՛այն այդ միացման արդիւնքով կարելի կ՛ըլլայ աւելի արդիւնաւէտ կազմակերպել եւ ինքնակազմակերպուիլ:
5. ՀՀ և Սփյուռքի հայերը շատ հարցերում փոխվստահություն չունեն միմյանց նկատմամբ։ Ո՞րն է հիմնական պատճառը և ինչպե՞ս լուծել այդ հարցը։
ՀՀ ի եւ Սփիւռքի միչեւ փոխվստահութեան պակասը հիմնականին մէջ մէկ կողմէ Սփիւռքի տարբեր կառոյցներու կողմէ քարոզչութեան արդիւնք է, իսկ միւս կողմէն ալ ՀՀ ի իշխանութիւններու կողմէ Սփիւռքի նկատմամբ անտարբերութիւնը, եւ անկէ մի՛այն նիւթական ակնկալութիւնն է: Աւելցնենք ասոր վրայ շատ կարեւոր այն փաստը որ կոռուբցիայի իբր հետեւանք շատ պարագաներու, ուղարկուած նիւթական միջոցներէն մաս մը, թափանցիկութեան բացակայութեան պատճառով կորսուած են կամ մսխուած, սկսեալ 1988 ի երկրաշարժի օրերէն: Այդ վստահութիւնը վերականգնելու համար անհրաժեշտ է Սփիւռքի միացումը վերեւ յիշուած գաղափարախօսութեան շուրջ եւ Հայաստանի մէջ կոռուբցիայի վերացումը եւ նիւթական ներդրումներու օգտագործման թափանցիկութիւնը:
6. ՀՀ-Սփյուռք հարաբերություններում ժամանակ առ ժամանակ առաջացող լարվածությունը ի՞նչ պատճառներով է առաջացել և ի՞նչ հետևանքներ է թողնում ինչպես Հայաստանի, այնպես էլ Սփյուռքի վրա։
Սփիւռքի եւ ՀՀ ի միչեւ պարբերական լարուածութիւնը հետեւանք է Սփիւռքի կազմակերպութիւններու տարբեր գաղափարախօսութիւններուն եւ ՀՀ ի պետական շահերէ մեկնած մտածողութեան միչեւ տարբերութիւններուն: Այդ լարուածութիւններու հետեւանքն է իրար միչեւ պարբերական սառն յարաբերութիւնները եւ անկէ բխած, Հայաստանի մէջ արտասահմանեան ներդրումներու սահմանափակումը:
7. Շատերն այն կարծիքին են, որ արտագաղթն ավերում է Հայաստանը և մեզ հիմա կազմակերպված ու զանգվածային հայրենադարձություն է պետք։ ՀՀ-ը և Սփյուռքը պատրա՞ստ են զանգվածային հայրենադարձության։
Սփիւռքը եւ ՀՀն պատրաստ չեն զանգուածային հայրենադարձութեան, այդ իրականացնելու համար առիթը արդէն փախցուցած ենք: Այդ կարելի էր Արցախի անմարդաբնակ տարածքներուն վրայ վերաբնակեցում կազմակերպելով: Սփիւռքի տարածքին, ներառեալ Ռուսիոյ տարածքին սփռուած զանգուածներուն համար նպատակայարմար կրնար ըլլալ հողի եւ բնակարանի տիրանալ եւ տնտեսութիւն հիմնել Արցախի մէջ: Չմտածեցինք ատոր մասին, եւ եղաւ ինչ եղաւ: Հիմա ՀՀ ն առանձին հայրենադարձութիւն կազմակերպելու ներուժը չունի, իսկ Սփիւռքը միակամ եւ կազմակերպուած չէ որ այդ բանին ձեռնարկէ: Նախ անհրաժեշտ է Հայրենամէտ եւ բոլոր զանգուածները Հայաստանի հզորացման գաղափարախօսութեան շուրջ միաւորող կազմակերպութեան ստեղծումը իրականացնել: Ինչպէս Գերմանիոյ օրինակը մէջբերած էինք, երբ բարգաւաճող տնտեսութիւն կ՛ունենանք, անպայման որ հայրենադարձութեան մը ականատէս կ՛ըլլանք, որովհետեւ հայրենասիրութիւնը առանձին հայրենադարձութիւն խթանող չէ, տնտեսական շահագրգռուածութիւնն անհրաժեշտ է : Մարդիկ պատրաստ են անապատներ կամ հիւսիսային բեւեռ յիշեցնող Սիպերիաներ երթալ աւելի բարեկեցիկ ապրելու համար, ինչու՞ պիտի իրենց հայրենիքը չերթան երբ նիւթականը կրնան ապահովել:
8. Որո՞նք են հայրենադարձությանը խանգարող հիմնական պատճառները։ Սփյուռքը ցանկանո՞ւմ է հայրենադարձություն։
Թերեւս ոչ զանգուածային, սակայն Հայրենադարձութեան միտում ներկայիս ալ կայ՛ թէ Միջին Արեւելքի երկիրներէն թէ Ռուսիայէն, այնտեղ տիրող կացութեանց պատճառով, արգելակողը բնակարաններու վարձքերու անտրամաբանական, արհեստական եւ անվերահսկելի բարձրացումն է, եւ անշուշտ աշխատանք ունենալու մտահոգութիւնը:
9. ՀՀ-ից արտագաղթող և ՀՀ վերադարձող հայերը սովորաբար ի՞նչ հիմնական խնդիրների են բախվում ամեն մեկն իր առումով և ո՞ւմ համար է ավելի բարդ նոր միջավայրին հարմարվելը։
ՀՀ էն արտագաղթող հայերը հիմնականին մէջ ներկայիս մանաւանդ Եւրոպայի մէջ եւ նոյնիսկ Ամերիկայի մէջ տիրող անգործութիւնն է եւ կենսամակարդակի նուազումը: Զբոսաշրջութեան նպատակով Եւրոպա այցելողները կրնան վկայել թէ որքան դժուար է օրապահիկ ապահովելը, իսկ լեզուական խնդիրը քիչ բան չէ, կայ՛ նաեւ ներկայիս, առաւելաբար Եւրոպայի մէջ ազգայնականութեան եւ օտարատեացութեան դանդաղօրէն զարթնացումը, որ հետեւանք է տեղացիներու տնտեսական վիճակի վատթարացման եւ կենսամակարդակի նուազման: Իսկ այդտեղի կեանքին հարմարուիլը դժուար է Հայաստանի ընկերային կեանքին վարժ մարդուն համար, այնտեղ բոլորովին մենակ ես: Հայաստան վերադարձողներու դիմագրաւած դժուարութիւնները ոչինչ են բաղդատած առաջին խումբին, գոնէ լեզուական եւ ընկերային կեանքի առումով:
10. Եթե զանգվածային հայրենադարձություն տեղի ունենա, դա նշանակո՞ւմ է, որ Սփյուռքը նվազելու է ինչպես մարդկային ռեսուրսի, այնպես էլ ֆինանսական և նյութական առումով։ Եվ եթե այո, արդյո՞ք դա վտանգներ չի առաջացնի, քանի որ հայկական Սփյուռքը այսօր ոչ միայն օտար երկրներում ապրող հայերի խումբ է, այլև քաղաքական, ֆինանսական, նյութական հզոր խաղաթուղթ։
Ոչ, որովհետեւ զանգուածային հայրենադարձութիւն կրնայ ըլլալ միայն այն պարագային երբ Հայաստանի մէջ տնտեսութիւնը զարգանայ, իսկ ըլալու պարագային Սփիւռքի մարդկային ռեսուրսը միայն սահմանափակ ձեւով կը նուազի, սակայն ան կը մնայ եւ որքան բարգաւաճի Հայաստանի տնտեսութիւնը այդքան աւելի կ՛ըլլան սփիւռքի ներդրումները եւ միեւնոյն ժամանակ ազգային հպարտութեան աճի արդիւնքով ձուլումը կը նուազի: Միեւնոյն ժամանակ որքան հզորանայ ազգային տնտեսութիւնը այդքան նուազ կ՛ըլլայ Սփիւռքէն անհրաժեշտ նիւթական կախուածութիւնը: Ընդհակառակը, Հայաստանի մէջ ներդրումներ ընելը կը դառնայ նիւթական շահ ապահովելու առիթ:
11. Ինչպե՞ս եք գնահատում այս տարվա հոկտեմբերին տեղի ունեցած համահայկական խորհրդաժողովը։
Խորհրդաժողովին ներկայ չէի եւ կարծիք չեմ կարող տալ, սակայն կը կարծեմ որ մասնաւոր յաջողութիւն չունեցաւ, որովհետեւ արձագանքը չլսեցի:
12. Հայաստան-Սփյուռք հարաբերությունները շատերի համար ամփոփվում են Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին ամեն տարի կատարվող նվիրատվությունների սահմաններում։ Արդյո՞ք միայն ֆինանսական աջակցությունը բավական է, թե իրականում դա էլ իր տեսակի խնդիր է։
Հայաստան- Սփիւռք յարաբերութիւնները ի հարկէ միայն Համահայկական Հիմնադրամով բաւարարուելու չէ, իրականութեան մէջ Սփիւռքը կազմակերպուելու պարագային շատ աւելի կարողունակ է Հայաստանին օգտակար ըլլալու առումով: Սփիւռքը հարուստ է նիւթականէն զատ նաեւ գիտական եւ մտաւորական ներուժով, որուն մինչեւ հիմա մանրամասնութեամբ ծանօթ չենք եւ չենք մտածած զայն օգտագործելու մասին: Պէտք է սկսիլ ամենապարզ եւ առաջին քայլերով՝ պարզապէս ցանկագրելով ( who’s who ) Սփիւռքի համալսարաններուն եւ գիտական կեդրոններուն մէջ գործող դասախօսները եւ գիտաշխատողները: Գիտնանք մեր իսկական ներուժը: Նոյնիսկ Հայաստանի մէջ գործող նոյնանման անհատներու ցանկագրումը չկայ կը կարծեմ: Այդ մէկը երբ յաջողինք ընել, կը հետեւին յետագայ անհրաժեշտ քայլերը: Կազմակերպուիլ պէտք է պարզապէս:
13. Ի՞նչ կարող են և պիտի անեն ՀՀ-ը և Սփյուռքը միմյանց համար։
Սփիւռքի համար գործելու հսկայական դաշտ կայ Հայաստանի մէջ: Գիւղերու զարգացման ջանքերը առաջնայիններէն են, այդ կ՛արգելակէ արտագաղթը: Զուգահեռ նպատակ պէտք է դառնայ ռազմարդիւնաբերութեան միտուած մտայղացումները:
14. Արդյո՞ք ՀՀ և Սփյուռքը համահայկական մասշտաբով ունեն մեկ ընդհանուր գաղափարախոսություն և նպատակ։
Ոչ, չունին:
15. Հայաստան-Սփյուռք հարաբերությունների ձեր իդեալական մոդելը։
Զիրար հասկնան եւ ունենան մէկ տեսլական, որ Հայաստան եւ Սփիւռք մէկ միասնական ժողովուրդ է եւ պէտք է ունենայ ներկայ պահուն մէկ գաղափարախօսութիւն, Հայաստանի գոյութիւնը պահպանելու եւ զայն հզորացնելու գաղափարախօսութիւն:
Ավետիս Պողոսյան՝ ԱՄՆ Ասպարեզի Թղթակից