27.2 C
Yerevan

Հայրե­նա­դարձման Համա­կարգման Ուղիով

Անկա­խութե­նէն ետք իշխա­նութիւննե­րը կամո­վին ձեռնարկե­ցին համընդհա­նուր թալա­նի եւ բոլոր տնտե­սա­կան ենթա­կա­ռոյցնե­րը սիստե­մա­թիկ կերպով կողոպտուե­ցան եւ սեփա­կա­նաշնորհուե­ցան, անգործութեան մատնե­լով ազգաբնակչութիւնը, որ պատճառ պիտի դառնար հարիւր հազա­րաւորնե­րու երկրէն փախուստին:

Ավե­տիս Պողոսյան

Մաս 7‑րդ «Մեր Ուղի­նի» հարցազրույցը Asbarez.am‑ի թղթա­կից Ավե­տիս Պողոսյա­նի հետ

ՀՀ‑ն ևՍփյուռքը պատրաստ չեն զանգվա­ծա­յին հայրե­նա­դարձության

1. Հայաստա­նում գոյություն  ունե­ցող խնդիրնե­րից մեկը երբեք չդա­դա­րող արտա­գաղթն է եղել։ Ինչո՞վ կբա­ցատրեք այդ երև­ույթը։ 

Նախ պէտք է ընդունինք որ մարդ արա­րա­ծը բոլոր դարե­րու ընթացքին միտում ունե­ցած է իր կենսա­մա­կարդա­կը բարե­լաւե­լու համար աւե­լի յարմար եւ հարուստ երկիր գաղթել: Սովը, երաշտը, բնա­կան աղէտնե­րը եւ պատե­րազմնե­րը առաւել պատճառներ են: Իսկ մեր ներկայ ժամա­նակնե­րուն՝ քսա­ներրորդ դարուն Սովե­տա­կան Միութեան փլուզումէն ետք այդ ընդհա­նուր երեւոյթ էր բոլոր նախկին այդ Միութեան երկիրնե­րուն եւ անոր արբա­նեակ, արեւե­լեան Եւրո­պա­յի երկիրնե­րուն մէջ: Պատճա­ռը նոյն այդ աւե­լի լաւ ապրե­լու հեռանկարն էր: Նոյնիսկ Գերմա­նիոյ մէջ Պերլի­նի պատի քանդումէն ետք, այդ օրէն մինչեւ 2017 թուա­կա­նը, հակա­ռակ որ երկրի երկու հատուածնե­րը միա­ցած էին, արեւե­լեան Գերմա­նիա­յէն դէպի արեւմտեան Գերմա­նիա գաղթը կանգ չառաւ, որովհե­տեւ արեւմտեան մասը շատ աւե­լի զարգա­ցած էր եւ կենսա­մա­կարդա­կը անհա­մե­մատ աւե­լի բարձր: Միայն 2017 էն այս կողմ, նախկին արեւե­լեան Գերմա­նիոյ մասը սկսաւ դրա­կան ժողովրդագրա­կան ցուցա­նիշներ ունե­նալ, մարդիկ սկսած էին դէպի իրենց նախկին ծննդա­վայր տեղա­փո­խուիլ, որովհե­տեւ արդէն մեծ տարբե­րութիւն չկար կենսա­մա­կարդակնե­րու միչեւ: Գալով մեր պարա­գա­յին, այդ արտա­գաղթը պէտք է բաժնել չորս մասի: 

Ա- Անկա­խութեան հռչա­կումէն առաջ, եօթա­նա­սունա­կաննե­րուն սկսած արտա­գաղթը, երբ առաւե­լա­բար առա­ջին՝ 1948 ի եւ վաթսունա­կաննե­րուն հայրե­նա­դարձած ընտա­նիքներ արտա­գաղթե­լու սկսան: Այդ արտա­գաղթի պատճառնե­րը, հիմնա­կա­նին մէջ յուսա­խա­փութիւնն էր: Մարդիկ ներգաղթած էին երկիր հայրե­նա­սի­րութեան մղումով, սակայն խաբուած սուտ քարոզչութեան, իբր մեղր ու կարա­գի երկիր, եւ ներգաղթե­լէն ետք տեսած անարդա­րութիւն, աղքա­տութիւն, կաշա­ռա­կե­րութիւն, աքսոր եւ միւս բոլոր թերութիւննե­րը: 

Բ- Անկա­խութե­նէն անմի­չա­պէս ետք ժամա­նա­կաշրջա­նը: Ազա­տութիւն արտա­գաղթե­լու եւ ոչ մէկ արգելք եթէ կարո­ղա­ցար վիզա ճարել: Անշուշտ մարդիկ պիտի արտա­գաղթէին, չէ՞ որ տարի­նե­րէ ի վեր լսած էին արտա­սահմա­նի բարիքնե­րուն մասին եւ տեսած թէ ինչպէս արտա­սահմանցի հայ ուսա­նողնե­րը մի քանի ճինզ տափատներ բերե­լով իրենց հետ ու վաճա­ռե­լով բոլոր տարե­կան իրենց կեցութեան ծախսը կը հանէին… Այսինքն արտա­սահմա­նի հմայքը գրաւիչ էր: 

Գ‑Հայաստանի եւ Արցա­խի առա­ջին պատե­րազմը եւ մութ ու ցուրտ տարի­նե­րը: Անկա­խութե­նէն ետք իշխա­նութիւննե­րը կամո­վին ձեռնարկե­ցին համընդհա­նուր թալա­նի եւ բոլոր տնտե­սա­կան ենթա­կա­ռոյցնե­րը սիստե­մա­թիկ կերպով կողոպտուե­ցան եւ սեփա­կա­նաշնորհուե­ցան, անգործութեան մատնե­լով ազգաբնակջութիւնը, որ պատճառ պիտի դառնար հարիւր հազա­րաւորնե­րու երկրէն փախուստին: 

2. 2020թ պատե­րազմից հետո ՀՀ-ում շատե­րի մոտ ուժե­ղա­ցել է երկրից հեռա­նա­լու ձգտումը։ Արդյո՞ք պարտությունը պատե­րազմում իրոք անվտանգա­յին ծայրա­հեղ խնդիրներ է առա­ջացրել ՀՀ բնա­կիչնե­րի համար, թե այդ տրա­մադրություննե­րը առա­վե­լա­պես հետպա­տե­րազմյան բախումներն ուղեկցող ու պարտությունից հետո մնա­ցած ընկճվա­ծություն է։ 

Ներկա­յիս շարունա­կուող արտա­գաղթը, հետեւանք է Արցա­խեան վերջի պատե­րազմին ընթացքին մեր պարտութեան եւ անոր պատճա­ռած ընկճուա­ծութեան: Նաեւ պէտք չէ զանց առնենք մարդոց իրենց զաւակնե­րուն զինուո­րա­կան ծառա­յութե­նէն ազա­տե­լու ձգտումը, երբ կը տեսնեն որ մեր զինուորնե­րը պարզա­պէս անհրա­ժեշտ սպա­ռա­զի­նութիւնը չունին դէմ դնե­լու եւ չեզո­քացնե­լու մեր թշնա­մու անհա­մե­մատ աւե­լի սպա­ռա­զի­նուած բանա­կը: 

3. Մշտա­պես շեշտվել է, թե ինչ հսկա­յա­կան վնասներ է հասցրել արտա­գաղթը հայ ժողովրդին, իսկ ի՞նչ վիճա­կում է գտնվում ՀՀ Սփյուռքը։ Որո՞նք են Սփյուռքի հիմնա­կան խնդիրնե­րը։ 

Սփիւռքը մէջ մինչեւ եօթա­նա­սունա­կաննե­րու սկիզբը, Միջին արեւե­լեան գաղութնե­րը կէթո­յա­կան կեանքով կ՛ապրէին, հետեւա­բար ձուլումը շատ թոյլ էր, ունէինք մեր հայա­պահպանման կառոյցնե­րը, կազմա­կերպութիւննե­րը Եկե­ղե­ցին: Արեւմուտքի մէջ այլ էր պատկե­րը, այնտեղ ձուլումը ընթացք առած էր: Կային կազմա­կերպութիւննե­րը եւ կուսակցութիւննե­րը սակայն անոնց ազդե­ցութիւնը գաղութա­յին կեանքին վրայ քիչ էր եւ թոյլ: Ինչ կը վերա­բե­րի նախկին Սովե­տա­կան երկիրնե­րու գաղութնե­րուն, պէտք է ըսել որ անոնք բոլո­րո­վին անտէր վիճա­կի մէջ էին ու են մինչեւ այսօր: Սփիւռքի դիմագրաւած Խնդիրնե­րը ընդհանրա­պէս շատ են եւ բարդ: Ներկա­յիս քաո­սա­յին վիճակ կը տիրէ այնտեղ: Միջին Արեւե­լեան գաղութնե­րը կամ անոնց մնա­ցորդը մեծ դժուա­րութիւններ ունին: Այնտեղ տիրող եւ՛ պատե­րազմնե­րը եւ՛ տնտե­սա­կան ճգնա­ժա­մե­րը մեծա­պէս վնա­սած են ժողովրդագրա­կան պատկե­րին եւ կը սպառնայ բոլո­րո­վին փլուզման ենթարկե­լու զանոնք: Արեւմուտքի գաղութնե­րու պարա­գա­յին այլ է պատկե­րը, հոն տեւա­բար աճող բազմութիւննե­րը, Հայաստա­նէն եւ միջին արեւելքէն արտա­գաղթողնե­րու հետեւանքով, խախտած են նախկին քիչ թէ շատ կազմա­կերպուած համայնքնե­րը, ուստի  ներկա­յիս աւե­լի անկազմա­կերպ բազմութիւններ են, պարզա­պէս միայն իրենց նիւթա­կան վիճա­կը ապա­հո­վե­լու ձգտումով: Այդ պատճա­ռով եղած կազմա­կերպութիւննե­րուն շուրջ եղողնե­րը անհա­մե­մատ քիչ են քան անտարբերնե­րը եւ անոնցմէ հեռու գտնուողնե­րը, մինչ առաջ համա­խումբ կ՛ապրէին մի քանի մեծ քաղաքնե­րու մէջ, այսօր ամե­նա­հե­ռաւոր քաղաքնե­րու մէջ անգամ տարա­ծուած են: Ձուլումը եւ այլա­սե­րումը շատ արագ քայլե­րով տեղի կ՛ունենայ: Կարե­լի է այլեւս ըսել, որ անտէր բազմութիւններ են: 

4. Արդյո՞ք ՀՀ և Սփյուռքի հայե­րը լեզվամտա­ծո­ղությամբ արդեն իսկ տարբեր մշա­կութա­յին խմբեր չեն ներկա­յացնում իրենցից։ Ինչպե՞ս կարող են տարբեր հոգե­բա­նություն և մտա­ծե­լա­կերպ ունե­ցող մարդիկ մեկ ընդհա­նուր համա­ձայնության գալ միմյանց հետ ցանկա­ցած հարցում։ 

Ձեր հարցումին ես ալ հարցումով պատասխա­նեմ: Ինչպէս՞ սփիւռքի հրեայ զանգուածնե­րը իրենց կարգին տարբեր լեզուամտա­ծո­ղութիւննր ունե­նա­լով հանդերձ ընդհա­նուր համա­ձայնութեան եկած են թէ՛ իրար միչեւ եւ թէ՛ իրենց հայրե­նի­քին՝ Իսրա­յէ­լի հետ: Մեր պարա­գա­յին հասա­րա­կած մտա­հո­գութիւնը եւ կարգա­խօ­սը պէտք է դադրի նախկին կուսա­կա­ցա­կան գաղա­փա­րա­խօ­սութիւննե­րը ըլլա­լէ: Առաջ մենք ձգտում էինք անկախ հայրե­նիք ունե­նա­լու, իսկ այսօր այդ կայ՛ որքան ալ որ ծանր վիճա­կի մէջ ըլլայ ան: Մեր նոր գաղա­փա­րա­խօ­սութիւնը պէտք է ըլլայ ներկայ Հայաստա­նի պահպա­նումը, հզո­րա­ցումը եւ բարգաւա­ճումը: Այդ միակ գաղա­փա­րա­խօ­սութիւնն է որ կրն՛այ միացնել զանգուածնե­րը, եւ մի՛այն այդ միացման արդիւնքով կարե­լի կ՛ըլլայ աւե­լի արդիւնաւէտ կազմա­կերպել եւ ինքնա­կազմա­կերպուիլ: 

5. ՀՀ և Սփյուռքի հայե­րը շատ հարցե­րում փոխվստա­հություն չունեն միմյանց նկատմամբ։ Ո՞րն է հիմնա­կան պատճա­ռը և ինչպե՞ս լուծել այդ հարցը։ 

ՀՀ ի եւ Սփիւռքի միչեւ փոխվստա­հութեան պակա­սը հիմնա­կա­նին մէջ մէկ կողմէ Սփիւռքի տարբեր կառոյցնե­րու կողմէ քարոզչութեան արդիւնք է, իսկ միւս կողմէն ալ ՀՀ ի իշխա­նութիւննե­րու կողմէ Սփիւռքի նկատմամբ անտարբե­րութիւնը, եւ անկէ մի՛այն նիւթա­կան ակնկա­լութիւնն է: Աւելցնենք ասոր վրայ շատ կարեւոր այն փաստը որ կոռուբցիա­յի իբր հետեւանք շատ պարա­գա­նե­րու, ուղարկուած նիւթա­կան միջոցնե­րէն մաս մը, թափանցի­կութեան բացա­կա­յութեան պատճա­ռով կորսուած են կամ մսխուած, սկսեալ 1988 ի երկրա­շարժի օրե­րէն: Այդ վստա­հութիւնը վերա­կանգնե­լու համար անհրա­ժեշտ է Սփիւռքի միա­ցումը վերեւ յիշուած գաղա­փա­րա­խօ­սութեան շուրջ եւ Հայաստա­նի մէջ կոռուբցիա­յի վերա­ցումը եւ նիւթա­կան ներդրումնե­րու օգտա­գործման թափանցի­կութիւնը:

6. ՀՀ-Սփյուռք հարա­բե­րություննե­րում ժամա­նակ առ ժամա­նակ առա­ջա­ցող լարվա­ծությունը ի՞նչ պատճառնե­րով է առա­ջա­ցել և ի՞նչ հետև­անքներ է թողնում ինչպես Հայաստա­նի, այնպես էլ Սփյուռքի վրա։ 

Սփիւռքի եւ ՀՀ ի միչեւ պարբե­րա­կան լարուա­ծութիւնը հետեւանք է Սփիւռքի կազմա­կերպութիւննե­րու տարբեր գաղա­փա­րա­խօ­սութիւննե­րուն եւ ՀՀ ի պետա­կան շահե­րէ մեկնած մտա­ծո­ղութեան միչեւ տարբե­րութիւննե­րուն: Այդ լարուա­ծութիւննե­րու հետեւանքն է իրար միչեւ պարբե­րա­կան սառն յարա­բե­րութիւննե­րը եւ անկէ բխած, Հայաստա­նի մէջ արտա­սահմա­նեան ներդրումնե­րու սահմա­նա­փա­կումը: 

7. Շատերն այն կարծի­քին են, որ արտա­գաղթն ավե­րում է Հայաստա­նը և մեզ հիմա կազմա­կերպված ու զանգվա­ծա­յին հայրե­նա­դարձություն է պետք։ ՀՀ‑ը և Սփյուռքը պատրա՞ստ են զանգվա­ծա­յին հայրե­նա­դարձության։ 

Սփիւռքը եւ ՀՀն պատրաստ չեն զանգուա­ծա­յին հայրե­նա­դարձութեան, այդ իրա­կա­նացնե­լու համար առի­թը արդէն փախցուցած ենք: Այդ կարե­լի էր Արցա­խի անմարդաբնակ տարածքնե­րուն վրայ վերաբնա­կե­ցում կազմա­կերպե­լով: Սփիւռքի տարածքին, ներա­ռեալ Ռուսիոյ տարածքին սփռուած զանգուածնե­րուն համար նպա­տա­կա­յարմար կրնար ըլլալ հողի եւ բնա­կա­րա­նի տիրա­նալ եւ տնտե­սութիւն հիմնել Արցա­խի մէջ: Չմտա­ծե­ցինք ատոր մասին, եւ եղաւ ինչ եղաւ: Հիմա ՀՀ ն առանձին հայրե­նա­դարձութիւն կազմա­կերպե­լու ներուժը չունի, իսկ Սփիւռքը միա­կամ եւ կազմա­կերպուած չէ որ այդ բանին ձեռնարկէ: Նախ անհրա­ժեշտ է Հայրե­նա­մէտ եւ բոլոր զանգուածնե­րը Հայաստա­նի հզո­րացման գաղա­փա­րա­խօ­սութեան շուրջ միաւո­րող կազմա­կերպութեան ստեղծումը իրա­կա­նացնել: Ինչպէս Գերմա­նիոյ օրի­նա­կը մէջբե­րած էինք, երբ բարգաւա­ճող տնտե­սութիւն կ՛ունենանք, անպայման որ հայրե­նա­դարձութեան մը ակա­նա­տէս կ՛ըլլանք, որովհե­տեւ հայրե­նա­սի­րութիւնը առանձին հայրե­նա­դարձութիւն խթա­նող չէ, տնտե­սա­կան շահագրգռուա­ծութիւնն անհրա­ժեշտ է : Մարդիկ պատրաստ են անա­պատներ կամ հիւսի­սա­յին բեւեռ յիշեցնող Սիպե­րիա­ներ երթալ աւե­լի բարե­կե­ցիկ ապրե­լու համար, ինչու՞ պիտի իրենց հայրե­նի­քը չերթան երբ նիւթա­կա­նը կրնան ապա­հո­վել: 

8. Որո՞նք են  հայրե­նա­դարձությա­նը խանգա­րող հիմնա­կան պատճառնե­րը։ Սփյուռքը ցանկանո՞ւմ է հայրե­նա­դարձություն։ 

Թերեւս ոչ զանգուա­ծա­յին, սակայն Հայրե­նա­դարձութեան միտում ներկա­յիս ալ կայ՛ թէ Միջին Արեւելքի երկիրնե­րէն թէ Ռուսիա­յէն, այնտեղ տիրող կացութեանց պատճա­ռով, արգե­լա­կո­ղը բնա­կա­րաննե­րու վարձքե­րու անտրա­մա­բա­նա­կան, արհեստա­կան եւ անվե­րահսկե­լի բարձրա­ցումն է, եւ անշուշտ աշխա­տանք ունե­նա­լու մտա­հո­գութիւնը: 

9. ՀՀ-ից արտա­գաղթող և ՀՀ վերա­դարձող հայե­րը սովո­րա­բար ի՞նչ հիմնա­կան խնդիրնե­րի են բախվում ամեն մեկն իր առումով և ո՞ւմ համար է ավե­լի բարդ նոր միջա­վայրին հարմարվե­լը։ 

ՀՀ էն արտա­գաղթող հայե­րը հիմնա­կա­նին մէջ ներկա­յիս մանաւանդ Եւրո­պա­յի մէջ եւ նոյնիսկ Ամե­րի­կա­յի մէջ տիրող անգործութիւնն է եւ կենսա­մա­կարդա­կի նուա­զումը: Զբո­սաշրջութեան նպա­տա­կով Եւրո­պա այցե­լողնե­րը կրնան վկա­յել թէ որքան դժուար է օրա­պա­հիկ ապա­հո­վե­լը, իսկ լեզուա­կան խնդի­րը քիչ բան չէ, կայ՛ նաեւ ներկա­յիս, առաւե­լա­բար Եւրո­պա­յի մէջ ազգայնա­կա­նութեան եւ օտա­րա­տեա­ցութեան դանդա­ղօ­րէն զարթնա­ցումը, որ հետեւանք է տեղա­ցի­նե­րու տնտե­սա­կան վիճա­կի վատթա­րացման եւ կենսա­մա­կարդա­կի նուազման: Իսկ այդտե­ղի կեանքին հարմա­րուի­լը դժուար է Հայաստա­նի ընկե­րա­յին կեանքին վարժ մարդուն համար, այնտեղ բոլո­րո­վին մենակ ես:  Հայաստան վերա­դարձողնե­րու դիմագրաւած դժուա­րութիւննե­րը ոչինչ են բաղդա­տած առա­ջին խումբին, գոնէ լեզուա­կան եւ ընկե­րա­յին կեանքի առումով: 

10. Եթե զանգվա­ծա­յին հայրե­նա­դարձություն տեղի ունե­նա, դա նշանակո՞ւմ է, որ Սփյուռքը նվա­զե­լու է ինչպես մարդկա­յին ռեսուրսի, այնպես էլ ֆինանսա­կան և նյութա­կան առումով։ Եվ եթե այո, արդյո՞ք դա վտանգներ չի առա­ջացնի, քանի որ հայկա­կան Սփյուռքը այսօր ոչ միայն օտար երկրնե­րում ապրող հայե­րի խումբ է, այլև քաղա­քա­կան, ֆինանսա­կան, նյութա­կան հզոր խաղա­թուղթ։ 

Ոչ, որովհե­տեւ զանգուա­ծա­յին հայրե­նա­դարձութիւն կրնայ ըլլալ միայն այն պարա­գա­յին երբ Հայաստա­նի մէջ տնտե­սութիւնը զարգա­նայ, իսկ ըլա­լու պարա­գա­յին Սփիւռքի մարդկա­յին ռեսուրսը միայն սահմա­նա­փակ ձեւով կը նուա­զի, սակայն ան կը մնայ եւ որքան բարգաւա­ճի Հայաստա­նի տնտե­սութիւնը այդքան աւե­լի կ՛ըլլան սփիւռքի ներդրումնե­րը եւ միեւնոյն ժամա­նակ ազգա­յին հպարտութեան աճի արդիւնքով ձուլումը կը նուա­զի: Միեւնոյն ժամա­նակ որքան հզո­րա­նայ ազգա­յին տնտե­սութիւնը այդքան նուազ կ՛ըլլայ Սփիւռքէն անհրա­ժեշտ նիւթա­կան կախուա­ծութիւնը: Ընդհա­կա­ռա­կը, Հայաստա­նի մէջ ներդրումներ ընե­լը կը դառնայ նիւթա­կան շահ ապա­հո­վե­լու առիթ: 

11. Ինչպե՞ս եք գնա­հա­տում այս տարվա հոկտեմբե­րին տեղի ունե­ցած համա­հայկա­կան խորհրդա­ժո­ղո­վը։ 

Խորհրդա­ժո­ղո­վին ներկայ չէի եւ կարծիք չեմ կարող տալ, սակայն կը կարծեմ որ մասնաւոր յաջո­ղութիւն չունե­ցաւ, որովհե­տեւ արձա­գանքը չլսե­ցի: 

12. Հայաստան-Սփյուռք հարա­բե­րություննե­րը շատե­րի համար ամփոփվում են Հայաստան Համա­հայկա­կան Հիմնադրա­մին ամեն տարի կատարվող նվի­րատվություննե­րի սահմաննե­րում։ Արդյո՞ք միայն ֆինանսա­կան աջակցությունը բավա­կան է, թե իրա­կա­նում դա էլ իր տեսա­կի խնդիր է։ 

Հայաստան- Սփիւռք յարա­բե­րութիւննե­րը ի հարկէ միայն Համա­հայկա­կան Հիմնադրա­մով բաւա­րա­րուե­լու չէ, իրա­կա­նութեան մէջ Սփիւռքը կազմա­կերպուե­լու պարա­գա­յին շատ աւե­լի կարո­ղունակ է Հայաստա­նին օգտա­կար ըլլա­լու առումով: Սփիւռքը հարուստ է նիւթա­կա­նէն զատ նաեւ գիտա­կան եւ մտաւո­րա­կան ներուժով, որուն մինչեւ հիմա մանրա­մասնութեամբ ծանօթ չենք եւ չենք մտա­ծած զայն օգտա­գործե­լու մասին: Պէտք է սկսիլ ամե­նա­պարզ եւ առա­ջին քայլե­րով՝ պարզա­պէս ցանկագրե­լով ( who’s who ) Սփիւռքի համալսա­րաննե­րուն եւ գիտա­կան կեդրոննե­րուն մէջ գործող դասա­խօսնե­րը եւ գիտաշխա­տողնե­րը: Գիտնանք մեր իսկա­կան ներուժը: Նոյնիսկ Հայաստա­նի մէջ գործող նոյնանման անհատնե­րու ցանկագրումը չկայ կը կարծեմ: Այդ մէկը երբ յաջո­ղինք ընել, կը հետեւին յետա­գայ անհրա­ժեշտ քայլե­րը: Կազմա­կերպուիլ պէտք է պարզա­պէս: 

13. Ի՞նչ կարող են և պիտի անեն ՀՀ‑ը և Սփյուռքը միմյանց համար։ 

Սփիւռքի համար գործե­լու հսկա­յա­կան դաշտ կայ Հայաստա­նի մէջ: Գիւղե­րու զարգացման ջանքե­րը առաջնա­յիննե­րէն են, այդ կ՛արգելակէ արտա­գաղթը: Զուգա­հեռ նպա­տակ պէտք է դառնայ ռազմարդիւնա­բե­րութեան միտուած մտայղա­ցումնե­րը: 

14. Արդյո՞ք ՀՀ և Սփյուռքը համա­հայկա­կան մասշտա­բով ունեն մեկ ընդհա­նուր գաղա­փա­րա­խո­սություն և նպա­տակ։ 

Ոչ, չունին: 

15. Հայաստան-Սփյուռք հարա­բե­րություննե­րի ձեր իդեա­լա­կան մոդե­լը։ 

Զիրար հասկնան եւ ունե­նան մէկ տեսլա­կան, որ Հայաստան եւ Սփիւռք մէկ միասնա­կան ժողո­վուրդ է եւ պէտք է ունե­նայ ներկայ պահուն մէկ գաղա­փա­րա­խօ­սութիւն, Հայաստա­նի գոյութիւնը պահպա­նե­լու եւ զայն հզո­րացնե­լու գաղա­փա­րա­խօ­սութիւն:

Ավե­տիս Պողոսյան՝ ԱՄՆ Ասպա­րե­զի Թղթա­կից

Առնչվող Հոդվածներ