18 C
Yerevan

Դաշնակցութիւնը Պառակտե­լու Սադրանքնե­րը

Ցաւա­լի եւ հեգնա­կան փաստ է, որ վերջին տարի­նե­րուն Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի կենսունակ կազմա­կերպութիւնը երկփեղկե­լու տխուր նախա­ձեռնութեան լծուած է Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ անունով եւ պաշտօ­նա­կան հանգա­մանքով գործող Դաշնակցութեան բարձրա­գոյն մարմի­նը:

Նազա­րեթ Պէրպէ­րեան

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Ի՞ՆՉ ՆՊԱՏԱԿ ԿԸ ՀԵՏԱՊՆԴԵՆ ԵՒ ՈՐՈ՞Ւ ՊԱՏՈՒԷՐԸ ԿԸ ԳՈՐԾԱԴՐԵՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԷՋ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿԱՏԵԼՈՒ ՈՒ ԿԱԶՄԱՔԱՆԴԵԼՈՒ ՃԻԳԵՐԸ…

Ն. Պէրպէ­րեան

Բարի լոյս մեր ժողո­վուրդի ազգա­յին մարտունա­կութեան ողնա­շա­րը ամրա­պինդ պահե­լու գօտե­մարտին զինուո­րագրուած գաղա­փա­րի բոլոր մարտիկնե­րուն, որոնք զօրակցութիւն կը յայտնեն Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի առոյգ կազմա­կերպութեան՝ Հայ Դատի պայքա­րին մերօ­րեայ միջնա­բերդը ամէն կարգի ոտնձգութեանց, յատկա­պէս «բիւրո­յա­կան» պիտա­կով հրա­պա­րակ նետուած պատե­հա­պաշտնե­րու մոլուցքին դէմ պաշտպա­նե­լու զօրա­շարժով:
Բարի լոյս Դաշնակցութեան գաղա­փա­րա­կան՝ ազգա­յին-քաղա­քա­կան ամբողջա­կան ազա­տագրումի, կազմա­կերպա­կան ապա­կեդրո­նա­ցումի եւ գերա­գոյն զոհա­բե­րութեան բարո­յա­կան աւանդնե­րու հնո­ցին մէջ թրծուած մեր բոլոր հաւա­տաւոր ընկերնե­րուն, որոնք այսօր կը ձայնակցին Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յէն հնչող դաշնակցա­կան ինքնա­պահպանման ու ինքնա­մաքրման համա­դաշնակցա­կան կոչին՝ ընդդէմ դուրսէն թէ ներսէն Դաշնակցա­կան Ինքնութեան սպառնա­ցող այլա­սերման վտանգնե­րուն, խաթարման սադրանքնե­րուն:
Ցաւա­լի եւ հեգնա­կան փաստ է, որ վերջին տարի­նե­րուն Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի կենսունակ կազմա­կերպութիւնը երկփեղկե­լու տխուր նախա­ձեռնութեան լծուած է Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ անունով եւ պաշտօ­նա­կան հանգա­մանքով գործող Դաշնակցութեան բարձրա­գոյն մարմի­նը:
Իսկ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի կազմա­կերպա­կան շրջա­նը, հակա­ռակ իր ընտրած մարմիննե­րու հասցէին հնչած «բիւրո­յա­կան» ամէն կարգի բանադրանքնե­րուն, հաստա­տա­կա­մօ­րէն թեւ ու թիկունք կը կանգնի երիցս իր վստա­հութեան քուէին արժա­նա­ցած «բանադրուած» Կոմի­տէ­նե­րուն եւ Կ. Կոմի­տէին՝ համե­րաշխութեան հրաւի­րե­լով նոյնինքն Հ.Յ.Դ. Բիւրոն:
Բայց ըստ երեւոյթին Հ.Յ.Դ. Բիւրոն այրած է ողջմտութեան եւ երկխօ­սութեան կամուրջնե­րը՝ ոգի ի բռին լծուե­լով Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի կազմա­կերպութեան օրի­նա­կա­նօ­րէն ընտրուած մարմիննե­րը Դաշնակցութե­նէն հեռացնե­լու եւ, փոխա­րէ­նը, իր նախա­սի­րած կամ իրեն սպա­սարկող երկրորդ Կեդրո­նա­կան Կոմի­տէութիւն մը առա­ջացնե­լու արշաւին…
Վիճա­կը ողբերգա­կան է այն աստի­ճան, որ աւե­լի քան 110 տարուան կեանք ունե­ցող՝ դաշնակցա­կան մամուլի վեթե­րաննե­րէն շրջա­նի պաշտօ­նա­թերթ «Ասպարէզ»ը «բիւրո­յա­կան» հրա­հանգով դուրս դրուած է — անշուշտ սոսկ թուղթի վրայ — դաշնակցա­կան մամուլի ընտա­նի­քէն…
Աւե­լին. «բիւրո­յա­կան» կողմը հրա­պա­րակ նետած է ինչ որ «Օրա­կարգ» անունով իր… պաշտօ­նա­թերթը:
Այս ամէ­նուն լոյսին տակ՝ հայ մարդոց մօտ բնա­կա­նա­բար կ’առաջանան հարցա­կաններ, թէ Ի՞ՆՉ ՆՊԱՏԱԿ ԿԸ ՀԵՏԱՊՆԴԵՆ ԵՒ ՈՐՈ՞Ւ ՊԱՏՈՒԷՐԸ ԿԸ ԳՈՐԾԱԴՐԵՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԷՋ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿԱՏԵԼՈՒ ԵՒ ԿԱԶՄԱՔԱՆԴԵԼՈՒ ՆՄԱՆՕՐԻՆԱԿ ՃԻԳԵՐԸ:
Ի վերջոյ Արեւմտեան Ամերկա­յի Հ.Յ.Դ. կազմա­կերպութիւնը երկա­տե­լու փորձե­րը միայն Դաշնակցութեան դէմ ուղղուած չեն.

Կը սպառնան ոչ միայն ամբողջ Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի հայութեան ներքին համե­րաշխութեան ու կենսունա­կութեան, այլեւ՝ ծանր հարուա­ծի տակ կը դնեն ողջ ՀԱՅԱՇԽԱՐՀի ցանուցրիւ մեր ժողո­վուրդը, որ հազա­րումէկ թելե­րով կապուած է ամե­րի­կա­հա­յութեան հետ եւ բախտո­րոշ գրաւ դրած է անոր վրայ:
Մտա­հան պէտք չէ ընել, որ ազգա­յին մեր արմատնե­րու եւ արժէքնե­րու պահպանման ու վերա­նո­րոգման ճակա­տին վրայ՝ բախտո­րոշ եւ ծանրա­գոյն պայքա­րը կը մղուի առաւե­լա­բար արեւմտեան ափե­րու վրայ, ուր ազգե­րու եւ ժողո­վուրդնե­րու ձուլման կաթսան բառա­ցիօ­րէն կուլ կու տայ բոլո­րիս… իսկ արտա­քին այդ վտանգը ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ տարո­ղութիւն կը ստա­նայ, երբ ներքին ցեցեր պատե­հա­պաշտութեան անձնա­տուր կ’ըլլան ու — մեր աւանդնե­րը ոտնա­կո­խե­լու գնով — աւե­րակնե­րու վրայ թագաւո­րել կ’երազեն:
Նաեւ ու մանաւանդ պէտք չէ մոռնալ, որ Դաշնակցութեան մէջ ԱՄԷՆ ԲԱՆԷ ՎԵՐը Դաշնակցա­կա­նին Գերա­գոյն Զոհա­բե­րութիւնն է, որուն առջեւ կը խոնարհին, պէտք է խոնարհին մնա­ցեալ բոլո­րը՝ կանո­նա­գիր թէ օրէնքներ, մարմիններ թէ հանգա­մանքներ:
Իսկ Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի դաշնակցա­կան կազմա­կերպութիւնը միշտ ալ հաստա­տա­կամ կանգնած է ծառա­յութեան պատնէ­շին վրայ:
Հետեւա­բար, Դաշնակցութեան ԱՄԷՆ ԲԱՆԷ ՎԵՐը հարուա­ծե­լու կը ծառա­յեն Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի ամրա­պինդ ՄԻՋՆԱ­ԲԵՐԴը երկա­տե­լու կամա­յա­կա­նութիւննե­րը, մանաւանդ երբ կը կատա­րուին Հ.Յ.Դ. բարձրա­գոյն մարմնի անունով եւ հարուա­ծի տակ կը դնեն վարկն ու հեղի­նա­կութիւնը հանուր Դաշնակցութեան:
Վերջին հաշուով հայ ժողո­վուրդի ազգա­յին կազմա­կերպ հզօ­րանքին դէմ են ուղղուած ընդհանրա­պէս Դաշնակցութիւնը ներքնա­պէս պառակտե­լու եւ կազմա­կերպա­կա­նօ­րէն ջլա­տե­լու սադրանքնե­րը:
Սադրանքնե­րը՝ Հայաստա­նի եւ հայութեան թշնա­մի­նե­րուն:

Առնչվող Հոդվածներ