20.4 C
Yerevan

Բաց Նամակ Կայծ Մինա­սեա­նին

Մաս Բ

Հաւա­տա­լով, որ Դաշնակցութիւնը յարա­փո­փոխ շարժումն է եւ չհանգող ու չխա­ղա­ղող գաղա­փա­րա­կան մարմին մը, անի­կա կրնայ անպայմա­նօ­րէն ինքզինք վերա­նո­րո­գել եւ ժամա­նա­կի պահանջնե­րուն համա­ձայն արդիա­կա­նա­նալ։ Ահա այստեղ է հեղի­նա­կին նշած կարեւոր եզրա­յանգումը՝ Դաշնակցութիւնը վերա­դարձնել կուսակցա­կան ընկերնե­րուն։

Գէորգ Թորո­յեան

Շարունա­կենք Ռուբէն Տէր Մինա­սեա­նի ղեկա­վարման ժամա­նա­կա­հա­տուա­ծին քննարկումը։ Պարոն Մինա­սեան կ՛ըսէ, թէ Ռուբէն Դաշնակցութիւնը ներսէն ձեւա­կերպեց, իբրեւ  ամբողջա­տի­րա­կան կառոյց եւ այդ նպա­տա­կով Նիկոլ Աղբա­լեա­նին թելադրուե­ցաւ գրել «Մտա­ծումներ ՀՅԴի Մասին» գիրքը, որուն նպա­տակն էր՝ Ռուբէ­նի յուշե­րու կողքին, կաղա­պա­րել եւ վերա­ձեւաւո­րել դաշնակցա­կա­նի կերպա­րը։

Այստեղ անհրա­ժեշտ է կատա­րել կարեւոր նշում մը։ Սիմոն Վրա­ցեա­նի կը պատմէ, թէ իր առա­ջարկ-թելադրանքով Աղբա­լեա­նը գրած է նշեալ գիրքը եւ նկա­տի ունե­նա­լով, որ Վրա­ցեան-Ռուբէն յարա­բե­րութիւննե­րը այնքան ալ դրա­կան չէին (ըստ հեղի­նա­կին), ապա Վրա­ցեա­նի այս քայլը կարե­լի չէ մեկնա­բա­նել իբրեւ առաւե­պաշտութեան ի նպաստ առնուած քայլ մը։ Աւե­լին. Աղբա­լեա­նէն քանի մը տասնա­մեակ ետք, Հրաչ Տասնա­պե­տեա­նի հեղի­նա­կութեամբ լոյս տեսաւ «Ո՞վ Է Դաշնակցա­կա­նը» գիրքը, որ նոյնպէս դաշնակցա­կա­նի կերպա­րի մասին է։

Եթէ հեղի­նա­կը Հրաչ Տասնա­պե­տեա­նը կը համա­րէ ազա­տա­կան, ապա այս գիրքը նոյն տրա­մա­բա­նութեամբ առաւե­լա­պաշտնե­րու ջրա­ղա­ցին ջուր կը լեցնէ։ Բայց պարոն Մինա­սեա­նը լռութիւն կը պահէ այս գիրքին մասին։ Պէտք է արձա­նագրել, որ նշեալ զոյգ գիրքե­րը շատ յստակ նպա­տակ ունե­ցած են՝ Դաշնակցա­կան Մարդու կերպա­րը ներկա­յացնել նորա­հաս սերունդնե­րուն, թէ՛ իբրեւ բարո­յա­կան կերպար («Ո՞վ Է Դաշնակցա­կա­նը») եւ թէ իբրեւ յանձնա­ռու կուսակցա­կան («Մտա­ծումներ ՀՅԴի Մասին»)։

Եթէ Ռուբէ­նի առաւե­լա­պաշտութեան ամէ­նէն թունդ հետեւորդնե­րէն կը համա­րուի Բաբգէն Փափա­զեան, ապա ան իր դասա­խօ­սութիւննե­րուն մէջ յաճախ կը շեշտէր այն միտքը, թէ չկայ դաշնակցա­կա­նի ամբողջա­կան կերպար մը, որուն կարե­լի է նմա­նիլ, այլ դաշնակցա­կա­նութիւնը հաւա­քա­կան կերպար մըն է, որուն պէտք է առաւե­լա­գոյն չափով մօտե­նալ ձգտիլ։

Վերա­դառնա­լով Ռուբէ­նին, պէտք է ընդգծել, որ առնուազն իմ գիտութեամբս, մեր յեղա­փո­խա­կան յուշագրութիւննե­րուն մէջէն միայն անոր յուշե­րուն մէջ կը հանդի­պինք, յաճախ տողա­տա­կով եւ երբեմն ալ բացա­յայտ, Դաշնակցութեան հանդէպ քննա­դա­տութիւննե­րու, Դաշնակցութե­նէն ներս յոռի երեւոյթնե­րու մատնանշումին, հակա­ռակ այն իրո­ղութեան որ ան կը մեղադրուի ՀՅԴ պատմութիւնը առասպե­լա­կա­նա­ցուած ձեւով ներկա­յացնե­լու յանցանքով։ Իսկ ամէ­նէն բուռն քննա­դա­տութիւննե­րուն կը հանդի­պինք Հայաստա­նի Առա­ջին Հանրա­պե­տութեան շրջա­նի պատմութեան մէջ (7րդ հատոր), երբ 1919ի Ընդհա­նուր ժողո­վէն ետք Դաշնակցութեան փաստա­ցի ղեկա­վա­րը ի՛նքը՝ Ռուբէնն էր։

Անշուշտ տակաւին կարե­լի է հարց տալ, թէ կուսակցութեան ղեկա­վարման այս գործընթացնե­րուն մէջ ի՞նչ եղած են Նժդե­հի եւ Դրո­յի դերա­կա­տա­րութիւննե­րը, որոնց մասին հեղի­նա­կը գրե­թէ ոչինչ կ՛ըսէ։

Եթէ առաւե­լա­պաշտութիւնը տարբեր ժամա­նա­կաշրջաննե­րուն տարբեր դէմքե­րով դրսեւո­րուած է կուսակցութեան մէջ, ապա կարե­լի չէ առաւե­լա­պաշտ բոլոր դէմքե­րը նոյն հարթութեան վրայ դնել։ Այսինքն կարե­լի չէ Ռուբէ­նը համե­մա­տել հեղի­նա­կին նշած մերօ­րեայ առաւե­լա­պաշտնե­րուն հետ։

Յօդուա­ծա­շարքին մէջ մեծ բաժին կը յատկա­ցուի նաեւ Մարուխեան-Զէյթլեան զոյգին։ Այս հանգրուա­նին համար ալ բազմա­թիւ հարցադրումներ կը ծագին։ Նշեմ գոնէ երկուքը։

Հեղի­նա­կը կ՛ըսէ, թէ այդ տարի­նե­րուն արտա­քին քաղա­քա­կա­նութեան մէջ կատա­րուե­ցաւ հիմնա­կան փոփո­խութիւն։ Նախկին հակա­խորհրդա­յին կեցուածքը փոխա­րի­նուե­ցաւ աւե­լի մեղմ, չըսե­լու համար դրա­կան, մօտե­ցումով, մասնաւո­րա­բար՝ Խորհրդա­յին Հայաստա­նի հանդէպ։ Յօդուա­ծին մէջ պարոն Մինա­սեան բաւա­կան լաւ ձեւով կ՛անդրադառնայ Արեւմուտքի, մասնաւո­րա­բար Միա­ցեալ Նահանգնե­րու յարձա­կո­ղա­կան քաղա­քա­կա­նութեան՝ ԽՍՀՄի դէմ, 1970–80ականներուն (Լիբա­նա­նի քաղա­քա­ցիա­կան պատե­րազմ, պաղեստի­նեան զինեալ թեւի կազմա­լուծում, Իրան-Իրաք պատե­րազմ եւայլն)։ Արդ, հարց կը ծագի, թէ նման փոփո­խութիւն մը որքա­նով իրա­տե­սա­կան էր, մանաւանդ եթէ նկա­տի ունե­նանք, որ Սարգիս Զէյթլեա­նի ուղղութիւնը, որ կ՛արտայայտուի «Դրօշակ»ի խմբագրա­կաննե­րուն ընդմէ­ջէն, ոչ Արեւելք եւ ոչ Արեւմուտք, այլ հաւա­սա­րակշռուած քաղա­քա­կան մօտե­ցումը եղած է։

Նոյն այս ծիրէն ներս, յօդուա­ծա­գի­րը կը նշէ որ, ի հակա­ռակ 1920ին, ՀՅԴի ղեկա­վա­րութիւնը չէր հաւա­տար Խորհրդա­յին Միութեան փլուզման։ Մինչդեռ, 1985–86 թուա­կաննե­րուն, ՀՅԴի տարբեր դէմքեր նախա­տե­սած են խորհրդա­յին կայսրութեան անկումը, յաջորդող քանի մը տարի­նե­րու ընթացքին։

Վերոնշեալնե­րը կրնան մանրա­մասնութիւններ թուիլ, բայց հեղի­նա­կը, եթէ կը քննա­դա­տէ ՀՅԴի գործունէութիւնը Հայաստա­նի մէջ, ապա պէտք է ընդունի, որ անոր արմատնե­րը չեն գար առաւե­լա­պաշտութե­նէն, այլ քաղա­քա­կան այն ուղե­գի­ծէն, որ որդեգրուած էր Հայաստա­նի անկա­խութիւնը անմի­ջա­կա­նօ­րէն նախորդող տարի­նե­րուն։ Այս մասին, ինչպէս հեղի­նա­կը կը նշէ, բաւա­կան դիպուկ յօդուած գրած է Վահէ Օշա­կան այդ տարի­նե­րու, ՀՅԴ պաշտօ­նա­թերթ «Դրօշակ»ի եւ «Ասպարէզ»ի մէջ։

Պրն. Կայծ Մինա­սեան իր յօդուա­ծա­շարքը կ՛աւարտէ դրա­կան կերպով։ Յօդուա­ծա­շարքով քննա­դա­տութիւններ կատա­րե­լէ ետք ան նաեւ լուծումներ կ՛առաջարկէ, որոնցմէ գլխաւո­րը՝ ամբողջա­կան ապա­կեդրո­նա­ցումն է, որ քրիստա­փո­րեան Դաշնակցութեան էութիւնն է։

ՀՅԴի հիմնադրութե­նէն 133 տարի­ներ եւ անոր հիմնա­դիր ռահվի­րա­յին՝ Քրիստա­փոր Միքա­յէ­լեա­նի նահա­տա­կութե­նէն 117 տարի ետք, Քրիստա­փո­րի գաղա­փարնե­րը կը մնան նոյնքան այժմէա­կան։ Ան սովո­րա­կան կուսակցութիւն չէր ստեղծած։ Մերօ­րեայ բնո­րո­շումով, Քրիստա­փո­րը MEGA կուսակցութիւն մը հիմնած էր եւ անոր պատկե­րա­ցուցած ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ շարժումին կարե­լի է վերա­դառնալ իբրեւ դաշնակցա­յին համախմբում կամ շարժում, հիմք ընդունե­լով ՀՅԴ «Մանիֆեստ»ը եւ դուրս գալով ՀՅԴի կանո­նագրա­յին կապանքնե­րէն։

Հաւա­տա­լով, որ Դաշնակցութիւնը յարա­փո­փոխ շարժումն է եւ չհանգող ու չխա­ղա­ղող գաղա­փա­րա­կան մարմին մը, անի­կա կրնայ անպայմա­նօ­րէն ինքզինք վերա­նո­րո­գել եւ ժամա­նա­կի պահանջնե­րուն համա­ձայն արդիա­կա­նա­նալ։ Ահա այստեղ է հեղի­նա­կին նշած կարեւոր եզրա­յանգումը՝ Դաշնակցութիւնը վերա­դարձնել կուսակցա­կան ընկերնե­րուն։

(Շար. 2 եւ վերջ)  

Հոդվա­ծը՝ Asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ