Փետրուարեան ապստամբութիւնը անկախ Հայաստանի պետականութիւնը պահելու եւ իբրեւ ուրոյն պետութիւն գոյատեւելու վերջին ճիգը եւ փորձն էր Մայիս 28 կերտած սերունդին։
Գէորգ Թորոյեան
Փետրուարը՝ Յատկանշական Ամիս
Հայոց պատմութեան մէջ եթէ Մայիս ամիսը կը յատկանշուի իբրեւ յաղթանակներու ամիս, ապա Փետրուարը նուազ կարեւորութիւն չի ներկայացներ մեր պատմութեան մէջ։
Այս տարի 35ամեակն է Արցախեան պահանջատիրութեան եւ անոր յաջորդած Ատրպէյճանի կողմէ կազմակերպուած եւ իրագործուած Սումկայիթեան ջարդերուն։
1923ին, Ստալինի որոշումով (նախօրօք Թուրքիոյ հետ կատարուած դաւադիր պայմանաւորուածութեան հիման վրայ), Արցախը եւ Նախիջեւանը բռնակցուեցան Ատրպէյճանին։ Հակառակ խորհրդային բռնատիրական վարչակարգին, Արցախի հարցը հայութեան եւ մանաւանդ Հայաստանի առողջ մտաւորականներուն համար շարունակեց մնալ ազգային եւ պատմական անժամանցելի իրաւունքի հարց։ Մասնաւորաբար 1965ի Հայոց Ցեղասպանութեան 50ամեակի զարթօնքէն ետք, Հայաստանի բազմաթիւ մտաւորականներ (Պարոյր Սեւակ, Սուրէն Այվազեան եւայլն) արծարծեցին զայն, առանց շօշափելի արդիւնքներու հասնելու։
1985ին Խորհրդային Միութեան մէջ սկսած ազատականութիւնը աւելի համարձակ ձեւով ջուրի երես հանեց Արցախի հարց եւ վերջապէս 1988 Փետրուարի երկրորդ կէսէն սկսեալ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ սկսան ցոյցերը՝ որոնց կարգախօսն էր՝ ՄԻԱՑՈՒՄ։ Հայաստանի հետ միացումի պահանջով տեղի ունեցող ցոյցերուն լոյսին տակ, Փետրուար 20ին Ստեփանակերտի մէջ ԼՂԻՄ Ժողովրդական երեսփոխաններու խորհուրդի արտահերթ նիստի ընթացքին որոշուեցաւ՝ «Դիմել Ատրպէյճանական եւ Հայկական ԽՍՀներու Գերագոյն խորհուրդներուն, անոնց միջնորդութեամբ ԼՂԻՄը Ատրպէյճանական ԽՍՀի կազմէն Հայկական ԽՍՀի կազմ վերադարձնելու պահանջով»։ Նոյն այդ օրը, Երեւանի մէջ սկսան ցոյցերը ի աջակցութիւն արցախահայութեան։ Հայութեան այս արդար պահանջին, Ատրպէյճանը հակադարձեց թրքական ոճով։ Փետրուար 27-29ի միջեւ, նախապէս ծրագրուած եւ ամբոխը գրգռելու նպատակով կեղծ լուրեր տարածելով, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, սովետական իշխանութիւններուն լուռ մեղսակցութեամբ, շարունակեց դարասկիզբին կատարուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Միայն երեք օրերու ընթացքին տեղի ունեցած համակարգուած ջարդերը կը վկայեն, որ Սումկայիթը նոր ցեղասպանութիւն մըն էր։ Երեք օր շարունակուող սպանդի հետեւանքները զարհուրելի էին, ջարդարարներու գործողութիւնները՝ անպատմելի, դաժան. ԽՍՀՄ պաշտօնական տուեալներով քանի մը տասնեակ, իսկ ոչ պաշտօնական տուեալներով հազարէն աւելի սպաննուածներ, որոնց մեծ մասը խոշտանգումներու եւ կտտանքներու ենթարկուելէ ետք։ Ողջակիզուածներ, հազարաւոր վիրաւորներ, հարիւրաւոր բռնաբարուածներ, որոնց կարգին՝ մեծ թիւով անչափահասներ, 18,000 գաղթականներ, հարիւրաւոր աւերուած եւ կողոպտուած բնակարաններ, տասնեակներով կողոպտուած խանութներ, արհեստանոցներ եւ այրած եւ ջարդուած ինքնաշարժներ եւայլն։
Թէ՛ Արցախեան պահանջատիրական շարժումը եւ թէ անոր յաջորդած Սումկայիթեան եղեռնը ուսանելի դասեր պէտք է ըլլային մեզի համար։ Եթէ Արցախեան շարժումը իր տրամաբանական շարունակութիւնը ապրեցաւ եւ վերածուեցաւ պատերազմի (1991-1994), որ աւարտեցաւ հայկական յաղթանակով եւ Արցախի ամբողջական ազատագրումով, ապա Սումկայիթեան ոճիրները մոռցուեցան մեր կողմէ, իբրեւ արդարութեան պահանջ եւ բաւարարուեցանք այդ ՈՃԻՐին զոհերուն սոսկական յիշատակումով։ Ոչ մէկ պարագայի չմտածեցինք եւ չձեռնարկեցինք Սումկայիթեան եղեռնը միջազգային ատեաններու մէջ բարձրացնելու եւ Ատրպէյճանին պատասխանատուութեան ենթարկելու հարցը։ Նոյնիսկ Արցախի տագնապին կարգաւորման բանակցութիւններու ընթացքին, մեր բանակցողները չբարձրացուցին այս հարցը՝ Ատրպէյճանը դէմ յանդիման դնելու իր կատարած ոճիրներուն հետ եւ հաշուետուութիւն չպահանջեցինք անկէ։ Այս ապիկարութիւնը ամօթի խարան մըն է մեր ճակատին եւ մեր այս թուլամորթ վերաբերմունքը մեր զոհերու դահիճներուն հանդէպ, խրախուսեց զիրենք, որ աւելի ուշ նոր ոճիրներ գործեն։ Այսօր, 2020ի պատերազմի լոյսին տակ, հարց կը ծագի, Սումկայիթեան ջարդերուն հանդէպ մեր լռութիւնը Հայաստանի՞ թէ՞ այլ երկիրի մը շահերէն կը բխէր։
Փետրուարին կարելի չէ չյիշել 1921ին կատարուած Փետրուարեան ապստամբութիւնը։ 1920 Դեկտեմբեր 2ին Անկախ Հայաստանի իշխանութիւնները երկիրին ղեկը յանձնեցին համայնավարներուն, նախօրօք համաձայնութեամբ մը, որ դաշնակցականները եւ պետական այրերը հալածանքէ զերծ պիտի մնան։ Խորհրդային կարգերը չյարգեցին իրենց խոստումը եւ սկսաւ համատարած հալածանք դաշնակցականներու եւ հայկական բանակի սպայակազմին դէմ։ Ձերբակալուեցան շուրջ 1000 դաշնակցականներ, որոնցմէ շատերը սպաննուեցան, միւսներն ալ ղրկուեցան Պաքուի եւ Ռուսիոյ բանտերը, իսկ հայկական բանակի 1500 սպաները, բանակի հրամանատար Թովմաս Նազարբէկեանի գլխաւորութեամբ, նոյնպէս ձերբակալուեցան եւ աքսորուեցան Սիպերիա։ Այս անլուր ոճիրները ժողովուրդին մէջ ստեղծեցին դժգոհութեան ալիք մը, որ իր գագաթնակէտին հասաւ Փետրուար 16-17ին, Երեւանի բանտին մէջ կատարուած ոճիրներուն ի տես։ Ապստամբութեան առաջին կռիւները սկսան Արագածի լանջերուն ապաստանած սասունցիները, որոնք նախկին խմբապետներու առաջնորդութեամբ ապստամբեցան համայնավար կարգերուն դէմ։ Ապա Փետրուար 17ի գիշերը, խմբապետ Կուռօ Թարխանեանի եւ Բաշգառնեցի Մարտիրոսի առաջնորդութեամբ, ժողովրդային ուժերը Գառնիէն շարժելով, Փետրուար 18ի առաւօտուն գրաւեց Երեւանը։ Կազմուեցաւ Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէ, Սիմոն Վրացեանի գլխաւորութեամբ, որ վարեց երկիրի գործերը մինչեւ Ապրիլ 2, երբ Կարկիր բանակը գրաւեց Երեւանը, իսկ ապստամբները անցան Զանգեզուր, ապա՝ Պարսկաստան։ Փետրուարեան ապստամբութեան ամբողջական պատմութիւնը լաւագոյն ձեւով ներկայացուցած է Կարօ Սասունին իր համանուն գիրքին մէջ։
Փետրուարեան ապստամբութիւնը անկախ Հայաստանի պետականութիւնը պահելու եւ իբրեւ ուրոյն պետութիւն գոյատեւելու վերջին ճիգը եւ փորձն էր Մայիս 28 կերտած սերունդին։ Եթէ Մայիսեան յաղթանակները ծնունդ տուին Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան ծնունդին, ապա այս ապստամբութիւնը անթիւ զոհողութիւններով ձեռք բերուած մանուկ հանրապետութիւնը օտարի՝ ռուսական ճիրաններէն փրկել կը միտէր։
Այսօր Արցախեան շարժումէն 35 տարի եւ Փետրուարեան ապստամբութենէն 102 տարի անց, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կանգնած է նոյնանման մարտահրաւէրներու առջեւ։ Հայաստանը կանգնած է իր պետականութիւնը կորսնցնելու վտանգին առջեւ, նոյն բեմադրութեամբ, որուն ականատես եղաւ հայ ժողովուրդը 20րդ դարասկիզբին։ Չկրկնելու համար նոյն այդ սխալները, պէտք է դասեր քաղել պատմութենէն, հասկնալով կատարուած եւ կատարուող դէպքերուն աշխարհաքաղաքական խորքը եւ եթէ հնարաւոր է, շահեր արձանագրել կամ գոնէ նուազագոյն կորուստներով դուրս գալ։ Առաջին Հանրապետութեան անկման գլխաւոր պատճառներէն մէկը մեր անմիութիւնն էր։ Այսօր ալ դժբախտաբար վարակուած ենք նոյն ախտագին հիւանդութեամբ։
Ժամանակն է որ իւրաքանչիւր անհատ հայու եւ կազմակերպութեան գլխաւոր նպատակակէտը դառնայ Հայաստանի պետութեան ամրակայումը, իբրեւ հիմք գալիք բոլոր նուաճումներուն եւ յաղթանակներուն։
Արցախեան շարժման ոգին այդ էր եւ յաղթեցինք։
Փետրուարեան ապստամբութիւնն ալ նոյն ոգիով էր։
Հոդվածը՝ Asbarez.am կայքից։