Կառչելով մեր գաղափարական ակունքներուն՝ ամրօրէն նեցուկ կը կանգնինք հաւասարութեան եւ արդարասիրութեան՝ բոլոր կիներուն համար, աշխարհի տարածքին:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԻՆԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ՝ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Խօսքը
Այսօր՝ 8 Մարտին, կը նշուի Միջազգային Կիներու Օրը: Օր մը՝ ոչ միայն փառաբանելու կիներու կորովը եւ տոկունութիւնը, այլ նաեւ ստանձնելու մեր յանձնառութիւնը՝ նեցուկ կանգնելու մեր դուստրերուն եւ ուժ տալու անոնց:
Ինչպէս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Միջազգային Կիներու Օրը ծագում առած է ընկերվարական իտիէալներէ՝ սկսելով աշխատաւորական եւ կիներու քուէարկութեան իրաւունքի շարժումներէն, 1900ակններու սկիզբը: Իր հիմնադրութենէն սկսած, ՀՅԴն իր բոլոր տեսակի գործերուն մէջ զինուորագրեց կիներ:
Կիներ այս կազմակերպութեան մաս կազմած են իր գոյութեան ամբողջ ընթացքին: Սկսելով զէնք վերցնելէն ֆետայիներու օրերուն մինչեւ Արցախի ազատագրումը, Առաջին Հանրապետութեան խորհրդարանի դահլիճներէն ակադեմիոյ դահլիճները, եւ անդին, կիներու՝ մեր Դատի հետապնդման մասնակցիլը եղած է նշանակալի եւ անգնահատելի:
Կառչելով մեր գաղափարական ակունքներուն՝ ամրօրէն նեցուկ կը կանգնինք հաւասարութեան եւ արդարասիրութեան՝ բոլոր կիներուն համար, աշխարհի տարածքին: Դժբախտաբար, կիներու իրաւունքներուն նկատմամբ մեր գաղափարական հրամայականները մեր կազմակերպական կեանքին մէջ միշտ տեղ չեն գտած:
Իրականութեան մէջ, յաջորդական Ընդհանուր ժողովներու որոշումները, զորս մեր Շրջանը հպարտօրէն պաշտպանած է, սակայն հաւասար ներկայացուածութեան մասին բարձրագոյն մարմիններու կողմէ ճարտասանական յայտարարութիւններու հետեւութիւնը մնաց թուղթի վրայ, մեզի ձգելով այդ գծով մեծածաւալ աշխատանք: Կիներու իրաւունքներու մասին մեր յայտարարութիւնները չվերածուեցան իսկական ճիգերու Հայաստանի մեր կառոյցի գործունէութեան մէջ:
Այս բոլորին պատճառներով է որ այսօր եւ միշտ մենք կը կանգնինք կիներու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու կողքին՝ մեր Կազմակերպութեան մէջ, մեր Հայրենիքի մէջ, Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր կ՛ապրինք եւ կը գործենք, եւ իսկապէս աշխարհի տարածքին:
Մեր բարոյականութիւնը մեզ կը հարկադրէ:
Մեր գաղափարախօսութիւնը մեզ կը բոցավառէ:
Մեր Ծրագիրը մեզ յառաջ կը մղէ:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
8 Մարտ 2023
Հոդվածը՝ Asbarez.am կայքից։