26.4 C
Yerevan

Մարտի Ութի Գաղա­փա­րա­կան Շնորհա­վո­րանք

Կառչե­լով մեր գաղա­փա­րա­կան ակունքնե­րուն՝ ամրօ­րէն նեցուկ կը կանգնինք հաւա­սա­րութեան եւ արդա­րա­սի­րութեան՝ բոլոր կինե­րուն համար, աշխարհի տարածքին:

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԻՆԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ՝ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի Կեդրո­նա­կան Կոմի­տէի Խօսքը

Այսօր՝ 8 Մարտին, կը նշուի Միջազգա­յին Կինե­րու Օրը: Օր մը՝ ոչ միայն փառա­բա­նե­լու կինե­րու կորո­վը եւ տոկունութիւնը, այլ նաեւ ստանձնե­լու մեր յանձնա­ռութիւնը՝ նեցուկ կանգնե­լու մեր դուստրե­րուն եւ ուժ տալու անոնց:

Ինչպէս Հայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութիւնը, Միջազգա­յին Կինե­րու Օրը ծագում առած է ընկերվա­րա­կան իտիէալնե­րէ՝ սկսե­լով աշխա­տաւո­րա­կան եւ կինե­րու քուէարկութեան իրաւունքի շարժումնե­րէն, 1900ակններու սկիզբը: Իր հիմնադրութե­նէն սկսած, ՀՅԴն իր բոլոր տեսա­կի գործե­րուն մէջ զինուո­րագրեց կիներ:

Կիներ այս կազմա­կերպութեան մաս կազմած են իր գոյութեան ամբողջ ընթացքին: Սկսե­լով զէնք վերցնե­լէն ֆետա­յի­նե­րու օրե­րուն մինչեւ Արցա­խի ազա­տագրումը, Առա­ջին Հանրա­պե­տութեան խորհրդա­րա­նի դահլիճնե­րէն ակա­դե­միոյ դահլիճնե­րը, եւ անդին, կինե­րու՝ մեր Դատի հետապնդման մասնակցի­լը եղած է նշա­նա­կա­լի եւ անգնա­հա­տե­լի:

Կառչե­լով մեր գաղա­փա­րա­կան ակունքնե­րուն՝ ամրօ­րէն նեցուկ կը կանգնինք հաւա­սա­րութեան եւ արդա­րա­սի­րութեան՝ բոլոր կինե­րուն համար, աշխարհի տարածքին: Դժբախտա­բար, կինե­րու իրաւունքնե­րուն նկատմամբ մեր գաղա­փա­րա­կան հրա­մա­յա­կաննե­րը մեր կազմա­կերպա­կան կեանքին մէջ միշտ տեղ չեն գտած:

Իրա­կա­նութեան մէջ, յաջորդա­կան Ընդհա­նուր ժողովնե­րու որո­շումնե­րը, զորս մեր Շրջա­նը հպարտօ­րէն պաշտպա­նած է, սակայն հաւա­սար ներկա­յա­ցուա­ծութեան մասին բարձրա­գոյն մարմիննե­րու կողմէ ճարտա­սա­նա­կան յայտա­րա­րութիւննե­րու հետեւութիւնը մնաց թուղթի վրայ, մեզի ձգե­լով այդ գծով մեծա­ծաւալ աշխա­տանք: Կինե­րու իրաւունքնե­րու մասին մեր յայտա­րա­րութիւննե­րը չվե­րա­ծուե­ցան իսկա­կան ճիգե­րու Հայաստա­նի մեր կառոյցի գործունէութեան մէջ:

Այս բոլո­րին պատճառնե­րով է որ այսօր եւ միշտ մենք կը կանգնինք կինե­րու իրաւունքնե­րու եւ ազա­տութիւննե­րու կողքին՝ մեր Կազմա­կերպութեան մէջ, մեր Հայրե­նի­քի մէջ, Միա­ցեալ Նահանգնե­րու մէջ, ուր կ՛ապրինք եւ կը գործենք, եւ իսկա­պէս աշխարհի տարածքին:

Մեր բարո­յա­կա­նութիւնը մեզ կը հարկադրէ:
Մեր գաղա­փա­րա­խօ­սութիւնը մեզ կը բոցա­վա­ռէ:
Մեր Ծրա­գի­րը մեզ յառաջ կը մղէ:

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
8 Մարտ 2023

Հոդվա­ծը՝ Asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ