20 C
Yerevan

Դաշնակցությունը Ճանա­պարհ Է

Դաշնակցութեան նպա­տա­կը յաջող օրէնք մը առա­ջարկե­լը չէ կամ ալ յաջող գործունէութիւն մը ընե­լը եւ անորմով հպարտա­նա­լը, այլ յաջող ու օգտա­կար օրէնք մը մէջտեղ բերելն է եւ գործունէութիւն մը ընելն է ու աշխա­տանք տանիլն է, որպէսզի իր այդ յաջող օրէնքը եւ գործունէութիւնը ժողո­վուրդին տարբեր խաւե­րու կողմէ, կամ ալ պետութեան կողմէ որդեգրուի ու լայնա­ծաւալ կերպով գործադրուի։

Արա Խանճեան

Ընկեր Սարգիս Զէյթլեա­նի 1979ի Ճառէն Կարգ Մը Միտքեր

Ընկեր Սարգիս Զէյթլեան 1979ին, Լիբա­նա­նի Պուրճ Համուտ շրջա­նին մէջ, ՀՅԴի 89ամեակին առի­թով արտա­սա­նած էր հոյա­կապ ճառ մը, որուն մէջ ՀՅԴի մասին շեշտած էր բազմա­թիւ գաղա­փարներ եւ կատա­րած յատկութիւններ, որոնց պէտք է ամէն դաշնակցա­կան գիտակցի եւ զորս պէտք է լաւա­պէս միտքը պահէ: 

Պէտք է երախտա­պարտ ըլլանք հանգուցեալ Դանիէլ Մածունեա­նին, որ 44 տարի­ներ առաջ, այս ճառը ձայնագրած էր եւ պահած իր արխիւնե­րուն մէջ:

Ճառը այնքան հիա­նա­լի եւ այժմէա­կան է, որ մտա­ծե­ցի կարգ մը, իմ ակնո­ցով դիտած, յատկանշա­կան բաժիններ արտատպել անոնց համար, որոնք ժամա­նակ չունին 35 վայրկեան տեւո­ղութեամբ ճառը մտիկ ընե­լու:

Վերջաւո­րութեան, կը յիշեմ անձնա­կան փորձա­ռութիւն մը ընկեր Զէյթլեա­նի հետ: Անշուշտ ճառը իր ամբողջութեան մէջ մտիկ ընե­լը շատ աւե­լի լաւ է, որովհե­տեւ լսո­ղը կը վայե­լէ ընկեր Զէյթլեա­նի շեշտե­րը, որոնք օգտա­կար են միտքե­րը աւե­լի լաւ ձեւով հասկնա­լու:

Դաշնակցութիւնը «միջոց է, ճանա­պարհ է, նպա­տակ չէ»

Ճառին 6րդ վայրկեա­նին, ընկեր Զէյթլեան կ՛ըսէ, թէ Դաշնակցութիւնը«միջոց է, ճանա­պարհ է, նպա­տակ չէ»։

Այս հաստա­տումը կարեւոր է, որովհե­տեւ կարգ մը դաշնակցա­կաններ եւ համա­կիրներ կը մոռնան, թէ նպա­տա­կը հայութիւնը ու Հայաստանն են, այլ ոչ թէ Դաշնակցութիւնը։

«Վայ դաշնակցա­կան այն շարքա­յի­նին, որ արհա­մարհանք ունի իր ժողո­վուրդի զանգուածնե­րուն հանդէպ»

Մօտաւո­րա­պէս 18։12րդ վայրկեա­նին, ան կ՛ըսէ. «Առանց ժողո­վուրդին Դաշնակցութիւնը ոչինչ է։ Իր ժողո­վուրդին հետ ամէն ինչ է։ Եւ հետեւա­բար, մենք ամէն տեղ, ամէն ճակա­տի վրայ ժողո­վուրդին հետ պիտի մնանք»։

Ան կը շարունա­կէ՝ ըսե­լով, թէ պէտք չէ արհա­մարհանք ունե­նալ մեր ժողո­վուրդին հանդէպ։

«Վայ Դաշնակցա­կան այն շարքա­յի­նին, որ արհա­մարհանք ունի իր ժողո­վուրդի զանգուածնե­րուն հանդէպ։ Վայ այն երի­տա­սարդութեան, որ կը կարծէ փրկութիւնը միայն իր մէջ է, բայց զանգուածնե­րը կ՛անտեսէ։ Վայ այն շարքե­րուն, Դաշնակցա­կան կամ այլ, որ կը կարծեն թէ հինգ կամ հազար հերո­սութիւն ընե­լով, պարտաւոր է ամբողջ ժողո­վուրդներ իրենց կամքին ենթարկել։ Այդ տեսակ շարքե­րուն, այդ տեսակ երի­տա­սարդութեան, այդ տեսակ կուսակցութեանց ճակա­տա­գի­րը անխուսա­փե­լիօ­րէն դէպի սնանկութիւն կ՚ընդանա՛յ»։ 

Այս տողե­րը շատ այժմէա­կան են, որովհե­տեւ երբեմն դաշնակցա­կաններ ժողո­վուրդը կ՛արհամարհեն, կ՛այպանեն եւ նոյնիսկ կ՛անարգեն, երբ ժողո­վուրդը իրենց ետեւէն չ՛երթար կամ ալ պէտք եղա­ծին չափ Յետին քուէ չի տար։ Այս վարուե­լա­կերպը, ինչպէս ընկեր Զեյթունն կ՛ըսէ, շատ վնա­սա­կար է եւ՝ վտանգաւոր։

Դաշնակցութեան «ուժը ոչ թէ իր շարքե­րուն մէջ է, այլ բովանդակ հայութեան կազմա­կերպման մէջ է»

Մօտաւո­րա­պէս 19։35րդ վայրկեա­նին ընկեր Զէյթունն կ՛ըսէ. «Հայ ժողո­վուրդին ծառա­յութեան ճամբուն վրայ, ամէն ինչ տալով, ոչինչ չպա­հանջե­լու պայմա­նով, ահա Դաշնակցութեան գաղա­փա­րա­կան բարո­յա­կան ըմբռնումի ուղին։ Ամէն ինչ առնել ժողո­վուրդէն, բայց ամէն ինչին բազմա­պատկումո­վը, վերա­դարձնել այդ նոյն ժողո­վուրդին։ Ասկէ դուրս, Դաշնակցութիւնը ընե­լիք չունի, ոչ ալ իրաւունք ունի, իրաւունքներ կամ պատիւ պահանջե­լու։ Իր պատիւը իր տալու ժեսթին մէջ է։ Իր վարձատրութիւնը իր բարո­յա­կան բաւա­րա­րութեան մէջ է։ Իր յաջո­ղութիւնը հայ ժողո­վուրդի կամքին, հոգե­բա­նութեան եւ մտքին յեղա­փո­խա­կա­նացման մէջ է։ իր ուժը ոչ թէ իր շարքե­րուն մէջ է, այլ բովանդակ հայութեան կազմա­կերպման մէջ է»։

Այս միտքը եւս շատ կարեւոր է։ ՀՅԴի համար զօրաւոր եւ աշխոյժ շարքեր ունե­նա­լը չի բաւեր, այլ անհրա­ժեշտ է բովանդակ հայութեան կազմա­կերպումը, որ կ՛ենթադրէ մօտէն գործել, շփուիլ ժողովրդա­յին խաւե­րուն հետ ու ծառա­յել անոնց։ Առանց անմի­ջա­կա­նօ­րէն գործե­լու ժողո­վուրդին հետ՝ կարե­լի չէ կազմա­կերպել ժողո­վուրդը։

Բովանդակ հայ ժողո­վուրդը կազմա­կերպե­լու կարեւո­րութեան գաղա­փա­րը, ընկեր Զէյթլեան կը շարունա­կէ քննարկել 27։50 վայրկեա­նին, երբ ան կ՛ըսէ. «Չի բաւեր ըսել որ մենք հարիւր հերոս տուինք, եթէ ժողո­վուրդին մէջ, այն ժողո­վուրդին՝ որուն ծառա­յե­լու կոչուած ես, տասնեակ հազարներ դերեւս տալու պատրաստա­կա­մութիւն չկայ։ Չի բաւեր ըսել, որ ես հազար գաղա­փա­րա­կան շարքա­յին ունիմ, եթէ երբեք այդ հազա­րին տեղ տասնեակ հազարներ վերստին զինուո­րագրե­լու եւ քու գաղա­փա­րա­կան պայքա­րին պատրաստա­կամ ժողո­վուրդ չկայ։» 

Ընկեր Զէյթլեան կը հաստա­տէ, թէ Դաշնակցութեան նպա­տա­կը յաջող օրէնք մը առա­ջարկե­լը չէ կամ ալ յաջող գործունէութիւն մը ընե­լը եւ անորմով հպարտա­նա­լը, այլ յաջող ու օգտա­կար օրէնք մը մէջտեղ բերելն է եւ գործունէութիւն մը ընելն է ու աշխա­տանք տանիլն է, որպէսզի իր այդ յաջող օրէնքը եւ գործունէութիւնը ժողո­վուրդին տարբեր խաւե­րու կողմէ, կամ ալ պետութեան կողմէ որդեգրուի ու լայնա­ծաւալ կերպով գործադրուի։

Եթէ ժողո­վուրդը չ՛որդեգրեր ՀՅԴի օգտա­կար օրէնքը եւ գործունէութիւնը, ՀՅԴն պէտք է ուրիշ ձեւ մը, միջոց մը գտնէ բացատրե­լու ու ներշնչե­լու ժողո­վուրդը։ Շատ մեծ սխալ կեցուածք է, երբ ժողո­վուրդը ՀՅԴին չի հետեւիր, եւ դաշնակցա­կա­նը փոխա­նակ ուրիշ ձեւով բացատրե­լու ու ներշնչե­լու ժողո­վուրդը՝ կը քննա­դա­տէ, կ՛արհամարհէ կամ կ՛անարգէ այն ժողո­վուրդը, որուն ծոցէն Դաշնակցութիւնը ստեղծուած է եւ կոչուած է անոր ծառա­յե­լու։

«Դաշնակցութիւնը… իր շարքե­րէն… պահանջեց ըլլալ իր ժամա­նա­կին հետ ուգա­ղա­փարնե­րուն ամէ­նէնյա­ռաջդի­մա­կա­նին հետ»

Ճառին 16րդ վայրկեա­նին, ընկեր Զէյթլեան կ՛ըսէ. «Դաշնակցութիւնը այս բանին համար իր շարքե­րէն տեւա­բար եւ իր ժողո­վուրդէն միշտ պահանջեց՝ ըլլալ իր ժամա­նա­կին հետ, ըլլալ գաղա­փարնե­րուն ամէ­նէն յառաջդի­մա­կա­նին հետ, ըլլալ յեղա­փո­խա­կան ամէ­նէն արդար շարժումնե­րուն հետ…»։

Այս եւս շատ այժմէա­կան գաղա­փար է, որովհե­տեւ երբեմն դաշնակցա­կաններ կը նոյնացնեն ազգա­յին գաղա­փա­րա­խօ­սութիւնը յետա­դի­մութեան, պահպա­նո­ղա­կա­նութեան եւ այլա­մերժութեան հետ։ Ընկեր Զէյթլեա­նի սերունդը, եւ մանաւանդ ՀՅԴի հիմնա­դիր սերունդը, որոնք Եւրո­պա­յի համալսա­րաննե­րուն մէջ ուսա­նած էին, այն ժամա­նա­կուան հայութեան ամէ­նէն յառաջդի­մա­կան եւ ժամա­նա­կա­կից գաղա­փարնե­րուն ջատա­գովներն էին։

Աշխարհի չորս կողմը գտնուող բոլոր հայե­րը մաս կը կազմեն հայ ժողո­վուրդին

Կ՛ուզեմ հոս շեշտել, թէ ընկեր Զէյթլեա­նի համար հայութիւնը միայն իրեն անմի­ջա­կա­նօ­րէն ծանօթ Միջին Արեւելքի հայութիւնը չէր, այլ՝ ամբողջ հայութիւնը՝ աշխարհի չորս կողմը։ Ճիշդ է, որ իւրա­քանչիւր շրջա­նի հայութիւն ունի իր իւրա­յատկութիւննե­րը կամ մշա­կոյթը, սակայն բոլորն ալ մաս կը կազմեն այն հայութեան, որուն մասին ընկեր Զէյթլեան իր ճառին մէջ կը խօսի։

Կը յիշեմ երբ 1980ական թուա­կաննե­րուն սկիզբը ուսա­նող էի Նիւ Եորք քաղա­քին մէջ, ընկեր Զէյթլեան այցե­լեց Նիւ Եորքի գաղութը։ Այդ շրջա­նին, անհա­տա­կան համա­կարգիչնե­րը նորութիւն էին եւ մենք խանդա­վառ՝ կ՛ուզէինք գաղութի Դաշնակցութեան համա­կիրնե­րուն հասցէ­նե­րը համա­կարգի­չի միջո­ցաւ դասաւո­րել եւ կապ հաստա­տել անոնց հետ։ Ընկեր Զէյթլեան երբ իմա­ցաւ, թէ մենք միայն Դաշնակցութեան համա­կիրնե­րուն հասցէ­նե­րը կը հաւա­քէինք եւ կը դասաւո­րէինք՝ մեզի ըսաւ, որ Նիւ Եորքի բոլոր հայե­րը կը պատկա­նին հայ ժողո­վուրդին, եւ մենք պէտք է բոլո­րին հասցէ­նե­րը հաւա­քենք ու բոլո­րը տեղեակ պահենք մեր գործունէութեան ու գաղա­փարնե­րուն մասին, նոյնիսկ եթէ անոնցմէ ոմանք զօրաւոր կերպով կը հակադրուէին Դաշնակցութեան։ Ընկեր Զէյթլեա­նի համար հայը աշխարհի որ անկիւն ալ գտնուի, նոյնիսկ եթէ Դաշնակցութեան չի համակրիր եւ կը գործէ ՀՅԴի ուղղութեան հակա­ռակ՝ մաս կը կազմէ իր ճառին մէջ նշած հայ ժողո­վուրդին եւ արժա­նի էր Դաշնակցութեան հոգա­ծութեան։

Ընկեր Զէյթլեա­նի խօսքե­րը պէտք է փոխանցել նոր սերունդին, որպէսզի անի­կա ճիշդ կերպով ընկա­լէ ՀՅԴի էութիւնը, գործե­լաո­ճը եւ Դաշնակցութեան գաղա­փա­րա­բա­նութիւնը։

Հոդվա­ծը՝ Asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ