24.7 C
Yerevan

Նոր Հայացք Հին Քայլե­րին

Դժբախտա­բար, մենք այլ գործընթաց սկսած ենք վերեւէն՝ գործա­դիր իշխա­նութեան հասնե­լու համար, ժողո­վուրդին մօտ երթա­լու փոխա­րէն։

Գէորգ Քեփէ­նէ­կեան

Դաշնակցութիւնը Նոր Մտա­ծո­ղութեան Կարի­քը Ունի


Ստո­րեւ՝ Կիրա­կի, Մարտ 5ին՝ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի Կեդրո­նա­կան կոմի­տէին կազմա­կերպած ՀՅԴ Օրուան տօնա­կա­տա­րութեան ընթացքին՝ Ֆրանսա­յի Լիոն քաղա­քի քաղա­քա­յին խորհրդա­կան եւ Լիո­նի նախկին քաղա­քա­պետ՝ տոքթ. Գէորգ Քեփէ­նէ­կեա­նի արտա­սա­նած ֆրանսե­րէն խօսքին թարգմա­նութիւնը.

Կուսակցութիւնը (ՀՅԴ)՝ որպէս հիմնա­կան դերա­կա­տար, կարեւոր տեղ կը գրաւէ հայութեան կեանքին մէջ։ Միեւնոյն, անփո­փոխ անունով անի­կա 130 տարի­նե­րու երկար ճամբայ կտրած է եւ այդ մէկը քիչ բան չէ հայ միտքի պատմա­կան զարգացման տեսանկիւնէն։

Կուսակցութիւնը համայն հայութեան կեանքին անբա­ժան մասն է նախ՝ թէ հայրե­նի­քի, ապա Սփիւռքի մէջ, հետեւա­բար պատմա­կան կարեւոր եւ շինիչ դերա­կա­տա­րութիւն ունի հայ ազգի կեանքին մէջ՝ հիմնա­կան արժէքնե­րու պահպանման առումով:

Կարիք չկայ վերա­դառնա­լու պատմա­կան այն ժամա­նա­կա­հա­տուա­ծին, երբ միա­ձուլուած էին ռազմա­կան գործո­ղութիւննե­րը եւ համաշխարհա­յին քաղա­քա­կան իրա­դարձութիւննե­րը, բայց պահ մը (այժմ դժուար է այդ մէկուն յստակ գնա­հա­տա­կան տալ) մեր կուսակցութիւնը չկրցաւ դերա­կա­տա­րութիւնը կատա­րել այն բոլոր դէպքե­րու հոլո­վոյթին մէջ, որ կը կատա­րուէր աշխարհի եւ Հայաստա­նի մէջ։ Այս մէկը կը բացատրեմ այն փաստով, որ 1991ի անկա­խութե­նէն առաջ չպատկե­րա­ցուցինք գալիք իրա­վի­ճա­կը, ղարա­բա­ղեան շարժման ի յայտ գալը եւ մեծա­ծաւալ ցոյցե­րը՝ Երեւա­նի եւ Ստե­փա­նա­կերտի մէջ։

Ապա եկաւ անկա­խութիւնը, որ նուի­րա­կան երա­զանքի մէկ մասն էր (ինծի համար ազատ, անկախ եւ միա­ցեալ Հայաստա­նը անի­րա­գործե­լի իղձ էր), բայց, կը կարծեմ որ այդ ժամա­նակ մենք չկրցանք մեր իսկա­կան տեղը գտնել նորաստեղծ պետութեան մէջ․ Լեւոն Տէր Պետրո­սեա­նի շուրջ համախմբուած առա­ջին դէմքե­րը՝ նոյնպէս։

Մենք մեր փորձա­ռութիւնը ի սպաս չդրինք իրաւա­կան պետութիւն ստեղծե­լու գործին։ Անշուշտ՝ ժողովրդա­վա­րա­կան պետութիւն, օրէնքի գերա­կա­յութեան պետութիւն, ուր տարանջա­տուած են գործա­դիր, օրէնսդիր եւ դատա­կան ​​իշխա­նութիւննե­րը։ Այլ խօսքով, այն հիմնա­սիւնե­րը, որոնք Հանրա­պե­տութեան պատշաճ գործունէութեան երաշխաւորներն են: Անշուշտ, մենք խնդիրներ ունէինք․ բաւա­կան է յիշել Խորհրդա­յին Միութեան փլուզումը, Ատրպէյճա­նի հետ պատե­րազմի հետեւանքնե­րը, Թուրքիոյ կողմէ Հայաստա­նի շրջա­փա­կումը, ինչպէս նաեւ երկրա­շարժը։ Այս շրջա­նը շատ դժուար էր ժողո­վուրդին համար, եւ ես չէ որ պիտի դատեմ այն ​​ կանանց եւ տղա­մարդկանց, որոնք ապրած են այդ դժուար ժամա­նա­կաշրջա­նը։

Այսօր տեղին է նշել որ մենք չկրցանք միասնա­բար անկիւնա­դարձա­յին այս հանգրուա­նին պետութիւն կառուցել։

Կը կարծեմ, որ այդ թուլութեան նշան էր, յատկա­պէս՝ կուսակցութեան պարա­գա­յին։ Քաղա­քա­կան կազմա­կերպութիւննե­րու դերը առաջնա­կարգ է ազգի կեանքին մէջ։ Ես ֆրանսա­յի քաղա­քա­կան կազմա­կերպութիւննե­րէն մէկուն անդամ եմ, ուր կը մշա­կենք միա­ժա­մա­նակ ե՛ւ հեռաւոր տեսլա­կան՝ երկի­րի ապա­գա­յին համար, ե՛ւ յստակ ծրա­գիրներ՝ առօ­րեայ կեանքի համար:

Այդ պատճա­ռով մենք պէտք է հիմնուինք բնակչութեան, մարդկանց (ոչ թէ ընդհանրա­պէս ազգի, այլ ժողո­վուրդի) աջակցութեան վրայ․ միայն այս ձեւով մենք ի վիճա­կի կ՛ըլլանք լուծել ընկե­րա­յին խնդիրնե­րը, որովհե­տեւ մենք (եւ ինծի համար այդ մէկը միշտ կարեւոր եղած է) ընկե­րա­յին, այլ խօսքով՝ ընկերվա­րա­կան տեսլա­կա­նի կրողներն ենք։

Դժբախտա­բար, մենք այլ գործընթաց սկսած ենք վերեւէն՝ գործա­դիր իշխա­նութեան հասնե­լու համար, ժողո­վուրդին մօտ երթա­լու փոխա­րէն։

Այս մէկը ինծի համար գլխաւոր խնդիրնե­րէն մէկն է, որովհե­տեւ այդ պահէն սկսած դրութիւնը աւե­լի վատթա­րա­ցաւ ծանր իրա­դարձութիւննե­րով՝ 92ին Հրայր Մարուխեա­նի հեռա­ցումը, ապա կուսակցութեան արգի­լումը։ Այս բոլո­րը աւե­լի բորբո­քե­ցին եւ սխալ ուղղութեամբ ընթա­ցանք, օրի­նակ՝ համա­կարգումը մեր կուսակցութե­նէն ներսը՝ հայաստանցի­նե­րու եւ սփիւռքա­հա­յե­րի միջեւ։ Այդ միասնութիւնը ամէն գնով կը փորձէր մեծ ներուժ ստեղծել։ Յաճախ կ՛ըսեն, որ Հայաստա­նի մէջ օգտա­կար հանա­ծո­նե­րով հարուստ հանքեր չունինք, քարիւղ չունինք, բայց մեր թշնա­մի­նե­րէն շատե­րուն համար Սփիւռքը ուժ է, պայմա­նով որ երկու կողմե­րը իրա­րու հետ համա­կարգուած գործեն, նոյն նախա­գի­ծի շուրջ։

Այսօր աշխարհը անկա­յուն վիճա­կի մէջ է․ Ուքրա­նիոյ պատե­րազմը լարուա­ծութեան մէջ կը պահէ Եւրո­պան եւ ամբողջ Արեւմուտքը։ Մեր պատե­րազմը, որ պարտուե­ցանք 2020ին, մեզի հոգե­բա­նա­կան եւ ֆիզի­քա­կան սարսա­փե­լի վիճա­կի մէջ դրաւ։ Ժողո­վուրդը դեռ կաթուա­ծա­հար է 4500 երի­տա­սարդի կորուստէն։

Աշխարհը սկսած է փոխուիլ եւ մենք այս պատե­րազմէն յետոյ պիտի յայտնուինք աշխարհա­քա­ղա­քա­կան անյայտ իրա­վի­ճա­կի մը մէջ։

Հարաւա­յին Կովկա­սի լարուա­ծութիւնը կարգաւո­րե­լու միտումներ կան Արեւմուտքին, հաւա­նա­բար նաեւ Ռուսիոյ եւ Հայաստա­նի իշխա­նութիւննե­րուն կողմէ՝ հայկա­կան կողմին պարտադրուած սարսա­փե­լի զիջումներ:

Այսօր մենք այլեւս չենք կրնար միա­սին (խօսքս Հայաստա­նի եւ քաղա­քա­կան կարեւոր դերա­կա­տա­րութիւն ունե­ցող երկիրնե­րու սփիւռքնե­րու մասին է) մեր տեսլա­կաննե­րը հիմնաւո­րող առա­ջարկներ կատա­րել, որովհե­տեւ մենք նախ պէտք է յաջո­ղինք ի նպաստ մեզի հասա­րա­կա­կան կարծիք ձեւաւո­րել եւ այսօր այդ մէկը կարեւոր է։ Որովհե­տեւ քաղա­քա­կա­նութիւնը չեն մշա­կեր միմիայն պետութիւննե­րը, այլ նաեւ քաղա­քա­ցիա­կան հասա­րա­կութիւննե­րը։ Հետեւա­բար անհրա­ժեշտ է, որ համախմբենք բոլոր դերա­կա­տարնե­րը։

Համախմբենք մեզ իրարմէ բաժան-բաժան ընող հոսանքնե­րը, վերագտնենք յեղա­փո­խա­կան մտա­ծո­ղութեան այն ուղի­նե­րը, որոնց օգնութեամբ մեր կուսակցութիւնը յաջո­ղած է դիմագրաւել բոլոր վտանգնե­րուն։ Դաշնակցա­կան նոր մտա­ծո­ղութեան կարի­քը ունինք։

Ֆրանսա­յի Հայ Դատի Մարմնի նախկին Ատե­նա­պետ, ՀՅԴ ԿԿ‑ի նախկին Ներկա­յա­ցուցիչ՝Գէորգ Քեփէ­նէ­կեան

Հոդվա­ծը՝ Asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ