26.4 C
Yerevan

Յիշե­լով Արմէն Գարոն՝ Կը Վերստանձնենք Անոր Կտա­կը

Այսօր, Արմէն Գարո­յի գործունէութիւնը եւ յատկա­պէս անոր դիւա­նա­գի­տա­կան ջանքե­րուն ուղե­ցոյցը հանդի­սա­ցած գաղա­փարնե­րը եւ սկզբունքնե­րը պէտք է մղիչ ուժը հանդի­սա­նան
հայութեան իրաւունքնե­րու ապա­հո­վումը երաշխաւո­րե­լու ջանքե­րուն, Հայաստա­նի եւ Սփիւռքի մէջ:

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ


23 Մարտ 2023ին հարիւրա­մեակն է Հայաստա­նի ամէ­նէն յարգուած ղեկա­վարնե­րէն եւ յեղա­փո­խա­կաննե­րէն Արմէն Գարո­յի մահուան։
9 Փետրուար 1872ին, Կարի­նի (Էրզրում) մէջ ծնած Գարե­գին Փաստրմա­ճեան, որ աւե­լի ուշ պիտի որդեգրէր Արմէն Գարօ անունը, աստի­ճա­նա­բար պիտի մարմնաւո­րէր Հայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութեան գաղա­փա­րա­բա­նութիւնը՝ հանդի­սա­նա­լով ազա­տա­մարտիկ, երի­տա­սարդութեան առաջնորդ, մտաւո­րա­կան, խորհրդա­րա­նի անդամ, բանագնաց եւ դիւա­նա­գէտ՝ իւրա­քանչիւր դերին մէջ անսա­լով ՀՅԴ Ծրա­գի­րի սկզբունքնե­րուն եւ սպա­սարկե­լով ազա­տութեան, ինքնո­րոշման իրաւունքին եւ արդա­րութեան հասնե­լու՝ հայ ժողո­վուրդի պայքա­րին։
Եթէ թերթա­տենք 1800ականներու եւ 1900ականներու սկիզբի հայոց պատմութեան էջե­րը, հոն պիտի հանդի­պինք Արմէն Գարո­յին, որ կենսա­կան դերա­կա­տա­րութիւն ունէր հայութեան իղձե­րը իրա­կա­նացնե­լու ջանքե­րուն մէջ։
Բաբգէն Սիւնիի կողքին, ան ղեկա­վա­րած էր Համի­տեան ջարդե­րուն հակա­դարձե­լու նպա­տա­կով 1896ին իրա­կա­նա­ցած Պանք Օթո­մա­նի գործո­ղութիւնը, իսկ Եւրո­պա­յի մէջ ան
կազմա­կերպած էր հայ երի­տա­սարդնե­րը եւ ուսա­նողնե­րը յեղա­փո­խա­կան գործին մղե­լու աշխա­տանքը, ինչպէս նաեւ մասնակցած էր Վանի եւ Էրզրումի ինքնա­պաշտպա­նութեան ջանքե­րուն զօր. Դրո­յի նման ղեկա­վարնե­րու կողքին, իսկ աւե­լի ուշ, Թիֆլի­սի մէջ առաջնորդած էր ազգա­յին ինքնա­պաշտպա­նութեան ջանքե­րը եւ եղած Դաշնակցութեան Արեւմտեան Բիւրո­յի անդամ։
1918ին, Հայաստա­նի անկա­խա­ցումէն ետք, Արմէն Գարօ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան խորհրդա­րա­նի անդամ ընտրուե­ցաւ եւ մասնակցե­ցաւ Հայաստա­նի կառա­վա­րութեան բանակցութիւննե­րուն ու մաս կազմեց Փարի­զի խաղա­ղութեան բանակցութիւննե­րուն
Աւե­տիս Ահա­րո­նեա­նի գլխաւո­րած պատուի­րա­կութեան, ակա­նա­տե­սը դառնա­լով Սեւրի դաշնա­գի­րի ստո­րագրութեան։
1918–1920ին, Արմէն Գարօ դարձաւ Միա­ցեալ Նահանգնե­րու մօտ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան դեսպա­նը եւ կենսա­կան դերա­կա­տա­րութիւն ունե­ցաւ Հայկա­կան Հարցի ջատա­գովման մէջ, նախնա­կան հիմե­րը դնե­լով մինչեւ այսօր շարունա­կուող Հայ Դատի համաշխարհա­յին պայքա­րին։
Ուա­շինկթը­նի մէջ, Արմէն Գարո­յի ուշադրութեան կիզա­կէ­տին էր Հայաստա­նի անկա­խութեան ջատա­գո­վումը եւ հայութեան ինքնո­րոշման իրաւունքին նեցուկ կանգնող անկախ պետութեան ամրապնդումը։
Յիշենք նաեւ Արմէն Գարո­յի ունե­ցած կարեւոր դերա­կա­տա­րութիւնը Հայոց Ցեղասպա­նութիւնը իրա­գործած ղեկա­վարնե­րը պատժե­լու նպա­տա­կով իրա­կա­նա­ցած «Նեմե­սիս» գործո­ղութեան մէջ, որ Հայ Դատի ջատա­գովման այլ միջոց մըն էր եւ կազմա­կերպուած՝ ՀՅԴ Միա­ցեալ Նահանգնե­րու Կեդրո­նա­կան կոմի­տէի հովա­նիին տակ։
Այսօր, Արմէն Գարո­յի գործունէութիւնը եւ յատկա­պէս անոր դիւա­նա­գի­տա­կան ջանքե­րուն ուղե­ցոյցը հանդի­սա­ցած գաղա­փարնե­րը եւ սկզբունքնե­րը պէտք է մղիչ ուժը հանդի­սա­նան հայութեան իրաւունքնե­րու ապա­հո­վումը երաշխաւո­րե­լու ջանքե­րուն, Հայաստա­նի եւ Սփիւռքի մէջ։ Գոյութիւն ունե­նա­լու եւ բարգաւա­ճե­լու՝ Հայաստա­նի իրաւունքին երաշխաւո­րումը եւ Հայաստա­նի պետա­կա­նութեան ու բանա­կին ամրապնդումը պէտք է հանդի­սա­նան այդ պայքա­րի հիմնա­սիւնե­րը, մինչ Հայաստան եւ հայութիւնը կը դիմագրաւեն գոյութե­նա­կան արդի մարտահրաւէրներ։
Այսօր, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի Կեդրո­նա­կան կոմի­տէն կը յիշէ Արմէն Գարո­յի ունե­ցած որո­շիչ դերա­կա­տա­րութիւնը ազգա­յին ազա­տագրա­կան պայքա­րին եւ անոր նուի­րուա­ծութիւնը՝ հայութեան իղձե­րու իրա­կա­նացման ջանքե­րուն մէջ, խոստա­նա­լով համայնքին բոլոր կարե­լիութիւննե­րը ի սպաս դնել հայրե­նի­քի եւ հայութեան փրկութեան նպա­տա­կին։
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ 23 Մարտ, 2023

Առնչվող Հոդվածներ