Անհրաժեշտ է տեղական իւրայատկութիւնները պահել, բայց միաժամանակ հասարակաց գիծերը, որոնք կ՚երաշխաւորեն ու կ՚ապահովեն մեր ամբողջականութիւնը, մեր միութիւնը պէտք է շեշտենք: Այլապէս, թէ՛ գաղութները, թէ՛ թեմերը բոլորովին իրարմէ անջատ կղզիներու կրնան վերածուիլ: Սա վտանգաւոր է: Հարցին միւս երեսը, ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ, մենք այլեւս չենք կրնար ինքնամփոփ ու կղզիացած կերպով ապրիլ: Մենք մաս կը կազմենք այն ընկերութեան, ուր կ՚ապրինք եւ այդ ընկերութեան մէջ համալրուած ենք:
Արամ Ա.
«Ազատ Օր»-ի հարցազրոյցը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ
Ինչպէս ծանօթ է մեր ընթերցողներուն, 11-16 Մարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հովուապետական այցելութիւն կատարեց Յունաստանի թեմին։ «Սփիւռքի Բ. տարուան» առիթով, Վեհափառ հայրապետը ձեռնարկած է հովուապետական այցելութիւններու բոլոր թեմերէն ներս, առաջին կայանը ընտրելով Յունաստանի Հայոց թեմը։ Իր բազմազբաղ յայտագիրի ընթացքին, Վեհափառ հայրապետը առիթը ընծայեց խիստ շահեկան եւ կարեւոր հարցազրոյց մը տալու «Ազատ Օր»-ին։ Վեհափառը մանրամասն պատասխանեց մեր բոլոր հարցումներուն, ներկայացնելով իր մտածումները, խորհուրդները եւ գնահատումը գաղութներու վերակազմակերպման, հովուապետական այցելութեան արդիւնքներուն եւ յունահայ գաղութի պատկերին առնչութեամբ։
«Սփիւռքի վերակազմակերպումը այսօր դարձած է անյետաձգելի հրամայական: Երբ սփիւռքի մասին կը խօսինք, հարկ է նկատի ունենանք, որ սփիւռքը լայնատարած իրականութիւն մըն է»
Վեհափառ Տէր, որո՞նք են գլխաւոր պատճառները, որոնք նշանաւորեցին սփիւռքի երկրորդ տարուան հռչակումը:
Նախ կ՚ուզեմ իմ հոգեկան գոհունակութիւնս յայտնել, որ անգամ մը եւս կը գտնուիմ Յունաստանի հայոց թեմէն ներս. այլ խօսքով՝ մեր ժողովուրդին հետ:
Եկեղեցին ժողովուրդն է, եւ մեր նուիրական պարտականութիւնն է ըլլալ մեր ժողովուրդին հետ, ծառայել մեր ժողովուրդին: Վաւերական, հարազատ ու հետեւողական կերպով մեր ժողովուրդին ծառայելու համար, անհրաժեշտ է ժողովուրդը ճանչնալ, այնպէս ինչպէս որ է ժողովուրդը ճանչնալ աւելի մօտէն, եւ իրազեկ դառնալ անոր կարիքներուն ու տագնապներուն: Հետեւաբար, ես ուրախ եմ, որ եկայ այստեղ եւ տեսայ Յունաստանի մեր ժողովուրդը, աւելի մօտէն ճանչցայ մեր ժողովուրդին սպասումները եւ կարիքները: Այս անգամ իմ հովուապետական այցելութեան հիմնական նպատակը սփիւռքի վերակազմակերպման ծիրէն ներս, թեմական կազմակերպումն էր:
Ւնչո՞ւ սփիւռքի վերակազմակերպումը: Վերակազմակերպում բառը պէտք է աւելի լայն շրջագիծի մէջ տեսնել: Վերակազմակերպում կը նշանակէ վերակառուցում, վերաշխուժացում, վերակենսաւորում, վերանորոգում եւ փոփոխութիւն անհրաժեշտութեան պարագային: Մեր գաղութները սթաթիք, այսինքն անփոփոխելի կառոյցներ կամ իրականութիւններ չեն: Յատկապէս ներկայ աշխարհին մէջ մնայուն փոփոխութեան մէջ կ՚ապրինք: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ մեր կառոյցները, մեր ըմբռնումները, մեր մօտեցումները մնայուն կերպով վերանայման, վերաքննութեան, վերարժեւորման ենթարկուին:
Սփիւռքի վերակազմակերպումը այսօր դարձած է անյետաձգելի հրամայական: Երբ սփիւռքի մասին կը խօսինք, հարկ է նկատի ունենանք, որ սփիւռքը լայնատարած իրականութիւն մըն է: Սփիւռքը այսօր, բազմազան եւ այլազան երեւոյթներու ամբողջութիւն մըն է. սակայն ոչ ներդաշնակ ամբողջութիւն մը:
Չենք կրնար ներկայ սփիւռքը իր վիճակին մէջ ձգել: Այսօրուան սփիւռքը երէկուան սփիւռքը չէ. վաղը կրնայ բոլորովին տարբեր ըլլալ: Հետեւաբար, առաջին հերթին սփիւռքի վերակազմակերպման մեր նախաձեռնութիւնը արթնութեան կոչ մըն է: Սփիւռքը թմբիրի մէջ է: Մեզ շրջապատող իրականութիւններու փոփոխութիւնները շատ աւելի առաջ կ՚ընթանան, քան թէ սփիւռքը: Պէտք է արթննանք, մեր ներկայ իրավիճակէն դուրս գանք: Չենք կրնար այլեւս նեղ շրջագիծերու մէջ ապրիլ։ Առաջին հերթին, ինչպէս ըսի, այս նախաձեռնութեան նպատակը սփիւռքը արթնցնել է: Սփիւռքի մէջ այն գիտակցութիւնը արմատացնել է որ մենք, որպէս կառոյցներ, որպէս գաղութներ ու թեմեր, անյետաձգելի կարիքը ունինք ներկայ աշխարհին մէջ վերանորոգուելու, այլ խօսքով, ներկայ աշխարհին հետ քայլ պահելու: Մեր մտածումները, մօտեցումները, կենցաղակերպը, գործելակերպը պէտք է դառնան համահունչ ներկայ աշխարհի պայմաններուն եւ մարտահրաւէրներուն:
Վեհափառ Տէր, ուրեմն, այն ժամանակ կրնանք հարցնել, թէ որո՞նք են սպասումները եւ գործնական ակնկալիքները իւրաքանչիւր թեմին հովուապետական այցելութիւններու Ձեր ծրագրին մէջ:
Սփիւռքի վերակազմակերպումին մէջ մեր թեմերը կարեւոր տեղ եւ դեր ունին: Իւրաքանչիւր գաղութ իր թեմական կառոյցը ունի: Գաղութին կազմակերպութիւնները բնականաբար մաս կը կազմեն թեմին, պահելով հանդերձ իրենց անկախութիւնը, ամէն իմաստով: Թեմը պէտք է ըմբռնել աւելի լայն շրջագիծի մէջ: Մեր ժողովուրդն է թեմը: Ճիշդ այդ իսկ պատճառով, թեմերը սփիւռքի վերակազմակերպման մէջ, կեդրոնական դեր ունին: Եւ ճիշդ անոր համար, ես ուզեցի մեր թեմերէն սկսիլ: Հոս եւս, անհրաժեշտ է թեմերու վերակառուցումը լայն ծիրի մէջ ըմբռնել, կազմակերպել եւ գործադրել: Օրինակի համար, առաջին հերթին մեր ծիսական կեանքը կարիք ունի վերանորոգման, մեր հոգեւոր դասը եւս կարիքը ունի վերակազմաւորման: Ներկայ աշխարհին մարտահրաւէրները չենք կրնար անտեսել։ Ներկայ ընկերութիւնները բոլորովին տարբեր են, ամէն իմաստով, երիտասարդութիւնը բոլորովին տարբեր մտայնութիւն ունի: Այս իրականութիւնները հարկ է կարեւորութեամբ նկատի ունենալ։ Ահա, թէ ինչու թեմի վերակազմակերպումը կը նկատեմ առաջնահերթ:
Մեր թեմական կառոյցները պէտք է երիտասարդանան, մեր կառոյցներուն մէջ երիտասարդութիւնը ու տիկինները աւելի գործօն դերակատարութիւն պէտք է ստանձնեն: Ես մեր թեմերու իշխանութիւններուն ընդհանուր կերպով ուղղութիւն տուած եմ թեմերու վերակակազմակերպման գծով: Այս աշխատանքին մէջ բնականաբար ընդհանուր յայտարարներ կան, ընդհանուր ուղղութիւն մը կայ, միաժամանակ սակայն թեմէ թեմ տարբեր է: Միջավայրը, ներքին դրուածքը ու սպասումները տարբեր են: Հետեւաբար անհրաժեշտ է իւրաքանչիւր թեմ իր միջավայրին մէջ քննել, արժեւորել եւ համապատասխան ծրագրում մշակել, պահելով հանդերձ մեր թեմական կառոյցներուն մէջ հասարակաց յայտարարները, սկզբունքները ու կառոյցները: Օրինակ, բնականաբար հայ եկեղեցւոյ ծէսը ամէն տեղ նոյնը պէտք է ըլլայ՝ յարգելով հանդերձ տեղական աւանդութիւնները։ Թեմերու վերակազմակերպութիւնը կը նկատեմ շատ էական եւ ճիշդ անոր համար այս տարի պիտի սկսիմ թեմերու այցելութիւն տալ, որպէսզի իւրաքանչիւր թեմ կարենայ սկսիլ ինքզինքը վերակազմակերպելու գործընթացին։
Վեհափառ Տէր, Ձեր այս տեսակէտները առիթը կու տան հետեւեալ հարցումին: Մենք անշուշտ նկատի ունինք իւրաքանչիւր գաղութի ու թեմի իւրայատկութիւնը, ինչպէս նաեւ դուք մատնանշեցիք՝ գործելակերպ, տարբեր զգայնութիւններ: Թեմերու վերակազմակերպումը կարելի՞ է, բացի համազգային խնդիրներէն, որպէս մէկ ամբողջութիւն տեսնել, միասնական մտածողութեան եւ հասարակած թիրախներու փոխազդեցութեան ստեղծումով:
Ինչպէս ըսի, երբ սփիւռքը տեսնենք իր ընդհանրութեան մէջ, հոն կը տեսնենք միջավայրային ազդեցութիւններ, տարբերութիւններ, բայց միաժամանակ հասարակաց գիծեր: Անհրաժեշտ է տեղական իւրայատկութիւնները պահել, բայց միաժամանակ հասարակաց գիծերը, որոնք կ՚երաշխաւորեն ու կ՚ապահովեն մեր ամբողջականութիւնը, մեր միութիւնը պէտք է շեշտենք: Այլապէս, թէ՛ գաղութները, թէ՛ թեմերը բոլորովին իրարմէ անջատ կղզիներու կրնան վերածուիլ: Սա վտանգաւոր է: Հարցին միւս երեսը, ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ, մենք այլեւս չենք կրնար ինքնամփոփ ու կղզիացած կերպով ապրիլ: Մենք մաս կը կազմենք այն ընկերութեան, ուր կ՚ապրինք եւ այդ ընկերութեան մէջ համալրուած ենք: Մինչեւ հիմա կրցած ենք պահել մեր ինքնութիւնը առաւել կամ նուազ չափով, սակայն համաշխարհայնացումը ներկայ ժամանակներուն այնքան զօրեղ է, որուն դիմաց չենք կրնար պատեր ու ցանկապատեր կառուցել: Անոնք շուտով փուլ կու գան, որովհետեւ համաշխարհայնացման հոսանքը զօրեղ է: Փաստօրէն, համաշխարհայնացումը թափանցած է ամէն տեղ: Այս կացութեան դիմաց որպէսզի մեր ինքնութիւնը կարենանք պահել պէտք է հաւասարակշռուած մօտեցում ունենանք: Համաշխարհայնացումը միայն տնտեսական երեւոյթ չէ, ան մշակոյթ է, մտածելակերպ է, կենցաղակերպ է, գործելակերպ է. չենք կրնար այս բոլորէն հեռու մնալ. պէտք է որոշ չափով համակերպինք. սակայն միաժամանակ մեր ինքնութիւնը պէտք է պահենք: Ինչպէ՞ս կրնանք այս երկուքը իրարու հետ հաշտեցնել այնպիսի ձեւով, որ մէկ կողմէն՝ համաշխարհայնացումին կարեւորութիւն տալով, կարենանք նոր սերունդը չհեռացնել մեզմէ, եւ միւս կողմէն՝ մեր ինքնութեան հիմնական արժէքները պահել:
Յունաստանի մէջ, հայ երիտասարդը պիտի գիտնայ, թէ ինքը յունահպատակ է, յոյն ընկերութեան մաս կը կազմէ, բայց միաժամանակ ինքը՝ հայ է: Ամերիկայի մէջ կ՚ըսեն ափրիկեցի-ամերիկացի, սպանացի-ամերիկացի. ամերիկացի ըլլալը հասարակաց պատկանելիութիւն է, բայց այդ հասարակաց պատկանելիութեան մէջ, իւրաքանչիւր խումբ կամ համայնք իր ինքնութիւնը ունի: Մենք այս մօտեցումը պէտք է որդեգրենք վերակազմակերպման աշխատանքներուն մէջ:
Վեհափառ Տէր, անցնինք նաեւ մեր իրականութեան եւ այն բոլորին, որ դուք նշմարեցիք Ձեր այցելութեան ընթացքին: Թեմի երեսփոխանական ժողովի օրակարգը ո՞ր հիմնական գլուխներուն վրայ ծանրացաւ: Ի՞նչ պէտք է սպասել մեր գաղութային կեանքի վերակազմակերպման շրջագիծէն ներս:
Անցնող օրերու ընթացքին, առիթը ունեցայ յաջորդական հանդիպումներ ունենալ Ազգային վարչութեան ու թեմական կառոյցներուն, երեսփոխանական ժողովին եւ այլ մարմիններու, ինչպէս նաեւ գաղութը ներկայացնող զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, առանձնաբար եւ հաւաքաբար: Նախ կ՚ուզեմ խոր գոհունակութիւնս յայտնել, որ այսօր Յունաստանի հայոց գաղութը, եւ բնականաբար թեմը, աւելի կազմակերպուած եւ աւելի աշխոյժ, կենսունակ վիճակի մէջ է: Այսօր հայ կնոջ ու հայ երիտասարդութեան ներկայութիւնը մեր կառոյցներէն ներս աւելի նկատելի է։ Անցեալին, հին սերունդը կարեւոր դեր ունեցաւ: Բարձր կը գնահատենք հին սերունդին դերը։ Անցեալի փորձառութեան լոյսին տակ, ներկան պէտք է վերակազմակերպենք: Ես այս ճիգը կը տեսնեմ: Ես հիացայ, երբ այդքան գեղեցիկ հայերէնով եւ տրամաբանական մօտեցումով արտայայտութիւններ կատարուեցան ժողովներուն ընթացքին: Սա պատահական երեւոյթ չէ: Սա կը նշանակէ թէ այս գաղութին մէջ հաւաքական ճիգ մը կայ, լուրջ մօտեցում մը կայ հայ ոգին, հայ լեզուն, հայ արժէքները, հայ մշակոյթը պահելու: Սա կը նշանակէ որ եկեղեցին, ակումբը, կառոյցները, հայ դպրոցը, «Ազատ Օր»-ը՝ («Ազատ Օր»-ն ալ այլապէս դպրոց մըն է), մեր բոլոր կառոյցները կարեւոր դեր ունեցած են եւ այսօր ունին, այդ բոլորին պտուղն է այսօր՝ ինչ որ ես կը տեսնեմ: Բայց եղածով պէտք չէ բաւարարուինք: Պէտք է լաւագոյնին ձգտինք: Երէկուան, այսօրուան եւ վաղուան միջոցը շատ կարճ է: Որովհետեւ կեանքը այդքան առագընթաց կը յառաջանայ, որուն հետ անհրաժեշտ է քայլ պահել: Այս թեմը, ինչպէս միւս թեմերը, կարիքը ունի վերակազմակերպման: Եւ այդ վերակազմակերպումը պէտք է ծրագրուած կերպով կատարել, ոչ պարագայական մօտեցումով: Իւրաքանչիւր կառոյց ինքզինք վերակազմակերպելու ու աշխուժացնելու ճիգը պէտք է կատարէ ամէն իմաստով՝ օրակարգէն սկսեալ, մինչեւ գործելակերպ, մինչեւ մտածելակերպ: Սա էական է ու հրամայական։
Հիմա որ թեմի մասին կը խօսինք, անհրաժեշտ կը նկատեմ շեշտել, թէ գաղութին մէջ եկեղեցին կարեւոր դեր ունի եւ մեր կեանքի մայր էջին վրայ։ Եկեղեցին մեր կեանքէն հեռու շէնք մը չէ. ան մեր համայնքն է: Եկեղեցին ապրող, գործող, ծառայող ներկայութիւն է մեր կեանքին մէջ: Եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը ծառայութեան մէջն է: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ եկեղեցին իր շուրջ համախմբէ մեր կառոյցները, եւ մեր կառոյցները իրենք պէտք է գործօն մասնակցութիւն բերեն եկեղեցւոյ հաւաքական կեանքին ու ծառայութեան: Դարձեալ կ’ուզեմ յայտնել, որ թեմերուն ղրկած եմ ընդհանուր ուղեգիծին մէջ պարզած եմ, թէ թեմական կազմակերպումը ինչ ընթացք պէտք է ունենայ եւ որ մարզերը պէտք է դառնան առաջնահերթ։ Օրինակ՝ եկեղեցւոյ դերը քրիստոնէական դաստիարակութեան մէջ շատ կարեւոր է: Եկեղեցին նաեւ դեր ունի մարդակերտումի ու հայակերտումի աշխատանքներուն մէջ: Հայ դպրոցը եկեղեցիէն հեռու չէ. եկեղեցին եւս հայ դպրոցէն հեռու չէ, պէտք չէ ըլլայ։ Այս փոխադարձ կապերը եւ հաւաքական աշխատանքները պէտք է յստակօրէն քննուին եւ ճշդուին: Կը կրկնեմ. մենք տարբեր աշխարհի մէջ կ՚ապրինք, տարբեր իրականութիւններով շրջապատուած ենք, չենք կրնար ներկայ իրողութիւնը անտեսել: Մեր մօտեցումը պէտք է ըլլայ գործնապաշտ եւ իրապաշտ ու համահունչ՝ ներկայ պայմաններու ու մարտահրաւէրներու:
Վեհափառ Տէր, ուրեմն մասնաւորելով ձեր քաղած պատկերը մեր գաղութի իրականութենէն՝ գիտենք, որ առիթը ունեցաք անգամ եւս իրազեկ դառնալու մեր գաղութի թէ՛ ազգային, թէ՛ հոգեւոր, թէ՛ կրթական ու թէ՛ նաեւ հասարակական կեանքի բազմապիսի գործունէութեան մասին: Կ՚ուզէի քիչ մը աւելի մանրամասնել, աւելի ընդհանրացնել ձեր տպաւորութիւնները եւ ձեր քաղած պատկերը այս ուղղութեամբ:
Գաղութէն ներս կը գործեն բազմաթիւ կառոյցներ, ինչպէս մեր բոլոր գաղութներէն ներս։ Երէկ գիշեր, երբ հանդիպեցայ անոնց ներկայացուցիչներուն հետ, իրենց յիշեցուցի թէ դուք իրարու կ՚ըսէք քոյր կազմակերպութիւններ. քոյր կազմակերպութիւն ըլլալը, կը նշանակէ միասին գործակցիլ եւ այդ գործակցութիւնը որքան սերտ ու ներդաշնակ ըլլայ, այնքան կառոյցներուն գործունէութիւնը կը դառնայ աւելի կազմակերպ եւ ազդու եւ կառոյցներէն անդին՝ մեր գաղութին կամ թեմին հաւաքական կեանքը: Որեւէ կառոյցի գոյութեան պատճառը ծառայութիւնն է: Բնականաբար մեր կառոյցները տարբեր կանոնագրութիւն, տարբեր օրակարգեր, տարբեր առաջնահերթութիւններ ունին. բայց, վերջ ի վերջոյ տեղ մը կը միանան իրարու: Միացման կէտը մեր ընդհանրական կեանքն է, թեմական ու գաղութային կեանքը: Ես բոլորին մօտ տեսայ աշխուժութիւն ու գաղութին ծառայելու պատրաստակամութիւն. միաժամանակ բոլորին մօտ տեսայ գիտակցութիւն, որ այլեւս մեր կառոյցները պէտք է վերակազմակերպուին ու վերակենսաւորուին ներկայ մարտահրաւէրներուն ընդառաջ: Հետեւաբար, իմ առաջարկս պիտի ըլլայ, որ թեմ, կառոյցներ, մարմիններ, կազմակերպութիւններ սերտօրէն գործակցին, այդ գործակցութիւնը դառնայ աւելի ներդաշնակ եւ հետեւողական: Սա հրամայական անհրաժեշտութիւն է բոլոր թեմերէն ներս:
Ձեր հովուապետական այցելութիւնը նաեւ առիթը եղաւ տեսակցութիւններ ունենալու հելլէն պետական բարձր ղեկավարութեան, ինչպէս նաեւ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պետին հետ: Որո՞նք են ձեր տպաւորութիւնները՝ յատկապէս միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու երկխօսութեան ծիրէն ներս, ինչպէ՞ս կարելի է տեսնել կապերու զարգացումը:
Ինչպէս գիտէք, ամէն անգամ, որ այցելութիւն տամ Յունաստան, անպայման կը հանդիպիմ յոյն եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսին: Մօտէն ծանօթ եմ ներկայ արքեպիսկոպոսին: Այս հանդիպումները փրոթոքոլային այցելութիւններ չեն եղած, այլ՝ իրապէս եղբայրական ու բարեկամական. միասին գործակցելու ճիգը կայ միշտ, մեր մօտ: Այս անգամ եւս, եղբայրական ընդունելութեան արժանացայ: Արքեպիսկոպոսը, հակառակ իր յառաջացեալ տարիքին, ջերմ կերպով ընդունեց զիս, եւ միասին խորհրդակցութիւն ունեցանք մեր եկեղեցիները, մեր ժողովուրդներուն, մանաւանդ միջ-եկեղեցական կեանքը յուզող հարցերու շուրջ: Այս առիթով նաեւ արքեպիսկոպոսը ի պատիւ ինծի պաշտօնական ճաշկերոյթ մը սարքեց: Միջ-եկեղեցական հանդիպումներէն անդին մեր գործակցութիւնը յոյն եկեղեցւոյ հետ կը նկատեմ շատ կարեւոր: Մեր եկեղեցիներու եւ ժողովուրդներու բարեկամութիւնը պատմութեան մէջ խոր արմատներ ունի: Այսօր եւս հաւաքական արժէքներ ու աւանդութիւններ կան, հասարակաց դատ մը ունինք: Հետեւաբար, այս բոլորին շուրջ մենք պէտք է համախմբուինք եւ մեր գործակցութիւնը շարունակենք յոյն եկեղեցւոյ հետ: Այս ծիրէն ներս, ես կ՚ուզեմ ուրախութեամբ ու բարձր գնահատանքով յայտնել, որ Գեղամ սրբազանը, Յունաստանի հայոց առաջնորդը, սերտ կապեր հաստատած է յոյն եկեղեցւոյ հետ:
Ինչ կը վերաբերի վարչապետին հետ մեր ունեցած հանդիպումին, նախապէս հանդիպած էի իրեն, տարիներ առաջ երբ նախարար էր: Վարչապետը այսօր շուրջ ժամ մը ջերմօրէն ընդունեց զիս, եւ հակառակ իր բազմազբաղ վիճակին ու մանաւանդ ներկայ տագնապալից պայմաններուն, եւ իր փափաքին ընդառաջելով, բարեկամական մթնոլորտի մէջ առանձին հանդիպում մը ունեցանք, որու ընթացքին լայնօրէն անդրադարձանք չորս մարզերու.- Յունաստանի հայ գաղութը, Լիբանանը, յատկապէս նախագահական ընտրութիւն, Յունաստանի դերը ընդհանրապէս Միջին Արեւելքէն ներս, եւ Հայաստան ու Արցախ: Շինիչ հանդիպում մըն էր։ Այս առիթով կ՚ուզեմ յայտնել, թէ վարչապետը յատուկ յարգանքով խօսեցաւ Յունաստանի մեր գաղութին մասին։ Ես հարց տուի իրեն, թէ արդեօ՞ք որեւէ ըսելիք կամ դժգոհութիւն ունի՝ մեր գաղութին առնչուած: Ընդհակառակը, ըսաւ, ու աւելցուց՝ եթէ իրենք ինձմէ որեւէ դժգոհութիւն ունին, իրենք ինծի պէտք է ըսեն: Հետեւաբար, մեր գործակցութիւնը թէ՛ կրօնական եւ թէ՛ պետական մակարդակներուն վրայ պէտք է շարունակուի: Յունաստանը Եւրոպայի մէջ կարեւոր երկիր մըն է. կարեւոր դերակատարութիւն ունի: Նաեւ Յունաստանը իր հաւասարակշռուած քաղաքականութեամբ, ինչպէս ըսի վարչապետին, Յունաստանը նաեւ արաբական, իսլամական աշխարհին մէջ կարեւոր դեր ունի. եւ առաջարկեցի, որ Յունաստանի դերակատարութիւնը թէ՛ Եւրոպայի, թէ՛ Միջին Արեւելքի մէջ, ե՛ւ իսլամական աշխարհէն ներս աւելի կազմակերպ ու գործօն ըլլայ:
Ինչպէս գիտէք, երէկ համալսարանին մէջ դասախօսութիւն մը տուի: Ներկայ փրոֆեսէօրներէն իմացայ, որ դրական արձագանգ գտած է իմ դասախօսութիւնս։ Այս անգամ ուզեցի կեդրոնանալ մէկ կէտի վրայ, որ հետեւեալն է. պատմականօրէն եւ մինչեւ այսօր, յոյն եկեղեցին, ընդհանրապէս օրթոտոքս աշխարհը մեզ կը նկատէ միաբնակ (մոնոֆիզիդ). աստուածաբանական հիմնաւորումներով շեշտեցի, թէ մենք մոնոֆիզիդ չենք, այլ միաֆիզիդ, թէ՝ տարբերութիւն մը կայ, մոնոֆիզիդ եւ միաֆիզիդ մօտեցումներուն միջեւ։ Հայ եկեղեցին միաֆիզիդ է այն իմաստով, որ երկու բնութիւնները միացեալ կ՚ընդունի եւ ոչ թէ մէկ բնութիւն: Արդ, կրօնական, ակադեմական, պետական երեք տարածքները քով քովի բերելով կ՚ուզեմ հաստատել թէ յիշեալ հանդիպումները մեծապէս դրական էին:
Վեհափառ Տէր, վաղը կը մեկնիք սակայն կը մնայ Ձեր այցելութեան ծանր եւ ուրախ առիթն ու արձագանգը: Մեկնելէ առաջ, ի՞նչ է ձեր հայրական պատգամն ու թելադրանքը՝ յունահայ գաղութի ժողովուրդին:
Այո՛, վաղը կը վերադառնամ Անթիլիասի մայրավանք, ինծի հետ տանելով Յունաստանի հայ գաղութը՝ իր մտահոգութիւններով, մարտահրաւէրներով եւ մանաւանդ իր հաւաքական հաւատքով եւ յանձնառութեամբ: Իւրաքանչիւր գաղութ սփիւռքի մէջ իր իւրայատկութիւնը ունի, իր ըսելիքը եւ ընելիքը ունի: Յունաստանի հայութիւնը պատմական գաղութ է, ճիշդ է վերջին տարիներուն Հայաստանէն հայեր հաստատուեցան եւ նոր դիմագիծ տուին գաղութին, սակայն չմոռնանք որ ցեղասպանութենէն առաջ հայկական գաղութ եղած է հոս։ Հակառակ ահաւոր դժուարութիւններու, Յունաստանի հայութիւնը ինքզինք պահած է եւ մեր հոգեւոր, բարոյական, ազգային, մշակութային արժէքներով ու ձգտումներով կազմաւորուած է եւ սերունդներ կազմաւորած։ Այս գաղութը կարեւոր դեր ունի կատարելիք առաջին հերթին Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման աշխատանքներուն մէջ: Այսօր Արցախը գոյութենական տագնապի մէջ է: Եւրոպայի մաս կը կազմէ այս գաղութը եւ այս ուղղութեամբ կարեւոր դեր ունի կատարելիք։ Երբ վարչապետին խօսեցայ այս մասին, ան ըսաւ թէ յառաջիկայ օրերուն Եւրոպայի Խորհուրդի համաժողովին պիտի արծարծէ Արցախի հարցը: Հայաստանի հզօրացման մէջ եւս Յունաստանի հայութեան ներդրումը եղած է կարեւոր։ Անհրաժեշտ է նո՛յն ոգիով շարունակել։ Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ, յատկապէս Եւրոպայի ծիրէն ներս, գաղութը նշանակալից նպաստ ունեցած է։ Եւ ընդհանրապէս սփիւռքի հայութեան կրթական, մշակութային ազգային կեանքին մէջ Յունաստանի հայութիւնը երբեք լուսանցքի վրայ չէ եղած։ Այս մարտահրաւէրին դիմաց, գաղութը կոչուած է ինքզինք վերակազմակերպելու այնպիսի ձեւով, որ իր դերակատարութիւնը ըլլայ աւելի զօրեղ, աւելի ազդու: Արդ, կոչ կ’ուղղեմ Յունաստանի մեր սիրելի զաւակներուն, որ ա՛յս գիտակցութեամբ մասնակից դառնան մեր թեմական ու գաղութային կառոյցներու կեանքին: Անոնք մեր կառոյցներն են, այդ կառոյցները մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցութեամբ, կ՚ուզեմ բառը շեշտել, ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ կ՚արժեւորուին եւ իրենց գործունէութեամբ անոնք մեր կեանքի ամբողջականութիւնը կը պահեն, մեր կեանքին կենսունակութիւն կու տան։ Սակայն, կը կրկնեմ, մեր բոլոր կառոյցները իրենց օրակարգերով, մտածելակերպերով ու գործելակերպերով կարիքը ունին վերանորոգման։ Այս աշխատանքին հարկ է լծուի գաղութը, եւ՝ շուտով։
Վեհափառ Տէր, ջերմ շնորհակալութիւն «Ազատ Օր»ին կողմէ, որ այս առիթը ընծայեցիք մեզի: Բարի ճանապարհ կը մաղթենք Ձեզի եւ ցտեսութեան սպասումով միշտ:
Այս առիթով կ՚ուզեմ «Ազատ Օր»-ին բարձր գնահատանքս յայտնել, «Ազատ Օր»-ը ինչպէս որեւէ հայ թերթ, մեզի համար սովորական օրաթերթ չէ, այլ՝ առաքելութիւն է, ազգային, մշակութային, կրթական առաքելութիւն: Հայ թերթը հայակերտումի ու մարդակերտումի մէջ կարեւոր դեր ունի: «Ազատ Օր»-ը այս գաղութէն ներս, կարեւոր դեր ունեցած է եւ ես վստահ եմ, որ նոյն դերը, վերանորոգ աշխուժութեամբ եւ հաւատքով պիտի շարունակէ: Յաջողութիւն ձեզի:
Շատ շնորհակալ ենք, Վեհափառ Տէր։
Հարցազրույցը՝ azator.gr կայքից։