Հայ ժողովուրդին հոգեմտաւոր սերուցքը դարձեալ զոհաբերուեցաւ Հայաստանն ու հայութիւնը գլխատելու ահաւոր ոճրագործութեան մը, բայց այս անգամ արդէն ոչ-թուրք, այլ հայանուն եւ հայութենէ պարպուած պոլշեւիկ չեկիստներու ձեռամբ։
Նազարեթ Բերբերյան
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Յուշատետր
10-11 ԱՊՐԻԼ 1938.
ՊՈԼՇԵՒԻԶՄԸ ԽԱՉԵՑ ՀԱՅՈՒՆ ՀԱՒԱՏՔԸ
(Ամենայն Հայոց Խորէն Ա. Մուրադբեգեան Կաթողիկոս խեղդամահ եղաւ չեկիստներու ձեռամբ)
Ն. Պէրպէրեան
Տակաւ կը բացայայտուին մութ ծալքերը այն անլուր ողբերգութեան, որ 10-11 Ապրիլ 1938ի գիշերը պատահեցաւ Ս. Էջմիածնի մէջ, օրուան Ամենայն Հայոց Խորէն Ա. Մուրադբեգեան Կաթողիկոսի ննջասենեակէն ներս։
Այդուհանդերձ՝ ատենին իսկ բացայայտուած պատմական փաստ եւ դաժանագոյն իրողութիւն է, որ այդ գիշեր Հայոց Վեհափառը խեղդամահ գտնուեցաւ իր անկողնին մէջ։
Եւ իրականութեան մասին աշխարհ կրնար լուր անգամ չունենալ, եթէ Հայոց Հաւատքը խաչելու ելած խորհրդային Չեկան գիտնար եւ կարենար սանձ դնել իր մոլեգնութեան։
Նորակազմ Խորհրդային Միութիւնը փաստօրէն վերածուած էր երկաթէ վարագոյրներով աշխարհէն կտրուած մեծ ճամբարի մը, ուր թափանցելու եւ միլիոնաւոր մարդոց իրազեկելու կամ լուսաբանելու անյաղթահարելի դժուարութիւն կը դիմագրաւէին արտասահմանեան մամուլն ու ձայնասփիւռը։
Իսկ խորհրդային ճամբարին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութեանց կամ զարգացումներուն մասին հաւասարապէս ե՛ւ սեփական հանրութեան, ե՛ւ արտասահմանի հանրային կարծիքին կը փոխանցուէր միայն պաշտօնապէս արտօնուածը՝ գրաքննուած լրատուութիւնը։
*
- *
Նման տեղեկատուական շրջափակման պայմաններուն մէջ, հասկնալիօրէն, խորհրդայինները բնական մահուան վերագրեցին Ամենայն Հայոց Խորէն Առաջին Վեհափառի վախճանումը։
Այդպիսով ալ կրնար փակուիլ թղթածրարը․․․
Բայց որովհետեւ նոյն օրերուն – եւ անկախաբար Հայոց Կաթողիկոսի սպանութեան սրբապղծութենէն – խորհրդայինները ձեռնարկած էին տասնեակ հազարաւոր պարսկահպատակներ զանգուածաբար Հայաստանէն վտարելու քայլին, անոնց շարքին նաեւ հայրենիք վերադարձած գաղթական հայութիւնը, Չեկան ակամայ արտօնած եղաւ… տեղեկութեանց անհակակշռելի հոսքը դէպի արտասահման։ Թաւրիզ հասնող հայ վտարանդիները ականատեսի եւ ականջալուրի իրենց վկայութիւնները փոխանցեցին Ատրպատականի Հայոց Առաջնորդ Ներսէս Արք. Մելիք-Թանգեանին։
Իսկ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ քաջարի այդ հովիւը նման սրբապղծութիւն ո՛չ ներողն էր, ոչ ալ այդ մասին լուռ մնացողն էր…
*
- *
Ստալինեան անխնայ մաքրագործումներու եւ սպիտակ եղեռնի ահաւոր ժամանակաշրջան եղան 1935-1938 տարիները։
Հայ ժողովուրդին հոգեմտաւոր սերուցքը դարձեալ զոհաբերուեցաւ Հայաստանն ու հայութիւնը գլխատելու ահաւոր ոճրագործութեան մը, բայց այս անգամ արդէն ոչ-թուրք, այլ հայանուն եւ հայութենէ պարպուած պոլշեւիկ չեկիստներու ձեռամբ։
Բանտային խոշտանգումի տակ սպաննուած Չարենցի ողբերգական վախճանով խորհրդանշուած խորհրդային այդ եղեռնագործութիւնը փաստօրէն բաւարար չնկատուեցաւ յաչս Ստալինի, ինչպէս եւ անոր ձեռնասուն չեկայապետ Բերիայի ճիրաններուն տակ ինկած Քրեմլինի ղեկավարութեան, որ 1920էն սկսեալ փորձեց եւ անընդհատ հետապնդեց խորհրդայնացումը Հայաստանի ու հայութեան…
Պոլշեւիկեան այդ մոլուցքը միշտ ալ Հայաստանի եւ հայութեան մէջ գտաւ ինչ-որ «ազգայնական», «պուրժուա» եւ մանաւանդ… «դաշնակիստ» բան մը, որուն արմատախիլ «մաքրագործում»ը հռչակեց պետական եւ, այսպէս կոչուած, կուսակցական իր շահերուն «գերագոյն առաջնահերթութիւն»ը։
Քաղաքական եւ հասարակական այդօրինակ մոլեգնութեան հետեւանքով էր, ահա՛, որ խորհրդայինները դիմեցին նաեւ Հայուն Հաւատքը խաչելու քայլին՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը խեղդամահ սպաննելու սրբապղծութեան։
*
- *
Խորէն Ա. Մուրադբեգեան Կաթողիկոս ընտրուած էր 1932ին եւ համախոհ ու սերտ գործակից էր այդ օրերուն Խ. Հայաստանի իշխանաւոր Աղասի Խանջեանի, որ բախտի հեգնանքով՝ քանի մը տարի ետք իր հերթին – եւ իբրեւ խորհրդային կարգերու դէմ հայոց դժգոհութեան գլխաւոր պատասխանատու – թիրախ պիտի դառնար ստալինեան «մաքրագործումներու» խորշակին։
Անշուշտ Քրեմլինի հաշիւները շատ անդին կ’անցնէին Խորէն Առաջին Հայրապետի կամ Աղասի Խանջեանի անձերէն եւ անոնց ներկայացուցած… ընդդիմադրութենէն։
Քրեմլինի համար ամբողջ խորհրդային տարածքին եկեղեցին դատապարտուած էր. պէտք էր քայքայուէր ու անհետանար, ինչպէս որ ազգերը պէտք էր աստիճանաբար ձուլուէին… «խորհրդային ազգ»ի մէջ։
Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ պարագային կար, սակայն, նրբերանգային այն նկատառումը, որ Ս. Էջմիածինը կը հանդիսանար նաեւ տարագիր հայութեան հոգեւոր կեդրոնը եւ, իբրեւ այդպիսին, կրնար օգտակար զէնք մը դառնալ խորհրդային արտաքին քաղաքականութեան ձեռին՝ արտասահմանեան երկիրներու մէջ ազդեցութեան տեղական լծակներ ապահովելու ուղղութեամբ։
Հետեւաբար, հարկ էր Խորէն Առաջինի օրինակով հոգեւորականներէ գլխատել Հայաստանեայց Եկեղեցին, որպէսզի Չեկայի դրածոյ կղերով Քրեմլին կարենայ իր արտաքին քաղաքականութեան հաշւոյն օգտագործելի զէնքի վերածել Ս. Էջմիածինը։
Խորհրդային այդ դաժան քաղաքականութեան դառնագոյն գինն էր, որ Խորէն Ա. Մուրադբեգեան Կաթողիկոս վճարեց իր կեանքով։
*
- *
Հակառակ անոր, որ Էջմիածնի Գահակալին «գլխատման» Չեկայի գործողութեան մասին խորհրդայինները հետեւողականօրէն լռութիւն պահեցին՝ Հայոց Հայրապետին մահը բնական պատճառներու վերագրելով, այսուհանդերձ՝ չկրցան լռութեան մատնել սրբապիղծ «Հայրասպանութիւնը» բացայայտելու Մելիք-Թանգեան Արքեպիսկոպոսին նոյնքան եւ աւելի հետեւողական, այլեւ՝ յանդուգն ու անվեհեր ձայնը։
Աւելի՛ն․ Հայոց Հայրապետի խեղդամահ սպանութեան եւ անոր շուրջ պաշտօնապէս պարտադրուած ապատեղեկատուութեան հետեւանքը եղաւ, յատկապէս սփիւռքի տարածքին, հայ ժողովուրդի ներքին պառակտուածութեան աւելիով խորացումը։
Խորէն Կաթողիկոսի վախճանումը բնական պատճառներու վերագրող խորհրդային քարոզչութեան կամակատար հետեւորդները, ի հակադրութիւն սփիւռքեան գաղութներու մէջ առաջացած խոր ընդվզումին, փորձեցին կատարուած սրբապղծութիւնը ծածկել՝ հակադաշնակցական պայքարի սաստկացման նոր ալիքի մը տակ հերքումի ելքեր փնտռելով…
Եւ այդպէ՛ս, Ս. Էջմիածնի մէջ 10-11 Ապրիլ 1938ին գործուած սրբապիղծ ոճրագործութիւնը բացայայտող ու դատապարտող Ատրպատականի Հայոց Էջմիածնական թեմի Առաջնորդին հետեւողական պնդումներն ու հրապարակած մերկացումները պաշտօնական Երեւանի կողմէ հռչակուեցան․․․ «դաշնակցական յերիւրանք»։
Իսկ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը փաստօրէն մնաց թափուր աւելի քան ութ տարի։ Խորհրդայինները Կաթողիկոսական Տեղապահ նշանակեցին Գէորգ Չէօրէքճեան Սրբազանին, բայց ո՛չ կրցան Ազգային Ընդհանուր Ժողով գումարել, ոչ ալ համախոհութիւն առաջացնել իրենց կաթողիկոսական այդ թեկնածուին շուրջ։
*
- *
Հայութեան ներքնապէս պառակտելու պոլշեւիկեան սադրանքները շարունակուեցան նաեւ Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտէն ետք, երբ աշխարհաքաղաքական նոր պայմաններէն օգտուելով՝ Քրեմլինի վարիչները ի վերջոյ կրցան Գէորգ Զ. Կաթողիկոսի ընտրութեան համար Ազգային Ընդհանուր Ժողովը գումարել տալ։
Պառակտումը խորացաւ ու յանգեցաւ 1956ի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական ընտրութեանց առիթով թափ առած ներ-սփիւռքեան բուռն, մինչեւ իսկ եղբայրասպան արիւնահեղութեան յանգած պայքարին։
Բայց ընդհանուր ողբերգութեան այդ երեսը առանձին յուշատետրի էջ է, սեւ ու մռայլ։
Այսօր Ապրիլ 11 է եւ հայութիւնը վերստին կը յիշէ 1938ի եղերական Ապրիլ 10-11ի այն գիշերը, երբ չեկայական մոլագարներու ձեռամբ Հայոց Կաթողիկոսը խեղդամահ եղաւ նոյնինքն Ս. Էջմիածնի մէջ։
Աշխարհով մէկ հայ ժողովուրդը կը շարունակէ Ապրիլ ամսու այս օրը ոգեկոչել նահատակութիւնը իր Հաւատքը առաջնորդելու կոչուած Ամենայն Հայոց Խորէն Ա. Մուրադբեգեան Կաթողիկոսին՝
Որպէսզի երբեք չկրկնուի ազգային մեր յիշողութիւնը խարանած նման Ողբերգութիւնը։
Գրառումը՝ Նազարեթ Բերբերյանի ֆեյսբուքյան էջից։