18 C
Yerevan

18 Ապրիլ 1921. Արցա­խի Մէջ Վերջ Գտաւ Թևան Ստե­փա­նեա­նի Պատմահռչակ Ապստամբութիւնը

Դժուար է ստուգա­պէս բացատրել, թէ տարա­գիր հայութիւնը ինչո՛ւ նման մոռա­ցութեան մատնեց Թեւան Ստե­փա­նեա­նի անունն ու անոր ղեկա­վա­րած ժողովրդա­յին ապստամբութիւնը, որ իր ամբողջութեան մէջ անբա­ժա­նե­լի մասը կը կազմէ Լեռնա­հա­յաստա­նի հայացման ու անկա­խացման համար Դաշնակցութեան մղած հերո­սա­կան պայքա­րին՝ Գարե­գին Նժդե­հի ղեկա­վա­րութեան տակ։

Նազա­րեթ Բերբերյան

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշա­տետր

18 ԱՊՐԻԼ 1921.
Արցա­խի մէջ վերջ գտաւ ԹԵՒԱՆ ՍՏԵ­ՓԱ­ՆԵԱ­Նի պատմահռչակ ապստամբութիւնը

Ն. Պէրպէ­րեան

1921 թուա­կա­նի Ապրիլ ամի­սը ծանրա­գոյն, այլեւ բախտո­րոշ ժամա­նա­կաշրջան մը եղաւ հայ ժողո­վուրդի եւ Հայաստա­նի պատմութեան մէջ։
28 Մայիս 1918ին հիմնուած ազատ ու անկախ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնը 18 Ապրիլ 2021ին ինկաւ՝ երկրորդ անգամ ըլլա­լով — եւ այլեւս 70 տարուան համար — խորհրդա­յին լուծի տակ։
18 Փետրուար 1921ին շղթա­յա­զերծուած համա­ժո­ղովրդա­յին ապստամբութիւնը Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան վերջին վարչա­պե­տին՝ Սիմոն Վրա­ցեա­նի գլխաւո­րած Հայրե­նի­քի Փրկութեան Կոմի­տէին վերա­դարձուցած էր 3 Դեկտեմբեր 1920ին խորհրդայնա­ցուած Հայաստա­նի պետա­կան իշխա­նութեան ղեկը։
Յիսնօ­րեայ ուժեղ դիմադրութիւն ցուցա­բե­րե­լէ ետք Կարմիր Բանա­կի գրոհնե­րուն դէմ, Հայրե­նի­քի Փրկութեան Կոմի­տէն ի վերջոյ տեղի տուաւ եւ Ապրիլ 12ին, Զանգե­զուրի վրա­յով ու շուրջ 12 հազար ժողո­վուրդով, անցաւ Պարսկաստան.

Շատ աւե­լի ծանր եղաւ դրութիւնը Արցա­խի հայութեան, որ Դեկտեմբեր 1920էն սկսեալ, Թեւան Ստե­փա­նեա­նի հրա­մա­նա­տա­րութեամբ, ապստամբութեան դրօշ պարզած էր խորհրդա­յիննե­րուն դէմ՝ ի խնդիր Հայաստա­նի եւ անոր անբա­ժա­նե­լի մասը հռչա­կուած Արցա­խի անկա­խութեան պահպա­նումին:
Արցա­խի հայութեան ապստամբա­կան շարժումը եւս, 1921ի Ապրի­լի 18ին, իր կարգին պարտաւո­րուե­ցաւ տեղի տալու Կարմիր Բանա­կի ասպա­տա­կումնե­րուն առջեւ եւ վար դնե­լու… իր զէնքե­րը։
Միայն Զանգե­զուրը շարունա­կեց դիմադրել Կարմիր Բանա­կի խուժումին՝ Գարե­գին Նժդե­հի եւ անոր հրա­մա­նա­տա­րութեան տակ դրուած Հայրե­նի­քի Փրկութեան Կոմի­տէի զինուո­րա­կան ուժին շնորհիւ։
Բայց Զանգե­զուրը եւս միայն որոշ ժամա­նա­կի համար կրցաւ դիմադրել՝ մինչեւ որ Յուլիս 1921ին Հայոց Սպա­րա­պե­տը իր կարգին հատեց հայ-պարսկա­կան սահմա­նը եւ միա­ցաւ անկախ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան տարա­գիր ղեկա­վա­րութեան։
Այսպէ՛ս, 102 տարի առաջ, Ապրիլ 18ի այս օրը, վերջ գտաւ նաեւ Արցա­խի հայութեան ապստամբութիւնը խորհրդա­յին կարգե­րուն դէմ։

Արցա­խի հայութեան ազգա­յին-ազա­տագրա­կան պոռթկումնե­րու եւ ապստամբա­կան շարժումնե­րու բազմա­դա­րեան պատմութեան մէջ, 1920–1921 տարի­նե­րու այդ ապստամբութիւնը հռչա­կուե­ցաւ «Թեւա­նի Ապստամբութիւն» որա­կումով։
Այսուհանդերձ՝ մինչեւ Արցա­խի մերօ­րեայ իրո­ղա­կան ազա­տագրումն ու Հայաստա­նի վերանկա­խա­ցումը, ընդհանրա­պէս մոռա­ցութեան տրուե­ցաւ Հայկա­կան Ազա­տա­մարտի այս փայլուն էջը։
Մոռա­ցութեան տրուե­ցաւ նաեւ ու մանաւանդ անոր առասպե­լա­կան հերոս ղեկա­վա­րը՝ Թեւան Ստե­փա­նեա­նը, որուն կենսագրութեան մասին տարրա­կան տեղե­կութիւններն իսկ հանրա­գի­տա­կան շրջա­նա­ռութեան մէջ դրուած չեն։
Դժուար է ստուգա­պէս բացատրել, թէ տարա­գիր հայութիւնը ինչո՛ւ նման մոռա­ցութեան մատնեց Թեւան Ստե­փա­նեա­նի անունն ու անոր ղեկա­վա­րած ժողովրդա­յին ապստամբութիւնը, որ իր ամբողջութեան մէջ անբա­ժա­նե­լի մասը կը կազմէ Լեռնա­հա­յաստա­նի հայացման ու անկա­խացման համար Դաշնակցութեան մղած հերո­սա­կան պայքա­րին՝ Գարե­գին Նժդե­հի ղեկա­վա­րութեան տակ։


Այսուհանդերձ՝ ստոյգ է, որ խորհրդա­յիննե­րը իրե՛նք, ուղղա­կիօ­րէն եւ բառին ամէ­նէն հակա­հայ իմաստով, ամբողջ 70 տարի փորձե­ցին իբրեւ «ժողո­վուրդի թշնա­մի» վարկազրկել ու բանադրել Թեւան Ստե­փա­նեա­նը։
Խորհրդա­յիննե­րը ամբողջ 70ամեակ մը իբրեւ «Թեվանիստներ»ու վարկա­բե­կել փորձե­ցին եւ այդ «մեղադրանք»ով պարբե­րա­բար հալա­ծանքի ենթարկե­ցին ու սիպի­րեան աքսո­րի դատա­պարտե­ցին Արցա­խի այն բոլոր գործիչնե­րը, որոնք խորհրդա­յին տարի­նե­րուն դոյզն համարձա­կութիւնը ունե­ցան Արցա­խի հայկա­կան դիմագծին եւ ազգա­յին իրաւունքնե­րուն պահանջա­տէր ներկա­յա­նա­լու։
Աւելի՛ն. ինչպէս Նժդե­հի պարա­գա­յին, նոյնպէս եւ Պարսկաստան ապաստա­նած ու հոնկէ երբեք դուրս չեկած Թեւա­նի նկատմամբ՝ խորհրդա­յիննե­րը միշտ ունե­ցան «հաշուե­յարդար» կատա­րե­լու պետա­կան որո­շում…
Եւ Երկրորդ Աշխարհա­մարտին, երբ կարճ ժամա­նա­կով Կարմիր Բանա­կը կրցաւ Պարսկաստան մտնել, իրա­կա­նա­ցուցին այդ… որո­շումը․

  • Թաւրի­զի մէջ ձերբա­կա­լե­ցին եւ Պաքու տանե­լով գնդա­կա­հա­րե­ցին Հատրութի (պատմա­կան Դիզակ գաւա­ռի) հերո­սա­ծին զաւակ Թեւա­նը։

Խորհրդա­յիննե­րը բնաւ չնե­րե­ցին Արցա­խի քաջա­րի զաւակ Թեւան Ստե­փա­նեան անունով տումե­ցի հերո­սին, որ Ապրիլ 1920ի վերջե­րէն, երբ ատրպէյճանցիք մուսաւա­թա­կան իրենց դէմքը փոխա­րի­նե­ցին կարմիր-բանա­կա­յիննե­րու համազգեստով, անխնայ պայքար յայտա­րա­րեց պոլշեւի­կեան դրօ­շի տակ Արցա­խը բռնագրաւե­լու ելած թրքա­կան վտանգին դէմ։
Այդ ժամա­նա­կէն սկսեալ, Թեւան դարձաւ ահուսարսա­փը խորհրդա­յին Չեկա­յի ազե­րի թէ հայ ծառա­յա­միտնե­րուն։
Իբրեւ այդպի­սին ալ՝ Թեւան հակա­խորհրդա­յին պայքա­րի «խորհրդանիշ»ի վերա­ծուե­ցաւ պոլշեւի­կեան քարոզչութեան կողմէ։
Այդ առումով՝ իր կարգին Դիզա­կի (Հատրութ) զաւակ, Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղի Հանրա­պե­տութեան Գերա­գոյն Խորհուրդի անդրա­նիկ նախա­գահ Արթուր Մկրտչեա­նը, աւե­լի քան քսան տարի առաջ անդրա­դառնա­լով Թեւան Ստե­փա­նեա­նի անձին ու գործին, բանա­սի­րա­կան գիտութիւննե­րու մասնա­գէ­տի մը գնա­հա­տա­կա­նէն աւե­լին կը կատա­րէր, երբ կը գրէր.-
«Մեր Հայրե­նի­քի համար ամե­նա­տա­րա­բախտ շրջա­փուլի ժամա­նակ, երբ սպառւում էին հայոց անկախ պետութեան գոյութեան հնա­րաւո­րութիւննե­րը, Գարե­գին Նժդե­հը Դիզա­կում իր տեղա­պետ է կարգում Թեւան Ստե­փա­նեա­նին։
«Տումե­ցի հերո­սը դառնա­լու էր, այնուհե­տեւ, ադրբե­ջա­նա­կան չեկիստ հրո­սակնե­րի հոգէա­ռը, Դիզա­կի հայութեան անձնա­զոհ պաշտպա­նը (որա­կումը՝ Բագրատ Ուլուբա­բեա­նի):
«Թեւա­նի անունն, անկասկած, փառաւո­րե­լի է Արցա­խի այնպի­սի հերոսնե­րի անուանց հետ, ինչպի­սիք են Արամ Մանուկեա­նը, Նիկոլ Դումա­նը, Վանայ Իշխա­նը»։

Թեւան Ստե­փա­նեա­նի առա­ջա­ցուցած եւ ղեկա­վա­րած ապստամբութիւնը ինքնագլուխ քայլ մը չէր։
Պատմա­բաննե­րը կը վկա­յեն, որ «1919ի Օգոստոսին կայացած Արցախահայութեան եօթներորդ Համագումարում որոշուել էր, մինչեւ Փարիզի Հաշտութեան Վեհաժողովում Արցախի հարցի վերջնական լուծումը, ժամանակաւորապէս ընդունել Ադրբեջանի իշխանութիւնը: «Չնայած համաձայնագրի 26 կէտերից մէկը ադրբեջանական զինուժին Արցախ չմտնելու մասին էր, անգլիացիների կողմից Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի գեներալ-նահանգապետ նշանակուած Սուլթանովը հրահանգում է ռազմակալել Արցախն ու պարտադրել ադրբեջանական իշխանութիւնը: «Արցախցիները, հասկանալով պահի օրհասական լինելը, պատրաստւում են դիմադրութեան։ «Ռումբը պայթում է 1920ի Մարտի 22ի երեկոյեան՝ մահմեդական Նովրուզ-Բայրամի օրը։ Թէժ մարտեր են ընթանում յատկապէս Վարանդայում, Ասկերանի ճակատում եւ Տումի-Խծաբերդի ու Մսուրմանլարի շրջանում։ «Ասկերանի բերդի կռիւները տեւում են 18 օր. մօտ 500 հայեր՝ 3500-4000 հոգուց բաղկացած կանոնաւոր զօրքի դէմ: «Յաղթանակի դէպքում մերոնք կտրում էին Աղդամ-Շուշի խճուղին, շրջա­փա­կում մայրա­քա­ղա­քը (Շուշին) եւ հարկադրում ադրբե­ջա­նա­կան իշխա­նութիւննե­րին անձնա­տուր լինել. հակա­ռակ պարա­գա­յում կոտո­րածներն անխուսա­փե­լի էին»։

Ահա թէ ինչպէ՛ս, 102 տարի առաջ ալ, ազե­րի-թուրքը սպա­ռեց հայ ժողո­վուրդին մօտ իր գտած վստա­հե­լիութեան պաշա­րը, երբ Արցա­խի հայութեան բարի-դրա­ցիա­կան տրա­մադրութեանց հակա­դարձեց Արցա­խը հայութե­նէ պարպե­լու — ի հարկին ցեղասպա­նութեան ճամբով — հակա­հայ քաղա­քա­կա­նութեամբ։
Ժամա­նա­կը փաստօ­րէն ոչ մէկ բարե­փո­խում առա­ջա­ցուցած է ինչպէս թուրք, այնպէս ալ ազե­րի պետա­կան գործիչնե­րու քաղա­քա­կան մտա­ծո­ղութեան՝ ազգայնա­մո­լութեան մէջ։
Համաթրքա­կան բնոյթ ստա­նայ այդ ազգայնա­մո­լութիւնը թէ համօսմա­նա­կան, փաստօ­րէն իր ցնո­րա­կան ծրա­գիրնե­րու իրա­կա­նացման համար միշտ ալ խոչընդոտ կը նկա­տէ Հայաստանն ու հայութիւնը։
Եւ այնքան ատեն, որ թրքա­կան այդ ֆաշա­կա­նութիւնը չէ յաղթա­հա­րուած, Թեւան Ստե­փա­նեա­նի օրի­նա­կով հայ ժողո­վուրդի քաջա­րի ծնունդնե­րը միշտ պիտի կանգնին Հայաստա­նի եւ հայութեան ինքնա­պաշտպա­նութեան եւ ազա­տագրութեան առա­ջին դիրքե­րուն վրայ՝ ազա­տա­մարտի­կի դրօ­շը միշտ բարձր պահե­լով։
Թեւաննե­րը կրնան ճակա­տա­մարտներ կորսնցնել, բայց յարա­տեւ կռուի իրենց պատգա­մով՝ անպայման մշտարծարծ կը պահեն ազա­տագրա­կան պայքա­րի ջահը, մինչեւ ամբողջա­կան ազա­տագրումը մեր ժողո­վուրդին եւ իրա­կա­նա­ցումը Միա­ցեալ եւ Անկախ՝ Ազա՜տ Հայաստա­նի։

Առնչվող Հոդվածներ