24.7 C
Yerevan

Վերարժև­ո­րե­լով Պատմությունը

Եթէ տարի­նե­րու ընթացքին մենք լիարժէք կերպով չենք օգտա­գործած մեր հաւա­քա­կան կարո­ղա­կա­նութիւնը, ապա ուրեմն այս կէտէն է որ պէտք է սկսիլ ծրագրումն ու անոնց գործադրութիւնը։

Վիգեն Հովսեփյան

Երբ Հայոց Ցեղասպա­նութեան քանիերրորդ ամեա­կի սեմին ենք ու հազար մարտահրաւէրներ ու մտա­հո­գութիւններ կը խճո­ղեն մեր ազգա­յին-հաւա­քա­կան օրա­կարգը, հետեւեալ մտքերն ալ կը խճո­ղեն իմ միտքս։

Ազգ մը տարրա­կան իրաւունքը ունի իր անկախ պետա­կա­նութիւնը կերտե­լու իր պապե­նա­կան հողե­րուն վրայ, եւ հոն ապրե­լու եւ արա­րե­լու խաղա­ղութեամբ։ Մենք ալ ունինք այս նոյն իրաւունքնե­րը։ Եթէ գետնի իրա­կա­նութիւննե­րը այս տարրա­կան իրաւունքնե­րը իրենց ամբողջութեամբ, կամ անոնցմէ մաս մը մեզի կ՚արգիլեն ունե­նալ, ապա ուրեմն մենք այդ երա­զանքը կը շարունա­կենք փայփա­յել՝ ու ազգո­վին երա­զել ու ձգտիլ ունե­նալ իտէա­լա­կան, ամբողջա­կան, հզօր եւ խաղաղ Հայաստա­նը որպէս իտէալ, որպէս նպա­տակ։

Ոչ ոք իրաւունքը ունի ազգի մը երա­զանքը պախա­րա­կե­լու կամ զայն հեգնե­լու։ Իւրա­քանչիւր հայ անմի­ջա­կան իրաւունքը ունի երա­զե­լու եւ ձգտե­լու աւե­լի լաւին ու կատա­րեա­լին՝ ազատ, անկախ, եւ ամբողջա­կան Հայաստա­նին։

Ոչ մէկ քաղա­քա­կան տիպար, իշխա­նութիւն թէ կուսակցութիւն իրաւունքը ունի ազգի մը ինքնութեան մէջ ամրագրուած այս արժէքնե­րը ծիծա­ղի կամ հեգնանքի առարկան դարձնե­լու։ Հեգնել աւե­լի կատա­րեալ ու ամբողջա­կան Հայաստան մը ունե­նա­լու նպա­տա­կը, կը նշա­նա­կէ արհա­մա­րել մեր էութիւնը։ Եւ եթէ մեր վախճա­նա­կան նպա­տակնե­րէն որեւէ բաժին այսօր իրա­գործե­լի չի թուիր, ան չի դադրիր մնա­լէ մեր գերա­գոյն նպա­տակնե­րու անմի­ջա­կան մաս։ Աւե­լին, հարցը երբեւէ այն չէ թէ այդ հաւա­քա­կան իտէա­լի կամ երա­զանքի պատգա­մա­բե­րը ո ՞վ է, թէ ո ՞վ է զայն շահարկո­ղը, կամ թէ անոր ո ՞ր մասը այսօ­րուան պայմաննե­րուն մէջ իրա­գործե­լի կը համա­րուի։ Ազատ, անկախ, եւ ամբողջա­կան Հայաստան մը ունե­նա­լու գերա­գոյն նպա­տա­կը ազգին իտէալն է, ազգա­յին նպա­տակ է, եւ ինչպէս որ ան ոչ մէկուն սեփա­կա­նութիւնը չէ, այդպէս ալ ընդհա­նուրի ՛ն պատասխա­նատւութիւնն է։ Այս իտէա­լը իւրա­քանչիւր հայու սրտին եւ մտքին մէջ քանդա­կուած պէտք է ըլլայ։

Այս ըսե­լէ ետք պէտք է ըսել նաեւ թէ աշխարհա­քա­ղա­քա­կան իրա­կա­նութիւննե­րէ լրիւ անջա­տուած պէտք է ըլլալ չի հասկնա­լու համար թէ այսօ­րուան իրա­վի­ճա­կը այնպի­սին է որ Հայաստանն ու հայութիւնը չունին բաւա­րար ոյժ եւ կարո­ղա­կա­նութիւն՝ լիարժէք կերպով իրա­գործե­լու համար վախճա­նա­կան իտէալներ։ Պահը յատուկ պարտք կը դնէ ըլլալ զուսպ, համբե­րել, ծրագրել, աւե­լի համբե­րել, հզօ­րա­նալ՝ մինչեւ գան յարմար պահե­րը մեր ազգի իտէալնե­րը նուի­րա­գործե­լու համար։ Հիմա պահն է ծրագրե­լու եւ գործե­լու, նախընտրա­բար լռե­լեան եւ նախընտրա­բար զգօն ու շրջա­հա­յեաց։ Պահն է զսպուե­լու։

Հետեւա­բար, իրա­տե­սութիւնը կը պարտադրէ հեռու մնալ արկա­ծախնդրութիւննե­րէ, արկա­ծախնդիր քաղա­քա­կան ուղե­գի­ծէ, եւ պոռո­տա­խօս հրե­տո­րա­բա­նութիւնէ, ինչը շօշա­փե­լի ոչինչ կուտայ վերջնա­կան յաղթա­նակնե­րու օգտին, այլ ընդհա­կա­ռակն։ Չի բարձրա­ձայնել, չյո­խորտալ, կամ մեծ-խօսի­կութեամբ չի զբա­ղիլ, չի նշա­նա­կեր ազգա­յին մեծ իտէալնե­րը անտե­սել, կամ աւե­լի վատը՝ արհա­մարհել։

Եթէ տարի­նե­րու ընթացքին մենք լիարժէք կերպով չենք օգտա­գործած մեր հաւա­քա­կան կարո­ղա­կա­նութիւնը, ապա ուրեմն այս կէտէն է որ պէտք է սկսիլ ծրագրումն ու անոնց գործադրութիւնը։

Ես որպէս հայ անհատ, այնքան յոգնած եմ Երեւա­նեան ներքա­ղա­քա­կան քզուըրտոցնե­րէն, այնքան յուսա­խափ եմ մեր ազգը իր կարո­ղա­կա­նութե­նէն պարպող քաշքշուքնե­րէն, ցեխարձա­կումնե­րէն, եւ այնքան ծարաւը ունիմ տեսնե­լու իմաստա­լից, ծրագրուած ու յամառ գործունէութիւն։ Ճիշտ է, ներքա­ղա­քա­կան հաշուարկներն ու քաշքշուքնե­րը միայն հայե­րուս յատուկ չեն՝ ամէն պետութիւններն ու ժողո­վուրդներն ալ ունին նման երեւոյթներ, մանաւանդ եթէ ժողովրդա­վա­րա­կան կարգեր պէտք է ունե­նան։ Սակայն այնքան պիտի ուզէի որ սկզբունքն ու մեծ ծրագրե­րը առաջնորդեն մեզ հայերս՝ քանզի մենք մեծ իտէալներ ունինք իրա­գործե­լիք, ու մեծ գործեր կը ծառա­նան մեր առջեւ։ Հսկա­յա­կան, անմի­ջա­կան, ու աւե­լի հեռա­հար խնդիրներ ունինք լուծե­լիք։

Խորա­պէս կը հաւա­տամ թէ վերո­յի­շեա­լը պիտի ըլլար մեր բոլոր՝ հին ու նոր նահա­տակնե­րու կտա­կը, որ ոչ իշխա­նութիւն կը ճանչնայ, ոչ ընդդի­մութիւն, ոչ ինծի կը ճանչնայ ոչ ալ ձեզ, ոչ ալ ֆէյսպուքի այս ու այլ գրա­ռումներ՝ այլ յամառ ու նպա­տա­կասլաց գործ յանուն հզօ­րութեան, իրաւունքնե­րու, եւ իտէալնե­րու իրա­գործման։

Գրա­ռումը՝ Վիգեն Հովսեփյանի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ