Եթէ տարիներու ընթացքին մենք լիարժէք կերպով չենք օգտագործած մեր հաւաքական կարողականութիւնը, ապա ուրեմն այս կէտէն է որ պէտք է սկսիլ ծրագրումն ու անոնց գործադրութիւնը։
Վիգեն Հովսեփյան
Երբ Հայոց Ցեղասպանութեան քանիերրորդ ամեակի սեմին ենք ու հազար մարտահրաւէրներ ու մտահոգութիւններ կը խճողեն մեր ազգային-հաւաքական օրակարգը, հետեւեալ մտքերն ալ կը խճողեն իմ միտքս։
Ազգ մը տարրական իրաւունքը ունի իր անկախ պետականութիւնը կերտելու իր պապենական հողերուն վրայ, եւ հոն ապրելու եւ արարելու խաղաղութեամբ։ Մենք ալ ունինք այս նոյն իրաւունքները։ Եթէ գետնի իրականութիւնները այս տարրական իրաւունքները իրենց ամբողջութեամբ, կամ անոնցմէ մաս մը մեզի կ՚արգիլեն ունենալ, ապա ուրեմն մենք այդ երազանքը կը շարունակենք փայփայել՝ ու ազգովին երազել ու ձգտիլ ունենալ իտէալական, ամբողջական, հզօր եւ խաղաղ Հայաստանը որպէս իտէալ, որպէս նպատակ։
Ոչ ոք իրաւունքը ունի ազգի մը երազանքը պախարակելու կամ զայն հեգնելու։ Իւրաքանչիւր հայ անմիջական իրաւունքը ունի երազելու եւ ձգտելու աւելի լաւին ու կատարեալին՝ ազատ, անկախ, եւ ամբողջական Հայաստանին։
Ոչ մէկ քաղաքական տիպար, իշխանութիւն թէ կուսակցութիւն իրաւունքը ունի ազգի մը ինքնութեան մէջ ամրագրուած այս արժէքները ծիծաղի կամ հեգնանքի առարկան դարձնելու։ Հեգնել աւելի կատարեալ ու ամբողջական Հայաստան մը ունենալու նպատակը, կը նշանակէ արհամարել մեր էութիւնը։ Եւ եթէ մեր վախճանական նպատակներէն որեւէ բաժին այսօր իրագործելի չի թուիր, ան չի դադրիր մնալէ մեր գերագոյն նպատակներու անմիջական մաս։ Աւելին, հարցը երբեւէ այն չէ թէ այդ հաւաքական իտէալի կամ երազանքի պատգամաբերը ո ՞վ է, թէ ո ՞վ է զայն շահարկողը, կամ թէ անոր ո ՞ր մասը այսօրուան պայմաններուն մէջ իրագործելի կը համարուի։ Ազատ, անկախ, եւ ամբողջական Հայաստան մը ունենալու գերագոյն նպատակը ազգին իտէալն է, ազգային նպատակ է, եւ ինչպէս որ ան ոչ մէկուն սեփականութիւնը չէ, այդպէս ալ ընդհանուրի ՛ն պատասխանատւութիւնն է։ Այս իտէալը իւրաքանչիւր հայու սրտին եւ մտքին մէջ քանդակուած պէտք է ըլլայ։
Այս ըսելէ ետք պէտք է ըսել նաեւ թէ աշխարհաքաղաքական իրականութիւններէ լրիւ անջատուած պէտք է ըլլալ չի հասկնալու համար թէ այսօրուան իրավիճակը այնպիսին է որ Հայաստանն ու հայութիւնը չունին բաւարար ոյժ եւ կարողականութիւն՝ լիարժէք կերպով իրագործելու համար վախճանական իտէալներ։ Պահը յատուկ պարտք կը դնէ ըլլալ զուսպ, համբերել, ծրագրել, աւելի համբերել, հզօրանալ՝ մինչեւ գան յարմար պահերը մեր ազգի իտէալները նուիրագործելու համար։ Հիմա պահն է ծրագրելու եւ գործելու, նախընտրաբար լռելեան եւ նախընտրաբար զգօն ու շրջահայեաց։ Պահն է զսպուելու։
Հետեւաբար, իրատեսութիւնը կը պարտադրէ հեռու մնալ արկածախնդրութիւններէ, արկածախնդիր քաղաքական ուղեգիծէ, եւ պոռոտախօս հրետորաբանութիւնէ, ինչը շօշափելի ոչինչ կուտայ վերջնական յաղթանակներու օգտին, այլ ընդհակառակն։ Չի բարձրաձայնել, չյոխորտալ, կամ մեծ-խօսիկութեամբ չի զբաղիլ, չի նշանակեր ազգային մեծ իտէալները անտեսել, կամ աւելի վատը՝ արհամարհել։
Եթէ տարիներու ընթացքին մենք լիարժէք կերպով չենք օգտագործած մեր հաւաքական կարողականութիւնը, ապա ուրեմն այս կէտէն է որ պէտք է սկսիլ ծրագրումն ու անոնց գործադրութիւնը։
Ես որպէս հայ անհատ, այնքան յոգնած եմ Երեւանեան ներքաղաքական քզուըրտոցներէն, այնքան յուսախափ եմ մեր ազգը իր կարողականութենէն պարպող քաշքշուքներէն, ցեխարձակումներէն, եւ այնքան ծարաւը ունիմ տեսնելու իմաստալից, ծրագրուած ու յամառ գործունէութիւն։ Ճիշտ է, ներքաղաքական հաշուարկներն ու քաշքշուքները միայն հայերուս յատուկ չեն՝ ամէն պետութիւններն ու ժողովուրդներն ալ ունին նման երեւոյթներ, մանաւանդ եթէ ժողովրդավարական կարգեր պէտք է ունենան։ Սակայն այնքան պիտի ուզէի որ սկզբունքն ու մեծ ծրագրերը առաջնորդեն մեզ հայերս՝ քանզի մենք մեծ իտէալներ ունինք իրագործելիք, ու մեծ գործեր կը ծառանան մեր առջեւ։ Հսկայական, անմիջական, ու աւելի հեռահար խնդիրներ ունինք լուծելիք։
Խորապէս կը հաւատամ թէ վերոյիշեալը պիտի ըլլար մեր բոլոր՝ հին ու նոր նահատակներու կտակը, որ ոչ իշխանութիւն կը ճանչնայ, ոչ ընդդիմութիւն, ոչ ինծի կը ճանչնայ ոչ ալ ձեզ, ոչ ալ ֆէյսպուքի այս ու այլ գրառումներ՝ այլ յամառ ու նպատակասլաց գործ յանուն հզօրութեան, իրաւունքներու, եւ իտէալներու իրագործման։
Գրառումը՝ Վիգեն Հովսեփյանի ֆեյսբուքյան էջից։