26.4 C
Yerevan

Երկու Կեանք, Երկու Վկա­յութիւն, Մէկ Ինքնութիւն

Աւե­տիս ճէպէ­ճեան եւ իր նման բոլոր հայե­րը, որոնք ապրե­ցան Ցեղասպա­նութեան ահաւո­րութիւնը։ Մեծ է թիւը անոնց, որոնք նահա­տա­կուե­ցան։ Աւե­տիս ճէպէ­ճեան եւ իր նմաննե­րը վերապրե­ցան։ Հրանդ Տինք եւ իր նմաննե­րը շալկե­ցին եւ կը շարունա­կեն շալկել հայուն վերապրի­լը, ինչպէս Հրանդ Տինք հաւա­տաց. «Անցեա­լը որ չես մոռնար՝ այդ ապա­հո­վութիւն կուտայ ապրե­լու ապա­գա­յի տեսլա­կա­նով»։

Հրայր Ճեպե­ճեան

«Ցեղասպա­նութիւնը հայուն համար դարձաւ ինքնութեան հաւա­տարմութեան պահպա­նումը»
ՓՐՈՖ. ՌԻՉԸՐՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

«Ցեղասպա­նութիւնը կերտեց ու տակաւին‘ հայուն հաւա­քա­կան ինքնութիւնը»:
ՓՐՈՖ. ՓԻԹԸՐ ՊԱԼԱՔԵԱՆ

Աշխա­տանքա­յին այցե­լութեամբ կը գտնուիմ վոսփո­րեան այս քաղա­քը: Բայց կարե­լի չէ այցե­լել Պոլիս եւ մնալ միայն աշխա­տանքա­յին սահմաննե­րուն մէջ ու չտեսնել հայկա­կան կեանքը եւ Պոլի­սը, որ եղած է հայուն կեանքը կերտող կռուան, եւ ուր տակաւին կը շարունա­կէ հայուն սիրտը տրո­փել իր ազգա­յին ինքնութեան հաւա­տարմութեան մէջ:

Թէեւ հայկա­կան կառոյցնե­րը այցե­լե­ցի, բայց այս անգամ ծրա­գի­րին մէջ կային երկու յատկանշա­կան իրա­դարձութիւններ‘ երկու գիրքեր, որոնք կը վկա­յեն հայու ինքնութեան գաղա­փա­րա­խօ­սութիւնը:

Նախ‘ «Արազ» հրա­տա­րակչա­տուն:

Տիկ. Սելի­նէ Թովմա­սեանն է. «Այս գիրքը շատ լաւ ընդունե­լութիւն գտաւ թրքա­կան համայնքին կողմէ: Պահանջը մինչեւ այսօր մեծ է,  յատկա­պէս‘ համալսա­րա­նի ուսա­նողնե­րու եւ ակա­դե­մա­կան գիտաշխա­տողնե­րու կողմէ: Անոնք այս գիրքը կը գործա­ծեն աւե­լի ծանօ­թութիւն ունե­նա­լու համար պատա­հած պատմա­կան իրա­դարձութիւննե­րուն մասին, ինչպէս նաեւ‘ տարբեր գիտա­կան ուսումնա­սի­րութիւննե­րու համար: Մեկնե­լով տեղա­կան պահանջէն‘ 2019-ին երկրորդ տպա­քա­նա­կի մը նախա­ձեռնե­ցինք»:

Գիրքը, որուն ակնարկեց, տոքթ. Աւե­տիս Ճէպէ­ճեա­նի օրագրութիւնն է‘ «Տուն դարձի երկար ճամբան»:

Տոքթ. Աւե­տիս Ճէպէ­ճեան հօրե­նա­կան մեծ հայրս է: Բժշկա­պետ-գնդա­պետ էր օսմա­նեան բանա­կին մէջ Համաշխարհա­յին Ա. պատե­րազմին ընթացքին: Մասնակցած է Կալիո­փո­լի-Չանա­գա­լէի ճակա­տա­մարտին եւ ցոյց տուած է իր բժշկա­կան ու զինուո­րա­կան հաւա­տարմութիւնը‘ քաջա­րի կեցուածքով ու մասնակցութեամբ պատե­րազմի այդ թէժ օրե­րուն:

Ա. Աշխարհա­մարտի աւարտէն ետք ան բանա­կէն արձա­կուած է եւ քառա­սուն օրեր քալե­լով‘ հասած է Հալէպ ու միա­ցած‘ ընտա­նի­քին: Ճամբուն վրայ անցած է հայկա­կան գաւառնե­րէ, տեսած է ցեղասպա­նուած հայե­րու դիակներ եւ հրկի­զուած հայկա­կան գիւղեր ու տուներ: Ան իր ակա­նա­տե­սի վկա­յութիւնը գրած է հայա­տառ թրքե­րէ­նով: Իր օրագրութեան մէջ տեղ գտած է իր մասնակցութիւնը Օսմա­նեան բանա­կին մէջ‘ Կալիո­փո­լիի ճակա­տա­մարտին ընթացքին եւ իր տեսած հայկա­կան գիւղե­րու աւերնե­րը եւ սպաննուած դիակնե­րը:

Օրագրութիւնը հայա­տառ թրքե­րէ­նէ վերա­ծուե­ցաւ հայե­րէ­նի‘ Ճէպէ­ճեան ընտա­նի­քի նախա­ձեռնութեամբ: 2015 թուա­կա­նին‘ Ցեղասպա­նութեան ոգե­կոչման հարիւրա­մեա­կին առթիւ, «Արազ» հրա­տա­րակչա­տունը նախա­ձեռնեց եւ հրա­տա­րա­կեց օրագրութեան թրքե­րէն տարբե­րա­կը, նաեւ տեղադրեց յաւե­լեալ ծանօ­թագրութիւններ իւրա­քանչիւր հայկա­կան գիւղի մասին, տոքթ. Աւե­տիս Ճէպէ­ճեա­նի եւ անոր ընտա­նի­քի կեանքին ու գործունէութեան մասին զետե­ղեց շարք մը նկարներ: Գիրքին նախա­բա­նը գրած է թուրք ակա­դե­մա­կան գործիչ դոկտ. Այհան Աքթա­րին:

Ապա‘ «Հրանդ Տինք» հիմնարկը:

Հրանդ Տինքի սպա­նութե­նէն ետք‘ 2007 թուա­կա­նին, կազմուե­ցաւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկը: Սոյն հիմնարկին նպա­տակն է մէկ կողմէ յարգել յիշա­տա­կը Հրանդին եւ անոր քաջա­րի կեանքն ու վկա­յութիւնը, եւ միւս կողմէ‘ ջատա­գո­վը ըլլալ ազատ խօսքի եւ համա­կե­ցութեան կեանքի բոլոր ժողո­վուրդնե­րու միջեւ‘ անկախ անոնց կրօ­նա­կան եւ մշա­կութա­յին պատկա­նե­լիութիւննե­րէն: Հիմնարկը կը քաջա­լե­րէ երկխօ­սութեան եւ խաղա­ղութեան արժէքնե­րով ստեղծել մշա­կութա­յին ժառանգներ:

Թալին Սուզմէի եւ Հերմի­նէ Սայեա­նի հետ հանդի­պում-զրոյցը տարաւ մեզ շատ մը խորքա­յին քննարկումնե­րու‘ Հրանդին աւանդէն սկսե­լով մինչեւ հայկա­կան ինքնութեան պրպտումնե­րը ու, տակաւին,  հայա­պահպա­նումի մարտահրաւէրնե­րը քիչ մը ամէն տեղ: Եթէ առի­թը ունե­ցած էի ծանօ­թա­նա­լու Հրանդին հետ իր սպա­նութե­նէն առաջ, բայց նաեւ լաւա­տե­ղեակ եղած եմ հիմնարկի գործունէութիւննե­րուն:

Այս այցե­լութեան կար նորութիւն մը‘ Հրանդ Տինքի յօդուա­ծա­շարքե­րու հատո­րը‘ անգլե­րէն թարգմա­նուած, «Հրանդ Տինք‘ քու մարդդ, այս յօդուածնե­րուն մէջէն» խորա­գի­րով:

Փետրուար 2023, Պոլիս

Երկու գիրքե­րուն մէջէն դէմ յանդի­ման եկայ երկու կեանքե­րու, որոնք ապրած են տարբեր ժամա­նա­կաշրջաննե­րու: Աւե­տիս Ճէպէ­ճեան ապրած է Ցեղասպա­նութիւնը իր հայրե­նի հողին վրայ: Հրանդ Տինք կը նկա­տուի վերապրող եւ երրորդ սերունդ Ցեղասպա­նութե­նէն ետք, որ կը շարունա­կէ ապրիլ իր եւ Աւե­տիս Ճէպէ­ճեա­նին  հայրե­նի հողին վրայ:

Երկու գիրքե­րուն մէջ կար այս երկու կեանք վկա­յութիւննե­րը միաւո­րող կապը, որ իրենց մտա­սեւե­ռումնե­րուն եւ մտա­հո­գութիւննե­րուն մէջ կարմիր թելի նման կ՛անցնի եւ մէջտեղ կը հանէ քու-իմ մարդը: Աւե­տիս Ճէպէ­ճեա­նէն մինչեւ Հրանդ Տինք եւ ապա հայուն‘ իմ եւ քու, ինքնութիւնը:

Աւե­տիս Ճէպէ­ճեան կը սիրէ իր ապրած երկրին գեղեցկութիւնը: Չաթալճա: «Ի՜նչ հաճե­լի մարգա­գե­տիններ եւ ամէն տեղ դալար, կանաչ սարեր»: Ան կը հիա­նայ Արա­րատ լերան վրայ. «Մասիսն ու Արա­րա­տը եզա­կի հմա­յիչ տեսա­րան մը կը ներկա­յացնեն» (5 նոյեմբեր 1914): Հրանդ Տինք կը գրէ. «Ես հայ եմ: Ես Անա­տո­լիա­յէն եմ եւ‘ մինչեւ իմ ոսկորնե­րուս ծուծին մէջ: Ոչ մէկ օր մտա­ծած եմ ձգել իմ երկիրս եւ իմ ապա­գան կերտել Արեւմուտքի այսպէս ըսած, ազա­տութեան վրայ շինուած երդիքնե­րու տակ» (1 նոյեմբեր  2004): Ճէպէ­ճեան եւ Տինք կը միա­նան իրենց հողին եւ անոր նկատմամբ իրենց կապուա­ծութեան վրա­յով:

Աւե­տիս Ճէպէ­ճեան կը նկա­րագրէ Կալիո­փո­լիի պատե­րազմի արհաւիրքը եւ իր տոկա­լու ու դասա­լիք չըլլա­լու հաւատքը. «Այս առաւօտ հաղորդուե­ցաւ, որ Ագպա­շի բժշկա­կան առա­ջին կայա­նին նշա­նա­կուած եմ: Հիւանդա­նոցնե­րէն ելլե­լով, պէտք է հաստա­տուիմ ռումբ եւ թօրփիլներ տեղա­ցող այս վայրը: Աստուծոյ կ՛ապաւինիմ հոս զիս պաշտպա­նե­լու համար» (26 օգոստոս 1915): Հրանդ Տինք կը գրէ.  «Ապրիլ 24‑ի  յիշա­տա­կութիւննե­րուն չէի կրնար մասնակցիլ եւ կամ յարգանքի տուրքս մատուցել իմ նախնի­նե­րուն: Բայց ես երբեք դասա­լիք չեղայ իմ պատմութեա­նը, ոչ ալ պիտի ուզեմ, որ այս յիշա­տակնե­րը անշնչա­նան իմ կեանքին մէջ» (1 նոյեմբեր  2004): Ճէպէ­ճեան եւ Տինք կը միա­նան կեանքի եւ անոր իրա­դարձութիւննե­րու նկատմամբ իրենց քաջութեամբ ու վճռա­կա­մութեամբ եւ դասա­լիք չըլլա­լու գիտակցութեամբ‘ իրենց  հողին վրայ ապրե­լով:

Կարծէք չէր բաւեր պատե­րազմի արհաւիրքը, Աւե­տիս Ճէպէ­ճեան պիտի ապրէր նաեւ հայունը: Ան մէկ-մէկ պիտի նկա­րագրէր իր ապրած վիշտը, մինչեւ որ, ինչպէս ինք կ՛ըսէ քանիցս, «սիրտ չունե­ցայ օրա­գիրս շարունա­կե­լու»: «12.000 գաղթա­կաններ անցան Մարա­շի քովէն. անգութ, անհա­մար տեսա­րաններ ու նկա­րագրութիւններ» (յունիս 11–20, 1916, Մարաշ): Ու կը հանդի­պի հայու բեկորնե­րու. «Խապուսէ հայկա­կան գիւղը ամբողջո­վին պարպուած է. մնա­ցած էին հինգ ընտա­նիքներ միայն, որոնց այցե­լե­ցի»: Հրանդ Տինք կը գրէ. «Հայ ժողո­վուրդը իր գոյութիւնը եւ մշա­կոյթը հիմնած է Անա­տո­լիոյ մէջ, իրենց տունը‘ եւ աւե­լի քան չորս հազար տարի­նե­րու մէջէն: 1915‑ը եղաւ այն տարին, երբ այս մշա­կոյթը ընդհա­տուե­ցաւ, երբ հայ ժողո­վուրդը տեղա­հա­նուե­ցաւ իր պատմա­կան հողէն եւ աշխարհով մէկ տարա­ծուե­ցաւ: Պատմութեան մէջ կ՛արձանագրուի այս որպէս այն հանգրուա­նը, ուր ժողո­վուրդի մը յարա­բե­րութիւնը իր կենցա­ղին հետ արմատնե­րուն հետ, արմա­տա­խիլ եղաւ» ( 22 ապրիլ 2005): Աւե­տիս Ճէպէ­ճեան եւ Հրանդ Տինք կը տեսնեն Ցեղասպա­նութեան ահաւո­րութիւնը եւ անոր ժխտա­կան անդրա­դարձը: Այս ահաւո­րութիւնը շարունա­կա­կան է: Ակա­նա­տես թէ այլ:

Աւե­տիս Ճէպէ­ճեան լաւ հասկցած է թուրքը: Ան չվա­րա­նե­ցաւ իր յուշե­րուն մէջ յիշե­լու, որ  «վայրագ ժողո­վուրդ է» (յուլիս 25–30, 1916, Փերվելվի): Ան յաճախ ենթարկուե­ցաւ «թուրքին անա­խորժութիւննե­րուն‘ հայ ըլլա­լուս պատճա­ռով» (16–29, 1916, Փերվելվի): Աւե­տիս ճէպէ­ճեան տեսաւ Ցեղասպա­նութեան արհաւիրքը եւ այդ անա­խորժութիւննե­րը շալկեց իր խիղճին վրայ: Հրանդ Տինք կը նայի այս պատմութեան, որ ճէպէ­ճեան եւ իր նմաննե­րը ապրե­ցան եւ կը վկա­յէ. «Պատմութեան չես կրնար նայիլ միայն օրի­նա­կան տուեալնե­րու կամ փաստարկումնե­րու մէջէն, այլ‘ շատ աւե­լիով,  խղճի հայե­ցա­կէ­տէն» (24 ապրիլ, 2005): Աւե­տիս Ճէպէ­ճեան իր այս արհաւիրքը շալկեց իր խղճին վրայ եւ ապրե­ցաւ անոր հետ Հալէպ, ուր դարձաւ տիրա­կան դէմք մը‘ ազգա­յին եւ եկե­ղե­ցա­կան, եւ մինչեւ իր մահը ան հաւա­տարմօ­րէն գործեց գաղութին կազմաւորման եւ վերելքին համար: Հրանդ Տինք իր ժառանգած արհաւիրքը շալկեց իր խղճին վրայ եւ ապրե­ցաւ անոր հետ Պոլսոյ մէջ եւ դարձաւ ապրող վկա­յութիւնը անոր‘ մինչեւ իր սպա­նութիւնը:

Աւե­տիս Ճէպէ­ճեա­նէն մինչեւ Հրանդ Տինք:
Երկու կեանքեր: Մին ապրուած կեանք եւ միւսը‘ ժառանգուած:
Երկու վկա­յութիւններ: Մին ակա­նա­տե­սի վկա­յութիւն եւ միւսը խղճին կանչը:

Այս երկու կեանքերն ու վկա­յութիւննե­րը միաւո­րող օղա­կը Ցեղասպա­նութիւնն է, որ հայուն համար դարձաւ ինքնութեան հաւա­տարմութեան պահա­պա­նը: Այս ինքնութեան հաւա­տարմութիւնը ստեղծեց հայուն հաւա­քա­կան ինքնութիւնը, որ կը շարունա­կուի մինչեւ այսօր‘ Աւե­տիս ճէպէ­ճեա­նէն մինչեւ Հրանդ Տինք ու տակաւին‘ սերունդէ սերունդ:

Աւե­տիս ճէպէ­ճեան եւ իր նման բոլոր հայե­րը, որոնք ապրե­ցան Ցեղասպա­նութեան ահաւո­րութիւնը: Մեծ է թիւը անոնց, որոնք նահա­տա­կուե­ցան: Աւե­տիս ճէպէ­ճեան եւ իր նմաննե­րը վերապրե­ցան: Հրանդ Տինք եւ իր նմաննե­րը շալկե­ցին եւ կը շարունա­կեն շալկել հայուն վերապրի­լը, ինչպէս Հրանդ Տինք հաւա­տաց. «Անցեա­լը, որ չես մոռնար, այդ ապա­հո­վութիւն կու տայ ապրե­լու ապա­գա­յի տեսլա­կա­նով»:

Երկու կեանք, երկու վկա­յութիւն, մէկ ինքնութիւն:

Հայու ինքնութի՞ւնը:

Ցեղասպա­նութիւնը, որ դարձաւ հայուն ինքնութեան հաւա­տարմութեան պահպա­նումը:

Ցեղասպա­նութիւնը, որ կերտեց հայուն հաւա­քա­կան ինքնութիւնը: Աւե­տիս Ճէպէ­ճեան եւ Հրանդ Տինք պահե­ցին եւ հաւա­տա­րիմ մնա­ցին հայուն այս հաւա­քա­կան ինքնութեան:

Հայը այսօր‘ Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք, պիտի շարունա­կէ պահել իր հաւա­տարմութիւնը իր այս հաւա­քա­կան ինքնութեան:

Այս հաւա­քա­կան ինքնութեա­նը եւ անոր հաւա­տա­րիմ մնա­լուն մէջ է, որ հայը պիտի կերտէ իր ապա­գան:

Քուէյթ, Ապրիլ 2023

Հոդվա­ծը՝ aztagdaily.com կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ