14.7 C
Yerevan

Պատասխան՝ Գէորգ Թորո­յեա­նի Նամակնե­րուն

Եւ ապա­հո­վե­լով միասնա­կա­նութիւնը՝ Դաշնակցութիւնը պահե­ցին կազմա­կերպութիւն իր կերպա­րանքին մէջ, բայց ի՜նչ գինով։ Դաշնակցութեան մէջ համարկումի՝ Քրիստա­փո­րեան թեքնի­քը փոխե­ցին սոսիա­լիզմ երա­զա­կան գաղա­փա­րա­խօ­սութեան եւ ներկա­յա­ցուցին Դաշնակցութիւնը իբրեւ «կուսակցութիւն», մինչ Քրիստա­փո­րը կը խօսէր «շարժում»ի կամ «կազմա­կերպութեան» բայց երբեք «կուսակցութեան» մասին։

Կայծ Մինասյան

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԾԱՆOԹ. Այս տարուան Փետրուա­րին, «Ասպարէզ»ը հրա­տա­րա­կեց իր աշխա­տա­կիցնե­րէն Գէորգ Թորո­յեա­նի երկու նամակնե­րը՝ ուղղուած Կայծ Մինա­սեա­նին, որ գրած է Հայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութեան մասին յօդուա­ծա­շարք մը, որ հրա­տա­րա­կուած է այլ կայքի մը՝ «Մեր Ուղին»ին, վրայ: Ստո­րեւ յօդուա­ծը Մինա­սեա­նի պատասխանն է Թորո­յեա­նին: Մինչ «Ասպարէզ»ը չի բաժներ սոյն յօդուա­ծին մէջ արտա­յայտուած բոլոր տեսա­կէտնե­րը, արդա­րամտութիւնը եւ տարա­մէտ տեսա­կէտներ արտա­յայտե­լու հաւա­սար պատե­հութիւնը քաջա­լե­րե­լու՝ մեր գործե­լա­կերպէն մղուած՝ կը հրա­տա­րա­կենք զայն: Ինչպէս միշտ, «Ասպարէզ»ի հրա­տա­րա­կած յօդուածնե­րու մէջ գրողնե­րու կողմէ արտա­յայտուած տեսա­կէտնե­րը կը պատկա­նին հեղի­նա­կին:

Պաշտօ­նա­կան Պատմութիւն Գոյութիւն Չունի, Բացի՝ Ամբողջա­տի­րութեան Մէջ

ԿԱՅԾ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Ասպարէզ»ի 14 Փետրուար 2023ի եւ 21 Փետրուար 2023ի թիւե­րուն մէջ լոյս տեսան Գէորգ Թորո­յեա­նի ստո­րագրութեամբ յօդուածներ, որոնք կ՛անդրադառնան իմ գրած յօդուա­ծա­շարքին, նուի­րուած՝ Հայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութեան, որ հրա­տա­րա­կուած էր «Մեր Ուղին» կայքին վրայ (10 Նոյեմբեր 2022էն 10 Յունուար 2023)։

Ուզե­ցի առի­թը օգտա­գործել պատասխա­նե­լու Գէորգ Թորո­յեա­նին, որ «Բաց Նամակ» խորա­գի­րով փորձած է հակազդել կամ պատասխա­նել այն միտքե­րուն եւ տուեալնե­րուն, որոնց անդրա­դարձած եմ իմ գրութեան մէջ, նկա­տի ունե­նա­լով, որ թէ՛ Թորո­յեան եւ թէ «Ասպարէզ»ը իրաւունք ունին գրե­լու եւ հրա­տա­րա­կե­լու իրենց ուզած յօդուածնե­րը։

Յօդուա­ծա­շարքիս դրդա­պատճառն էր՝ քննարկել տագնա­պը, զոր Դաշնակցութիւնը կ՛ապրի իր 133ամեայ պատմութեամբ եւ կազմա­կերպութեան կատա­րեալ քայքա­յումի պատճառնե­րուն, թէ՛ Հայաստա­նի, թէ՛ այլուր, ու մտնել մեքե­նա­յի քայքա­յումին եւ դաշնակցա­կան գործիքնե­րուն կորուստի հոլո­վոյթին մէջ, իր հիմնադրութե­նէն մինչեւ այսօր։

Դժուար է հասկնալ, թէ ինչ պատճա­ռով Թորո­յեան իր պատասխա­նին մէջ կ՛անտեսէ Դաշնակցութեան Հայաստա­նեան քաղա­քա­կա­նութիւնը այս վերջին երե­սուն տարի­նե­րուն, հակա­ռակ անոր որ իր վերլուծումը Հայաստա­նի Դաշնակցութեան նկատմամբ աւե­լի խիստ է, քան՝ իմս։

Ընդհա­կա­ռա­կը, այս պատմութիւնը զիս կը հետաքրքրէ եւ բազմա­թիւ հատորներ կը պահանջէ։ Զանց չեմ առներ օր մը գրել այդ պատմութիւնը: Երե­սուն տարի է որ կ՛աշխատիմ այս նիւթին վրայ, եւ չեմ գիտեր, թէ տակաւին ինչ կայ կարդա­լիք Դաշնակցութեան պատմութե­նէն։

Կարդա­ցած եմ Դաշնակցա­կան մամուլը սկիզբէն մինչեւ այսօր, ղեկա­վարնե­րու յուշե­րը, քաղա­քա­կան աշխա­տա­սի­րութիւննե­րը, արխիւնե­րը մինչեւ 1924, ապա ձեռքիս տակ գտնուած այլ արխիւներ 1959էն մինչեւ մեր օրե­րը, նոյնիսկ երբ այսօր Դաշնակցութեան ղեկա­վա­րութիւնը զիս կ՛արգիլէ Պոսթը­նի արխիւնե­րու ուսումնա­սի­րութիւնը։ Կարդա­ցած եմ նաեւ յուշե­րը եւ մամուլը Դաշնակցութեան ընդդի­մա­դիրնե­րուն (հայ թէ օտար), այլա­խոհնե­րու գործե­րը եւ այլն։

Այս կազմա­կերպութիւնը հասկնա­լու համար, չի բաւեր կարդալ միայն իր պաշտօ­նա­կան փաստա­թուղթե­րը. պէտք է երթալ նաեւ իր հակա­ռա­կորդնե­րու դաշտը: Սակայն, Դաշնակցութեան վերա­բե­րեալ ծանօ­թութիւններս թոյլ չեն տար ըսե­լու, թէ ճշմարտութեան մէջ եմ, ոչ ալ բաւա­կա­նա­նալ քարա­ցած գաղա­փա­րով մը։ Գրութիւնս յօդուա­ծա­շարք մըն էր, առ այդ, կարի­քը չզգա­ցի  իւրա­քանչիւր էջի տակ նօթեր աւելցնե­լու։ Չեմ կարծեր, որ Թորո­յեան մամուլի յօդուա­ծի մը տակ աւելցուցած ըլլայ ծանօ­թութիւններ ։ Զարմա­նա­լի է որ յօդուա­ծա­շարքս աղբիւրնե­րու հարցը կը բարձրացնէ։ Ոչ մէկ հարց ունիմ անգամ մը եւս փաստե­լու խօսքերս, մինչ այս հարցումը երբեք չի տրուիր ղեկա­վարնե­րու, որոնք առանց  նուա­զա­գոյն փաստի յայտա­րա­րութիւններ կ՛ընեն։

Իմ աշխա­տանքը Դաշնակցութեան քայքա­յումի վերլուծում է, եւ ոչ՝ Դաշնակցութեան պատմութիւնը։ Այնպէս կը թուի, թէ Թորո­յեա­նի համար պատմութեան գրութիւնը կը սահմա­նա­փա­կուի ժամա­նա­կին հետ դեղնած եւ սառած նկարնե­րու, խօսքե­րու, Քրիստա­փոր, Ռոստոմ, Զաւա­րեան եւ ուրիշներ, անշարժ կեցուածքով, այնպէս ինչպէս Դաշնակցութեան մէջ ամէն ինչ նոյնութիւն եւ միա­ձեւութիւն է։ Եթէ ուզած ըլլա­յի գրել Դաշնակցութեան պատմութիւնը, ինչպէս չխօ­սէի բոլոր անոնց մասին, զորս կը թուէք։ Զարմա­նա­լի է «պատմութեան» ձեր յղա­ցումը, այն պատմութիւնը, որ կը գրուի պատա­նի­նե­րուն համար։ Պաշտօ­նա­կան յղա­ցում մըն է այս, սառած եւ ամբողջա­տի­րա­կան, որովհե­տեւ պաշտօ­նա­կան պատմութիւն գոյութիւն չունի. մարդիկ կը շփո­թեն Պատմութիւնը եւ Գաղա­փա­րա­խօ­սութիւնը։

Պատմութեան ուրիշ յղա­ցում մը ունիմ, որովհե­տեւ կը նկա­տեմ, թէ ղեկա­վարնե­րը դերա­կա­տարներ են, մարդկա­յին իրենց տենչե­րով, երազնե­րով եւ զրկումի զգա­ցումնե­րով։ Մեքե­նա­յի անիւի կազմ չեն։ Ոչ միայն ձեր յղա­ցումը անշարժ է եւ ձեր «Պատմութիւնը» պաշտօ­նա­կան, այլ միշտ մոլո­րանքի մէջ է։

Հարցնեմ անոր, որ իրա­պէս կ՛ուզէ՞, որ խօսինք Սիմոն Զաւա­րեա­նի միջամտութեան մասին Դաշնակցութեան 5րդ ընդհա­նուր ժողո­վին, Վարնա 1909ին։ Իրապէ՞ս։ Կ՛ուզէ՞, որ իրա­պէս խօսինք Ռոստո­մի դերին մասին Դաշնակցութեան 4րդ Ընդհա­նուր ժողո­վին, Վիեննա 1907ին։ Իրապէ՞ս կ՛ուզէ, որ խօսինք Մարտիկ Շաթի­րեա­նի, Արամ Արա­մեա­նի կամ Լորիս-Մելի­քոֆի մասին։ Իր խօսքը պատմութեան մասին չէ, հին յանկերգ մըն է, զոր կ՛արտասանենք, գաղա­փա­րա­խօ­սութիւն մը, այլա­փո­խուած «Պատմութեան» մը եւ գոց սորված՝ ինչպէս քորա­նիք դպրոցնե­րուն մէջ։

Կրնամ կէտ առ կէտ իրեն պատասխա­նել եւ ըսել, թէ ինչո՛ւ Սիմոն Զաւա­րեան 1909ին, ռուսա­մէտ ճառ մը արտա­սա­նեց, ան որ քանի մը տարի­նե­րէ ի վեր նախա­գահն էր Էջմիա­ծի­նի Վարչա­կան ժողո­վին, կաթո­ղի­կո­սին կողքին, Մայր Աթո­ռը գտնուե­լով Ս. Փեթերսպուրկի՝ Ռուսիոյ հակակշի­ռին տակ։ Պարոն Թորո­յեան, հարցուցէք, թէ ինչո՛ւ մէկ կողմէ Ռուսիան, այդ շրջա­նին՝ Կովկա­սի մէջ, դաշնակցա­կաննե­րը կը հալա­ծէ եւ միւս կողմէ կը ձգէ Սիմոն Զաւա­րեա­նը Էջմիա­ծի­նի Վարչա­կան ժողո­վի գլուխը, ռուսի հակակշի­ռին տակ, մինչ անի­կա գիտէ թէ Սիմոն Զաւա­րեան դաշնակցա­կան ղեկա­վար մըն է։ Հոս, հակա­սութիւն կայ։ Իսկ Ռոստո­մին տեղը հիմնա­կան է 4րդ Ընդհա­նուր ժողո­վին (հակա­ռա­կը չեմ գրեր) ինչպէս նաեւ Զաւա­րեա­նի տեղը, սակայն կ՛ըսեմ, թէ փորձե­ցին երկուքով ընել այն, ինչը Քրիստա­փոր ըրաւ առանձին։ Եւ ապա­հո­վե­լով միասնա­կա­նութիւնը՝ Դաշնակցութիւնը պահե­ցին կազմա­կերպութիւն իր կերպա­րանքին մէջ, բայց ի՜նչ գինով։ Դաշնակցութեան մէջ համարկումի՝ Քրիստա­փո­րեան թեքնի­քը փոխե­ցին սոսիա­լիզմ երա­զա­կան գաղա­փա­րա­խօ­սութեան եւ ներկա­յա­ցուցին Դաշնակցութիւնը իբրեւ «կուսակցութիւն», մինչ Քրիստա­փո­րը կը խօսէր «շարժում»ի կամ «կազմա­կերպութեան» բայց երբեք «կուսակցութեան» մասին։

Դաշնակցութեան քայքա­յումին մէջ Մարտին Շաթի­րեա­նի դերը նուազ չէ։ Լորիս Մելի­քոֆի մասին, մինչ «Դաշնակցութեան պաշտօ­նա­կան պատմութեան» մէջ գրե­թէ ներկայ չէ, իր դերը չնչին է եւ 1892ին, առա­ջին Ընդհա­նուր ժողո­վը տեղի ունե­ցաւ իր տան մէջ, եւ 1905ին արդէն Արեւմտեան Բիւրո­յի հրա­ժա­րեալ անդամ դարձաւ։ Արդա­րեւ, խիստ ազդուած է իր վաղե­մի բարե­կամ Քրիստա­փո­րի մահէն եւ կ՛արհամարհէ Ահա­րո­նեա­նը, Ակնունին եւ Վարանդեա­նը՝ զանոնք որա­կե­լով «անկա­րող եւ անձեռնհաս»։

Կարդացա՞ծ էք Լորիս Մելի­քոֆի յուշե­րը։ Կը տարա­կուսիմ։ Շարունակե՞նք։ Կը խօսիք Արամ Արա­մեա­նի մասին։ Ի՞նչ առընչութիւն յօդուա­ծա­շարքիս բովանդա­կութեան հետ։ Այս հաշիւով, կրնա­յի խօսիլ Պետո­յի, Գէորգ Չաւուշի, Խեչո­յի եւ այլնի մասին։ Բայց արթնցէք. Դաշնակցութեան պատմութիւնը չէ որ կը պատմեմ, այլ՝ կը բացատրեմ իր քայքա­յումի հոլո­վոյթը. նրբութին։

Գալով Նիկոլ Դումա­նին, կայ տարբե­րութիւն մը՝ որ «Պորէաս» խմբա­կի հիմնա­դի­րը երբեք քաղա­քա­կան պաշտօն չփնտռեց Դաշնակցութեան մէջ. երբեք։ Զինուո­րա­գի­տութեան հանճար մըն էր ան եւ գիտէր իր տեղը մնալ։ Այդպէս ալ ըրաւ մինչեւ 1914՝ իր անձնասպան ըլլա­լը։

Պարա­գան նոյնը չէ Ռուբէ­նի. այս ֆետա­յի խմբա­պե­տը ինքզինք քաղա­քա­կան ղեկա­վար հռչա­կեց՝ ըլլա­լով առա­ջին «խմբա­պե­տը», որ 1919ին դարձաւ ՀՅԴ Բիւրո­յի անդամ։

Գալով Ռուբէ­նին՝ զայն չեմ ներկա­յացներ իբրեւ առա­ջին պատասխա­նա­տուն։ Դաշնակցութեան ձախո­ղութիւննե­րուն ոսկի մետա­լը կը պատկա­նի Յովնան Թաւդեա­նին, որ ի սկզբա­նէ Դաշնակցութիւնը ներկա­յա­ցուց՝ իբրեւ «ազգի կուսակցութիւնը»՝ ամբողջա­տի­րա­կան ընթացքով, մինչ Քրիստա­փո­րը կ՛ընդդիմանար. ան ժողովրդա­վար էր։ Սակայն, Ռուբէ­նը եղաւ մեծ դերա­կա­տա­րը Դաշնակցութեան մենա­տի­րա­կան քաղա­քա­կա­նութեան մէջ, 1919ին, հաստա­տուած՝ 1933ին, մինչեւ իր անկումը 1947ին, ձգե­լով ժառանգ մը։

Վերա­դառնանք ձեր յօդուա­ծին՝ այո, իրաւունք ունիք, Ռուբէ­նը անջնջե­լի հետքեր ձգեց Դաշնակցութեան մէջ, այնպէս, ինչպէս Ստա­լի­նը Խորհրդա­յին Միութեան համայնա­վար կուսակցութեան մէջ։ Այո, կը հաստա­տեմ, որ Ռուբէ­նը՝ իբրեւ քաղա­քա­կան ղեկա­վար Դաշնակցութեան վնասներ հասցուց՝ իր առաջնա­հերթ դիրքը վերա­ծե­լով բռնա­տի­րութեան։

Գիտէ՞ք, Սիմոն Վրա­ցեան Ռուբէ­նը ինչպէ՞ս կ՛անուանէր՝ Կովկա­սի մէջ, 1919–1920ի թուրք-ազե­րի ջարդե­րէն ետք. «Դուն, իթթի­հա­տա­կան ես»ը բարկութեամբ կը նետէր անոր երե­սին։ Եւ թոյլ տուէք, որ աւե­լի շատ հաւա­տամ Սիմոն Վրա­ցեա­նի իմաստութեան, քան՝ Ռուբէ­նի բռնութեան։ Այո, Ռուբէ­նը, ինչպէս ամէն մարդ, ունէր յատկութիւններ, սակայն իբրեւ քաղա­քա­կան ղեկա­վար, իր հաշուեկշի­ռը դատա­պարտե­լի է։ Ստա­լին եւս գիտէր սիրա­լիր ըլլալ իր մօտիկնե­րուն հետ, Մուսո­լո­նին նոյնպէս կը պաշտէր իտա­լա­ցի երի­տա­սարդութիւնը, սակայն, բոլո­րը կը մնան մենա­տէրներ եւ բռնա­կալներ։

Ո՞վ ըսաւ, թէ Ռուբէ­նը Դաշնակցութեան հերթա­պա­հը եղաւ 1919էն սկսեալ, թերեւս իր գրած պաշտօ­նա­կան պատմութիւնը, ինչպէս Նաւա­սարդեան եւ այլ առաւե­լա­պաշտներ։ Ոչ, Դաշնակցութեան հերթա­պա­հը եղաւ Արշակ Ջամա­լեան մինչեւ 1931, ապա հեռա­ցուե­ցաւ իր պաշտօ­նէն… Ռուբէ­նի ձեռամբ, 12րդ Ընդհա­նուր ժողո­վէն երկու տարի առաջ, 1933ին։ Միշտ Հայաստա­նի Ա. Հանրա­պե­տութեան պաշտպա­նութեան այս նախկին նախա­րա­րին վերա­բե­րեալ կ՛ըսէք, թէ կ՛ընդունէր քննա­դա­տութիւնը, ինչպէս գրած է իր յուշե­րուն մէջ։ Ճիշդ է։ Սակայն, ի՞նչ հասկա­ցո­ղութեամբ։ Իր քննա­դա­տութիւննե­րը խնդրոյ առարկայ չէին դարձներ ծայրա­յեղնե­րու սկզբունքնե­րը (տոկմը), այլ կը մատնանշէին Դաշնակցութեան թուլութիւնը։ Իր քննա­դա­տութիւննե­րը նպա­տակ ունէին առաւել շեշտել արմա­տա­կա­նութիւնը ապա­ցուցա­նե­լու համար որ «l’homo dachnakus», աւե­լի ազդու պէտք էր ըլլար (Դաշնակցութեան) վերա­ծուած կուսակցութեան, անշրջե­լի իտէա­լին հասնե­լու համար։

Գիտէք, Ստա­լին եւս կը քննա­դա­տէր Խորհրդա­յին Միութեան համայնա­վար կուսակցութիւնը իր թուլութեան եւ տժգունութեան համար, եւ ձեռնարկեց մաքրա­գործումնե­րու՝ վերա­կենսաւո­րե­լու համար իր կազմա­կերպութիւնը, ինչպէս Ռուբէ­նը ըրաւ մաքրա­գործումներ՝ օգտա­գործե­լով Նիկոլ Աղբա­լեա­նը եւ իր գիրքը «Մտա­ծումներ Դաշնակցութեան Մասին»ը՝ իբրեւ գործիք։ Եւ այդ մէկը գործուե­ցաւ իր պահանջով եւ ոչ Սիմոն Վրա­ցեա­նի, որ Բիւրո­յի այս հրա­հանգը փոխանցեց Աղբա­լեա­նին, բովանդա­կութիւնը այլա­փո­խե­լու համար։ Արդիւնք՝ Սիմոն Վրա­ցեան չյա­ջո­ղե­ցաւ եւ բնաւ չհե­տաքրքրուե­ցաւ այս փոքր կարմիր գիրքի բովանդա­կութեամբ։

Վերջա­պէս, եզրա­փա­կե­լով առա­ջին տպաւո­րութիւնս՝ ձեր պատասխա­նին առա­ջին մասի վերջին պարբե­րութիւնը կուրութեան կատա­րեալ գոհար մըն է։ Արդեօք կ՛անդրադառնա՞ք, որ կ՛արդարացնէք Ռուբէ­նի ամբողջա­տի­րութիւնը (համայնա­տի­րութիւնը-totalitarisme) Դաշնակցութեան մէջ։ Եւ կը հաստա­տէք ըսածս։ Պատճառ չէ որ երկու պատե­րազմնե­րու մէջտե­ղը (1919–1939) եթէ ամբողջա­տի­րութիւնը նորոյթ էր – եւ այդ ալ պէտք է փաստել – բնա­կան էր որ Դաշնակցութիւնը որդեգրէր այս գործե­լա­կերպը եւ այս մշա­կոյթը։ Միւս կողմէ, Սիմոն Վրա­ցեան եւ Շաւարշ Միսա­քեան միշտ ընդդի­մա­ցած են Դաշնակցութեան այս ամբողջա­տի­րա­կան ուղղութեան, երբ 1920ականներուն Մուսո­լո­նի իշխա­նութեան գլուխը եկաւ Իտա­լիոյ մէջ։ Դարձեալ կարդա­ցէք «Դրօշակ»ը, դարձեալ կարդա­ցէք ձեր կեդրո­նա­կան օրկա­նը Ռուբէ­նի գովքը հիւսե­լու փոխա­րէն ։ Արդ, ինչո՞ւ համա­տեղ չի մտա­ծել Դաշնակցութիւնը ձերբա­զա­տե­լու ռուբէ­նա­կաննե­րու եւ առաւե­լա­պաշտնե­րու ճանկե­րէն։

Գանք «Ասպարէզ»ի 21 Փետրուար 2023ի թիւին մէջ լոյս տեսած ձեր բաց նամա­կի բ. բաժի­նին՝ Սիմոն Վրա­ցեա­նի եւ Ռուբէ­նի յարա­բե­րութիւննե­րուն կապակցութեամբ՝ կը փորձէք հասկցնել, որ իրենց վատ յարա­բե­րութիւննե­րը երեւա­կա­յութեանս արդիւնքն են: Գաղա­փար մը ունի՞ ք Սիմոն Վրա­ցեա­նի յուշե­րու բովանդա­կութեան մասին: Նոյնպէս կարդա­ցած է՞ք «Հայրե­նիք» ամսա­գի­րը՝ հայ յեղա­փո­խա­կան շարժման Աստուա­ծա­շունչը: Հանրութեան ծանօթ էր, որ Ռուբէ­նը եւ Սիմո­նը իրա­րու չէին հասկնար: Կը հրաւի­րեմ ձեզի նաեւ կարդա­լու Անա­հիտ Տէր Մինա­սեա­նի՝ Ռուբէ­նի հարսին, յօդուածնե­րը։ Ան կը բացա­յայտէ, իր հասկա­ցո­ղութեամբ, Ռուբէ­նի եւ Սիմո­նի միջեւ տարա­կարծութիւննե­րը:

Գալով Հրաչ Տասնա­պե­տեա­նին եւ իր հրա­տա­րա­կութեան՝ «Ո՞վ Է Դաշնակցա­կա­նը» գիրքին՝ եթէ զիս լաւ կարդա­ցած ըլլա­յիք, կը տեսնէիք, որ յօդուա­ծա­շարքիս գլուխնե­րէն մէկը նուի­րուած է Դաշնակցութեան ղեկա­վա­րութեան եւ անոր 1960–1980 թուա­կաննե­րուն Ռուբէ­նի ծայրա­յե­ղութե­նէն դուրս գալու անկա­րո­ղութեան: Երբ Հրաչ Տասնա­պե­տեան կը հրա­տա­րա­կէ իր փոքր գիրքը, իր սերունդի ձախո­ղութեան փաստն է որ կու տայ, անկա­րող Ռուբէ­նիզմի ճանկե­րէն ձերբա­զա­տե­լու: Այո, Հրաչ Տասնա­պե­տեան ազա­տա­կան (liberal) է այնքան, որքան Դաշնակցութեան գաղա­փա­րա­խօ­սութիւնը կը թոյլատրէ ազա­տա­կա­նութիւնը իր շարքե­րէն ներս: Իսկ Բաբգէն Փափա­զեան, այո, առաւե­լա­պաշտ մըն է: Սակայն, այս առաւե­լա­պաշտ հոսանքը ունի երեք մօտե­ցումներ: Նախ, անի­կա կը մարմնացնէ Արեւմտեան Հայաստա­նի կամ Միջին Արեւելքի առաւե­լա­պաշտնե­րը, ապա «շրջա­նա­յին» հոսանք մը,  որ կը պահէ գաւա­ռա­կան ինքնութիւն մը եւ « գիւղա­կան», որ Օսմա­նեան կայսրութեան օրե­րուն կը ներկա­յացնեն վիլա­յէթնե­րը, ապա Լիբա­նա­նի, Սուրիոյ եւ Իրա­քի հայ համայնքնե­րը՝ Սփիւռքի մէջ: Բաբգէն Փափա­զեան կը մարմնաւո­րէ այս հոսանքը, որ կը ձգտի պահել կազմա­կերպութեան մէջ լիբա­նա­նեան խարսխում մը եւ, ինչո՞ ւ չէ, պարտադրել ընդհա­նուր Դաշնակցութեան: Անոր համար դաշնակցա­կան գաղա­փա­րա­կա­նը կուսակցութեան լիբա­նա­նա­ցումէն կ՛անցնի: Այլ խօսքով՝ կուսակցութիւնը պէտք է ըլլայ Լիբա­նա­նի Դաշնակցութիւնը իր ամբողջա­կա­նութեան մէջ:

Երկրորդ մօտե­ցումը Ռուսա­կան Հայաստա­նի կամ Կովկա­սի «փոփիւլիսթնե­րը»՝ համա­հայկա­կան հոսանք մը, որ կը ջանայ պարտադրել ամբողջ Դաշնակցութեան իմաստա­սի­րա­կան տեսլա­կան մը, դրա­կան իրաւունքէն վեր, որ խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ համաշխարհա­յին կարգը եւ միջազգա­յին իրաւանց տիե­զե­րա­կան կանոննե­րը։ Կոստա­թին Խատի­սեան, Նժդեհ, Յակոբ Զավրեան կամ Նաւա­սարդեան մարմնաւո­րե­ցին այս հոսանքը երէկ, եւ աւե­լի ժամա­նա­կա­կից շրջա­նին‘ Էտիկ եւ Վահան Յովհաննէ­սեան, յետոյ Իշխան Սաղա­թէ­լեան եւ այս՝ ամբողջը ընդհա­նուր միջա­կութեան մը մէջ:

Վերջա­պէս, երրորդ հոսանքը սկզբնա­կան հոսանքն է, հոսանք մը՝ որ կը մարմնաւո­րուի Յովնան Դաւթեա­նի ամբողջա­տի­րութեան մէջ եւ կը վերա­ծէ Դաշնակցութիւնը՝ իբրեւ «ազգին կուսակցութեան» մը, եւ ոչ բուն դաշնակցութեան՝ բռնա­բա­րե­լով Քրիստա­փո­րի բոլոր սկզբունքնե­րը:

Առաւե­լա­պաշտնե­րը կը համախմբուին հողա­յին իրաւունքի սկզբունքին, հողա­յին միա­ցումին շուրջ, հողին գերա­գա­հութեան՝ մարդոց վրայ, եւ մարդոց համարկումը ՀՅԴի հողա­մա­սա­յին ու ամբողջա­տի­րա­կան կաղա­պա­րին մէջ եւ ներկա­յա­ցուած՝ իբրեւ կուսակցութիւն եւ ոչ՝ դաշնակցութիւն: Սակայն, անգամ մը եւս, յօդուա­ծա­շարքիս նպա­տա­կը առաւե­լա­պաշտնե­րու հոսանքի պատմութիւնը գրել չէր, այլ՝ ներկա­յացնել ՀՅԴի տարրա­լուծումի հոլո­վոյթը: Օր մը, թերեւս, կու գայ գաղա­փա­րը նետուիլ 133 տարի­նե­րու առաւե­լա­պաշտնե­րու շարժումի ճամբուն վրայ:

Ռուբէ­նին վերա­բե­րեալ կը յուսամ յստակ եղած ըլլալ, մանաւանդ՝ իր բիրտ գործե­լա­կերպին մասին: Սակայն, վերյի­շում մը‘ եթէ Ռուբէ­նը, ինչպէս Թորո­յեան կը գրէ, ըլլար «1919ին ՀՅԴի բուն ղեկա­վա­րը» ինչպէ՞ս կը բացատրուի, որ Նժդե­հը 1921ին հեռացնե­լէ ետք ՀՅԴի շարքե­րէն, ան 1924–25ին կը վերագտնէ շարքե­րը, Դաշնակցութեան 10րդ Ընդհա­նուր ժողո­վին: Եւ ինչպէ՞ս կը բացատրուի, որ Ռուբէ­նը ստա­ցաւ այլ ապտակ մը, այս անգամ Նժդե­հէն, 1921ին, Թաւրի­զի մէջ: Եթէ ըլլար բուն ղեկա­վա­րը ՀՅԴի իր ընկերնե­րուն պիտի չպարտադրէ՞ր, չ՛արգիլէ՞ր վերընդունիլ Զանգե­զուրի փրկա­րա­րը: Ռուբէ­նի հեղի­նա­կութիւնը իր շարքե­րէն ներս պիտի չխնա­յէ՞ նոր ապտա­կէ մը, Ռոստո­մի ապտա­կէն ետք։ Վրա­ցեան այս մասին գրած է։

Ինչ կը վերա­բե­րի Նժդե­հին եւ Դրո­յին, անգամ մը եւս, ՀՅԴի պատմութիւնը չէ որ կը գրեմ, այլ՝ անոր վատթա­րացման ընթացքը։ Նժդե­հը ՀՅԴի շարքե­րէն մեկուսացուեցաւ1933ին, ցեղակրօն շարժումով, բայց քանի մը տարի ետք, իր ազատ կամքով հեռա­ցաւ, հակա­ռակ Դրո­յի միջնորդութեան: Այս վերջի­նը Վրա­ցեա­նի բարե­կամ՝ անոր մրցակցութիւնը Ռուբէ­նի հետ ծանօթ է բոլո­րին: Ամէն ինչ կը հակադրէ Դրոն եւ Ռուբէ­նը: 

Ռուբէ­նը կ՛ուզէր ձերբա­զա­տիլ Դրո­յէն քանի մը պատճառնե­րով, որոնցմէ մէկն էր՝ 1945ին անոր միա­կողմա­նի նախա­ձեռնութիւնը Ստա­լի­նի հասցէին շնորհաւո­րա­կան գիր մը ղրկե­լով Կարսի եւ Արտա­հա­նի հարցը Թուրքիոյ դէմ բարձրա­ցուցած ըլլա­լուն համար: Ռուբէ­նը  կատղած էր:

Իսկ Զէյթլեան-Մարուխեան զոյգին վերա­բե­րեալ կը հրաւի­րեմ ձեզ վերա­կարդալ «Ազդակ-Դրօ­շակ Շաբաթօրեակ»ը եւ 1959էն մեր օրե­րը, Ընդհա­նուր ժողովնե­րու որո­շումնե­րը: Զով պիտի համո­զէք, որ ՀՅԴն Խորհրդա­յին Միութեան հետ մօտեցման քաղա­քա­կա­նութիւն մը չէր սկսած: Տեսակ մը «Ost Politik», զոր ՀՅԴի պաշտօ­նա­թերթը կը հաստա­տէ:

– ՀՅԴն կ՛ողջունէ Ա. Գոչի­նեա­նը՝ Խորհրդա­յին Հայաստա­նի Համայնա­վար կուսակցութեան Ա. Քարտուղա­րը, որ ժամա­նե­լով Մոսկուա՝ կը պահանջէ Ղարա­բա­ղի եւ Նախի­ջեւա­նի միա­ցումը Խորհրդա­յին Հայաստա­նին, «Ազդակ-Դրօ­շակ Շաբա­թօ­րեակ», 11 Յունուար 1970ի թիւ:

– ՀՅԴն կը ճանչնայ Լենի­նի մտաւո­րա­կան մեծութիւնը եւ մարդա­սի­րա­կան արժէ­քը, «Ազդակ-Դրօ­շակ Շաբա­թօ­րեակ»,  7 Յունիս 1970ի թիւ:

– Կարօ Սասունիի այցե­լութիւնը Խորհրդա­յին Հայաստան Մայիս 1969ին, «Ազդակ-Դրօ­շակ Շաբա­թօ­րեակ», 6 Դեկտեմբեր 1970ի թիւ:

– ՀՅԴն չ՛ընդդիմանար Թուրքիոյ հայկա­կան հողե­րու միացման Խորհրդա­յին Միութեան,  «Ազդակ-Դրօ­շակ Շաբա­թօ­րեակ», 11 Օգոստոս 1974ի թիւ եւ այլն…

Սարգիս Զէյթլեան փորձեց ուրիշ ուղի մը՝ հեռա­նա­լով Սովետ Դաշնակցա­կան մօտե­ցումէն, ջանա­լով պահել ՀՅԴի մէջ հաւա­սա­րակշռութիւն մը: Խնդրեմ դարձեալ կարդա­ցէք գրածս. գրած եմ, որ 1972–1981 տարի­նե­րուն, Զէյթլեան-Մարուխեան զոյգը ջանաց ամրացնել ՀՅԴի միասնա­կա­նութիւնը՝ յարգե­լով գաղա­փա­րա­կան զանա­զա­նութիւննե­րը: Ոմանք իրենք զիրենք գտան Զէյթլեա­նի աւե­լի անկա­խա­պաշտ եւ ազգայնա­մոլ խօսքե­րուն մէջ: Ուրիշներ Մարուխեա­նի՝ աւե­լի դաշնակցա­յին (fédéraliste) խօսքե­րուն մէջ: Առա­ջի­նը կը խօսէր Ազգա­յին Ընկերվա­րութեան մը մասին, երկրորդը՝ Միջազգա­յին Ընկերվա­րութեան:

Իսկ ինչ կը վերա­բե­րի Խորհրդա­յին Միութեան անկումին, վայրկեան մը լուրջ ըլլանք‘ նախա­տե­սել վարչա­կարգի մը անկումը մէկ բան է, աշխա­տիլ արա­գացնել այդ անկումը՝ ուրիշ բան: ՀՅԴն բնաւ չգործեց այս ուղղութեամբ: Ընդհա­կա­ռա­կը՝ պայքա­րի իր ռազմա­վա­րութիւնը Թուրքիոյ դէմ կը ստի­պէր խնա­յել Խորհրդա­յին Միութիւնը, ինչ որ ըրաւ մինչեւ այս վերջի­նին անկումը, ինչ որ յաճախ կը մեղադրուի: ՀՅԴի գործունէութիւնը Հայաստա­նի մէջ, որ իրաւա­ցիօ­րէն կ՛ըսէք պէտք է երթալ 1980ական տարի­նե­րը՝ յայտնա­բե­րե­լու համար պատճառնե­րը՝ այս մասին ալ անդրա­դարձած եմ յօդուա­ծա­շարքիս մէջ, որովհե­տեւ խնդրոյ առարկայ կը դարձնեմ Խորհրդա­յին Հայաստա­նի մէջ, մէկ կողմէ միջակ գործիչնե­րու ժամա­նումը՝ սկսե­լով Հրանդ Մարգա­րեա­նէն, եւ միւս կողմէ քիչ մը հեռու գացած ըլլա­լու Կորպա­չո­վի քաղա­քա­կա­նութեան նեցուկ ըլլա­լով, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ ՀՅԴն կը հաւա­տար Խորհրդա­յին Միութեան երկա­րա­կե­ցութեան: Սակայն, այս առա­ջին ճեղքը «1988» ՀՅԴի ալե­կոծ ճանա­պարհին մէջ, չի կրնար ծածկել երկրորդ ճեղքը «1998», երբ Հայաստա­նի ՀՅԴն բոլո­րո­վին ինկաւ Հրանդ-Վահան զոյգին ձեռքը, որ տարուած էր միայն իշխա­նութեան հասնե­լու քաղա­քա­կա­նութեամբ: Շարունա­կութիւնը ծանօթ է:

Կը վերջացնեմ կարեւոր կէտով մը. մինչեւ ե ՞րբ պիտի հնա­րէք անի­մաստ յղացքներ՝ որա­կե­լով Քրիստա­փո­րի ՀՅԴն «Գեր-Կուսակցութիւն»։ Այս հանճա­րը ստեղծած է Դաշնակցութիւն մը՝ հետեւե­լով Էմա­նուէլ Քանթի ծրա­գի­րին կամ «միջազգա­յին» մը, Ա. Միջազգա­յի­նի օրի­նա­կով։ «Գեր-Կուսակցութիւն» բացարձա­կա­պէս ոչինչ կը նշա­նա­կէ, բացի անոնց համար, որոնք ՀՅԴ կը նկա­տեն՝ իբրեւ կուսակցութիւն, ինչ որ պարա­գան է Յովնան Դաւթեա­նի, որուն համար ՀՅԴ « ազգին կուսակցութիւն»ն է։ Նոյնպէս, 1905էն սկսեալ Քրիստա­փո­րի յաջորդնե­րը ՀՅԴն ներկա­յա­ցուցին՝ իբրեւ «եւրո­պա­կան կուսակցութիւն» (Վարանդեան), իբրեւ՝ «յառա­ջա­պահ ընկերվա­րա­կան կուսակցութիւն» մը (Ռոստոմ), իբրեւ «հիմնարկ կուսակցութիւն մը եկե­ղեցւոյ մը պատկե­րին » (Զաւա­րեան) եւ «համայնա­տի­րա­կան (ամբողջա­տի­րա­կան) կուսակցութիւն» մը (Ռուբէն՝ ժառանգորդ Յովնա­նի)։

Պիտի Խնդրէի վերջ տալ այս «առասպել պատմութեան », այս « քարա­ցած պատմութեան », այս « պաշտօ­նա­կան պատմութեան », որոնք գոյութիւն չունին՝ բացի համայնա­տի­րութեան մէջ ։

Շնորհա­կա­լութիւն ձեր գրութեան համար՝ իբրեւ պատասխան յօդուա­ծա­շարքիս։ Այս առիթ տուաւ փոխա­նա­կութիւննե­րու, եւ վիճա­բա­նութեան, որոնք պէտք է համա­պա­տասխա­նեն ճշմարտութեան մը, ճշգրտութեան մը, եւ ոչ՝ տեսակ մը «diversion » առանց գլուխի, անոնց համար, որոնք չեն ուզեր իրենց գլուխը կորսնցնել։

Հոդվա­ծը՝ Asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ