Հետեւաբար ո՛չ Հայաստանի վարչապետը, ո՛չ կառավարութիւնը եւ ոչ ալ այլք կրնան որոշել կամ ճշդել անհատի մը կամ հաւաքականութեան մը հայրենիքը։ Ինչպէս ազգային պատկանելիութիւնը գիտակցական է, նոյնն է պարագան նաեւ հայրենիքին, մասնաւորաբար ակամայ սփիւռք յայտնուածներուն։ Ազգային գիտակցութիւնն ու հայրենիքը շաղկապուած են։
Գէորգ Թորոյեան
Անցնող շաբթուան ընթացքին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երկու հարցազրոյցներու ընթացքին յայտարարութիւններ կատարեց, որոնք իւրաքանչիւր հայու միտքին մէջ մեծ հարցականներ պէտք է ստեղծեն վարչապետին ազգային եւ հայկականութեան ընկալումներուն եւ արժեհամակարգին շուրջ։
Փրակի մէջ, հայ համայնքի հետ հանդիպումի ընթացքին, Հայաստանի վարչապետը բառացիօրէն ըսաւ. «Հայրենիքը էն ա, որտեղ ապրում են»։
2018ի Մայիս մէկին, Հայաստանի խորհրդարանին մէջ, Փաշինեան վարչապետի թեկնածուական իր ճառին մէջ ըսած էր, թէ պատմութեան 1000ամեայ անիւը պիտի շրջենք եւ հայրենադարձութիւնը պիտի ըլլայ իր կառավարութեան քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններէն մէկը։
Այս երկու յայտարարութիւնները հակասական են։ Առաջինը չի բխիր ոչ հայ ժողովուրդի, ոչ ալ հայոց պետականութեան շահերէն։ Վարչապետին այս միտքը լաւագոյնս կ՛արտացոլացնէ ժողովրդային մերժելի խօսքը. «Ուր հաց հոն կաց»։
Եթէ փորձենք պարզ բառերով բնորոշել հայրենիք հասկացութիւնը, ապա հայրենիքը այն տարածքն է, ուր ժողովուրդ մը դարեր, հազարամեակներ շարունակ ապրած է, պատմութիւն կերտած է, մշակոյթ ստեղծած է եւ իբրեւ հաւաքականութիւն իր ինքնուրոյնութիւնը պահպանած եւ զարգացուցած է։
Փաշինեան իր այս յայտարարութեամբ սփիւռքահայութեան եւ հայաստանաբնակ հայութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող անջրպետը կը խորացնէ։ Ան չընդունիր, որ Սփիւռքի հայութեան հայրենիքը Հայաստանն է։ Սակայն եթէ վերադառնանք 2018ի իր յայտարարութեան, ապա հարց կը յառաջանայ. ինչու կազմակերպել հայրենադարձութիւն, եթէ Հայաստանը հայրենիքը չէ Սփիւռքի մէջ ապրող հայութեան։ Միաժամանակ, ան տողատակով կը յայտնէ, թէ միմիայն Հայաստանի մէջ ապրող հայերու իրաւունքն է Հայաստանի հարցերով զբաղիլ։ Դժբախտաբար, այս վարքագիծը միմիայն ներկայ վարչապետին յատուկ չէ։ Հայաստանի անկախացումէն ի վեր, Հայաստանի իրարայաջորդ իշխանութիւնները նոյնանման քաղաքականութիւն վարեցին սփիւռքահայութեան նկատմամբ, զայն նկատելով «դրսեցի», «արտասահմանցի» երբեմն նոյնիսկ օտար։ Այլ հարց է, թէ երկքաղաքացիութիւնը քաղաքական եւ տնտեսական ինչ նպատակներ կը հետապնդէր։ Եւ այս պարունակին մէջ, վարչապետին պէտք է հարց տալ, թէ ինչ իմաստ ունին Սփիւռքի յանձնակատարի պաշտօնը, կամ Հայաստան-Սփիւռք համատեղ ժողովները, նախաձեռնութիւնները, Համահայկական հիմնադրամը եւայլն։
Այստեղ կ՛արժէ օրինակ բերել հրեաները, որոնք երկու հազար տարի իրենց հայրենիքէն դուրս ապրելով հանդերձ, Հրէաստանը համարեցին իրենց հայրենիքը եւ 2000 տարի ետք վերադարձան այնտեղ եւ այսօր, գոնէ իրենց տարածաշրջանի ամէնէն զարգացած եւ զօրաւոր պետութիւնը հաստատած են։ Փաշինեանի այս տրամաբանութեամբ, այսօր Հրէաստան գոյութիւն պիտի չունենար։ Եւ այս շրջագիծէն ներս, Հայաստանի վարչապետը ինչպէս կը բացատրէ հազարաւոր սփիւռքահայերու հայրենադարձութիւնը, առանց պետական հովանաւորութեան կամ նեցուկին։
Հետեւաբար ո՛չ Հայաստանի վարչապետը, ո՛չ կառավարութիւնը եւ ոչ ալ այլք կրնան որոշել կամ ճշդել անհատի մը կամ հաւաքականութեան մը հայրենիքը։ Ինչպէս ազգային պատկանելիութիւնը գիտակցական է, նոյնն է պարագան նաեւ հայրենիքին, մասնաւորաբար ակամայ սփիւռք յայտնուածներուն։ Ազգային գիտակցութիւնն ու հայրենիքը շաղկապուած են։
Երկրորդ յայտարարութիւնը ան կատարեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, երբ ան սխալ նկատեց Երեւանի մէջ «Նեմեսիս»ի հերոսներուն նուիրուած յուշակոթողին տեղադրումը։ Հակառակ անոր, որ լրագրողը փորձեց այդ յուշակոթողին տեղադրման պատասխանատուութիւնը դնել նաեւ վարչապետի ուսերուն, սակայն ան կտրուկ կերպով հրաժարեցաւ ընդուելէ այդ պնդումը։ Թէ ինչու սխալ էր, վարչապետը չմանրամասնեց, այլ փորձեց հարցին էութիւնը փոխադրել այլ հարթութեան վրայ։
Նախ պէտք է յիշեցնել պրն․ վարչապետին, որ այդ յուշակոթողը նուիրուած է հերոսներու, որոնք արդար դատաստան տեսան թուրք ցեղասպաններուն։ Եւ եթէ այսօրուայ Թուրքիոյ պետական այրերը ընդվզած են եւ սպառնալիքներ կը հնչեցնեն, ապա մանկամիտ պէտք է ըլլալ հաւատալու, որ այդ յուշակոթողն է պատճառը։
Փակագիծ բանալով յիշենք, որ անցեալ Հոկտեմբերին Թուրքիոյ նախագահը հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւումը կապած էր Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու բարելաւման հետ։ Իսկ նոյն այս օրերուն Ուաշինկթընի մէջ ամերիկեան հովանաւորութեամբ եւ միջնորդութեամբ բանակցութիւններ տեղի ունեցան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, որոնց ընթացքը այդքան ալ Ատրպէյճանի «սրտով» չէ եղած։ Այսինքն՝ թուրքերու պատգամը պարզ է, որ Հայաստանը յաւելեալ զիջումներ կատարէ Ատրպէյճանին։
Միաժամանակ, կարելի է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին յիշեցնել, թէ «Նեմեսիս» գործողութիւնը կատարուած է անոնց հանդէպ, որոնք նոյնինքն Թուրքիոյ դատարանին կողմէ մահուան դատապարտուած էին 1919ին։
Վերջապէս, պրն․ վարչապետին պէտք է յուշել, որ եթէ այդ յուշակոթողին տեղադրումը սխալ է, ապա Ծիծեռնակաբերդի գոյութիւնը ինչո՞ւ համար է։ Ժողովուրդները սգալով չեն գոյատեւեր, այլ պայքարելով։
Այս հարցով Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան աւելի ճիշդ գնահատական տուաւ։ Ան ըսաւ, թէ նման յուշակոթողներու տեղադրումը Հայաստանի ներքին հարցն է։
Այսպէս ալ պէտք է ըլլայ։ Եթէ Հայաստանի վարչապետը կը յաւակնի անկախ պետութիւն ստեղծել, ապա անկախութեան հիմքը պէտք է ըլլայ ինքնուրոյն որոշումներ կայացնել, մեկնելով հայ ժողովուրդի երազներէն, նպատակներէն եւ իղձերէն։
«Նեմեսիս»ի նուիրուած յուշակոթողը մեր ազգային արժանապատուութեան արտայայտիչն է եւ անոր տեղադրումը սխալ համարելը մեծագոյն սխալն է։
Հոդվածը՝ asbarez.am կայքից։