Հ.Յ.Դ. Ծրագիրը չի բաժներ փութկոտութիւնը ընկերվարական շարժումի այն ծայրայեղականներուն, որոնք մէկուկէս դարէ ի վեր կ՛օրօրուին քաղքենի դրամատիրութեան մօտալուտ փլուզման յոյսով։
Նազարեթ Բերբերյան
Այբուբեն
ԽԱԺԱԿ
Հ.Յ.Դ. Ծրագիրը իր Ընդհանուր Տեսութեան բաժնով կը կատարէ քննադատութիւնը դրամատիրական քաղքենի հասարակարգին բնորոշ ժամանակակից հակասութիւններուն։
Աւելի ճիշդ՝ լուսարձակի տակ կ’առնէ այն մեքենականութիւնը, որուն դիմեց եւ կը շարունակէ դիմել քաղքենիութիւնը՝ ապահովելու համար գոյատեւումն ու ամրապնդումը իր հաստատած դրամատիրական անարդար կարգերուն։
Եւ առաջին հերթին մերկացումը կը կատարէ նոյնինքն սեփական ժողովուրդի աշխատաւորութեան նկատմամբ քաղքենի դասակարգին որդեգրած շահագործումի մեքենականութեան ծալքերուն՝ որոշապէս մեքենայութիւններուն.-
«իր պատմական զարգացման ընթացքին եւ առանձնապէս իր ներկայ փուլին մէջ դրամատիրութիւնը, մանաւանդ հոն՝ ուր ճարտարարուեստականացումը առաջացած է, իր տնտեսական կառոյցի վերապրումը ապահովելու համար, հարկադրուած է որոշ պատշաճեցումներ մտցնելու պետութեան եւ աշխատաւորութեան յարաբերութեանց մէջ, ինչպէս, օրինակ, ընկերային ապահովութեան դրութեանց հաստատումը եւ աշխատաւորներու մասնակի բաժնեկցութիւնը տնտեսական հիմնարկներու»։
Հ.Յ.Դ. Ծրագրին այս բաժինը, յաջորդական իր պարբերութիւններով, կը վերլուծէ նաեւ այն մեքենականութիւնը, որուն կիրարկումով քաղքենի դրամատիրութիւնը կը փորձէ իր աքցանին մէջ առնել ամբողջ աշխարհը։
Քաղքենի դրամատիրութիւնը կը փորձէ ոչ միայն դասակարգային շահագործումի ենթարկել ազգի մը ներքին կեանքը, այլեւ նոյնինքն ազգերուն միջեւ յառաջացնել իշխանաւորի եւ իշխանազուրկի դասակարգում։
Բազմազան են այն քայլերը, որոնց կը դիմէ քաղքենի դրամատիրութիւնը՝ ապահովելու համար իր վերապրումը, իբրեւ համաշխարհային դրութիւն մը, որ միաժամանակ ներ-ազգային թէ միջ-ազգային մակարդակներու վրայ հետամուտ է շահագործումի։
Անմիջապէս կ՛արժէ կեդրոնանալ քաղքենի դրամատիրութեան նոյնինքն վերապրումի հարցին վրայ։
Հ.Յ.Դ. Ծրագիրը չի բաժներ փութկոտութիւնը ընկերվարական շարժումի այն ծայրայեղականներուն, որոնք մէկուկէս դարէ ի վեր կ՛օրօրուին քաղքենի դրամատիրութեան մօտալուտ փլուզման յոյսով։
Անկասկած Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը եւս, իբրեւ յեղափոխական ու ընկերվարական կուսակցութիւն, գաղափարական իր դիրքորոշումներուն մէջ կ՛առաջնորդուի այն անխախտ համոզումով, թէ անխուսափելի է դրամատիրութեան փոխարինումը ընկերվարական կարգերով։
Ճշմարտութեան սիրոյն նաեւ պէտք է հաստատել, որ կար ժամանակ (1890ականներուն), երբ Անդրանիկ մեր Ծրագրով մենք եւս կը փութայինք յորդորելու, որ «պատրաստ գտնուինք անցնելու հանրային այն կազմակերպութեան, որ այսօր-վաղը պիտի հաստատուի տնտեսապէս աւելի զարգացած երկիրներու մէջ՝ պռոլետարիատի յեղափոխութեամբ»։
Բայց արդէն 1907ին, Հ.Յ.Դ. Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովին կողմէ վերամշակուած մեր Ծրագիրը թօթափած էր «այսօր-վաղը» ընկերվարութեան հասնելու այդ անիրատեսութիւնը, որովհետեւ՝
Նախ՝ կը գիտակցէր, թէ ընկերային յեղաշրջումի համար անհրաժեշտ են մտայնութիւններու եւ ընկերային արժէքներու ամբողջական վերանայումը։
Ապա՝ կ՛անդրադառնար, որ դրամատէր քաղքենիութիւնը ունի աշխատաւորական շարժումները թէ ազգային ազատագրական պայքարները շրջանցելու, այլեւ ու մանաւանդ՝ անոնց հարուածներէն վերապրելու ընդգծելի ճկունութիւն մը։
Ընկերվարական միտքը իրաւունք չունի արհամարհելու կամ թերագնահատելու քաղքենի դրամատիրութեան վերապրումի «կարողականութիւնը»։
Փաստօրէն Ֆրանսական Մեծ Յեղափոխութենէն ի վեր քաղքենիութիւնը ամէն քայլափոխի կու տայ ապացոյցը համաժողովրդական շարժումները դասակարգային իր նեղ շահերուն ճարտարօրէն ու հնարամտօրէն ծառայեցնելու ճկունութեան։
Ժողովրդային բազմութիւնները իրենց արիւնը կը թափեն, որպէսզի թօթափեն բռնատիրութեանց ուժը եւ վայելեն ազատութեան բարիքները։
Բայց հազիւ իրենց պայքարը յաղթանակով պսակած՝ անոնք դառնօրէն կ՛անդրադառնան, որ իրենց անունով իշխանութեան գլուխ եկող քաղքենի ուժեր կը փորձեն առանձնաշնորհեալ ագարակի վերածել պետութիւնը։
Անոնք նաեւ զանգուածներու նուաճած իրաւունքներէն կամ ազատութիւններէն միայն աւելցուք փշրանքներ բաժին կը հանեն ժողովուրդին։
Աշխատաւոր բազմութիւնները փաստօրէն պայքարի դաշտ կը նետուին եւ յանձն կ՛առնեն ամէն զոհողութիւն, որպէսզի մարդկօրէն աւելի տանելի պայմաններու մէջ աշխատին եւ վայելեն իրենց արտադրած բարիքները։
Բայց աշխատաւորական պայքարներով ձեռք բերուած շատ մը իրաւունքներ դարձեալ եւ շուտով կ՛օգտագործուին քաղքենիութեան կողմէ, որպէսզի ան՝ իբր թէ իր «շնորհած» այդ բարիքներուն փոխարէն՝ ապահովէ աշխատաւորութեան անձնատուութիւնն ու համակերպումը քաղքենի իշխանութեանց։
Եւ այսպէս, յանուն ժողովրդավարութեան եւ ընկերվարութեան ծաւալած բողոքի ցոյցերուն եւ յեղափոխական պորթկումներուն ճնշումին տակ քայլ առ քայլ տեղի տալով հանդերձ, քաղքենիութիւնը փաստօրէն կրցած է ձեռք ձգել դրամատիրութիւնը «ընդունելի դարձնել»ու որոշակի մեքենականութիւն մը։
Վերապրումի մեքենականութիւն մը, որուն միջոցաւ քաղքենիութիւնը կը փորձէ՝ նոյնինքն աշխատաւորէն իր խլած յաւելեալ արժէքին հաշւոյն՝ ընկերային ապահովութեան կամ տնտեսական ինքնավարութեան փշրանքներ իբր թէ «շնորհել» աշխատաւորութեան։
Այս պատճառով ալ, ընկերվարական կարգերու հաստատման ի խնդիր մղուող պայքարին մէջ, Հ.Յ.Դ. Ծրագիրը կարեւորութեամբ կը շեշտէ դրամատէր քաղքենիութեան վերապրումի մեքենականութիւնը գաղափարաբանական քննադատութեան լուսարձակին տակ պահելու անհրաժեշտութիւնը։
Գրառումը՝ Նազարեթ Բերբերյանի ֆեյսբուքյան էջից։