ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Հին Էջեր, Ապրող Էջեր

Արարատեան Դաշտի յաղթանակները կարիքը ունէին քաղաքական եւ իրաւական ամրագրումի, որպէսզի ռազմական ուժերու նոր դասաւորումով՝ ցեղասպան թշնամին չփորձէր ի նպաստ իր ախորժակներուն շրջել հայ-թրքական պատերազմին հայանպաստ արդիւնքը…

Նազարեթ Բերբերյան

ԱՐԱՄԻ ՈՒՂԻՈՎ՝
ԱՐԱՄԻ ՊԱՏԳԱՄՈՎ

Ինչպէս որ Հայաստանի անկախութեան կերտման դրօշակիր ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ օրի՛ն պատգամած էր՝ «Հայերով ոչ ոք չի հետաքրքրւում՝ շօշափելի օգնութիւն հասցնելու մտքով: Դրա հակառակը, կայ դաւադրական վերաբերմունք: Մենակ ենք եւ պէտք է ապաւինենք միայն մեր ուժերին` թէ՛ ճակատը պաշտպանելու եւ թէ Երկրի ներսը կարգ հաստատելու համար»։

Մենակ ու սեփական ուժերուն ապաւինած՝ Հայաստանն ու Հայութիւնը վերապրեցան Ազատազրկման ու Ուրացման օսմանեան թէ ցարական, քեմալական թէ խորհրդային բոլոր դարաշրջաններէն։

Ամրօրէն ու անխախտ հաւատքով ՀԱՅը հարթեց իր ՈՒՂԻՆ՝ միջազգային առաջին նպաստաւոր պահուն իսկ վերականգնելու համար Հայկական Եռագոյնն ու Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

Մայիս 28ի ուղենշային ա՛յս պատգամը՝ Հայաստանի անկախութեան եւ հայոց ազգային պետականութեան շուրջ բոլորուելու եւ միաւորուելու ԱՐԱՄԻ ա՛յս աւանդն է, որ այսօր աշխարհի չորս ծագերուն հայ ժողովուրդի անխտիր բոլոր զաւակներուն միտքն ու հոգին հպարտութեամբ կը լեցնէ։

Անկորնչելի Պատգամ՝ որ բոլորիս քայլերն ու հայեացքը կ’ուղղէ դէպի Սարդարապատ, դէպի ազգային ինքնաճանաչման մեր հերոսական պատնէշը։

Գրառումը՝ Նազարեթ Բերբերյանի ֆեյսբուքյան էջից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *