15 C
Yerevan

Հին Էջեր, Ապրող Էջեր

Արա­րա­տեան Դաշտի յաղթա­նակնե­րը կարի­քը ունէին քաղա­քա­կան եւ իրաւա­կան ամրագրումի, որպէսզի ռազմա­կան ուժե­րու նոր դասաւո­րումով՝ ցեղասպան թշնա­մին չփորձէր ի նպաստ իր ախորժակնե­րուն շրջել հայ-թրքա­կան պատե­րազմին հայանպաստ արդիւնքը…

Նազա­րեթ Բերբերյան

ԱՐԱՄԻ ՈՒՂԻՈՎ՝
ԱՐԱՄԻ ՊԱՏԳԱՄՈՎ

Ինչպէս որ Հայաստա­նի անկա­խութեան կերտման դրօ­շա­կիր ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ օրի՛ն պատգա­մած էր՝ «Հայե­րով ոչ ոք չի հետաքրքրւում՝ շօշա­փե­լի օգնութիւն հասցնե­լու մտքով: Դրա հակա­ռա­կը, կայ դաւադրա­կան վերա­բերմունք: Մենակ ենք եւ պէտք է ապաւի­նենք միայն մեր ուժե­րին‘ թէ՛ ճակա­տը պաշտպա­նե­լու եւ թէ Երկրի ներսը կարգ հաստա­տե­լու համար»։

Մենակ ու սեփա­կան ուժե­րուն ապաւի­նած՝ Հայաստանն ու Հայութիւնը վերապրե­ցան Ազա­տազրկման ու Ուրացման օսմա­նեան թէ ցարա­կան, քեմա­լա­կան թէ խորհրդա­յին բոլոր դարաշրջաննե­րէն։

Ամրօ­րէն ու անխախտ հաւատքով ՀԱՅը հարթեց իր ՈՒՂԻՆ՝ միջազգա­յին առա­ջին նպաստաւոր պահուն իսկ վերա­կանգնե­լու համար Հայկա­կան Եռա­գոյնն ու Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնը։

Մայիս 28ի ուղենշա­յին ա՛յս պատգա­մը՝ Հայաստա­նի անկա­խութեան եւ հայոց ազգա­յին պետա­կա­նութեան շուրջ բոլո­րուե­լու եւ միաւո­րուե­լու ԱՐԱՄԻ ա՛յս աւանդն է, որ այսօր աշխարհի չորս ծագե­րուն հայ ժողո­վուրդի անխտիր բոլոր զաւակնե­րուն միտքն ու հոգին հպարտութեամբ կը լեցնէ։

Անկորնչե­լի Պատգամ՝ որ բոլո­րիս քայլերն ու հայեացքը կ’ուղղէ դէպի Սարդա­րա­պատ, դէպի ազգա­յին ինքնա­ճա­նաչման մեր հերո­սա­կան պատնէ­շը։

Գրա­ռումը՝ Նազա­րեթ Բերբերյանի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ