Սփիւռք

Դաշնակցությունը Կուսակցականություն Չէ

ՀՅԴի հիմնադիրները աւելի վեր կը դասեն դաշնակցականութիւնը կուսակցութեան անդամագրուած ըլլալու կամ չըլլալու փաստէն, որովհետեւ դաշնակցական ըլլալ չի նշանակեր միայն կանոնագիրի պայմանները ամբողջացնել։

Դոկտ. Յարութ Մկրտիչեան

Դաշնակցականութիւնը Խարիսխ՝ Դաշնակցութեան Էութենական Գոյատեւման

Կը պատմուի, թէ 1900ականներուն, Պարսկաստանէն քանի մը երիտասարդներ նամակ կը գրեն Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Ռոստոմին՝ անոր յայտնելով, թէ կարդացած ըլլալով Դաշնակցութեան Ծրագիրը եւ համոզուելով անոր՝ կը փափաքին միանալ ՀՅԴի շարքերուն։ Ռոստոմը կը պատասխանէ, որ եթէ համոզուած են այդ ծրագիրով եւ պատրաստ են անոր գործադրութեան համար գործել՝ իրենք արդէն դաշնակցական են եւ իբրեւ դաշնակցականներ՝ կրնան գործել իրենց շրջանին մէջ։

ՀՅԴի հիմնադիրներէն Սիմոն Զաւարեան կ՛ըսէ, թէ Դաշնակցութեան իսկական ուժը անոր համակիրներուն մէջ է եւ ոչ կուսակցականներուն: Որովհետեւ համակիրները, առանց երդուեալ կուսակցականներ ըլլալու՝ կը հաւատան անոր ծրագիրին եւ աւելի հաւատաւոր են քան շատ մը կուսակցականներ:

Այս դրուագները լաւագոյնս կ՛արտացոլացնեն հիմնադիր սերունդի դաշնակցականութեան ընկալումը։ Ռոստոմի պատասխանին եւ Զաւարեանի խօսքին ամբողջ իմաստը կը կայանայ այն փաստին վրայ, որ եթէ ոեւէ անհատ, հաւատալով ՀՅԴի Ծրագիրին պատրաստ է զայն իրագործելու համար աշխատանք տանելու՝ արդէն դաշնակցական է անկախ այն իրողութենէն, թէ ան մաս կը կազմէ կազմակերպութեան, կամ ոչ։ 

Եթէ այլ կուսակցութիւններու հիմքը կուսակցականութիւնն է, Ռոստոմ եւ Զաւարեան կը ժխտեն այդ իրողութիւնը, երբ հարցը կը վերաբերի Դաշնակցութեան։ Ճիշդ է որ կուսակցութիւնները համախոհներու կամ նոյն նպատակներուն շուրջ համախմբուած անհատներու հաւաքականութիւն է, սակայն Դաշնակցութեան պարագային, շատ նուրբ թելով մը կը տարբերի այս հասկացութիւնը, որովհետեւ,  եթէ կուսակցութիւններու ծնունդը հիմնուած է քաղաքական եւ ընկերային պայմաններու թելադրանքով մշակուած ծրագիրներու եւ գաղափարախօսութիւններու շուրջ համախմբուելով, Դաշնակցութեան ծնունդը զուտ ազգային-ընկերային պայմաններու արդիւնք էր, եւ այս առումով ալ ազգանպաստ գործը առաջնահերթ էր, որ ինքնին համախմբեց բոլոր գաղափարականները եւ կազմեց անոնց Դաշնակցութիւնը: 

ՀՅԴի հիմնադիրները աւելի վեր կը դասեն դաշնակցականութիւնը կուսակցութեան անդամագրուած ըլլալու կամ չըլլալու փաստէն, որովհետեւ դաշնակցական ըլլալ չի նշանակեր միայն կանոնագիրի պայմանները ամբողջացնել։ Կանոնագիրը անհատը կը դարձնէ կուսակցական, անդամ ՀՅ Դաշնակցութեան, բայց երբե՛ք դաշնակցական, որովհետեւ, կանոնագիրը իբրեւ հիմք ընդունող անհատը կրնայ որեւէ կուսակցութեան մէջ ըլլալ լաւ կուսակցական, սակայն երբեք գաղափարական անհատ, այս պարագային՝ դաշնակցական: Այս իմաստով ալ պատահականութիւն չէ, որ իր հիմնադրութենէն քանի մը տարի ետք, Դաշնակցութիւնը դարձած էր հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան առաջամարտիկը եւ առաջնորդը։ Այլ կերպ չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ Դաշնակցութեան յաջողութիւնը հիմնուած էր իր անդամներուն եւ համակիրներուն գաղափարական աշխարհին եւ անոնց անսակարկ նուիրումին ու զոհաբերութեան վրայ. այսինքն՝ դաշնակցականութեան վրայ եւ ոչ՝ կուսակցականութեան։ 

Համակիրներու դաշնակցականութեան եւ հաւատարմութեան փաստերը շատ են. Լիբանանի եւ Սուրիոյ պատերազմներուն ընթացքին, համակիրներու ներդրումը մեծ եղած է Դաշնակցութեան աշխատանքներուն մէջ։ Մասնաւորաբար Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին, երբ մեր ակումբները լեցուեցան համակիր զանգուածներով։ Նաեւ հոս՝ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներուն մէջ, ուր մեր համակիրները ոգի ի բռին աշխատած են եւ կ՛աշխատին Դաշնակցական գործը յառաջ տանելով:

Ուրեմն, Դաշնակցութիւնը դասական հասկացութեամբ կուսակցութիւն չէ։ Կը տարբերի այլ կուսակցութիւններէ այն բանով, որ անոր Ծրագիրին հաւատացողը, կամ անոր անդամակցողը նախ եւ առաջ ամբողջ հաւատամքի մը կրողն է եւ այդ հաւատամքը իր անձին օրինակով գործի վերածելու ուխտաւորը։ Ահա ա՛յս տրամաբանութեան մէջ պէտք է հասկնալ, որ Դաշնակցութիւնը ինքնին արդէն գաղափարախօսութիւն է: 

Հետեւաբար, գաղափարական ամբողջ աշխարհահայեացքի մը կրող ըլլալով եւ զոհողութեան պատրաստակամութիւնը ունենալով՝ դաշնակցականը խօսքէն անդին ԳՈՐԾի անհատն է։ Ուր որ ալ գտնուի, ինչ հանգամանք ալ ունենայ, կուսակցական ըլլայ կամ ոչ, ան կը մնայ դաշնակցական։ Անոր գաղափարական աշխարհը խարսխուած է Դաշնակցութեան Ծրագիրին եւ այդ Ծրագիրին ծառայելու անխախտ հաւատամքին վրայ։  

Դաշնակցութիւնը մարմնաւորուած կերպար մը չէ։ Այդպէս ձեւաւորուած է անոր հասկացութիւնը հիմնադրութենէն սկսեալ: Իր անդամներուն եւ համակիրներուն նուիրումով ան անընդհատ ամբողջացող էութիւն մըն է, որուն կը փորձէ ձգտիլ Դաշնակցութեան Ծրագիրին հաւատացող ամէն մարդ ու իր գործով կը փորձէ այդ կերպարը առաւել ամբողջացնել եւ իր զոհաբերութեամբ յաւելեալ փայլք մը տալ անոր։ Այդ է պատճառը որ մեր յեղափոխական կռիւի աւարտին, դաշնակցականի հասկացութիւնը չկաղապարուեցաւ որոշ յատկանիշներով։

Յետագային, Զինեալ Պայքարի ժամանակաշրջանին, ապա՝ Արցախի պատերազմներուն նոր մարտիկներ վերաիմաստաւորեցին զայն։

Այդ կերպարը հայ ժողովուրդի ալեկոծ կեանքի բոլոր հանգրուաններուն ներկայ է մեր շուրջը եւ ներշնչանքի աղբիւր է մեր բոլորին։

Կուսակցական շարքերուն մէջ թէ դուրսը, դաշնակցականը իր գործօն մասնակցութիւնը ունի եւ պէտք է ունենայ հայ կեանքի բոլոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու եւ պայքարելու յանուն հայութեան արդար դատին։ Անոր զոհողութեան արժէքը չի սահմանափակուիր միայն կուսակցական կեանքով կամ անոր գործունէութեան մասնակցութեամբ, այլ հայ ժողովուրդի արդար պայքարին անոր մասնակցութիւնը իր կենսակերպն է եւ անորմով ալ կը ճառագայթէ ու ճամբայ կը բանայ կուսակցութեան յաջողութիւններուն եւ կը կրէ անոր ձախողումներուն ամբողջական պատասխանատուութիւնը։

Որովհետեւ դաշնակցականութիւնն է խարիսխը Դաշնակցութեան եւ անորմով կը շնչէ եւ կ՛իմաստաւորուի կուսակցութեան էութենական գոյատեւումը։

Հոդվածը՝ asbarez.am կայքից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *