2016ին հրապարակուեցաւ բոլորին ծանօթ Լաւրովի Ծրագիրը։ Ըստ այս ծրագիրին՝ ազատագրուած եօթը շրջանները պէտք է վերադարձուէին Ատրպէյճանին, իսկ Արցախի կարգավիճակի քննարկումը պէտք էր յետաձգել անորոշ ապագայի։ Այսինքն, Լաւրովի ծրագիրը նոյն Ստալինի Արցախի բռնակցումն էր Ատրպէյճանին, այսինքն՝ ըստ էութեան, ոչ թէ չէր բխեր հայութեան եւ Հայաստանի շահերէն, այլեւ իր բնոյթով հակահայ ծրագիր էր։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ
Պատմութիւնը լաւագոյն ուսուցիչն է եւ զայն չկրկնելու պայմանը անկէ դասեր քաղելն է, որպէսզի հասկնանք, թէ ո՛ւր ենք, ինչո՛ւ այստեղ հասած ենք եւ ինչպէ՛ս կարելի է դուրս գալ ստեղծուած քաղաքական բարդ իրավիճակէն։
Պատմութիւնը ինքզինք կրկնելու յատկութիւն ունի այն պարագային, երբ դասեր չքաղենք պատմութենէն եւ կրկնենք նոյն այն սխալները, զորս կրկնած ենք անցեալին։ Իսկ սխալները չկրկնելու առաջին պայմանը տեղեակ ըլլալն է պատմութեան հնարաւոր բոլոր ծալքերէն եւ հայութեան շահերը դիտել միայն հայկական պետականութեան շահերէն մեկնած։
1700ականներուն սկսած ազգային ազատագրական շարժումը եւ դաւիթբէկեան շարժումը մեծ յոյսեր կապած էին ռուսական միջամտութեան։ Սակայն, ռուսերը Հարաւային Կովկաս մտան 19րդ դարու սկզբնաւորութեան։ Անոնք առաջին հերթին կազմաքանդեցին վրացական թագաւորութիւնը։ Հայերը կը փայփայէին այն երազը, թէ ռուսերը գոնէ արեւելեան Հայաստանին պիտի տան ինքնավար մարզի կարգավիճակ։ Սակայն այդպէս չեղաւ։ Այս մասին շատ մանրամասն կը գրէ պատմաբան Բագրատ Ուլուբաբեան իր «Արցախի Պատմութիւնը Սկզբից Մինչեւ Մեր Օրերը» գիրքին մէջ։ Այստեղ միայն կարելի է արձանագրել կարեւոր փաստ մը, որ Թիւրքմէնչայի դաշնագիրէն ետք (1828), ռուսերը լուծարեցին Արցախի մելիքութիւնները, որոնք հարիւրաւոր տարիներ կրցած էին գոյատեւել՝ իբրեւ անկախ իշխանութիւն, հակառակ թուրք-մոնկոլական արշաւանքներուն եւ զանոնք հպատակեցնելու Պարսկաստանի յարատեւ ճիգերուն։ Մելիքութիւնները կրնային հանդիսանալ անկախ եւ ինքնիշխան Հայաստանի պետական հիմքը։ Իսկ մելիքները զինաթափուեցան եւ աքսորուեցան Ռուսիոյ խորերը։ Ի դէպ, անոնք հակառակ թաթարներուն, հաւատարմօրէն կռուած էին ռուսական բանակի կողքին եւ օգնած անոր յաջողութիւններուն եւ մուտքին դէպի հարաւային Կովկաս։ Ասիկա առաջին հարուածն էր ուղղուած հայ ժողովուրդին, որ դարձաւ անպաշտպան թաթար հրոսակներու դէմ, որոնք արդէն սկսած էին թափանցել Արցախ։
Յուլիս 1921ին, Խորհրդային Միութիւնը Արցախը կցեց խորհրդային Ատրպէյճանին։ Այդ ժամանակ Արցախի (դաշտային եւ լեռնային) բնակչութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը (95 առ հարիւր) հայեր էին։ Դժբախտաբար, քաղաքական որոշ ուժեր այս որոշումը կը վերագրեն Ստալինի կամայականութեան։ Մինչդեռ անիկա ռուսական քաղաքականութեան յստակ դրսեւորումն է, որովհետեւ Ստալինէն ետք, մանաւանդ 1960ականներէն սկսեալ, երբ Հայաստանի մէջ սկսան բարձրացնել Արցախի վերամիաւորման հարցը, ռուսական իշխանութիւնները ոչ միայն չանսացին, այլեւ՝ հալածեցին այդ հարցը բարձրացնողները։Ապա, անբացատրելիօրէն յայտարարուեցաւ միայն Արցախի լեռնային մասի ինքնավար մարզ կարգավիճակի ստեղծումը՝ Յուլիս 1923ին։ Իսկ մնացեալ մասը, ուր կ՛ապրէր առաւել քան 85,000 հայութիւն, դատարկուեցաւ իր բնիկներէն եւ այսօր շատեր զայն կը նկատեն ատրպէյճանական տարածք։
1991ին, Խորհրդային բանակին օժանդակութեամբ, ատրպէյճանական բանակը հայաթափեց հիւսիսային Արցախի եւ Շահումեանի գիւղերը, որոնք պատմականօրէն մաս կազմած են Արցախին եւ այդ շրջանները այսօր կը համարուին Ատրպէյճանի տարածք։
1994ին, երբ հայկական բանակը յաղթական էր եւ գրեթէ ազատագրած էր Արցախի մեծ մասը, ռուսերը պարտադրեցին զինադուլ, առանց քաղաքական առաւելութիւն տալու յաղթական հայկական կողմին։
2016ին հրապարակուեցաւ բոլորին ծանօթ Լաւրովի Ծրագիրը։ Ըստ այս ծրագիրին՝ ազատագրուած եօթը շրջանները պէտք է վերադարձուէին Ատրպէյճանին, իսկ Արցախի կարգավիճակի քննարկումը պէտք էր յետաձգել անորոշ ապագայի։ Այսինքն, Լաւրովի ծրագիրը նոյն Ստալինի Արցախի բռնակցումն էր Ատրպէյճանին, այսինքն՝ ըստ էութեան, ոչ թէ չէր բխեր հայութեան եւ Հայաստանի շահերէն, այլեւ իր բնոյթով հակահայ ծրագիր էր։
2020ի պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին բազմիցս յայտարարեց, թէ Արցախը կը պատկանի Ատրպէյճանին։
9 Նոյեմբեր 2020ի յայտարարագիրէն ի վեր, հակառակ ռուս՝ այսպէս կոչուած ռուս խաղաղապահներու ներկայութեան, Ատրպէյճան բազմիցս ռազմական գործողութիւններու դիմեց Արցախի եւ Հայաստանի դէմ։ Ռուսական չէզոքութեան բացատրութիւնը այն էր, որ անիկա ուքրանական ճակատին վրայ պատերազմի մէջ ըլլալով՝ թուլցած է եւ քաղաքականապէս եւ զինուորապէս ի վիճակի չէ Ատրպէյճանի վրայ ճնշելու։ Անշուշտ, ասիկա կեղծ թէզ է եւ կը միտի ռուսական անտարբերութիւնը (այս պարագային ատրպէյճանամէտ դիրքորոշումը) արդարացնելու։ Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ պատերազմը սկսաւ Փետրուար 2022ին, իսկ մինչ այդ արդէն Ատրպէյճան քանիցս զինուորական գործողութիւններ կատարած էր Արցախի եւ Հայաստանի դէմ։ Այս յանցաւոր լռութիւնը աւելիով բացայայտ դարձաւ, երբ անցեալ ամիս, ատրպէյճանցիները ռուսական զօրքերուն ընկերակցութեամբ փորձեցին իրենց դրօշը զետեղել Հայաստանի տարածքին վրայ։ Իսկ Բերձորի միջանցքի ապահովութեան միակ երաշխաւոր Ռուսիան ձեռնածալ կը դիտէ Արցախահայութեան ցեղասպանութիւնը…
Կան պատմական նմանօրինակ բազմաթիւ փաստեր, որոնք կ՛ապացուցեն, թէ ռուսական քաղաքականութիւնը ի վնաս Արցախի եւ ընդհանրապէս հայութեան է։ Դժբախտաբար, թէ Խորհրդային ժամանակաշրջանին եւ թէ նաեւ անկէ ետք, ռուսական քարոզչամեքենան, գործակից ունենալով հայկական որոշ հոսանքներ՝ ստեղծած է այն պատրանքը, թէ Ռուսիան մեր փրկիչն է եւ առանց Ռուսիոյ հայ ժողովուրդը ի վիճակի չէ գոյատեւելու։ Բնականաբար, այս թէզը ամբողջութեամբ անհեթեթութիւն է։ Եթէ նայինք մեր պատմութեան՝ առնուազն 4000 տարուան պատմութիւն ունեցող հայութեան կեանքին մէջ ռուսերը յայտնուած են միայն վերջին 200-300 տարիներուն, եւ բնականաբար հարց կը ծագի, թէ անոնց յայտնուելէն առաջ հայ ժողովուրդը ինչպէս գոյատեւած է։
Այսօր, երբ Արցախահայութեան գոյութեան պայքարի մէջ է, ռուսական իշխանութիւնները կը շարունակեն իրենց հակահայ քաղաքականութիւնը։ Անոնք պատանդ վերցուցած են արցախահայութիւնը եւ քաղաքական իրենց պայմանները թելադրելու համար Հայաստանին՝ պատրաստ են զոհելու 120,000 հայերու կեանքերը։
Այս իրավիճակէն դուրս գալու համար անհրաժեշտ է հասկնալ ռուսական քաղաքականութիւնը, ոչ մէկ պարագայի արդարացնել անոր հակահայ քայլերը եւ ականջալուր մնալ Դաշնակցութեան յեղափոխական սերունդի պատգամներուն՝ մանաւանդ անոր հիմնադիր՝ Քրիստափոր Միքայէլեանի մարգարէութեան. «Յայտնի է նոյնպէս, որ նոյն ռուս կառավարութիւնը կովկասեան ազգերից թաթարներին նախընտրում է բոլորից աւելին»։
Հոդվածը՝ asbarez.am կայքից։