15.6 C
Yerevan

Ռուսա­կան Քաղա­քա­կա­նությունը եւ Արցախ

2016ին հրա­պա­րա­կուե­ցաւ բոլո­րին ծանօթ Լաւրո­վի Ծրա­գի­րը։ Ըստ այս ծրա­գի­րին՝ ազա­տագրուած եօթը շրջաննե­րը պէտք է վերա­դարձուէին Ատրպէյճա­նին, իսկ Արցա­խի կարգա­վի­ճա­կի քննարկումը պէտք էր յետաձգել անո­րոշ ապա­գա­յի։ Այսինքն, Լաւրո­վի ծրա­գի­րը նոյն Ստա­լի­նի Արցա­խի բռնակցումն էր Ատրպէյճա­նին, այսինքն՝ ըստ էութեան, ոչ թէ չէր բխեր հայութեան եւ Հայաստա­նի շահե­րէն, այլեւ իր բնոյթով հակա­հայ ծրա­գիր էր։

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

Պատմութիւնը լաւա­գոյն ուսուցիչն է եւ զայն չկրկնե­լու պայմա­նը անկէ դասեր քաղելն է, որպէսզի հասկնանք, թէ ո՛ւր ենք, ինչո՛ւ այստեղ հասած ենք եւ ինչպէ՛ս կարե­լի է դուրս գալ ստեղծուած քաղա­քա­կան բարդ իրա­վի­ճա­կէն։

Պատմութիւնը ինքզինք կրկնե­լու յատկութիւն ունի այն պարա­գա­յին, երբ դասեր չքա­ղենք պատմութե­նէն եւ կրկնենք նոյն այն սխալնե­րը, զորս կրկնած ենք անցեա­լին։ Իսկ սխալնե­րը չկրկնե­լու առա­ջին պայմա­նը տեղեակ ըլլալն է պատմութեան հնա­րաւոր բոլոր ծալքե­րէն եւ հայութեան շահե­րը դիտել միայն հայկա­կան պետա­կա­նութեան շահե­րէն մեկնած։

1700ականներուն սկսած ազգա­յին ազա­տագրա­կան շարժումը եւ դաւիթբէ­կեան շարժումը մեծ յոյսեր կապած էին ռուսա­կան միջամտութեան։ Սակայն, ռուսե­րը Հարաւա­յին Կովկաս մտան 19րդ դարու սկզբնաւո­րութեան։ Անոնք առա­ջին հերթին կազմա­քանդե­ցին վրա­ցա­կան թագաւո­րութիւնը։ Հայե­րը կը փայփա­յէին այն երա­զը, թէ ռուսե­րը գոնէ արեւե­լեան Հայաստա­նին պիտի տան ինքնա­վար մարզի կարգա­վի­ճակ։ Սակայն այդպէս չեղաւ։ Այս մասին շատ մանրա­մասն կը գրէ պատմա­բան Բագրատ Ուլուբա­բեան իր «Արցա­խի Պատմութիւնը Սկզբից Մինչեւ Մեր Օրե­րը» գիրքին մէջ։ Այստեղ միայն կարե­լի է արձա­նագրել կարեւոր փաստ մը, որ Թիւրքմէնչա­յի դաշնա­գի­րէն ետք (1828), ռուսե­րը լուծա­րե­ցին Արցա­խի մելի­քութիւննե­րը, որոնք հարիւրաւոր տարի­ներ կրցած էին գոյա­տեւել՝ իբրեւ անկախ իշխա­նութիւն, հակա­ռակ թուրք-մոնկո­լա­կան արշաւանքնե­րուն եւ զանոնք հպա­տա­կեցնե­լու Պարսկաստա­նի յարա­տեւ ճիգե­րուն։ Մելի­քութիւննե­րը կրնա­յին հանդի­սա­նալ անկախ եւ ինքնիշխան Հայաստա­նի պետա­կան հիմքը։ Իսկ մելիքնե­րը զինա­թա­փուե­ցան եւ աքսո­րուե­ցան Ռուսիոյ խորե­րը։ Ի դէպ, անոնք հակա­ռակ թաթարնե­րուն, հաւա­տարմօ­րէն կռուած էին ռուսա­կան բանա­կի կողքին եւ օգնած անոր յաջո­ղութիւննե­րուն եւ մուտքին դէպի հարաւա­յին Կովկաս։ Ասի­կա առա­ջին հարուածն էր ուղղուած հայ ժողո­վուրդին, որ դարձաւ անպաշտպան թաթար հրո­սակնե­րու դէմ, որոնք արդէն սկսած էին թափանցել Արցախ։

Յուլիս 1921ին, Խորհրդա­յին Միութիւնը Արցա­խը կցեց խորհրդա­յին Ատրպէյճա­նին։ Այդ ժամա­նակ Արցա­խի (դաշտա­յին եւ լեռնա­յին) բնակչութեան բացարձակ մեծա­մասնութիւնը (95 առ հարիւր) հայեր էին։ Դժբախտա­բար, քաղա­քա­կան որոշ ուժեր այս որո­շումը կը վերագրեն Ստա­լի­նի կամա­յա­կա­նութեան։ Մինչդեռ անի­կա ռուսա­կան քաղա­քա­կա­նութեան յստակ դրսեւո­րումն է, որովհե­տեւ Ստա­լի­նէն ետք, մանաւանդ 1960ականներէն սկսեալ, երբ Հայաստա­նի մէջ սկսան բարձրացնել Արցա­խի վերա­միաւորման հարցը, ռուսա­կան իշխա­նութիւննե­րը ոչ միայն չանսա­ցին, այլեւ՝ հալա­ծե­ցին այդ հարցը բարձրացնողները։Ապա, անբա­ցատրե­լիօ­րէն յայտա­րա­րուե­ցաւ միայն Արցա­խի լեռնա­յին մասի ինքնա­վար մարզ կարգա­վի­ճա­կի ստեղծումը՝ Յուլիս 1923ին։ Իսկ մնա­ցեալ մասը, ուր կ՛ապրէր առաւել քան 85,000 հայութիւն, դատարկուե­ցաւ իր բնիկնե­րէն եւ այսօր շատեր զայն կը նկա­տեն ատրպէյճա­նա­կան տարածք։

1991ին, Խորհրդա­յին բանա­կին օժանդա­կութեամբ, ատրպէյճա­նա­կան բանա­կը հայա­թա­փեց հիւսի­սա­յին Արցա­խի եւ Շահումեա­նի գիւղե­րը, որոնք պատմա­կա­նօ­րէն մաս կազմած են Արցա­խին եւ այդ շրջաննե­րը այսօր կը համա­րուին Ատրպէյճա­նի տարածք։

1994ին, երբ հայկա­կան բանա­կը յաղթա­կան էր եւ գրե­թէ ազա­տագրած էր Արցա­խի մեծ մասը, ռուսե­րը պարտադրե­ցին զինա­դուլ, առանց քաղա­քա­կան առաւե­լութիւն տալու յաղթա­կան հայկա­կան կողմին։

2016ին հրա­պա­րա­կուե­ցաւ բոլո­րին ծանօթ Լաւրո­վի Ծրա­գի­րը։ Ըստ այս ծրա­գի­րին՝ ազա­տագրուած եօթը շրջաննե­րը պէտք է վերա­դարձուէին Ատրպէյճա­նին, իսկ Արցա­խի կարգա­վի­ճա­կի քննարկումը պէտք էր յետաձգել անո­րոշ ապա­գա­յի։ Այսինքն, Լաւրո­վի ծրա­գի­րը նոյն Ստա­լի­նի Արցա­խի բռնակցումն էր Ատրպէյճա­նին, այսինքն՝ ըստ էութեան, ոչ թէ չէր բխեր հայութեան եւ Հայաստա­նի շահե­րէն, այլեւ իր բնոյթով հակա­հայ ծրա­գիր էր։

2020ի պատե­րազմին ընթացքին եւ անկէ ետք, Ռուսիոյ նախա­գահ Վլա­տի­միր Փութին բազմիցս յայտա­րա­րեց, թէ Արցա­խը կը պատկա­նի Ատրպէյճա­նին։   

9 Նոյեմբեր 2020ի յայտա­րա­րա­գի­րէն ի վեր, հակա­ռակ ռուս՝ այսպէս կոչուած ռուս խաղա­ղա­պահնե­րու ներկա­յութեան, Ատրպէյճան բազմիցս ռազմա­կան գործո­ղութիւննե­րու դիմեց Արցա­խի եւ Հայաստա­նի դէմ։ Ռուսա­կան չէզո­քութեան բացատրութիւնը այն էր, որ անի­կա ուքրա­նա­կան ճակա­տին վրայ պատե­րազմի մէջ ըլլա­լով՝ թուլցած է եւ քաղա­քա­կա­նա­պէս եւ զինուո­րա­պէս ի վիճա­կի չէ Ատրպէյճա­նի վրայ ճնշե­լու։ Անշուշտ, ասի­կա կեղծ թէզ է եւ կը միտի ռուսա­կան անտարբե­րութիւնը (այս պարա­գա­յին ատրպէյճա­նա­մէտ դիրքո­րո­շումը) արդա­րացնե­լու։ Ուքրա­նիոյ դէմ Ռուսիոյ պատե­րազմը սկսաւ Փետրուար 2022ին, իսկ մինչ այդ արդէն Ատրպէյճան քանիցս զինուո­րա­կան գործո­ղութիւններ կատա­րած էր Արցա­խի եւ Հայաստա­նի դէմ։ Այս յանցաւոր լռութիւնը աւե­լիով բացա­յայտ դարձաւ, երբ անցեալ ամիս, ատրպէյճանցի­նե­րը ռուսա­կան զօրքե­րուն ընկե­րակցութեամբ փորձե­ցին իրենց դրօ­շը զետե­ղել Հայաստա­նի տարածքին վրայ։ Իսկ Բերձո­րի միջանցքի ապա­հո­վութեան միակ երաշխաւոր Ռուսիան ձեռնա­ծալ կը դիտէ Արցա­խա­հա­յութեան ցեղասպա­նութիւնը…

Կան պատմա­կան նմա­նօ­րի­նակ բազմա­թիւ փաստեր, որոնք կ՛ապացուցեն, թէ ռուսա­կան քաղա­քա­կա­նութիւնը ի վնաս Արցա­խի եւ ընդհանրա­պէս հայութեան է։ Դժբախտա­բար, թէ Խորհրդա­յին ժամա­նա­կաշրջա­նին եւ թէ նաեւ անկէ ետք, ռուսա­կան քարոզչա­մե­քե­նան, գործա­կից ունե­նա­լով հայկա­կան որոշ հոսանքներ՝ ստեղծած է այն պատրանքը, թէ Ռուսիան մեր փրկիչն է եւ առանց Ռուսիոյ հայ ժողո­վուրդը ի վիճա­կի չէ գոյա­տեւե­լու։ Բնա­կա­նա­բար, այս թէզը ամբողջութեամբ անհե­թե­թութիւն է։ Եթէ նայինք մեր պատմութեան՝ առնուազն 4000 տարուան պատմութիւն ունե­ցող հայութեան կեանքին մէջ ռուսե­րը յայտնուած են միայն վերջին 200–300 տարի­նե­րուն, եւ բնա­կա­նա­բար հարց կը ծագի, թէ անոնց յայտնուե­լէն առաջ հայ ժողո­վուրդը ինչպէս գոյա­տեւած է։

Այսօր, երբ Արցա­խա­հա­յութեան գոյութեան պայքա­րի մէջ է, ռուսա­կան իշխա­նութիւննե­րը կը շարունա­կեն իրենց հակա­հայ քաղա­քա­կա­նութիւնը։ Անոնք պատանդ վերցուցած են արցա­խա­հա­յութիւնը եւ քաղա­քա­կան իրենց պայմաննե­րը թելադրե­լու համար Հայաստա­նին՝ պատրաստ են զոհե­լու 120,000 հայե­րու կեանքե­րը։

Այս իրա­վի­ճա­կէն դուրս գալու համար անհրա­ժեշտ է հասկնալ ռուսա­կան քաղա­քա­կա­նութիւնը, ոչ մէկ պարա­գա­յի արդա­րացնել անոր հակա­հայ քայլե­րը եւ ականջա­լուր մնալ Դաշնակցութեան յեղա­փո­խա­կան սերունդի պատգամնե­րուն՝ մանաւանդ անոր հիմնա­դիր՝ Քրիստա­փոր Միքա­յէ­լեա­նի մարգա­րէութեան. «Յայտնի է նոյնպէս, որ նոյն ռուս կառա­վա­րութիւնը կովկա­սեան ազգե­րից թաթարնե­րին նախընտրում է բոլո­րից աւե­լին»։

Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ