Այս բոլորով հանդերձ, քիչ մը ուշացած, բայց հաւատալով ժողովրդային խօսքին՝ աւելի լաւ է ուշ, քան երբեքին, Բիւրոն պէտք է վերագտնէ եւ տարածէ Դաշնակցութեան երբեմնի ազդեցիկ եւ շինիչ դերակատարութիւնը ազգային եւ պետականաշէն գործին մէջ աշխարհասփիւռ կուսակցութեան՝ ամբողջ կարողականութիւնը համադրելով, այլ ոչ թէ Արեւմտեանը հարուածելը դարձնել իր օրակարգի առաջին կէտը: Դաշնակցութեան հարուածը պէտք է ուղղուած ըլլայ միայն ու միայն հայ ազգին եւ հայ պետութեան թշնամիներուն:
ԴՈԿՏ. ՅԱՐՈՒԹ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Յո՞ Երթաս Դաշնակցութիւն (2)
Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ նշած էինք, վերջին 30 տարիներուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանը (այսուհետեւ Արեւմտեան) թէ՛ քանակապէս եւ թէ որակական առումով, զարթօնք մը սկսաւ ապրիլ եւ այսօր կը համարուի սփիւռքահայութեան ամէնէն ուժական ու կազմակերպուած գաղութը: Բայց այս օրերուն անիկա այդքան ալ նախանձելի վիճակի մէջ չէ: Իսկ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ այս կացութեան մատնուեցաւ Արեւմտեան շրջանը:
Արեւմտեան մշակոյթի, կենցաղի, եւ անկախ մտածողութեան այս երկրի պայմաններուն մէջ, դժուար պիտի ըլլար ամերիկաբնակ մեր ընկերներուն ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէ ենթակայութիւն պարտադրել այնպիսի միջոցներով, զորս կարելի պիտի ըլլար իրագործել այլ շրջաններու մէջ:
Հետեւաբար՝ ըլլալով անկախ, Արեւմտեան շրջանի դաշնակցական կազմակերպութիւնը առաւել քան 15 տարիներ գրեթէ միակ շրջանն էր որ կրցաւ ընդդիմանալ կուսակցութեան մէջ տեղի ունեցող անիրաւութիւններուն, ՈՉ ըսել կանոնագիրը կամայականօրէն մեկնաբանող ղեկավարներուն, պայքարիլ համայնավարական փտախտը ներածողներուն եւ զայն արտօնողներուն դէմ, տէր կանգնիլ ՀՅԴ Ծրագիրին եւ գաղափարախօսութեան, ոգի ի բռին աշխատելով ՀՅԴն վերադարձնելու իր ակունքներուն, միաժամանակ չմոռնալով օգնութեան հասնելու Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայկական գաղութներուն, Հայաստանին, այլ խօսքով՝ ուր հայութիւնը օժանդակութեան կարիք ունէր:
Հակառակ անոր որ նոյնինքն Բիւրոյի կողմէ Արեւմտեանի կուսակցական ներքին հարցերը պատկերասփիւռի կայաններով, գրաւոր մամուլով եւ ընկերային ցանցերով բացայայտուեցան, այս յօդուածին նպատակը այդ բոլորին անդրադառնալ չէ, ոչ ալ յաւելեալ բացայայտումներ կատարել է, այլ՝ ընդհանուր առմամբ ներկայացնել միայն գլխաւոր հարցը, որ պատճառ դարձաւ Արեւմտեանին՝ դիտուելու իբրեւ անբաղձալի շրջան:
Արեւմտեանի եւ Բիւրոյի միջեւ հիմնական եւ ամէնէն լուրջ տարակարծութիւնը սկսաւ, երբ Արեւմտեանը սկսաւ շեշտը դնել եւ հետամուտ ըլլալ Դաշնակցութեան ինքնուրոյն ըլլալու հանգամանքին վրայ: Օրինակի համար, մենք կ՛ըսէինք եւ տակաւին կը կրկնենք, որ նոյնիսկ եթէ պիտի գործակցինք Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ (Քոչարեան, Սարգիսեան, Փաշինեան), պէտք է Դաշնակցութիւնը ըլլայ անկախ, նիւթապէս եւ քաղաքականապէս, եւ մերժէ որեւէ կեղեքում Հայաստանի ժողովուրդին նկատմամբ: Նաեւ՝ մեր յորդորը Բիւրոյին միշտ եղած է այն, որ Դաշնակցութեան բարոյական արժէքները պէտք չէ զիջին ընտրական քաղաքականութեան: Եւ յաճախ երբ նման բան տեղի ունենար եւ Բիւրոն փորձէր ծածկել կամ մոռացութեան ենթարկել որոշ հարցեր (օրինակ՝ Պօղոս Պօղոսեանի եւ Հրաչ Մուրատեանի սպաննութիւնները, կուսակցութեան եւ պետութեան մէջ դրամաշորթութիւնները), շնորհիւ Արեւմտեանի Կեդրոնական կոմիտէներուն եւ լրջախոհ ընկերներուն, ձայն կը բարձրանար, որպէսզի Բիւրոն ուղղէ իր ընթացքը: Այլ խօսքով, մենք միշտ հետամուտ եղած ենք, որ Դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ չդառնայ իշխանատենչութեամբ վարակուած քաղաքական կուսակցութիւն մը, մոռնալով պատմական իր առաքելութիւնը:
Սակայն մեր կոչերը նկատուեցան թշնամական Հայաստանէն կառավարուող Բիւրոյին եւ ԳՄին կողմէ, որոնք սկսան մեզ պիտակաւորել զանազան անհիմն եւ նոյնիսկ մանկական պիտակներով:
Եւ այսպէս, Արեւմտեանը անկառավարելի նկատելով՝ Բիւրոն անցաւ գործի: 15 տարիներ դիմեց իր «երկաթեայ կարգապահութեան» տրամաբանութեան եւ կանոնագիրի յօդուածները կամայականօրէն մեկնաբանելով՝ փորձեց «մաքրագործել» Արեւմտեանի շարքերը: Հեռացումներ, իրենց տեսակին մէջ նորութիւն եղող պատիժներ, զանազան տեսակի դժուարութիւններ, անտեսումներ, յերիւրանքներ եւ այլն: Այս բոլորով հանդերձ, սակայն, Արեւմտեանը մնաց անդրդուելի եւ շարունակեց պաշտպանել դաշնակցականի իր իրաւունքը եւ արդարութիւն պահանջել ժողովներու եւ Բիւրոյի հետ հանդիպումներու ընթացքին (պէտք է նշել, որ Ընդհանուր ժողովներու քուէարկողներու թիւին կարեւոր մասը կու գայ կուսակցական անդամներու կեղծ թիւերու վրայ հիմնուած Հայաստանէն, Արցախէն, Ջաւախքէն, որոնք բոլորն ալ այսպէս թէ այնպէս կախեալ են ԳՄէն: Ուրեմն կը բաւէ որ Բիւրոն ալ իր կարգին մէկ երկու շրջանի վրայ ճնշում բանեցնելով` ապահովէ քուէներուն 2/3ը եւ իր ուզածը «քալեցնէ»):
Բիւրոյին բոլոր հնարքները անցան ապարդիւն՝ մինչեւ որ անիկա շրջանին մէջ գտաւ Տրոյական Ձին (Trojan Horse): Կուսակցութեան մէջ անձնական շահեր հետապնդող խմբակ մը քով քովի դնելով եւ անոնց խոստումներ տալով՝ անիկա սկսաւ ներսէն խառնել վերջին 30 տարիներուն միայն վերելք ապրած կազմակերպութիւնը: Բիւրոն եկաւ խախտելու կուսակցական բոլոր գրաւոր եւ անգիր կանոններու ոգին, որոնցմէ գլխաւորն է՝ կազմակերպական ապակեդրոնացումը եւ անտեսելով ժողովրդավարական բոլոր հասկացութիւնները, ուղղակիօրէն սկսաւ խառնուիլ Արեւմտեանի ներքին կազմակերպական գործերուն:
Բոլոր նախանշանները ցոյց կու տային, թէ Բիւրոն որոշած է ամէն գնով շրջանի ղեկը յանձնել իրեն հաւատարիմ կամակատարներու: Անոր համար ձեւը այլեւս կարեւոր չէր:
Դեկտեմբեր 2020ին, այլեւս անկարելի էր առողջ կուսակցական գործունէութիւն ծաւալել շրջանին մէջ: Շրջանային ժողով մը գումարելու եւ նոր Կեդրոնական կոմիտէ մը ընտրելու երկար եւ աճպարարական ձգձգումներէ ետք, Բիւրոն առանց գործող Կեդրոնական կոմիտէին հետ խորհրդակցելու՝ նշանակեց իր կամակատարներէն բաղկացած նոր Կեդրոնական կոմիտէ մը: Այսպիսով ստեղծուեցան երկու Կեդրոնական կոմիտէներ: Ի տես այս ծայրայեղ եւ վտանգաւոր քայլին, որ Միացեալ Նահանգներու օրէնքներու եւ ներքին կանոնագիրի խախտում մըն էր, շրջանի կազմակերպութեան եւ գաղութով մտահոգ ընկերներ դիմեցին օրէնքով հաստատուած քայլին՝ գումարելով Շրջանային ժողով մը, ընտրելով օրինական Կեդրոնական կոմիտէ:
Ինչպէս կ՛ըսեն, Բիւրոյի տան հաշիւը շուկայի հաշիւին չբռնեց:
2021ին, Կլենտէյլի մէջ, օրին Բիւրոյի ներկայացուցիչը յայտարարեց, թէ այս հարցը պետական դատարաններու մէջ պիտի լուծուի: Եւ Բիւրոյի կամակատարները անցան գործի՝ դատարաններու մէջ տեսակաւոր դատեր բանալով գործող Կեդրոնական կոմիտէին դէմ, աննախընթաց խայտառակութեան մատնելով ամբողջ կուսակցութիւնը:
Բիւրոյէն կ՛ակնկալուէր, որ հանդէս գայ Արեւմտեանի կազմակերպական տագնապը բարւոք հանգուցալուծելու միտող եւ ընկերներու կանոնագրային իրաւունքները յարգող անաչառ ծրագիրով մը, սակայն դժբախտաբար Բիւրոյի ճիգը եղաւ հակառակ ուղղութեամբ՝ այսինքն լուծումի բոլոր ճամբաները փակելով եւ աւելիով բարդացնելով առկայ իրավիճակը:
Բիւրոն Արեւմտեան շրջանը նկատեց անկառավարելի, սակայն մենք կը հաւատանք, որ մեր շրջանն է այսօր ՀՅԴ գաղափարներու եւ արժէքային համակարգի հարազատ պաշտպանը եւ տէրը, եւ այս առաքելութեան ճամբուն վրայ այս շրջանի ընկերները պատրաստ են ամէն տեսակի զոհողութեան, որովհետեւ անոնք դիրքի կամ պաշտօնի համար չէ որ այս կուսակցութեան անդամակցած են:
Մենք կը հաւատանք, որ կարգապահութեան հասկացողութիւնը խախտած է: Որովհետեւ կանոնագիրի գործադրութիւնը բարոյական նպատակ պէտք է ունենայ եւ ոչ՝ ընկերները լռեցնելու նպատակ: Նաեւ՝ կարգապահութիւն չի նշանակեր կուրօրէն մարմիններու որոշումներուն հետեւիլ յատկապէս երբ անոնք կանոնագրի ոգիին եւ տրամադրութիւններուն կը հակասեն:
Նաեւ կը հաւատանք, որ մեր կազմակերպական նկարագիրի անխուսափելի տուեալներէն է ապակեդրոնացման սկզբունքը, որ մեր գործունէութեան յաջողութեան հիմնական գրաւականը եղած է: Հետեւաբար, կառչած կը մնանք այդ սկզբունքին:
Արեւմտեանի եւ ընդհանրապէս ՀՅԴ պատմութեան այս հանգրուանին, անհրաժեշտ կը գտնենք անգամ մը եւս արժեւորելու եւ հաստատելու Դաշնակցութեան կազմակերպական եւ բարոյական նկարագիրը: Անհրաժեշտ կը գտնենք բոլորին յիշեցնելու Դաշնակցութեան ու յատկապէս Կեդրոնական կոմիտէութիւն հասկացողութեան պատմական եւ քաղաքական արժէքը: Կը հաւատանք նաեւ, որ իւրաքանչիւր դաշնակցականի պարտականութիւնն է՝ ուղղել իր ղեկավարութիւնը, երբ անիկա կը շեղի իր հունէն: Եւ մենք՝ այդ հաւատքով կ՛առաջնորդուինք:
Այս բոլորով հանդերձ, քիչ մը ուշացած, բայց հաւատալով ժողովրդային խօսքին՝ աւելի լաւ է ուշ, քան երբեքին, Բիւրոն պէտք է վերագտնէ եւ տարածէ Դաշնակցութեան երբեմնի ազդեցիկ եւ շինիչ դերակատարութիւնը ազգային եւ պետականաշէն գործին մէջ աշխարհասփիւռ կուսակցութեան՝ ամբողջ կարողականութիւնը համադրելով, այլ ոչ թէ Արեւմտեանը հարուածելը դարձնել իր օրակարգի առաջին կէտը: Դաշնակցութեան հարուածը պէտք է ուղղուած ըլլայ միայն ու միայն հայ ազգին եւ հայ պետութեան թշնամիներուն:
Մենք կը մնանք անկեղծ զինուորները Դաշնակցութեան եւ պիտի շարունակենք գործել դաշնակցականօրէն, համախմբելով եւ համախմբուելով մեր նպատակներուն շուրջ եւ մեր առաջնային նպատակը կը մնայ մեր հիմնադիրին պատգամը՝ «Յարատեւ կռիւ»՝ յանուն հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին:
Հոդվածը՝ asbarez.am կայքից։