30 C
Yerevan

Ինքնա­բաւութեան Ռազմա­վա­րա­կան Կարեւո­րութիւնը

Չքա­ջա­լե­րուե­ցաւ վերաբնա­կե­ցումը ընդհանրա­պէս ամբողջ Արցա­խի մէջ եւ մօտաւո­րա­պէս 12 ‚000 քառ. քիլո­մեթր տարածքով Արցա­խի բնակչութիւնը չանցաւ 150,000ը։ Մինչ հարուստ արօ­տա­վայրե­րով, մշա­կե­լի եւ բերրի դաշտե­րով, Հայաստա­նի մաս էր այդ տարածքը: Արցա­խի մէջ ցորե­նի մշա­կումը քաջա­լե­րե­լով՝ Հայաստան առնուազն հացով ինքնա­բաւ կը դառնար:

Աւօ Պօղո­սեան

Կարգ մը պատե­րազմներ, պատա­հարներ եւ նոյնիսկ տնտե­սա­կան գործընթացնե­րու հետ առընչութիւն ունե­ցող որո­շումներ դրա­կան կամ բացա­սա­կան արձա­գանգներ կ՛ունենան, պատա­հա­րին կամ որոշման վայրին սահմաննե­րէն շատ հեռու երկիրնե­րու մէջ: Արդի ժամա­նակնե­րուն մէջ, այդպի­սի անդրա­դարձ ակնկա­լե­լի է նոյնիսկ ամբողջ աշխարհի տարածքին, անոնց ունե­ցած շղթա­յա­կան ազդե­ցութեան պատճա­ռով: Այդ պատե­րազմնե­րէն եւ տնտե­սա­կան որո­շումնե­րէն են ներկա­յիս ընթա­ցող ռուս-ուքրա­նա­կան պատե­րազմը եւ Մոսկուա­յի կողմէ ուքրա­նա­կան հացա­հա­տիկնե­րու արտածման վերա­բե­րեալ Ռուսիոյ, Ուքրա­նիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ մէկ տարիէ ի վեր ուժի մէջ եղող համա­ձայնութե­նէն (Black Sea grain deal)՝ Ռուսիոյ հրա­ժա­րի­լը: Ըստ յիշեալ համա­ձայնութեան պայմաննե­րուն՝ հիմնա­կա­նին մէջ Ռուսիա եւ Ուքրա­նիա յանձն կ՛առնէին չխո­չընդո­տել հացա­հա­տիկնե­րով բեռցուած միմիանց նաւե­րուն Սեւ Ծովու ուքրա­նա­կան նաւա­հանգիստնե­րէն Վոսփո­րի նեղուցով դէպի գնորդ երկիրներ անխա­փան ուղեւո­րութիւնը:

Նշենք, թէ Ուքրա­նիա եւ Ռուսիա արմտի­քով եւ մանաւանդ ցորե­նով հարուստ աշխարհի գլխաւոր երկիրնե­րէն են, որոնցմէ կախեալ են միջի­նա­րեւե­լեան եւ ափրի­կեան կարգ մը երկիրներ իրենց սպա­ռումնե­րուն համար: Արտա­ծող այդ երկու երկիրնե­րու անխա­փան արտածման դէմ արգելքի մը ազդե­ցութիւնը աղէ­տա­լի կրնայ դառնալ ափրի­կեան աղքատ երկիրնե­րու ժողո­վուրդնե­րուն համար՝ պատճա­ռե­լով գինե­րու զգա­լի աճ, քաղա­քա­կան ապա­կա­յունութիւն, պատե­րազմներ, արտա­գաղթ եւ սով:

Արա­բա­կան գարունը, որ շղթա­յա­կան յեղա­փո­խութիւններ յառա­ջա­ցուց ամբողջ արա­բա­կան աշխարհին մէջ, փտա­ծութեան, տնտե­սա­կան լճացման եւ այլ բազմա­թիւ ազդակնե­րու կողքին, նաեւ ծայրա­յեղ աղքա­տութեան պատճա­ռով էր։ Առ այդ, ռուսա­կան այս չարա­բաստիկ որո­շումը պատճառ պիտի դառնայ արդէն իսկ գոյութիւն ունե­ցող գինե­րու յաւե­լեալ աճի մը՝ անկանխա­տե­սե­լի հետեւանքնե­րով:

26,000 թոն ուքրա­նա­կան ցորե­նով բեռցուած եւ Լիբա­նան հասած Սիէ­րա Լիո­նի «Ռազո­նի» (Razoni) նաւուն փոխադրե­լու կարո­ղութիւնը, համե­մա­տած Ուքրա­նիոյ ցորե­նի եւ եգիպտա­ցո­րե­նի տարե­կան արտա­ծումնե­րու քանա­կին հետ, որ կը կազմէ 33 միլիոն թոն, մօտաւոր հաշիւով տարե­կան 12,000 այդպի­սի նաւեր պէտք է անցնին հիմնա­կա­նին մէջ Վոսփո­րով դէպի ափրի­կեան երկիրներ, իսկ ցորե­նի եւ միւս արմտիքնե­րու հունձքը Յուլի­սին եւ Օգոստո­սին տեղի կ՛ունենայ։ Հետեւա­բար, նոյնիսկ մօտիկ ապա­գա­յին համա­ձայնութեան վերա­դարձ մը, մեծ դժուա­րութիւններ պիտի ստեղծէ Ուքրա­նիոյ համար, որովհե­տեւ ցորե­նի արդէն իսկ լեցուն ամբարնե­րը (silos) պէտք է նախ դատարկուին եւ ուղարկուին, տեղ բանա­լու համար նոր հունձքին, առանց նկա­տի ունե­նա­լու ներկա­յիս պատե­րազմին եւ ամբարնե­րուն եւ կենսա­կան նշա­նա­կութիւն ունե­ցող ենթա­կա­ռոյցնե­րուն, պատե­րազմի թիրախներ ըլլա­լը: Այս դժուա­րութիւննե­րուն վրայ կու գայ նաեւ աւելնա­լու Ռումա­նիոյ, Պուլկա­րիոյ, Հունգա­րիոյ եւ Լեհաստա­նի կառա­վա­րութիւննե­րուն կողմէ իրենց երկիրնե­րուն մէջ ուքրա­նա­կան արմտի­քի վաճառքին վրայ դրած արգելքը, որովհե­տեւ այդ տեղա­կան արտադրութիւննե­րու գինե­րուն վրայ բացա­սա­կան ազդե­ցութիւն կ՛ունենայ առա­ջարկ-պահանջարկի հաւա­սա­րակշռութեան խախտման, ամբարնե­րու պակա­սի եւ այդ երկիրնե­րուն գիւղատնտե­սա­կան ոլորտին մէջ ընդգրկուածնե­րուն դժգո­հութեան պատճա­ռով:

Այս համա­ձայնութե­նէն Ռուսիոյ հրա­ժա­րի­լը անպայման պիտի ազդէ նոյնինքն Ռուսիոյ տնտե­սութեան վրայ, որովհե­տեւ նաեւ իր նաւե­րը թիրախ կրնան դառնալ ուքրա­նա­կան հրթիռնե­րուն, թէեւ տակաւին անի­կա ունի արեւե­լեան ասիա­կան երկիրնե­րու, Թուրքիոյ եւ Եգիպտո­սի շուկա­նե­րը (վերջի­նին կարե­լի է հասնիլ Ալեքսանտրէ­թի նաւա­հանգիստէն), սակայն նոյնիսկ այդ պարա­գա­յին, գինե­րու աճը անխուսա­փե­լի պիտի դառնայ փոխադրութեան գինե­րու յաւելման պատճա­ռով:

Ճգնա­ժա­մա­յին այս եւ նման իրա­վի­ճակնե­րը ցցուն կը դարձնեն երկիրնե­րուն, ուտե­լի­քի եւ կենսա­կան նշա­նա­կութիւն ունե­ցող արտադրութիւննե­րու, ռազմա­վա­րա­կան որոշ ինքնա­բաւութեան հասնե­լու անհրա­ժեշտութիւնը, որ կ՛ենթադրէ առկայ ներուժի առաւե­լա­գոյն օգտա­գործումը: Կասկա­ծէ վեր է այդ անհրա­ժեշտութիւնը, մանաւանդ տեւա­կան հակա­մարտութեան, թշնա­մա­կան պետութիւննե­րով շրջա­պա­տուած եւ աշխարհագրա­կա­նօ­րէն մեկուսա­ցած երկիրնե­րու պարա­գա­յին, ինչպէս՝ Հայաստա­նի:

Մեր երկի­րը՝ Հայաստան, պտուղնե­րով եւ բանջա­րե­ղէ­նի արտադրութեամբ գրե­թէ ինքնա­բաւ է, սակայն ցորե­նի եւ այլ արմտիքնե­րու համար, մեծա­պէս կախեալ է ներա­ծումնե­րէ: Այս յօդուա­ծի սահմաննե­րուն մէջ չ՛իյնար մշա­կե­լի դաշտե­րու խոր ուսումնա­սի­րութիւնը, սակայն որոշ տուեալնե­րու վրայ յենե­լով՝ կը նկա­տենք, որ անոնց կէսէն աւե­լին չեն օգտա­գործուիր եւ մնա­ցած են խոպան: Անոնցմէ մաս մը ոռոգման ջուրե­րու սակաւութեան պատճա­ռով կը մնայ լքուած, ուրիշ մաս մը մշա­կող ձեռքե­րու բացա­կա­յութեան: Գիւղատնտե­սա­կան առողջ քաղա­քա­կա­նութեան մը բացա­կա­յութիւնը մղած է գիւղա­ցին, լքե­լու իր դաշտե­րը եւ արտա­գաղթե­լու: Աչքի զարնող են Շիրա­կի եւ Արա­գա­ծոտնի դաշտե­րու ամա­յի եւ անջրդի տարածքնե­րը, որոնք Արա­գա­ծի առատ ձիւնի ջրամբարնե­րու մէջ հաւա­քե­լու եւ օգտա­գործման պարա­գա­յին, կրնա­յին կերպա­րա­նա­փո­խուիլ, զարգա­նալ եւ բերքա­ռատ դառնալ:

Կրկնութեան գնով պէտք է արձա­նագրենք, որ մանաւանդ ցորե­նի մշակման համար իտէա­լա­կան էին Արցա­խի դաշտա­յին հարաւա­յին տարածքնե­րը, զորս մենք անկա­խութեան յաջորդած երե­սուն տարի­նե­րուն չօգտա­գործե­ցինք եւ միայն սահմա­նա­փակ հեկտարներ մշա­կե­ցինք: Չքա­ջա­լե­րուե­ցաւ վերաբնա­կե­ցումը ընդհանրա­պէս ամբողջ Արցա­խի մէջ եւ մօտաւո­րա­պէս 12 ‚000 քառ. քիլո­մեթր տարածքով Արցա­խի բնակչութիւնը չանցաւ 150,000ը։ Մինչ հարուստ արօ­տա­վայրե­րով, մշա­կե­լի եւ բերրի դաշտե­րով, Հայաստա­նի մաս էր այդ տարածքը: Արցա­խի մէջ ցորե­նի մշա­կումը քաջա­լե­րե­լով՝ Հայաստան առնուազն հացով ինքնա­բաւ կը դառնար:

Մշա­կե­լի հողե­րու սակաւութեամբ, սակայն, Հայաստան միակ երկի­րը չէ. կան ուրիշ եւ նոյնիսկ անա­պա­տա­յին երկիրներ, ուր մարդիկ գտած են ելքը առաւե­լա­գոյնը ստա­նա­լու: Ինչպէս անգլիա­կան խօսքը, փոխ առնե­լով հին յունա­կա­նէն՝ կ՛ըսէ,. «Անհրա­ժեշտութիւնը բոլոր նորա­րա­րութեանց մայրն է» (necessity is the mother of all inventions), զոր իսրա­յէ­լա­ցի­նե­րը ճշգրտօ­րէն կիրա­ռած են, իրենց անա­պա­տա­յին եւ անջրդի հայրե­նի­քը դարձնե­լու շարք մը գիւղատնտե­սա­կան արտադրութիւններ արտա­ծող երկի­րի: Կրթութեան, գիտութեան եւ երեւա­կա­յութեան զարկ տալով, կաթի­լա­յին ոռոգման միջո­ցով եւ հնա­րամտութեամբ, ջուրի սակաւա­թիւ պաշարնե­րը առաւե­լա­գոյնս օգտա­գործող առա­ջա­մարտիկ երկի­րը դարձած է անի­կա: Եօթա­նա­սուն տոկո­սով լեռնա­յին Զուի­ցե­րիան պանիրնե­րու եւ տուրմե­րու հայրե­նիքն է:

Հայաստան բաւա­կան ետ է գիտա­կան միջոցնե­րով գիւղատնտե­սութիւնը զարգացնե­լու մէջ եւ միայն նոր սկսած է հետզհե­տէ զայն կիրա­ռել։ Սակայն, աւանդա­կան եւ պապե­նա­կան հին ձեւե­րով երկրա­գործութիւնը, մեղուա­բուծութիւնը եւ կենդա­նա­բուծութիւնը տակաւին տիրա­կան են: Պետութեան գիտա­կան, նիւթա­կան եւ խորհրդա­տուա­կան օժանդա­կութիւնը անհրա­ժեշտ է խթա­նե­լու համար գիւղատնտե­սութիւնը, որ իր կարգին արտա­գաղթը արգե­լա­կող ազդակ է:

Ազգո­վին բոլոր ոլորտնե­րուն մէջ զօրա­շարժի ենթարկուե­լու անհրա­ժեշտութեան առջեւ ենք: Վաղը կրնայ ուշ ըլլալ

Հորվա­ծը՝ asbarez.am կայքի:

Առնչվող Հոդվածներ