Հայաստան

Ինքնաբաւութեան Ռազմավարական Կարեւորութիւնը

Չքաջալերուեցաւ վերաբնակեցումը ընդհանրապէս ամբողջ Արցախի մէջ եւ մօտաւորապէս 12 ,000 քառ. քիլոմեթր տարածքով Արցախի բնակչութիւնը չանցաւ 150,000ը։ Մինչ հարուստ արօտավայրերով, մշակելի եւ բերրի դաշտերով, Հայաստանի մաս էր այդ տարածքը: Արցախի մէջ ցորենի մշակումը քաջալերելով՝ Հայաստան առնուազն հացով ինքնաբաւ կը դառնար:

Աւօ Պօղոսեան

Կարգ մը պատերազմներ, պատահարներ եւ նոյնիսկ տնտեսական գործընթացներու հետ առընչութիւն ունեցող որոշումներ դրական կամ բացասական արձագանգներ կ՛ունենան, պատահարին կամ որոշման վայրին սահմաններէն շատ հեռու երկիրներու մէջ: Արդի ժամանակներուն մէջ, այդպիսի անդրադարձ ակնկալելի է նոյնիսկ ամբողջ աշխարհի տարածքին, անոնց ունեցած շղթայական ազդեցութեան պատճառով: Այդ պատերազմներէն եւ տնտեսական որոշումներէն են ներկայիս ընթացող ռուս-ուքրանական պատերազմը եւ Մոսկուայի կողմէ ուքրանական հացահատիկներու արտածման վերաբերեալ Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ մէկ տարիէ ի վեր ուժի մէջ եղող համաձայնութենէն (Black Sea grain deal)՝ Ռուսիոյ հրաժարիլը: Ըստ յիշեալ համաձայնութեան պայմաններուն՝ հիմնականին մէջ Ռուսիա եւ Ուքրանիա յանձն կ՛առնէին չխոչընդոտել հացահատիկներով բեռցուած միմիանց նաւերուն Սեւ Ծովու ուքրանական նաւահանգիստներէն Վոսփորի նեղուցով դէպի գնորդ երկիրներ անխափան ուղեւորութիւնը:

Նշենք, թէ Ուքրանիա եւ Ռուսիա արմտիքով եւ մանաւանդ ցորենով հարուստ աշխարհի գլխաւոր երկիրներէն են, որոնցմէ կախեալ են միջինարեւելեան եւ ափրիկեան կարգ մը երկիրներ իրենց սպառումներուն համար: Արտածող այդ երկու երկիրներու անխափան արտածման դէմ արգելքի մը ազդեցութիւնը աղէտալի կրնայ դառնալ ափրիկեան աղքատ երկիրներու ժողովուրդներուն համար՝ պատճառելով գիներու զգալի աճ, քաղաքական ապակայունութիւն, պատերազմներ, արտագաղթ եւ սով:

Արաբական գարունը, որ շղթայական յեղափոխութիւններ յառաջացուց ամբողջ արաբական աշխարհին մէջ, փտածութեան, տնտեսական լճացման եւ այլ բազմաթիւ ազդակներու կողքին, նաեւ ծայրայեղ աղքատութեան պատճառով էր։ Առ այդ, ռուսական այս չարաբաստիկ որոշումը պատճառ պիտի դառնայ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող գիներու յաւելեալ աճի մը՝ անկանխատեսելի հետեւանքներով:

26,000 թոն ուքրանական ցորենով բեռցուած եւ Լիբանան հասած Սիէրա Լիոնի «Ռազոնի» (Razoni) նաւուն փոխադրելու կարողութիւնը, համեմատած Ուքրանիոյ ցորենի եւ եգիպտացորենի տարեկան արտածումներու քանակին հետ, որ կը կազմէ 33 միլիոն թոն, մօտաւոր հաշիւով տարեկան 12,000 այդպիսի նաւեր պէտք է անցնին հիմնականին մէջ Վոսփորով դէպի ափրիկեան երկիրներ, իսկ ցորենի եւ միւս արմտիքներու հունձքը Յուլիսին եւ Օգոստոսին տեղի կ՛ունենայ։ Հետեւաբար, նոյնիսկ մօտիկ ապագային համաձայնութեան վերադարձ մը, մեծ դժուարութիւններ պիտի ստեղծէ Ուքրանիոյ համար, որովհետեւ ցորենի արդէն իսկ լեցուն ամբարները (silos) պէտք է նախ դատարկուին եւ ուղարկուին, տեղ բանալու համար նոր հունձքին, առանց նկատի ունենալու ներկայիս պատերազմին եւ ամբարներուն եւ կենսական նշանակութիւն ունեցող ենթակառոյցներուն, պատերազմի թիրախներ ըլլալը: Այս դժուարութիւններուն վրայ կու գայ նաեւ աւելնալու Ռումանիոյ, Պուլկարիոյ, Հունգարիոյ եւ Լեհաստանի կառավարութիւններուն կողմէ իրենց երկիրներուն մէջ ուքրանական արմտիքի վաճառքին վրայ դրած արգելքը, որովհետեւ այդ տեղական արտադրութիւններու գիներուն վրայ բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ առաջարկ-պահանջարկի հաւասարակշռութեան խախտման, ամբարներու պակասի եւ այդ երկիրներուն գիւղատնտեսական ոլորտին մէջ ընդգրկուածներուն դժգոհութեան պատճառով:

Այս համաձայնութենէն Ռուսիոյ հրաժարիլը անպայման պիտի ազդէ նոյնինքն Ռուսիոյ տնտեսութեան վրայ, որովհետեւ նաեւ իր նաւերը թիրախ կրնան դառնալ ուքրանական հրթիռներուն, թէեւ տակաւին անիկա ունի արեւելեան ասիական երկիրներու, Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի շուկաները (վերջինին կարելի է հասնիլ Ալեքսանտրէթի նաւահանգիստէն), սակայն նոյնիսկ այդ պարագային, գիներու աճը անխուսափելի պիտի դառնայ փոխադրութեան գիներու յաւելման պատճառով:

Ճգնաժամային այս եւ նման իրավիճակները ցցուն կը դարձնեն երկիրներուն, ուտելիքի եւ կենսական նշանակութիւն ունեցող արտադրութիւններու, ռազմավարական որոշ ինքնաբաւութեան հասնելու անհրաժեշտութիւնը, որ կ՛ենթադրէ առկայ ներուժի առաւելագոյն օգտագործումը: Կասկածէ վեր է այդ անհրաժեշտութիւնը, մանաւանդ տեւական հակամարտութեան, թշնամական պետութիւններով շրջապատուած եւ աշխարհագրականօրէն մեկուսացած երկիրներու պարագային, ինչպէս՝ Հայաստանի:

Մեր երկիրը՝ Հայաստան, պտուղներով եւ բանջարեղէնի արտադրութեամբ գրեթէ ինքնաբաւ է, սակայն ցորենի եւ այլ արմտիքներու համար, մեծապէս կախեալ է ներածումներէ: Այս յօդուածի սահմաններուն մէջ չ՛իյնար մշակելի դաշտերու խոր ուսումնասիրութիւնը, սակայն որոշ տուեալներու վրայ յենելով՝ կը նկատենք, որ անոնց կէսէն աւելին չեն օգտագործուիր եւ մնացած են խոպան: Անոնցմէ մաս մը ոռոգման ջուրերու սակաւութեան պատճառով կը մնայ լքուած, ուրիշ մաս մը մշակող ձեռքերու բացակայութեան: Գիւղատնտեսական առողջ քաղաքականութեան մը բացակայութիւնը մղած է գիւղացին, լքելու իր դաշտերը եւ արտագաղթելու: Աչքի զարնող են Շիրակի եւ Արագածոտնի դաշտերու ամայի եւ անջրդի տարածքները, որոնք Արագածի առատ ձիւնի ջրամբարներու մէջ հաւաքելու եւ օգտագործման պարագային, կրնային կերպարանափոխուիլ, զարգանալ եւ բերքառատ դառնալ:

Կրկնութեան գնով պէտք է արձանագրենք, որ մանաւանդ ցորենի մշակման համար իտէալական էին Արցախի դաշտային հարաւային տարածքները, զորս մենք անկախութեան յաջորդած երեսուն տարիներուն չօգտագործեցինք եւ միայն սահմանափակ հեկտարներ մշակեցինք: Չքաջալերուեցաւ վերաբնակեցումը ընդհանրապէս ամբողջ Արցախի մէջ եւ մօտաւորապէս 12 ,000 քառ. քիլոմեթր տարածքով Արցախի բնակչութիւնը չանցաւ 150,000ը։ Մինչ հարուստ արօտավայրերով, մշակելի եւ բերրի դաշտերով, Հայաստանի մաս էր այդ տարածքը: Արցախի մէջ ցորենի մշակումը քաջալերելով՝ Հայաստան առնուազն հացով ինքնաբաւ կը դառնար:

Մշակելի հողերու սակաւութեամբ, սակայն, Հայաստան միակ երկիրը չէ. կան ուրիշ եւ նոյնիսկ անապատային երկիրներ, ուր մարդիկ գտած են ելքը առաւելագոյնը ստանալու: Ինչպէս անգլիական խօսքը, փոխ առնելով հին յունականէն՝ կ՛ըսէ,. «Անհրաժեշտութիւնը բոլոր նորարարութեանց մայրն է» (necessity is the mother of all inventions), զոր իսրայէլացիները ճշգրտօրէն կիրառած են, իրենց անապատային եւ անջրդի հայրենիքը դարձնելու շարք մը գիւղատնտեսական արտադրութիւններ արտածող երկիրի: Կրթութեան, գիտութեան եւ երեւակայութեան զարկ տալով, կաթիլային ոռոգման միջոցով եւ հնարամտութեամբ, ջուրի սակաւաթիւ պաշարները առաւելագոյնս օգտագործող առաջամարտիկ երկիրը դարձած է անիկա: Եօթանասուն տոկոսով լեռնային Զուիցերիան պանիրներու եւ տուրմերու հայրենիքն է:

Հայաստան բաւական ետ է գիտական միջոցներով գիւղատնտեսութիւնը զարգացնելու մէջ եւ միայն նոր սկսած է հետզհետէ զայն կիրառել։ Սակայն, աւանդական եւ պապենական հին ձեւերով երկրագործութիւնը, մեղուաբուծութիւնը եւ կենդանաբուծութիւնը տակաւին տիրական են: Պետութեան գիտական, նիւթական եւ խորհրդատուական օժանդակութիւնը անհրաժեշտ է խթանելու համար գիւղատնտեսութիւնը, որ իր կարգին արտագաղթը արգելակող ազդակ է:

Ազգովին բոլոր ոլորտներուն մէջ զօրաշարժի ենթարկուելու անհրաժեշտութեան առջեւ ենք: Վաղը կրնայ ուշ ըլլալ

Հորվածը՝ asbarez.am կայքի:

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *