15.8 C
Yerevan

Անտեսված Նախազգուշա­ցումներ

(Մաս երկրորդ)

Դաշնակցութիւնը պէտք է գիտակցի որ այլեւս ինք ոստի­կա­նի, դատաւո­րի եւ միջնորդի իր պատմա­կան դերա­կա­տա­րութիւնը շատոնց յանձնած է արտերկրի պետութիւննե­րու իսկ Հայաստա­նի պարա­գա­յին Հայաստա­նի կառա­վա­րութեան։ Եւ ձերբա­զա­տուի գաղութնե­րու «տէրն ու տիրա­կա­նը» ըլլա­լու բարդոյթէն։

Հրաչ Սիմոնյան

2008–2018՝ նոյն ենթա­կա­յութիւնը Սերժ Սարգիսյա­նին ինչ որ Քոչա­րեա­նի օրով։

Ապրի­լեան քառօ­րեայ պատե­րազմին կորած հողա­մա­սեր, բազմա­թիւ անարդա­րութիւններ եւ բանտարկութիւններ, ազգա­յին Արցա­խեան պատե­րազմի հերոսնե­րու ծեծկռտուք՝ Արցա­խի ճանա­պարհին ոստի­կա­նութեան կողմէ, «Սասնա Ծռեր»ի ազգա­յին պոռթկում, ժողովրդա­կան ցոյցե­րու ընթացքին ծեծկռտուք եւ հարիւրաւոր վիրաւոր ցուցա­րարներ, «Հաց բերող»ի ցաւա­լի մահ։ Այս եւ ուրիշ բազմա­թիւ անարդա­րութիւննե­րու մասին Դաշնակցութիւնը ոչ թէ միայն լուռ մնաց, փոխա­րէ­նը քաղա­քա­կան բազմա­թիւ բանտարկեալնե­րու մասին արտա­յայտուե­լով՝ Ռուսատմյան անա­մօ­թա­բար յայտա­րա­րեց որ 1993էն ի վեր (այսինքն Լեւոն Տեր Պետրոսյա­նի օրով,Դաշնակցական բանտարկեալնե­րէն ի վեր) քաղա­քա­կան բանտարկեալներ չեն եղած եւ չկան Հայաստա­նի տարածքին ։

2015ին ՝ Սահմա­նադրա­կան փոփո­խութիւններ, որոնք Սերժ Սարգիսյա­նի ղեկա­վարման շահե­րը եւ անոր վերարտադրուի­լը ապա­հո­վե­լու միտումով էին գրուած ի մասնաւո­րի Հանրա­պե­տա­կան Կուսակցութեան կողմէ թելադրումով։ Դաշնակցութիւնը կը զօրակցէր եւ ամէն ջանք չէր զլա­նար ապա­հո­վե­լու համար կեղծուած հանրա­քուէի յաջո­ղութիւնը։

2018 Ապրիլ, Բաշինյա­նա­կան ժողովրդա­կան պոռթկում ՝ Դաշնակցութիւնը բնա­կա­նա­բար դէմ է այդ շարժումին եւ կանգնած Սերժ Սարգիսյա­նի կողքին եւ ուրիշնե­րու նման չի հաւա­տար որ յեղա­փո­խութիւնը կրնայ յաջո­ղիլ։ Մինչեւ որ օր մը, նախա­տե­սե­լով յեղա­փո­խութեան հաւա­նա­կան յաջո­ղութիւնը եւ հաշուե­լով որ աւե­լի լաւ է ցատկել եւ նստիլ այդ գնացքի կարգե­րէն մէկուն մէջ եւ չմնալ դուրս քաղա­քա­կան կեանքէն, կը լքէ Սարգիսյա­նին եւ կը միա­նայ Բաշինյա­նին։ Որմէ ետք սակայն եւ մինչեւ օրս այս ղեկա­վա­րութիւնը վերի­վայրումնե­րով իր վերջին շունչը պահած պիտի հասնի Նոյեմբե­րեան ընդհա­նուր ժողո­վին եւ հաւա­նա­բար փորձէ պահել իր դիրքը կուսակցութե­նէն ներս։

Այս «Ընդհա­նուր Ժողով»ը կրնայ ճակա­տագրա­կան ըլլալ Դաշնակցութեան համար։

Մեծ պատասխա­նա­տուութեան առաջ պիտի գտնուին այս ժողո­վի մասնա­կիցնե­րը եւ պէտք չէ կարծեն որ «ձախող» այս ղեկա­վա­րութիւնը փոխե­լով մէկ ուրի­շի հետ պիտի կարե­նան փրկել կուսակցութիւնը։ Ամբողջ մտա­ծո­ղութիւն մը պէտք է փոխել, որպէսզի կարե­լի ըլլայ մաքրել եւ վերա­դարձնել զայն իր արմատնե­րուն։

Ըստ իս հետեւեալ գաղա­փարնե­րը (եւ վստահ եմ ոչ միայն ասոնք) հիմնա­կան նշա­նա­կութիւն պէտք է ունե­նան եւ պէտք է ամէն գնով գործի դրուին անյա­պաղ, որո­շումնե­րու ճամբով՝

1.- Այս ժողո­վը պէտք է կարե­նայ անվախ եւ անկաշկանդ, հիմնա­կան փոփո­խութիւններ բերէ Դաշնակցա­կան մտա­ծո­ղութեան եւ կեանքէն ներս։ Դաշնակցութիւնը պէտք է ձերբա­զա­տուի հին եւ խորհրդաւոր աշխա­տե­լաո­ճէն որ այսօ­րուայ քաղա­քա­կան կուսակցութեան մը հարիր ոճ չէ։ Ժամա­նա­կավրէպ է եւ վստա­հօ­րէն կարե­լի է ըսել որ վանող դեր ունի երի­տա­սարդնե­րու մօտ։ Հրա­հանգնե­րու եւ իշխա­նաւորնե­րու ժամա­նա­կաշրջա­նը անցած պէտք է համա­րել եւ ձերբա­զա­տուիլ հռե­տո­րա­կան ոճէն, որդեգրել գիտա­կան եւ արհեստա­վարժ մեթոտներ եթէ անշուշտ կ՚ուզենք երի­տա­սարդ եւ մտաւո­րա­կան տարրը հրաւի­րել շարքե­րէն ներս։ Պատշաճ եւ շինիչ եւ նոյնիսկ «ոչ շինիչ նկա­տուած» քննա­դա­տութիւննե­րը պէտք է ամէն գնով քաջա­լե­րել եւ արգելքներ չդնել որ անդամներ եւ համա­կիրներ գրաւոր եւ կամ բանաւոր արտա­յայտուին։ Մէկ խօսքով պէտք չէ վախնալ քննա­դա­տութիւննե­րէ։

2.- Կանո­նա­գի­րը սրբութիւն ըլլա­լէ պէտք է դադրի, կանո­նա­գի­րը արագ եւ օրուայ պահանջնե­րը ապա­հո­վող կանոննե­րու շարք մըն է եւ ուրիշ ոչինչ։ Հիմնա­կան դրոյթնե­րը պահե­լով հանդերձ պէտք չէ սպա­սել 4էն 8 տարի որպէսզի պարզ սակայն կարեւոր բարե­փո­խութիւններ կատա­րուին կանո­նագրին մէջ։ Պէտք է փշրել այն թիւր ըմբռնումը որ կանո­նա­գի­րը երկինքէն ինկած մասունք մըն է, որուն միայն հեռուէն կարե­լի է նայիլ եւ զմայլիլ։

3.- Դաշնակցութեան ծրա­գի­րը պէտք է ունե­նայ երկու հիմնա­կան բաժանմունքներ ՝Հայաստան եւ Սփիւռք։ Այս ծրա­գիրնե­րը նախընտրա­բար պէտք է առանձնա­բար ներկա­յա­ցուին, մէկը Հայաստա­նեան զանգուա­ծին համար իսկ միւսը Սփիւռքեան։

3ա.- Հայաստա­նեան ծրա­գի­րը պէտք է ըլլայ մատչե­լի եւ չհա­կա­սող Հայաստա­նի անմի­ջա­կան քաղա­քա­կան շահե­րուն։

Ծրագրին մէջ «Բարո­յա­կա­նութիւնը եւ Արդա­րութիւնը» հիմնա­քա­րե­րը պէտք է ըլլան մեր ընդհա­նուր ընկե­րա­յին տեսլա­կա­նին, իրա­գործե­լի ժողովրդա­վար հասա­րա­կարգի մը ընդմէ­ջէն։

Ծրա­գի­րը պէտք է ունե­նայ Գաղա­փա­րա­կան եւ տնտե­սա­կան տեսութեանց բաժիններ, որոնք մնա­լով հանդերձ ընկերվա­րա­կան սկզբունքնե­րու վրայ պէտք է ըլլան իրա­գործե­լի եւ այսօ­րուայ Հայաստա­նեան եւ միջազգա­յին կեանքի իրա­կա­նութեան հետ տրա­մա­բա­նօ­րէն հաշտ եւ ընկա­լե­լի։ Ծրա­գի­րը պէտք է ներառնէ Հայաստա­նի տարածքին պահպա­նե­լու մարդու իրաւունքնե­րու, խօսքի ազա­տութեան, բնա­պահպա­նա­կան եւ այլ բազմա­թիւ ընկե­րա­յին հարցե­րու վերա­բե­րեալ խնդիրներ։

Ծրա­գի­րը պէտք է ներառնէ անպայման արտա­գաղթի դէմ պայքա­րե­լու մանրա­մասն ձեւա­չափ եւ ներգաղթի կազմա­կերպման աշխա­տանքա­յին գործընթաց։

Ծրա­գի­րը պէտք է առաջնորդուի քաղա­քա­կան նախա­պա­տուութիւննե­րու տրա­մա­բա­նութեամբ՝ հետեւեալ կարեւո­րութեան շարքով ՝

1. Ապա­հո­վել Հայաստա­նի եւ Արցա­խի ապա­հո­վութիւնը, զարգա­ցումն ու անկա­խութիւնը։

2. Մնա­ցեալ բոլոր մեր պահանջա­տի­րա­կան խնդիրնե­րը պէտք է ըլլան ապա­գա­յի համար իտէա­լի մը իրա­գործման սահմա­նումնե­րով։

(Օրի­նակ զանց պէտք է առնուին Ջաւախքի նկատմամբ բացարձակ եւ բացա­յայտ յայտա­րա­րութիւննե­րը։ Պէտք է շատ ուշա­դիր ըլլալ եւ համադրուած աշխա­տանք տանիլ պետութեան հետ որպէսզի չհա­կադրուի Հայաստա­նեան պետա­կան Ջաւախքի գծով որդեգրած քաղա­քա­կա­նութեան)։

3բ.- Սփիւռքեան Ծրա­գի­րը ընդհա­նուր գիծե­րու մէջ գաղա­փա­րա­խօ­սա­կան բաժին մը կրնայ ունե­նալ բայց եւ այնպէս պարտա­դիր եւ էական պէտք չէ ըլլայ այդ, տրուած ըլլա­լով որ իւրա­քանչիւր սփիւռքեան գաղութ տարբեր քաղա­քա­կան, տնտե­սա­կան եւ ընկե­րա­յին հայե­ցա­կարգ ունե­ցող երկրի մը կը պատկա­նի եւ հոն գտնուող կազմե­րը նոյնիսկ անտե­ղի դժուա­րութիւննե­րու առջեւ կրնան դրուիլ այդ պատճա­ռով։

Հիմնա­կա­նը պէտք է ըլլայ քաղա­քա­կան եւ աշխա­տանքա­յին ծրա­գիր որ պէտք է ներառնէ հետեւեալ միտքե­րը՝

Ցեղասպա­նութեան ճանաչման գծով աշխա­տանքներ։

Արցա­խը այլ պետութիւննե­րու կողմէ ճանաչման աշխա­տանքնե­րու գործընթաց։

Հայաստա­նի եւ Արցա­խի պետութիւննե­րու զարգացման գծով ապա­հո­վել օտար պետութիւննե­րու կողմէ տնտե­սա­կան եւ մասնա­գի­տա­կան աջակցութիւն։

Հայաստանն ու Արցա­խը վերաբնա­կեցնե­լու գործընթաց։

Տարբեր երկիրնե­րու տեղա­կան քաղա­քա­կան կեանքի աշխա­տանքնե­րու մասնակցութիւն՝ հայութեան եւ Հայաստա­նի շահե­րը ապա­հո­վե­լու նկա­տա­ռումնե­րով։

Հայ գաղութնե­րու մէջ պահպա­նել եւ զարկ տալ ազգա­յին կառոյցնե­րուն (դպրոցներ, միութիւններ, եկե­ղե­ցի եւայլն)։

Ծրա­գի­րը պէտք է ըլլայ թարգմա­նուած բազմա­թիւ լեզունե­րու, Սփիւռքեան տարբեր երկիրնե­րու մէջ օգտա­գործուե­լու նպա­տա­կով։

4.- Դաշնակցութիւնը պէտք է գիտակցի որ այլեւս ինք ոստի­կա­նի, դատաւո­րի եւ միջնորդի իր պատմա­կան դերա­կա­տա­րութիւնը շատոնց յանձնած է արտերկրի պետութիւննե­րու իսկ Հայաստա­նի պարա­գա­յին Հայաստա­նի կառա­վա­րութեան։ Եւ ձերբա­զա­տուի գաղութնե­րու «տէրն ու տիրա­կա­նը» ըլլա­լու բարդոյթէն։

5.- Դաշնակցութիւնը պէտք է նաեւ ձերբա­զա­տուի Սփիւռքի տարածքին եւ մանաւանդ Հայաստա­նէն ներս մարտա­կան կառոյցներ պահե­լու գաղա­փա­րէն։ Այս կառոյցնե­րը շատոնց դարձած են ժամա­նա­կավրէպ եւ ընդհանրա­պէս օգտա­գործուած են հիմնա­կա­նօ­րէն ղեկա­վար տարրե­րու կողմէ ներքին ընտրա­կան հարցեր լուծե­լու նպա­տա­կով։

Բնա­կա­նա­բար կարգ մը երկիրնե­րու պարա­գա­յին, ժողո­վուրդի ապա­հո­վա­կան խնդիրնե­րը նկա­տի առած առանձնա­բար կարե­լի է քննել եւ այդ գծով բացա­ռա­պէս որո­շել պահպա­նել այդ նպա­տա­կի ծառա­յող կառոյցներ։

6.- Դաշնակցա­կան մարմիննե­րու մէջ երկու շրջա­նէ աւե­լի պէտք չէ ծառա­յէ ոեւէ անձ նոյնիսկ եթէ անփո­խա­րի­նե­լի կը թուի ըլլալ։ Անփո­խա­րի­նե­լի մարդ գոյութիւն չունի։ Փոփո­խութիւննե­րը միշտ ալ թարմացնող յատկութիւններ ունին։

7.- Անկա­խութեան տարի­նե­րու Դաշնակցա­կան «Դէպի Երկիր» կարգա­խօ­սը լոզունգ մը ըլլա­լէ անդին, լուրջ գործի պէտք է վերա­ծել, Սփիւռքեան մեր կառոյցը պէտք է խթա­նէ ներգաղթը, իսկ Հայաստա­նեան մեր կառոյցը պէտք է կարե­լիութիւն ստեղծէ եկուորնե­րուն պէտք եղած օժանդա­կութիւն յատկացնե­լով, օգնէ որ այդ հոսքը գործնա­կա­նա­պէս իրա­կա­նա­նայ։ Այս խնդի­րը պէտք է դիտել իբրեւ ազգա­յին անվտանգութեան խնդիր եւ այդպէս ալ բանա­ձեւուի ներկա­յա­ցուած ծրա­գիրնե­րուն մէջ։

8.- Ընդհա­նուր ժողո­վի աւարտին «ԱՆԿԵՂԾ» յայտա­րա­րութեամբ մը ներկա­յա­նալ ժողո­վուրդին, տեղե­կացնե­լով որ յառա­ջի­կայ տարի­նե­րուն Դաշնակցութիւնը զերծ կը մնայ ընտրութիւննե­րուն մասնակցե­լէ եւ կը մեկնարկէ վերա­կազմա­կերպման եւ Հայաստա­նի հանրա­պե­տութեան ամբողջ տարածքին վերընձիւղուե­լու եւ վերարմա­տա­նա­լու քառա­մեակ։

Այս գրութիւնը բնա­կա­նա­բար, եւ հասկնա­լի պատճառնե­րով ես չեմ կրնար հասցնել յառա­ջի­կայ ընդհա­նուր ժողով, ոչ ալ յաւակնութիւնը ունիմ որ բացա­ռիկ եւ կամ անփո­խա­րի­նե­լի լուծումներ են թուարկած գաղա­փարներս, բայց եւ այնպէս եթէ այս մտքե­րը կամ թէկուզ մէկը կամ միւսը ոմանց համար ընդունե­լի կը թուին ըլլալ, խնդրեմ բարձրա­ցուցէք ժողո­վին։

Դաշնակցութիւնը այսօր վիրաւոր է եւ լուրջ մարտահրաւէ­րի մը առջեւ կը գտնուի, կը յուսամ եւ կը մաղթեմ որ առողջ դուրս կուգայ այս պայքա­րէն։ 

[շարունա­կե­լի]

Աղբյուրը՝

Facebook.com

Առնչվող Հոդվածներ